Ապ­րիլ 18ին, ­Ռա­ֆա­յէլ Արք. ­Մի­նա­սեան վե­րաօ­ծեց ­Ջա­ւախ­քի հայ կա­թո­ղի­կէ ­Խա­շուտ-Ա­բաթ­խեւ գիւ­ղի վե­րա­նո­րո­գո­ւած ­Սուրբ ­Խաչ ե­կե­ղե­ցին: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ Akhaltskha.netը։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուած են Վ­րաս­տա­նի մէջ քա­հա­նա­յա­պե­տա­կան նո­ւի­րակ Ար­քե­պիս­կո­պոս ­Մա­րեկ ­Սոլ­չինս­կին եւ ա­նոր քար­տու­ղա­րը, Վ­րաս­տա­նի մէջ ծա­ռա­յող եր­կու լա­տին ծէ­սի վար­դա­պետ, ­Թիֆ­լի­սի հայ կա­թո­ղի­կէ­նե­րու ժո­ղովր­դա­պետ ­Մի­քա­յէլ Վրդ. ­Խաչ­կա­լեան, Ծ­ղալթ­պի­լա­յի եւ ­Ջուլ­ղա­ղի ժո­ղովր­դա­պետ Ա­նա­տո­լի Ծ. Վրդ. Ի­վա­նիւկ, ­Գիւմ­րիի հայ կա­թո­ղի­կէ­նե­րու ժո­ղովր­դա­պետ Գ­րի­գոր Ա. Քհնյ. Մկրտ­չեան, ­Խա­շու­տի ժո­ղովր­դա­պետ ­Պօ­ղոս Քհնյ. Գ­րի­գո­րեան, ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րոգ­ման բա­րե­րար­նե­րը, հա­մայն­քի բնակ­չու­թիւ­նը: ­Խա­շու­տի դեռ 1886 թո­ւին կա­ռու­ցո­ւած ­Սուրբ ­Խաչ ե­կե­ղե­ցին վեր­ջին մէկ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին հիմ­նո­վին նո­րո­գո­ւած է: ­Նո­րոգ­ման աշ­խա­տանք­նե­րը յատ­կա­պէս կա­տա­րո­ւած են ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ` ­Սուրբ ­Խո­րա­նը, յա­տա­կը, պա­տե­րը, պա­տու­հան­նե­րը, վեր­նա­տու­նը: ­Խո­րա­նին վե­րը ամ­րա­ցո­ւած ­Խա­չե­լու­թեան մեծ պատ­կե­րը նո­ւի­րած է ­Ռա­ֆա­յէլ Արք. ­Մի­նա­սեան: ­Վե­րա­նո­րոգ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն ծախ­սը ամ­բող­ջու­թեամբ հո­գա­ցած, կազ­մա­կեր­պած ու նա­խագ­ծած են ծնուն­դով խա­շուտ­ցի մոս­կո­ւա­յաբ­նակ գոր­ծա­րար­ներ պրն. Ա­լեք­սանդր Եա­դո­յեան, պրն. ­Յով­հան­նէս Եա­դո­յեան եւ ճար­տա­րա­պետ պրն. ­Յա­կոբ Ար­թե­նեան: Նս­տա­րան­նե­րը նո­ւի­րած է պրն. ­Մար­տին ­Սի­մո­նեան: Աշ­խա­տանք­նե­րը կա­տա­րած են գիւ­ղի բնա­կիչ­նե­րը: ­Կա­ռու­ցա­պա­տո­ւած եւ բա­րե­կար­գո­ւած են նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ բակն ու յա­րա­կից ճամ­բան:

ԲԱԺՆԵԼ
Նախորդ յօդուածը­Կա­րօ ­Փայ­լան
Յաջորդ յօդուածըԳոյժ