Թրքամերձ Ռոտոս կղզիին մէջ՝ Փոքր Ասիոյ Ցեղասպանութեանց ենթարկուած ժողովուրդներու նիւթով կազմակերպուած երկօրեայ համագումարէն ետք, որուն որպէս համակազմակերպող մասնակցած էր նաեւ Յունաստանի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Ռոտոս կղզիին մէջ տարի մը առաջ հիմնուած «Տիգրան-Երկաթ» մասնաճիւղը, իր ատենապետ ընկ. Խարա Քէօսէեանի կողմէ, այժմ կարգը եկաւ միութեան գաթայի կտրումին ու նոր վարչութեան ընտրութեան։
Գաթայի կտրում
Գաթայի կտրումը տեղի ունեցաւ Կիրակի՝ 19 Փետրուար 2017ին կէսօրին մասնաճիւղի վարչական անդամ Սահակ Պարտիզպանեանի «Սեմիրամիս» պանդոկի սրահին մէջ, ներկայութեամբ Ռոտոսի քաղաքապետ Ֆոթիս Խածիտիաքոսի, փոխ նահանգապետ Խարալամպոս Քոքինոսի, Ռոտոսի քաղաքակրթական կազմակերպութեան վարչութեան, քաղաքապետական ու նահանգապետական խորհուրդներու անդամներու, կղզիի Միթրոփոլիտ Քիլիլլոսի ներկայացուցիչ հոգեւոր հօր եւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան անդամ ընկ. Յուլիանէ Մանուկեանի։ Ներկայ եղան նաեւ Ռոտոսի պոնտական «Տիղէնիս» միութեան վարչականներ ու անդամներ, ինչպէս նաեւ Ռոտոսի ու մերձակայ կղզիներու մէջ ապրող՝ վերջին տարիներուն Հայաստանէն շրջան հաստատուած հայրենակիցներ։
Ձեռնարկին բացումը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետ ընկ. Խարա Քէօսէեան, որ անդրադարձաւ տարուան մը ընթացքին մասնաճիւղի ունեցած գործունէութեան՝ 2016ին գաթայի կտրում, Ապրիլին՝ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին դափնեպսակի զետեղում, աշնան՝ երկօրեայ գիտական համագումար, Համազգայինի 20րդ Ներկայացուցչական ժողովի մասնակցութիւն եւ 2017ի գաթայի կտրում եւ նոր վարչութեան ընտրութիւն յառաջիկայ երկամեակին համար։
Ապա խօսք առաւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան անդամ ընկ. Յուլիանէ Մանուկեան, որ յունարէն լեզուով ներկաներուն պարզեց Համազգայինի դերը Յունաստանի մէջ իր հիմնումէն ի վեր, ինչպէս նաեւ իր համաշխարհային կառոյցի բաղկացուցիչ ստորոգելիները՝ նպատակ, հեռանկարներ, ծրագրումներ, գործունէութիւն։
Գաթայի կտրումը կատարեց կղզիի Արքեպիսկոպոսի հոգեւոր ներկայացուցիչը, իր օրհնութիւնները փոխանցելով միութեան յաջողութեան նպատակներուն։
Յաջորդաբար գործադրութեան դրուեցաւ օրուան պատշաճ գեղարուեստական յայտագիրը։
Ռոտոս կղզիի Երաժշտանոցի երգչախումբը ղեկավարութեամբ երաժիշտ տիկին Մաթինա Մասթորայի յոյն երգողներու կողմէ սքանչելիօրէն մեկնաբանեց երկու հայկական երգեր (տեսնել facebookի երիզը)։ Երգչախումբին ընկերակցեցաւ Երաժշտանոցին նուագախումբը, որոնց նուագողներէն մէկուն՝ Փանաեօթի Եորղիատիսի մայրը հայ է։
Ապա նուագեց Աթէնքէն երաժիշտ-յօրինող-նուագող Ստեփան Թէքիրեանը, որ գեղարուեստական յայտագիրը ճոխացուց երկու հայկական երգերով ու նուագով։ Աւարտին՝ նուագեց ու երգեց Ռոտոս հաստատուած հայրենիքէն տիկին Ալվինան երկու հայրենասիրական երգեր մեկնաբանելով։
Մամլոյ արձագանգ
Ռոտոսի տեղական թերթեր, գլխաւորութեամբ «Η ΡΟΔΙΑΚΗ» օրաթերթին, լուսանկարով ու երկար յօդուածով մը կ’անդրադառնայ Համազգայինի ձեռնարկին։
Թերթը անդրադարձ մը կը կատարէ 2015ին՝ աշխարհի բոլոր հայերուն, որոնք քաղաքականապէս ոգեկոչեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը, որ բռնօրէն ծրագրուեցաւ ու գործադրուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1915ին։
Դար մը վերջ, հայերը կը շարունակեն աշխոյժ ու գործունեայ դերակատարութեամբ պահանջատէր ըլլալ իրենց ազգային, հողային ու քաղաքական իրաւունքներուն։
Յօդուածի վերջին բաժնով նշանակալից անդրադարձ մը կը կատարուի Յունաստանի Երկոտասնեայ (Տոտեքանիսա) կղզիներու մայրաքաղաք Ռոտոսի մէջ Համազգայինի քաղաքակրթական ու մշակութային հետեւողական գործունէութեան, որու նպատակներէն մէկն ալ հայ եւ յոյն եղբայրակից ժողովուրդներուն միջեւ կապերը սերտացնելու եւ ամրապնդելու գործընթացն է, ինչ որ հանգրուանաբար կը յաջողուի քայլ առ քայլ, եւ որու գործնական արտայայտութիւններէն մէկն ալ մասնաճիւղի այս վերջին ելոյթն էր «Սեմիրամիս» պանդոկին մէջ, մասնակցութեամբ հայ եւ յոյն հասարակութեան։
Շնորհակալիք
Մասնաճիւղի վարչութեան անունով շնորհակալութիւն կը յայտնուի գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերած անձերուն, պաշտօնական հիւրերուն, որոնք լեցուցին սրահը ու մասնակից եղան հրաւէրին, անհուն սիրով, ջերմութեամբ։
Նոր Վարչութեանընտրութիւն
Աւարտին, ընտրուեցաւ յառաջիկայ երկու տարուան համար նոր վարչութիւն, որ կը բաղկանայ հետեւեալներէ.- Խարա Քէօսէեան, Սահակ Պարտիզպանեան, Լարիսա Մանուկեան, Միխալիս Յարութիւնեան, Սթամաթիս Մանուկեան, Խրիսթոս Գըլըճեան։ Դիւանային կարգով ատենապետ ընտրուեցաւ ընկ. Քէօսէեան, փոխ ատենապետ ընկ. Պարտիզպանեան, քարտուղար ընկ. Մանուկեան եւ մնացեալները խորհրդական։
Համազգայինի, երգչախումբի ու պարախումբի դիմատետրին մէջ կարելի է տեսնել մեծ թիւով լուսանկարներ, սոյն ելոյթէն։ «Տիգրան Երկաթ» մասնճիւղը կը սկսի կազմաւորել իր միութենական կենսագրութիւնը, դրական պատուհան մը բանալով իր հեռանկարային ծրագրեալ աշխատանքներուն համար։
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԹՂԹԱԿԻՑ