Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Ռակըպ Զարաքօլուի եւ անոր հանգուցեալ կնոջ՝ Այշենուր Զարաքօլուի կողմէ հիմնադրուած «Պելկէ» հրատարակչատան վրայ յարձակում մը կատարած է Կիրակի՝ Մայիս 7ի երեկոյեան, գրաւելով աւելի քան 2170 գիրք:
Հրատարակչատունը 40 տարիէ ի վեր այլախոհ գործունէութիւն կը ծաւալէ եւ յաճախ թիրախ դարձած է ոստիկանական նման գործողութիւններու՝ դատական զանազան հետապնդումներու կողքին։
Ոստիկանութեան աշխատակիցները յայտնած են, որ «Պետութիւն չունեցող քիւրտեր» եւ «Մահէն աւելի դժուար որոշումներ» գիրքերը հաւաքելու հրաման ունին, սակայն հաւաքած են նաեւ 1980ականներուն եւ 1990ականներուն հրատարակուած տարբեր գիրքեր: Ոստիկանները ձերբակալած են նաեւ հրատարակչատան աշխատակից մը, որ աւելի ուշ ազատ արձակուած է:
Նշենք, որ «Պելկէ» հրատարակչութիւնը Թուրքիոյ մէջ առաջիններէն է, որ անդրադարձած է Հայկական Հարցին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բազմաթիւ հրատարակութիւններ ունի։
Այս գործողութեան անդրադառնալով՝ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան գրած է.- ««Պելկէ» հրատարակչութիւնը փաստաթղթաւորած է Թուրքիոյ յանցագործութիւններու պատմութիւնը: Ձեր գրաւած գիրքերը գոնէ կարդացէ՛ք»:
«Պելկէ»ն՝ ոստիկանական յարձակումի թիրախ
Ցեղասպանութեան մասին բազմաթիւ հրատարակութիւններ կատարած «Պելկէ»ն՝ ոստիկանական յարձակումի թիրախ