Մայիս 20ի այս օրը, 168 տարի առաջ, Պոլսոյ հայադրոշմ Սկիւտար թաղամասին մէջ, լոյս աշխարհ եկաւ հայ գրականութեան վաղամեռիկ հանճարը՝ Պետրոս Դուրեան, որ միայն 21 տարի ապրեցաւ։ Ան մահացաւ՝ անբուժելի եւ անողոք հիւանդութեան դէմ պայքարելով եւ, այդ ճամբով, Մահուան դէմ մղուած Մարդու յաւիտենական Պայքարին հանճարեղ երգիչը դառնալով։
Իր սրտին մէջ կեանքի ու սիրոյ անմար կրակ ունեցող մահամերձ բանաստեղծն է Դուրեան, որ մահուան դէմ իր մղած պայքարին մէջ շիջելով հանդերձ՝ անտրտունջ չհեռացաւ մեր աշխարհէն։ Ընդհակառակն՝ 1871ին, մահուան իր սնարին գամուած, յաւերժութեան յանձնեց «Տրտունջք» խորագրուած իր անմահ բանաստեղծութիւնը՝ Ճակատագրի եւ մահուան դէմ ընդվզումի ու ըմբոստացման իր երգը երկնելով.-
Է՜, մընաք բարով, Աստուած եւ արեւ,
Որ կը պըլպըլաք իմ հոգւոյս վերեւ…
Աստղ մ’ալ ես կ’երթամ յաւելուլ երկինք,
Աստղերն ի՜նչ են որ եթէ ոչ անբիծ
եւ թշուառ հոգւոց անէ՜ծք ողբագին,
Որք թըռին այրել ճակատն երկնքին.
Այլ այն Աստուծոյն՝ շանթերո՜ւ արմատ՝
Յաւելուն զէնքերն ու զարդերն հըրատ…
Այլ, ո՜հ, ի՞նչ կ’ըսեմ… շանթահարէ՛ զիս,
Աստուա՛ծ, խոկն հսկայ փշրէ՛ հիւլէիս՝
Որ ժպրհի ձգտիլ, սուզիլ խորն երկնի,
Ելնել աստղերու սանդուխքն անալի…։
Պետրոս Դուրեան ծնած է 1851ին, Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասը, երկաթագործ Զմպայեանի աղքատ յարկին տակ եւ հօրենական ազգանունին հայացումով էր, որ Դուրեան գրչանունով ան ստորագրեց հազիւ 13 տարեկանին իր գրած առաջին բանաստեղծութիւնը։
Կեանքը դաժան գտնուեցաւ բնատուր տաղանդով օժտուած պատանիին նկատմամբ։ Աղքատութեան մէջ մեծնալով՝ չկրցաւ ուսման իր ծարաւը յագեցնել եւ պատանի տարիքէն աշխատանքի ասպարէզ նետուեցաւ՝ ընտանիքին կարիքները հոգալու պարտաւորութեամբ։ Ապրուստի միջոց ընտրեց ժամանակի հայ մամուլին աշխատակցութիւնը՝ յատկապէս թատերախաղներ գրելով, որովհետեւ այդ օրերուն մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր թատրոնը. նոյնիսկ դերասանութեամբ իր ապրուստը ապահովելու հարկին տակ գտնուեցաւ — այլապէս քնարերգակ բանաստեղծի մեծ տաղանդ ունեցող՝ Հայկեան Հանճարի անզուգական այս բոցավառումը։
Կարծէք ապրուստը ապահովելու դժուարութիւնը չէր բաւեր, ատոր վրայ գումարուեցաւ նաեւ աւելի ահաւորը՝ Դուրեանի առողջական վիճակին քայքայումը, թոքախտի վարակման հետեւանքով։ Ատենի անողոք ու անբուժելի հիւանդութիւնը խորագոյն յուսահատութիւն եւ յոռետեսութիւն առաջացուց սիրոյ խոր զգացումներով եւ ալեկոծումներով հարուստ վաղամեռիկ բանաստեղծին յուզաշխարհին մէջ։
Դառնութեան խորագոյն զգացողութիւնը եւս Դուրեան բանաստեղծականօրէն յաւերժացուց՝ հայ գրականութեան կտակելով իր անկրկնելի «Լճակ»ը.-
Շատերը զիս մերժեցին,
«Քընար մ’ունի սոսկ» — ըսին.
Մին՝ «դողդոջ է, գոյն չունի» —
Միւսն ալ ըսաւ.- «կը մեռնի»։
Ոչ ոք ըսաւ,- «Հէ՛ք տըղայ,
Արդեօք ինչո՞ւ կը մըխայ,
Թերեւս ըլլայ գեղանի,
Թէ որ սիրեմ, չը մեռնի»։
Ոչ ոք ըսաւ՝ «Սա տըղին
Պատռե՛նք սիրտը տըրտմագին,
Նայինք ինչե՜ր գրուած կան…»
— Հոն հրդեհ կայ, ո՛չ մատեան։
Չքաւոր ու հիւանդ՝ կրկնակիօրէն դաժան այսօրինակ կեանք մը ապրելով, Պետրոս Դուրեան բանաստեղծութեան մէջ որոնեց եւ գտաւ ինքնադրսեւորման ու ինքնահաստատման իր կենսայորդ աշխարհը։ Թէեւ ժամանակը չունեցաւ բեղուն ստեղծագործութեան, բայց հազիւ քառասունի հասնող իր բանաստեղծութիւնները ինքնին բաւարար եղան, որպէսզի Պետրոս Դուրեան լայն հորիզոն բանայ հայ քնարերգութեան առջեւ ու թռիչք տայ սիրոյ եւ տառապանքի մարդկային ամէնէն վաւերական, յորդ ու անկեղծ զգացումները յաւերժութեան յանձնելու երկունքին։
Իր օրին արդէն Պետրոս Դուրեան շատ արագ սիրուած եւ փնտռուած բանաստեղծը դարձաւ հայ երիտասարդութեան։ Իր «Ինչո՞ւ ապշած ես լճակ»ը, «Տրտունջք»ը, «Հեծեծմունք»ը, «Ինչ կ’ըսեն»ը, «Թրքուհին» ու «Իմ մահը» բանաստեղծութիւնները դարձան երիտասարդ սրտերու եւ հոգիներու հարազատ թարգմանը, անոնց շրթներուն շարունակ հնչող երգերը…
Այդ էր պատճառը, որ իր թաղումը ազգային մեծ շուքով ու չորս հազարէ աւելի երիտասարդներու մասնակցութեամբ տպաւորիչ թափօրով կատարուեցաւ։ Մանրավէպի նշանակութիւն ունի, բայց կ’արժէ հոս մէջբերել Մուշեղ Իշխանի այն վկայութիւնը, որ երիտասարդութիւնը փափաքած է Դուրեանի թաղումը նուագախումբի ընկերակցութեամբ կատարել, հակառակ անոր որ մեր եկեղեցին այդ ժամանակ կ’արգիլէր նման բան։ Այդ խնդրանքով ալ երիտասարդներ դիմած են օրուան Պոլսոյ հայոց պատրիարք Խրիմեան Հայրիկին, որուն պատասխանը՝ «Հրաման չեմ տար, բայց կը ներեմ»ը շատ բան կ’ըսէ մեր ժողովուրդի սրտին մէջ Պետրոս Դուրեանի գրաւած տեղին եւ հանճարեղ բանաստեղծի անոր արժանաւորութեան մասին։
Դուրեանի մեծութիւնը չսահմանափակուեցաւ իր ցաւին ու տառապանքին ահագնութենէն ծնած երգով։ Նորարարութիւնը տիրական գիծը դարձաւ Դուրեանի գրականութեան։
Թատրոնի մէջ, ժամանակի ընդհանուր հունով պատմական թատերախաղներ գրելով հանդերձ, Դուրեան թագաւորներու եւ իշխաններու կողքին բեմ բարձրացուց նաեւ պարզ ժողովուրդը՝ ազգային եւ ընկերային մեր հիմնական հարցերը արծարծելով։ Մանաւանդ որ Ազգային Զարթօնքի շարժումին եւ աշխարհաբարի տարածման դրօշակիրներէն էր Դուրեան, որ այս առումով եւս պայքարի դիրքերը ակամայ լքելու ճակատագրին դէմ ընդվզեցաւ՝ «Իմ Ցաւը» բանաստեղծութեան մէջ աւաղելով.-
Հէք մարդկութեան մէկ ոստը գօս՝
Հայրենիք մը ունիմ թշուառ,
Չօգնած անոր մեռնի՜լ աննշան,
Ո՜հ, ա՛յս է սոսկ ցաւ ինձ համար։
Նաեւ ազատամտութեան յառաջապահ մը եղաւ Դուրեան, որ չհամակերպեցաւ պահպանողականութեան ներքին կաշկանդումներուն. «Թրքուհին» խորագրուած իր բանաստեղծութիւնը վկայութիւնն է սիրոյ եւ գեղեցիկի անխառն պաշտամունքին եւ սանձազերծ թռիչքին.-
Լանջն է յուզեալ Ովկէանի մը նման,
Կ’ուզէ սիրել… համբոյրի մ’ հետ նուաղիլ,
Նէ շողերու, բոյրերու է թագուհի,
Խոնջ թիթեռնիկ մ’որ կը խնդրէ ծաղկէ թառ.
Եթէ շիկնի,
Կ’ըսես.- «Հի՜մա կը բռնկի»։
Որքա՜ն դիպուկ է Հրաչ Տասնապետեանի այն արժեւորումը, թէ՝
Քսանմէկ տարեկանին մեռած այս հանճարեղ պատանին երեւոյթ մըն է ոչ միայն հայ, այլ բոլոր գրականութեանց պատմութեան մէջ։ Ան է, որ մեր մէջ հիմը դրաւ աշխարհաբար քնարերգակ բանաստեղծութեան, իր ներշնչման խորութեամբը, անկեղծութեամբն ու արտայայտուելու եղանակովը հասնելով քիչ անգամ հաւասարուող բարձրութեան մը։
Այսօր ծննդեան տարեդարձն է ահա կեանքի եւ սիրոյ այնքա՜ն խոր ծարաւը ունեցած եւ բաց աչքով կեանքէն առյաւէտ բաժնուած հայ գրականութեան Հանճարեղ Պատանիին, որ «Իմ Մահը» խորագրով իր բանաստեղծութեան վերջին տունով արտայայտած էր մահուան սնարին գտնուող ամէն մարդու խորագոյն վախը, թէ՝
Իսկ աննշան եթէ մնայ,
Երկրի մէկ խորշն հողակոյտն իմ,
Եւ յիշատակս ալ թառամի,
Ա՜հ, ա՛յն ատեն ես կը մեռնիմ…
Պետրոս Դուրեան իր անմահութեամբ… յաղթեց մահուան։
Ոչ միայն չթառամեցաւ Դուրեանի յիշատակը, այլեւ՝ իր բանաստեղծութեամբ, ան մնայուն ընկերակիցը դարձաւ հայոց սերունդներուն։
Յաւերժութեա՛ն ընկերակիցը։