­Շա­բաթ, ­Փետ­րո­ւար 18-ին ­Սու­րիա­հա­յու­թեան ի նպաստ կազ­մա­կեր­պո­ւած «­Ռա­տիօ­թոն»-ին հան­գա­նա­կո­ւե­ցաւ 120 հա­զար եւ­րօ։
Ն­շենք թէ դրա­մա­հա­ւա­քին կը մաս­նակ­ցէին Ֆ­րան­սա­յի հայ­կա­կան ե­րեք ձայ­նաս­փիւռ­նե­րը՝ Այբ Էֆ-էմ, ­Ռա­տիօ Ար­մե­նի եւ ­Ռա­տիօ Ա., յա­ջոր­դա­բար՝ ­Փա­րիզ, ­Լիոն եւ ­Վա­լանս։
Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ Ֆ­րան­սա­հայ կա­պոյտ խա­չի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պո­ւած այս հան­գա­նա­կու­թիւ­նը սկիզբ ա­ռած էր ­Փետ­րո­ւար 9-ին եւ ուղ­ղո­ւած էր ­Հա­լէ­պի հայ հա­մայն­քի վե­րած­նուն­դին, որ հինգ տա­րիէ ի վեր կը տա­ռա­պի պա­տե­րազ­մէն։ ­Բե­րիոյ թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Շա­հան արք. ­Սար­գի­սեան եւ ­Հա­լէ­պի Ազ­գա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Կա­րօ Իւզ­պա­շեան Ֆ­րան­սա­յի տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մէջ տա­սը օ­րե­րու ըն­թաց­քին հան­դի­պում ու­նե­ցան մեր հա­մայնք­նե­րուն հետ՝ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տա­լու հա­մար մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն ապ­րած տա­ռա­պանք­նե­րուն մա­սին։ ­Փետ­րո­ւար 18-ին տե­ղի ու­նե­ցած «­Ռա­տիօ­թոն»-ին ­Սու­րիոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն կող­քին կը մաս­նակ­ցէին նաեւ ֆրան­սա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու բան­բեր­ներ, ինչ­պէս՝ CCAF-ը, ՀԲԸՄ-ը, «­Հա­յաս­տան» հիմ­նադ­րա­մը, ՀՄԸՄ-ը, ­Հա­մազ­գա­յի­նը, ­Շէ­նը, Ֆ­րան­սա­հայ բժիշկ­նե­րու միու­թիւ­նը (UMAF), Եր­կիր եւ մշա­կոյթ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը։ ­Ներ­կայ էին նաեւ ­Հայ ա­ռա­քե­լա­կան, կա­թո­ղի­կէ եւ բո­ղո­քա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ­Տի­րայր քհնյ. ­Գը­լը­ճեան, ­Թէյ­րու­զեան սրբա­զան եւ պա­տո­ւե­լի ­Լե­ւո­նեան։ Այս հան­գա­նա­կու­թեան ի­րենց ա­ջակ­ցու­թիւ­նը բե­րին ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ եւս, ինչ­պէս ­Ժե­րալտ ­Բա­բա­զեան, եր­գիչ եւ եր­գա­հան ­Վի­գէն ­Դար­բի­նեան, լու­սան­կա­րիչ Ան­թո­ւան Ա­կու­ճեան, պա­րու­սոյց Ք­րիս­տի­նա ­Գալս­տեան եւ բե­մա­դիր ­Ռո­պեր ­Քէ­շի­շեան։ Այս իւ­րա­յա­տուկ ծրագ­րին շնոր­հիւ, ո­րուն ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը չզլա­ցան նաեւ պատ­մա­բան­ներ Ա­նա­հիտ ­Տէր ­Մի­նա­սեան եւ ­Ռե­մոն ­Գէոր­գեան, «Sigest» հրա­տա­րակ­չա­տան խմբագ­րա­պետ ­Վա­րու­ժան Ս­րա­պեան ինչ­պէս նշե­ցինք— հան­գա­նա­կո­ւե­ցաւ 120 հա­զար եւ­րօ