­Ռու­բէն ­Սե­ւակ 1885-1915

­Ռու­բէն ­Սե­ւակ (­Չի­լին­կի­րեան, 1885-1915). ­Հա­յոց Ար­հա­ւիր­քին՝ ­Տա­ռա­պան­քի եւ Ընդվ­զու­մի ցաս­կոտ եր­գի­չը Ն.

0
2005

­Փետ­րո­ւար 15ը հա­ղոր­դու­թեան օր է. ­Ռու­բէն ­Սե­ւա­կի ծննդեան տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով՝ ա­նոր գրա­կան ան­մահ ժա­ռան­գու­թեամբ հա­ղոր­դո­ւե­լու օր է։
15 ­Փետ­րո­ւար 1885ին ծնած է հայ ժո­ղո­վուր­դի գրա­կան մեծ տա­ղանդ­նե­րէն ­Ռու­բէն ­Սե­ւա­կը, որ միայն 30 տա­րի ապ­րե­ցաւ, չկրցաւ լրիւ կեն­սա­գոր­ծել ու լիար­ժէք ար­դիւ­նա­ւո­րել կան­խա­հաս, այ­լեւ խոստմ­նա­լից տա­ղան­դի ի­րեն բա­ժին ին­կած ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան եր­կուն­քի ժա­մա­նա­կը, ո­րով­հե­տեւ թուրք ցե­ղաս­պա­նը բրտօ­րէն կտրեց ա­նոր կեան­քին թե­լը։
­Կան­խա­հաս տա­ղանդ էր ­Ռու­բէն ­Սե­ւակ, ո­րով­հե­տեւ քսան տա­րե­կա­նին ար­դէն, սի­րա­յին քեր­թո­ւած­նե­րով հայ գրա­կա­նու­թեան ան­դաս­տան մուտք գոր­ծած պա­հէն սկսեալ, ան նոր հո­րի­զոն­ներ բա­ցաւ հայ մտքին ու հո­գիին առ­ջեւ։ Էա­պէս բա­նաս­տեղ­ծա­կան զգայ­նու­թեամբ երկ­նեց իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը՝ սի­րա­յին քեր­թո­ւած­ներ ըլ­լան ա­նոնք թէ մարդ­կա­յին ա­նար­դա­րու­թեան դէմ պոռթ­կա­ցող ար­ձակ է­ջեր, բժիշ­կի իր կեն­սա­փոր­ձէն վեր­ցո­ւած յուշ-պա­տում­ներ ըլ­լան ա­նոնք թէ հրա­պա­րա­կագ­րա­կան ջղուտ ու գա­ղա­փա­րա­պաշտ ե­լոյթ­ներ։
Շ­նոր­հա­զարդ տա­ղանդ է Ռ. ­Սե­ւակ, որ էա­պէս ՄԵԾ ՊԱՏԳԱ­Մի տէր էր եւ տա­կա­ւին այն­քա՜ն տա­լիք ու­նէր ոչ միայն հայ գրա­կա­նու­թեան եւ հայ մտքի ան­դաս­տա­նին, այ­լեւ հա­նուր մարդ­կու­թեան հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան։
­Միայն 23 տա­րե­կան էր, երբ ի տես թրքա­կան պե­տու­թեան կող­մէ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ գոր­ծադ­րուող հե­տե­ւո­ղա­կան կո­տո­րած­նե­րուն՝ ի լուր մարդ­կու­թեան հե­տե­ւեալ պոռթ­կու­մը պի­տի ու­նե­նար Օ­գոս­տոս 1908ին.
«Ամ­բողջ Եւ­րո­պա­յի մէջ, աշ­խար­հի էն շքեղ կեդ­րոն­նե­րէն մին­չեւ ա­մե­նա­մութ ու խա­ւա­րին ան­կիւն­նե­րը, ես չեմ տե­սեր ու չեմ ալ կրնար հա­ւա­տալ, որ գտնո­ւի տա­կա­ւին ՄԷԿ ՈՒՐԻՇ ԱԶԳ, որ ա­մէն օր ու ա­մէն վայր­կեան ապ­րէր դե­րա­սա­նի ճշմար­տա­պէս կեղծ ու գե­րեզ­մա­նօ­րէն ծի­ծա­ղե­լի այն կեան­քը, որ դա­րե­րէ ի վեր մեր կեան­քը ե­ղաւ, մեր՝ ստրկա­ցած թրքա­հա­յե­րուս կեան­քը… ­Տա­ռա­պիլ ու ստի­պո­ւած ըլ­լալ ա­մե­նաեր­ջա­նիկ կեր­պա­րանք մը ցոյց տա­լու… ան­պա­տո­ւո­ւիլ, բռնա­բա­րո­ւիլ, գետ­նա­քարշ տա­պա­լիլ ու ստի­պո­ւած ըլ­լալ գո­հու­թեան ջեր­մա­գին ա­ղա­ղակ­ներ բարձ­րաց­նե­լու… ժպտիլ այն­պի­սի մէկ վայր­կեա­նիդ, որ ա­րիւն-ար­ցունք պի­տի պոռթ­կար ա­չե­րէդ… մաղ­թան­քի ճի­չեր հա­նել կո­կոր­դէդ այն բռնա­կալ ձեռ­քին հա­մար, որ զքեզ կը խեղ­դէ… մեռ­նիլ ու հո­գե­պէս մեռ­նիլ եւ ապ­րիլ ձե­ւաց­նել… ա­հա՛ դե­րա­սա­նա­կան ահ­ռե­լիօ­րէն կեղծ կեան­քը, որ մե­րը ե­ղաւ այն­քան եր­կար տա­րի­ներ։ Արդ, ինչ­պէ՞ս կ­՚ու­զէք, որ այս­պի­սի պայ­ման­նե­րու մէջ ժա­ռան­գօ­րէն ու բնա­ծի­նօ­րէն մեր ա­մե­նաան­կեղծ յատ­կու­թիւ­նը մեր կեղ­ծե­լը չ­’ըլ­լար ու մեր բնա­կան յար­մա­րու­թիւ­նը՝ դե­րա­սա­նու­թիւ­նը»։
Ա՛յս խո­րու­թեամբ ­Ռու­բէն ­Սե­ւակ ըն­կա­լեց ­Հա­յոց Ար­հա­ւիր­քը եւ ա­նոր ընդ­մէ­ջէն եր­գեց ողջ մարդ­կու­թեան ցաւն ու տա­ռա­րան­քը, ընդվ­զումն ու ցա­սու­մը։
­Բա­նաս­տեղծ, ար­ձա­կա­գիր ու մտա­ւո­րա­կան աշ­խոյժ գոր­ծիչ ե­ղաւ ­Չի­լին­կի­րեան ­Յով­հան­նէ­սի որ­դի ­Ռու­բէ­նը, որ 1905ին, քսան տա­րե­կա­նին, իր ա­ռա­ջին քեր­թո­ւած­նե­րը լոյս ըն­ծա­յեց ­Ռու­բէն ­Սե­ւակ ստո­րագ­րու­թեամբ։
Ծ­նած է ­Պոլ­սոյ մեր­ձա­կայ ­Սի­լիվ­րի գիւ­ղը։ Ծնն­դա­վայ­րի Աս­քա­նա­զեան վար­ժա­րա­նը ա­ւար­տե­լէ ետք, եր­կու տա­րի յա­ճա­խած է ­Պար­տի­զա­կի Ա­մե­րի­կեան դպրո­ցը, իսկ 1901ին ըն­դու­նո­ւած է ­Պոլ­սոյ ­Պէր­պէ­րեան վար­ժա­րա­նը, որ­մէ շրջա­նա­ւարտ ե­ղած է 1905ին եւ ղրկո­ւած է ­Լօ­զան՝ տեղ­ւոյն հա­մալ­սա­րա­նի բժշկա­կան ճիւ­ղին հե­տե­ւե­լու հա­մար։
­Լօ­զա­նի ու­սա­նո­ղա­կան տա­րի­նե­րը հան­դի­սա­ցան ­Ռու­բէն ­Սե­ւա­կի ինչ­պէս բժիշ­կի փայ­լուն մաս­նա­գի­տաց­ման, նոյն­պէս եւ գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ինք­նա­հաս­տատ­ման բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թեան շրջան։ ­Դա­սե­րու կող­քին աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի հայ ու­սա­նող­նե­րու ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին՝ յատ­կա­պէս ­Լօ­զա­նի Ար­մե­նիա ու­սա­նո­ղա­կան միու­թեան ճամ­բով։ ­Միա­ժա­մա­նակ զարկ տո­ւաւ գրա­կան իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց՝ սի­րոյ, ըն­կե­րա­յին ցա­ւե­րու եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին տա­ռա­պան­քին նո­ւի­րո­ւած իր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը լոյս ըն­ծա­յե­լով պոլ­սա­հայ մա­մու­լի է­ջե­րուն։
­Յատ­կա­պէս 1909ի Ա­տա­նա­յի կո­տո­րա­ծը ծան­րա­գոյն խոց պատ­ճա­ռեց ­Ռու­բէն ­Սե­ւակ բա­նաս­տեղ­ծին, որ ազ­գա­յին ընդվ­զու­մի, բո­ղո­քի ու պայ­քա­րի խո­րա­խոր­հուրդ յու­զաշ­խարհ մը հայ գրա­կա­նու­թեան յանձ­նեց 1910ին հրա­տա­րա­կո­ւած իր ա­ռա­ջին գրքոյ­կով՝ «­Կար­միր գիր­քը» խո­րագ­րին տակ։ «­Ջար­դի ­Խեն­թը», «Թր­քու­հին» եւ «­Մար­դեր­գու­թիւն» խո­րագ­րո­ւած ե­րեք եր­կա­րա­շունչ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րէ բաղ­կա­ցած իր այս գոր­ծով՝ ­Ռու­բէն ­Սե­ւակ թարմ շունչ բե­րաւ ­Սիա­ման­թո­յի եւ ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նի բա­ցած ու հար­թած ազ­գայ­նա­շունչ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան, ինք­նա­տիպ ո­ճով խո­հա­կան ներ­հա­յե­ցու­թեան ուղ­ղու­թիւ­նը բա­նա­լով։
­Ռու­բէն ­Սե­ւակ 1911ին պա­տո­ւոյ յի­շա­տա­կու­թեամբ վկա­յո­ւե­ցաւ բժիշկ եւ աշ­խա­տան­քի ան­ցաւ ­Լօ­զա­նի հի­ւան­դա­նոց­նե­րուն մէջ։
Բժշ­կա­կան իր ծա­ռա­յու­թեան շրջա­նին ծա­նօ­թա­ցաւ ու կա­պո­ւե­ցաւ գեր­մա­նու­հի Եա­նի Ա­պէ­լի հետ. ա­մուս­նա­ցան եւ ու­նե­ցան եր­կու զա­ւակ՝ ­Լե­ւոն եւ ­Շա­մի­րամ։ ­Սե­ւակ փաս­տօ­րէն հա­յա­ցուց գեր­մա­նու­հին, որ ոչ միայն ան­վա­րան հե­տե­ւե­ցաւ իր ա­մու­սի­նի ընտ­րած կեան­քի ու­ղիին (հա­կա­ռակ գեր­մա­նա­ցի իր ծնող­քին դրած ար­գել­քին, Եա­նի Ա­պէլ 1914ին ­Սե­ւա­կի հետ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Պո­լիս), այ­լեւ՝ հա­յօ­րէն մեծ­ցուց ­Սե­ւա­կի զա­ւակ­նե­րը բա­նաս­տեղ­ծին նա­հա­տա­կու­թե­նէն ետք։
­Ռու­բէն ­Սե­ւակ չու­զեց ապ­րիլ ­Լօ­զա­նի հանգս­տա­ւէտ պայ­ման­նե­րուն մէջ։ ­Վե­րա­դար­ձաւ ­Պո­լիս ու ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ գրա­կան-հա­սա­րա­կա­կան ե­ռուն գոր­ծու­նէու­թեան, բայց թրքա­կան պե­տու­թեան ցե­ղաս­պա­նա­կան հա­րո­ւա­ծը պո­կեց կեան­քին թե­լը նաեւ հայ գրա­կա­նու­թեան անդ­րա­նիկ մեծն ­Սե­ւա­կին։
1911էն սկսեալ, բա­նաս­տեղ­ծու­թեանց կող­քին, ան ձեռ­նար­կեց ար­ձա­կի եւ, «Բ­ժիշ­կի գրքէն փրցո­ւած է­ջեր» ընդ­հա­նուր վեր­տա­ռու­թեան տակ, Հ.Յ.Դ. ­Պոլ­սոյ պաշ­տօ­նա­թերթ «Ա­զա­տա­մարտ»ի է­ջե­րուն լոյս ըն­ծա­յեց ի­րա­կան կեան­քէ վեր­ցո­ւած պատ­մո­ւածք­ներ՝ իբ­րեւ ար­ձա­կագ­րի իր տա­ղան­դը հաս­տա­տե­լով։ Բ­ժիշ­կի իր կեն­սա­փոր­ձէն վեր­ցո­ւած պատ­կեր­նե­րով՝ ­Ռու­բէն ­Սե­ւակ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բարձ­րար­ժէք մշա­կու­մի ար­ժա­նա­ցուց ե՛ւ ան­բու­ժե­լի հի­ւան­դու­թեանց մատ­նո­ւած մար­դոց մա­հո­ւան դէմ մղած բուռն պայ­քարն ու կեան­քի ան­հուն սէ­րը, ե՛ւ պանդխ­տու­թեան մէջ հի­ւան­դա­ցած ու մա­հա­ցող հայ մար­դոց ազ­գա­յին, ըն­կե­րա­յին եւ մարդ­կա­յին ող­բեր­գու­թիւ­նը, ե՛ւ սի­րոյ ան­մար կրա­կով տո­չո­րո­ւած պարզ մար­դոց ան­սահ­ման յու­զաշ­խար­հը։
Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ այդ պատ­մո­ւածք­նե­րը ­Ռու­բէն ­Սե­ւակ ար­ձա­կագ­րին ա­պա­հո­վե­ցին նոյն­քան լիար­ժէք պա­տո­ւան­դան՝ բա­նաս­տեղ­ծի բար­ձուն­քին կող­քին։
­Պո­լիս հա­զիւ հաս­տա­տո­ւած՝ ­Ռու­բէն ­Սե­ւակ դէմ յան­դի­ման գտնո­ւե­ցաւ իթ­թի­հա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան ձեռ­նար­կած հայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու զօ­րա­կո­չին։ ­Զի­նո­ւո­րագ­րո­ւե­ցաւ օս­մա­նեան բա­նա­կին իբ­րեւ բժիշ­կի եւ ծա­ռա­յու­թեան կո­չո­ւե­ցաւ զի­նո­ւո­րա­կան հի­ւան­դա­նոց­նե­րու մէջ։
Իր այդ հան­գա­ման­քով թէեւ փրկո­ւե­ցաւ 24 Ապ­րիլ 1915ին ­Պոլ­սոյ հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան բա­ժին հա­նո­ւած հա­ւա­քա­կան ձեր­բա­կա­լու­թե­նէն եւ տա­րագ­րու­թե­նէն, բայց ­Յու­նի­սին իր կար­գին ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ ու տա­րագ­րո­ւե­ցաւ ­Չան­ղըր, ուր թրքա­կան պե­տու­թեան ցե­ղաս­պա­նա­կան ոճ­րա­յին ծրա­գի­րը ­Սե­ւա­կին ճա­կա­տագ­րա­կից ու ե­ղեռ­նա­կից դար­ձուց մեծն ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նին։
­Հայ գրա­կա­նու­թեան մե­ծա­նուն եր­կու դէմ­քե­րը նա­հա­տա­կո­ւե­ցան 26 Օ­գոս­տո­սին։ ­Պատ­մա­կան ար­խիւ­նե­րուն մէջ կայ վկա­յու­թիւ­նը թուրք սայ­լա­պա­նի մը, որ կը նկա­րագ­րէ, թէ ինչ­պի­սի՛ վայ­րագ դա­ժա­նու­թեամբ թուրք ոս­տի­կան­նե­րը ծա­ռի մը կա­պած եւ ուղ­ղա­կի մոր­թած են միայն հայ գի­րին ու դպրու­թեան ծա­ռա­յե­լու «յան­ցան­քը» գոր­ծած ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժանն ու ­Ռու­բէն ­Սե­ւա­կը։
Ա­հա այս­պէ՛ս ցե­ղաս­պան թուր­քը խեղ­դեց տա­ղան­դը ­Ռու­բէն ­Սե­ւակ ա­նուն հայ բա­նաս­տեղ­ծին ու ար­ձա­կագ­րին, որ նոր թե­ւա­կո­խած էր իր ե­րե­սուն տա­րի­քը եւ այն­քա՜ն բան ու­նէր տա­լու ե՛ւ հայ ժո­ղո­վուր­դին, ե՛ւ ողջ մարդ­կու­թեան։
­Հայ­կեան ­Հան­ճա­րի կան­խա­հա­սօ­րէն ճա­ռա­գայ­թած եւ վա­ղա­ժա­մօ­րէն ար­մա­տա­խիլ պո­կո­ւած եր­գի­չին ծննդեան տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով՝ ըն­թեր­ցո­ղին կը յու­շենք ա­նոր ան­մահ է­ջե­րէն «­Կար­միր դրօ­շակ»ին եզ­րա­փա­կիչ բա­ժի­նը ու «­Կի­լի­կեան եր­գեր»էն «Վ­րէ­ժի սերմ­նա­ցա­նը» եւ «­Վեր­ջին օ­րօր» քեր­թո­ւած­նե­րը.-

«ԿԱՐՄԻՐ ԴՐՕՇԱԿ»

­Վայ­րա՜գ գո­ռիւն մը գի­շե­րին մէջ թնդա՜ց.
­Ձիւ­նոտ ցայ­գին ան­բա՜ւ սու­գին մէ­ջէն թաց,
­Բո­ցե­րու պէս շը­քեղ, տէ­գի՜ պէս հը­պարտ,
­Կար­միր դրօ­շա՜­կը բարձ­րա­ցաւ ան­հան­դարտ…

Ու ես տրտո՜ւմ, ու ճմլո­ւա՜ծ, ան­բար­բա՜ռ,
­Կը դի­տէի, որ կ­’եր­թա­յին տրտմա­բար,
­Ձիւ­նի՜ն մէ­ջէն, մու­թին մէ­ջէն ան­սահ­մա՜ն,
Գ­րաստ­նե­րու սեւ բա­նա­կի մը նման…

Ո՞ւր, դէ­պի ո՞ւր… ­Քաղ­ցած կեան­քեր հա­մօ­րէ՜ն,
Ի սպառ լքո­ւած աս­տո­ւած­նե­րէ՜ն, մար­դե­րէ՜ն,
­Լո՜ւռ կ­’եր­թա­յին, խո՜ւլ բնազ­դի մը հլո՜ւ,
­Նո՛ր օ­րէն­քի նո՛ր նժար մը կեր­տե­լու…

Ու ինձ այս­պէ՜ս թո­ւե­ցաւ, թէ լռե­լեա՜յն,
­Ճա­կա­տագ­րին թե­ւը կ­’իշ­խէ՜ր ի­րենց վրան.-
­Բայց կ­’եր­թա­յին ա­նոնք. ի զէ՜ն, ի պայ­քա՜ր,
Ար­դա­րու­թեա՛ն կը դի­մէին խո՜նջ, տը­կա՜ր,

Ար­դա­րու­թեա՜ն, որ ա՛ս կեր­պո՜վ պի­տի գար…

«ՎՐԷԺԻՆ ՍԵՐՄՆԱՑԱՆԸ»

­Քե՛զ, ցա­սու­մի վայ­րագ հե­ղեղ գա­հա­վէԺ,
Ար­դա­րու­թեան փայ­փա­յե­լի մո՜ւթ հը­րէշ,
­Խա­ւար­նե­րու ա­հե՛ղ ծը­նուն­դըդ, Վ­րէ՛Ժ,
Ող­ջո՛յն, տա­ղե՜րս քե­զի՛…

­Մոխ­րի՜ն կու­տամ սրտիս վէր­քերն ախ­տա­գին…
Ա­մէ­նո՛ւն վէրքն, ան­սահ­մա՜ն վէր­քը ազ­գին,
Ար­դա­րու­թեան ծա­րա՛­ւը, մա՛հն հա­ւատ­քին,
Եր­գին՝ տա­ղե՜­րըս քե­զի՛…

Ու ես կու­գա՜մ.- ­Մութ շան­թե­րու սերմ­նա­ցան-
Այդ ա­կօ­սէն, ուր ա­րիւն­ներ լճա­ցա՜ն,
­Գի­շեր­նե­րով, չար հո­վե­րով, ցի­րու­ցա՜ն,
­Ցա­նել՝ տա­ղե՜րս քե­զի…

­Բա­բէ՜, ե­թէ այս բա­զուկս կա­րե­վէր
­Չը սոր­վե­ցաւ զար­նել… ­Գո­նէ ան­վե­հեր
­Ցան­քէս ­Մա­հու ա­ռա­քեալ­նե՜ր, հսկա­նե՜ր
­Կը ծնին՝ տա­ղե՜­րըս քե­զի…

«ՎԵՐՋԻՆ ՕՐՕՐ»

Օ­րօ՜ր, օ­րօ՜ր… օ­րօ՜ր ը­սեմ՝ քնա­նաս,
­Վի­րա­ւոր հօ­րըդ ճի­չերն ա՜լ չի­մա­նաս,
­Ծի­ծէս ծը­ծա­ծըդ թոյն է… կաթ չէ՛, գիտ­նաս…
Օ­րօ՜ր ը­սեմ՝ քնա­նաս։

Ա­րիւն հե­ղեղ յոր­դեց այս սուրբ ձո­րե­րէ,
­Բայց չի փա­խի՛ս, փա­րէ՛ երկ­րիդ, զայն սի­րէ՛,
­Հո­ղիդ վրայ գե­րի մ­’ըլ­լար, այլ տի­րէ՛…
Օ­րօ՜ր ը­սեմ՝ քնա­նաս։

­Հօ­րըդ վը­րայ ե­թէ ան­շո՜ւնչ չին­կայ ես,
­Զի ուխ­տե­ցի՛ Հ­ռո­մի էգ գայ­լին պէս
­Նոր ­Ռո­մու­լոս մը դիեց­նել ստին­քէս…
Օ­րօ՜ր ը­սեմ՝ քնա­նաս։

­Բա­զուկ­նե­րուս պա­րա՜ն, ոտ­քիս ալ կա­ցի՜ն,
Ս­տին­քիս զո՜յգ պտուկ­ներն ալ կտրե­ցին։
­Վեր­քէս ա­րիւնս ծծէ, որ­դեակ միա­ծին…
Օ­րօ՜ր ը­սեմ՝ քնա­նաս։

Ա­հա կ­’իյ­նամ… ­Հա­յաս­տա­նը մա՜յր քե­զի,
Կ­տակ կու­տամ այս կոտ­րած սուրն երկ­սայ­րի՝
Ուր հայ­րի­կիդ դեռ տաք ա­րիւ­նը կ­’այ­րի…
Օ­րօ՜ր ը­սեմ՝ քնա­նաս։