­Հոկ­տեմ­բեր 31ին, ­Թուր­քիոյ իր պաշ­տօ­նա­կից ­Ռե­չեփ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղա­նի հետ տուած միա­ցեալ մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին, Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ ընդգ­ծած է յատ­կա­պէս ­Պա­քո­ւի եւ Ան­գա­րա­յի մի­ջեւ ռազ­մա­կան ո­լոր­տէն ներս ծա­ւա­լող գոր­ծակ­ցու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը՝ միա­ժա­մա­նակ ազ­դա­րա­րե­լով.- «Ատր­պէյ­ճան իր տա­րած­քին վրայ երկ­րորդ հայ­կա­կան պե­տու­թեան մը ստեղ­ծու­մը եր­բե՛ք պի­տի չհան­դուր­ժէ»։
Ա­լիե­ւի պնդու­մով՝ Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցը ­Հոկ­տեմ­բեր 31ին կա­յա­ցած ­Թուր­քիա-Ատր­պէյ­ճան «ռազ­մա­վա­րա­կան բարձ­րա­գոյն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուրդ»ի նիս­տի քննարկ­ման գլխա­ւոր նիւ­թե­րէն մէ­կը ե­ղած է:
«Մ.Ա.Կ.ի Ա­պա­հո­վու­թեան ­Խոր­հուր­դը վա­ւե­րա­ցու­ցած է չորս բա­նա­ձե­ւեր, ո­րոնց հա­մա­ձայն՝ ­Հա­յաս­տա­նի զի­նո­ւած ու­ժե­րը պէտք է ան­յա­պաղ եւ ան­վե­րա­պա­հօ­րէն լքեն Ատրպէյ­ճա­նին պատ­կա­նող հո­ղե­րը: Այդ բա­նա­ձե­ւե­րը ար­դէն իսկ 20 տա­րիէ ի վեր կը մնան թուղ­թի վրայ: ­Հա­յաս­տան կ­՛ան­տե­սէ զա­նոնք եւ հար­ցը կը մնայ ան­լոյծ»,- յայ­տա­րա­րած է Ա­լիեւ՝ ցաւ յայտ­նե­լով, որ ­Պա­քո­ւի նկատ­մամբ եր­կա­կի չա­փա­նի­շեր կը կի­րար­կո­ւին մի­ջազ­գա­յին հա­մայն­քին կող­մէ:
Ընդգ­ծե­լով ­Պա­քո­ւի եւ Ան­գա­րա­յի մի­ջեւ ռազ­մա­կան ո­լոր­տէն ներս ծա­ւա­լող գոր­ծակ­ցու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը՝ ան ա­ւել­ցու­ցած է.- «Այս տա­րի, ­Թուր­քիա եւ Ատր­պէյ­ճան կազ­մա­կեր­պած են ե­րեք միա­ցեալ ռազ­մա­փոր­ձեր, ո­րոնց­մէ եր­կու­քը՝ ­Պա­քո­ւի մէջ, իսկ միւ­սը՝ ­Նա­խի­ջե­ւա­նի: Ն­ման քայ­լեր ա­ւե­լիով կ­՛ամ­րապն­դեն մեր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ռազ­մա­կան աս­պա­րէ­զին մէջ: ­Թուր­քիա եւ Ատր­պէյ­ճան կը շա­րու­նա­կեն խո­րաց­նել հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը նաեւ ռազ­մա­կան ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան ո­լոր­տին մէջ: ­Թուր­քիոյ օ­րէ օր զար­գա­ցող ռազ­մար­դիւ­նա­բե­րա­կան հա­մա­լի­րը մե­զի հա­մար լուրջ հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ է: ­Մենք ­Թուր­քիա­յէն ռազ­մա­կան ար­տադ­րանք ձեռք կը բե­րենք եւ պի­տի շա­րու­նա­կենք այդ բա­նը ը­նել»:
Իր կար­գին՝ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հը ը­սած է, որ յա­ռա­ջի­կայ տա­րի­նե­րուն ­Պա­քու եւ Ան­գա­րա ի­րենց յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը պի­տի զար­գաց­նեն քա­նի մը ուղ­ղու­թիւն­նե­րով, ո­րոնց մէջ ա­ռանց­քա­յին են փո­խադ­րա­կան եւ ու­ժա­նիւ­թի մար­զե­րը:
«­Մօ­տիկ ա­պա­գա­յին պի­տի սկսին ատր­պէյ­ճա­նա­կան կա­զի մա­տա­կա­րա­րում­նե­րը դէ­պի Եւ­րո­պա: Այս ի­րո­ղու­թիւ­նը ո­մանց հա­մար շատ ան­հանգս­տաց­նող ի­րա­դար­ձու­թիւն մըն է: ­Ժա­մա­նա­կին ո­մանք թե­րա­հա­ւա­տօ­րէն կ­՛ար­տա­յայ­տո­ւէին ­Պա­քու-­Թիֆ­լիս-­Կարս եր­կա­թու­ղիի շի­նա­րա­րու­թեան եւ ա­նոր տնտե­սա­կան նպա­տա­կա­յար­մա­րու­թեան մա­սին: ­Բայց ե­րէկ մենք ներ­կայ գտնո­ւե­ցանք այդ ու­ղիի բա­ցու­մին»,- յայ­տա­րա­րած է Էր­տո­ղան: