­Ռու­սիա Մ.Ա.Կ.ին ներ­կա­յա­ցու­ցած է 2016ի ըն­թաց­քին սո­վո­րա­կան սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու մա­տա­կա­րա­րում­նե­րու վե­րա­բե­րեալ իր զե­կոյ­ցը: «­Խո­շոր տրա­մա­չա­փի հրե­տա­նա­յին հա­մա­կար­գեր» բա­ժի­նին մէջ նշո­ւած է ­Ռու­սիոյ կող­մէ Ատր­պէյ­ճա­նին վեց հա­մա­կար­գի փո­խանց­ման մա­սին (հա­ւա­նա­բար՝ ՏՕՍ-1ա «­Սոլն­ցե­պէօկ» ծանր հրա­նե­տա­յին հա­մա­կար­գե­րու չոր­րորդ խմբա­քա­նա­կը):
­Ռու­սիոյ ներ­կա­յա­ցու­ցած զե­կոյ­ցին մէջ կը բա­ցա­կա­յին մա­մու­լին մէջ հրա­պա­րա­կո­ւած՝ ­Հա­յաս­տա­նին հրե­տա­նա­յին սար­քե­րու մա­տա­կա­րա­րում­նե­րը (300մմ. ԲՄ-30 «Ս­մեր»չ­ եւ ՏՕՍ-1ա «­Սոլն­ցե­պէօկ»):
­Մա­տա­կա­րա­րո­ւած սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու եւ ռազ­մա­կան սար­քե­րու ա­ւան­դա­կան տե­սակ­նե­րը զե­կոյ­ցին մէջ նշո­ւած չեն: 2016ի զե­կոյ­ցին մէջ չհա­շո­ւար­կո­ւած սար­քե­րու քա­նա­կը ա­ռա­ւել մեծ­ցած է նա­խորդ տա­րի­նե­րու զե­կոյց­նե­րուն հա­մե­մատ: ­Մա­տա­կա­րա­րո­ւած սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու եւ ռազ­մա­կան սար­քե­րու ա­ւան­դա­կան տե­սակ­նե­րու մա­սին Մ.Ա.Կ.ին զե­կու­ցե­լը կա­մա­ւոր է, այդ պատ­ճա­ռով շատ մը եր­կիր­ներ ամ­բող­ջա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ տա­լէ կը խու­սա­փին:

ԲԱԺՆԵԼ
Նախորդ յօդուածըՀայկական ատլաս
Յաջորդ յօդուածըվերաօծում