ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

­Ցա­րա­կան գա­ղու­թա­տի­րու­թիւ­նը Անդր­կով­կա­սի մէջ մտցուց ռու­սա­կան վար­չա­ձեւ ու օ­րէնք­ներ՝ ան­տե­սե­լով տե­ղա­կան ժո­ղո­վուրդ­նե­րու իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րը:
­Տա­րա­ծաշր­ջա­նը բաժ­նեց 4 նա­հանգ­նե­րու, ո­րոնց­մէ մէ­կը՝ Է­լի­զա­պէթ­պոլ նա­հան­գը կը տա­րա­ծո­ւէր ­Թիֆ­լի­սէն ­Պա­քու եւ իր մէջ կ­՚առ­նէր Ար­ցախն ու ­Զան­գե­զու­րի հայ­կա­կան հո­ղա­տա­րածք­նե­րը: Այս նա­հան­գի բնակ­չու­թեան մեծ մա­սը սել­ճուք թիւրք­մէն-մոն­կոլ- թա­թար ցե­ղե­րէ բաղ­կա­ցած ըլ­լա­լով՝ կը նկա­տո­ւէր ­Ռու­սիոյ իս­լամ հպա­տակ­նե­րու նա­հանգ…:
Այդ ժա­մա­նա­կէն ցա­րի մե­ծա­պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը կը հե­տապն­դէր հպա­տակ փոքր ազ­գե­րը սահ­մա­նա­յին-հո­ղա­յին վէ­ճե­րու մէջ պա­հե­լու յե­տին նպա­տակ: «­Բաժ­նէ՚, որ տի­րես»ի ցա­րի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ նաե՚ւ հա­մայ­նա­վար­նե­րուն կող­մէ, երբ Անդր­կով­կա­սը ան­ցաւ ա­նոնց տի­րա­պե­տու­թեան տակ:
­Գի­տենք, որ ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա­ռա­ջին ­Պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տին Անդր­կով­կա­սի ե­րեք եր­կիր­նե­րը՝ Վ­րաս­տան, Ատր­պէյ­ճան եւ ­Հա­յաս­տան յա­ջոր­դա­բար ան­կա­խու­թիւն հռչա­կե­ցին ­Մա­յիս 1918ին: ­Կա­րե­ւոր է նշել, որ մին­չեւ այս թո­ւա­կա­նը (1918) «ա­զե­րի» ազգ կամ «Ատր­պէյ­ճան» ա­նու­նով եր­կիր գո­յու­թիւն չէ ու­նե­ցած: ­Սել­ճուք-թուրք-մոն­կոլ-թա­թար ցե­ղե­րու խառ­նուրդ այդ եր­կի­րը թուր­քե­րու քա­ջա­լե­րան­քով ու նե­ցու­կով հռչա­կեց ան­կախ պե­տու­թիւն եւ եր­կիրն ալ ա­նո­ւա­նեց Ատր­պէյ­ճան՝ հե­տե­ւու­թեամ­բը պարս­կա­կան Ատրպա­տա­կան ա­նու­նին, զոր ա­րաբ­նե­րը Ատր­պէյ­ճան կ­’ար­տա­սա­նէին եւ ո­րուն բնա­կիչ­ներն ալ մե­ծաւ-մա­սամբ ցե­ղա­կից էին ի­րենց: ­Նո­րաս­տեղծ այս երկ­րին վա­րիչ­նե­րը, գրա­ւու­մի ա­խոր­ժակ­նե­րով եւ միշտ նե­ցուկ ու­նե­նա­լով ցե­ղա­կից ­Թուր­քիան՝ Ար­ցա­խը (նաեւ հայ­կա­կան այլ տա­րածք­ներ) ի­րե՚ն­ցը նկա­տե­ցին այն հիմ­նա­ւո­րու­մով, որ ա­նի­կա մաս կազ­մած է Է­լի­զա­պէթ­պոլ նա­հան­գին:

­Հա­մայ­նա­վար Ռու­սիա եւ Ար­ցախ

1920 թո­ւա­կա­նի վեր­ջա­ւո­րու­թեան, ­Հա­յաս­տան զի­նո­ւո­րա­կան ճնշու­մի տակ առ­նո­ւած էր եր­կու ճա­կատ­նե­րու վրայ: ­Մէկ կող­մէ՝ քե­մա­լա­կան ­Թուր­քիան նոր գրա­ւում­նե­րու ձեռ­նար­կած էր նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի դէմ, միւս կող­մէ՝ Ատր­պէյ­ճա­նէն հա­մայ­նա­վար­ներ կը խու­ժէին ­Հա­յաս­տան՝ երկ­րին մէջ հա­մայ­նա­վար վար­չա­կարգ հաս­տա­տե­լու հա­մար:
­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ան­կա­րող ըլ­լա­լով եր­կու ճա­կատ­նե­րուն վրայ դի­մադ­րե­լու, հա­մա­ձայ­նու­թեամբ մը եր­կի­րը կը յանձ­նէր հա­մայ­նա­վար­նե­րուն՝ յու­սա­լով, որ ա­նոնք կը պա­հեն հայ­րե­նի­քի հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը: ­Բայց դժբախ­տա­բար այդ­պէս չե­ղաւ: ­Նոյն տա­րո­ւան ­Մա­յի­սին, Անդր­կով­կա­սի ե­րեք եր­կիր­նե­րուն մէջ ալ, ար­դէն հաս­տա­տո­ւած էր հա­մայ­նա­վա­րա­կան վար­չա­կարգ:
­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի պա­հանջ­քին ըն­դա­ռա­ջե­լով՝ 1921ի ­Մարտ 16ին ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ կնքո­ւե­ցաւ բա­րե­կա­մու­թեան դա­շինք մը՝ հա­մայ­նա­վար ­Ռու­սիոյ եւ ­Թուր­քիոյ մի­ջեւ, ուր ո­րո­շո­ւե­ցաւ նաեւ, որ ­Նա­խի­ջե­ւա­նը ­Հա­յաս­տա­նէն ան­ջա­տո­ւե­լով պի­տի դառ­նայ ինք­նա­վար մարզ: Եօ­թը ա­միս ետք՝ նոյն թո­ւա­կա­նի ­Հոկ­տեմ­բե­րին, ­Թուր­քիոյ ճնշու­մով եւ հա­մայ­նա­վար վար­չա­կար­գի պար­տադ­րան­քով՝ մէկ կող­մէ Անդր­կով­կա­սի ե­րեք հան­րա­պե­տու­թեանց (­Հա­յաս­տան, Վ­րաս­տան, Ատր­պէյ­ճան) եւ ­Ռու­սիոյ, իսկ միւս կող­մէ՝ ­Թուր­քիոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու մի­ջեւ ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ ­Մոս­կո­ւա­յի «բա­րե­կա­մու­թեան» դա­շին­քին նոր տար­բե­րա­կը, ըստ ո­րուն ­Նա­խի­ջե­ւանն ու ­Ղա­րա­բա­ղը կը դառ­նան ինք­նա­վար մար­զեր, բայց կը մտնեն Ատր­պէյ­ճա­նի սահ­ման­նե­րուն մէջ: Եւ ի վեր­ջոյ 7 ­Յու­լիս 1923 թո­ւա­կա­նին, ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան պաշ­տօ­նա­կան հրա­մա­նագ­րով՝ կը հռչա­կո­ւէր «­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ինք­նա­վար ­Մարզ»ը, 4400 քառ. քլմ. տա­րա­ծու­թեամբ՝ Ատր­պէյ­ճա­նի սահ­ման­նե­րուն մէջ: Այդ հրա­մա­նագ­րով՝ «ինք­նա­վար մարզ»ի սահ­ման­նե­րէն դուրս կը մնա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի մնա­ցեալ շրջան­նե­րը եւ հոն ապ­րող հա­յե­րու կեան­քը կը դառ­նար ան­տա­նե­լի՝ հա­յա­թափ­ման հա­լա­ծանք­նե­րու են­թա­կայ: Այդ հրա­մա­նագ­րին հե­ղի­նակն ու գոր­ծադ­րո­ղը աշ­խար­հա­ծա­նօթ բռնա­տէր-դա­հիճ ­Ժո­զէֆ Ս­տա­լինն էր:
­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­ներն էին: ­Մոս­կո­ւան կը գո­հաց­նէր նաւ­թա­հո­րե­րով հա­րուստ Ատրպէյ­ճա­նը, իսկ ­Թուր­քիոյ նկատ­մամբ ու­նէր ռո­ման­թիկ հե­տապն­դու­մը զայն հա­մայ­նա­վար դարձ­նե­լու ե­րա­զին: ­Թուր­քիոյ մէջ կը տես­նէր ռազ­մա­վա­րա­կան հա­ւա­տա­րիմ դաշ­նա­կից մը եւ կը յու­սար, որ ­Թուր­քիոյ ճամ­բով ու մի­ջո­ցով իր՝ հա­մայ­նա­վա­րա­կան վար­դա­պե­տու­թիւ­նը պի­տի տա­րա­ծէ դէ­պի Եւ­րո­պա ու ­Մի­ջին Ա­րե­ւելք: Բ­նա­կան է, որ ­Թուր­քիան ալ ա­ռա­ւե­լա­գոյնս կ­՚օգ­տո­ւէր ա­նոր այդ «տկա­րու­թե­նէն»:
Այս­պէ՛ս, Խ. ­Միու­թեան մե­ծա­պե­տա­կան հա­շիւ­նե­րուն զոհ կը դառ­նար Ար­ցա­խը իր հայ բնակ­չու­թեամբ:
­Միշտ ալ մե­ծա­պե­տա­կան հա­շիւ­նե­րը ա­ւե­լի ծանր կշռած են, քան ի­րա­ւունքն ու ար­դա­րու­թիւ­նը:
­Հա­մայ­նա­վար բռնա­պե­տու­թեան 70 տա­րի­նե­րու խստա­գոյն պայ­ման­նե­րու տակն իսկ, հա­յու­թիւ­նը եր­բեք չդադ­րե­ցաւ պա­հան­ջե­լէ, որ Ս­տա­լի­նի սխալ կար­գադ­րու­թիւ­նը սրբագ­րո­ւի եւ Ար­ցա­խը վե­րա­միա­ւո­րո­ւի ­Հա­յաս­տա­նի հետ: ­Ներ­կա­յա­ցո­ւած ա­մէն ա­ռի­թի՝ կու­սակ­ցա­կան խո­ղո­վակ­նե­րով, ժո­ղո­վա­կան կար­գով, հան­րագ­րու­թիւն­նե­րով ու նա­մակ­նե­րով՝ հա­յու­թիւ­նը յա­մա­ռօ­րէն դի­մեց ­Մոս­կո­ւա­յին՝ յու­սա­լով, որ ար­դա­րու­թիւ­նը կը վե­րա­կանգ­նի: ­Բայց երբ հաս­տա­տեց, որ իր ի­րա­ւուն­քը կ­՚ար­հա­մար­հո­ւի եւ ճնշու­մը կը սաստ­կա­նայ , հա­կա­դարձ շար­ժու­մով մը ժայթ­քե­ցաւ ­Ղա­րա­բա­ղեան հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին շար­ժու­մը 1988ի ­Փետ­րո­ւա­րին:

(­Շա­րու­նա­կե­լի)