ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Ը­սինք ար­դէն, որ Մ. ­Կոր­պա­չով հա­կա­ռակ իր ձեռ­նար­կած բա­րե­կար­գու­թեան ճի­գե­րուն չկրցաւ ար­դա­րու­թեամբ դի­մագ­րա­ւել Ար­ցա­խի խնդի­րը, այլ՝ զայն ներ­կա­յա­ցուց իբ­րեւ ըն­կե­րա­յին չլու­ծո­ւած հարց եւ խոս­տա­ցաւ 400 մի­լիոն ռուբ­լի յատ­կաց­նել շրջա­նին:
Իր այս փոր­ձին ձա­խո­ղու­թե­նէն ետք, ­Կոր­պա­չով ու­զեց վար­կա­բե­կել շար­ժու­մը՝ զայն ներ­կա­յաց­նե­լով ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րու գործ եւ բան­տար­կել տո­ւաւ շար­ժու­մին ղե­կա­վար­նե­րը, ինչ որ ա­ւե­լիով թափ տուաւ պայ­քա­րին եւ ան­զի­ջող դար­ձուց հա­յու­թիւ­նը:
­Կոր­պա­չո­վի մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը հիմ­նո­վին կը հա­կա­սէին իր իսկ ձեռ­նար­կած բա­րե­կար­գու­թեանց ո­գիին, ո­րուն հա­մար ալ շատ սուղ գին վճա­րեց ան. իշ­խա­նու­թե­նէն իր ան­կու­մը եւ Խ. ­Միու­թեան ա­րագ փլու­զու­մը:
­Ղա­րա­բա­ղեան ­Շար­ժու­մի ժայթ­քէն եր­կու-ե­րեք օր ետք, 20 ­Փետ­րուար 1988ին, Ար­ցա­խի Ինք­նա­վար ­Մար­զի խորհր­դա­րա­նը ո­րո­շում ա­ռաւ ­Հա­յաս­տա­նի հետ վե­րա­միա­ւո­րո­ւե­լու մա­սին:
Այս ո­րո­շու­մին Ատր­պէյ­ճան պա­տաս­խա­նեց ­Սում­կայ­թի, ­Պա­քո­ւի, ­Կի­րո­վա­պա­տի եւ ­Մեն­գե­չա­ւու­րի ան­մեղ հայ բնա­կիչ­նե­րու սպա­նու­թիւն­նե­րով: ­Սար­սա­փի այդ օ­րե­րուն, Ատրպէյ­ճա­նի մէջ ապ­րող շուրջ 500.000 հա­յեր ի­րենց տունն ու տե­ղը ձգե­լով գաղ­թա­կան դար­ձած՝ խու­ճա­պա­հար փա­խան ­Հա­յաս­տան: Ա­սոնց վրայ ա­ւելց­նե­լով ա­հա­ւոր երկ­րա­շար­ժէն ան­տուն-ան­տէր մնա­ցած մար­դոց բազ­մու­թիւ­նը եւ երկ­րի մէկ մա­սին կի­սա­ւեր վի­ճա­կը, կա­րե­լի է պատ­կե­րաց­նել այն կա­ցու­թիւ­նը, ո­րուն մէջ կը գտնո­ւէր ­Հա­յաս­տան:
­Բայց ­Մոս­կո­ւա ա­ւե­լի մտա­հո­գուած էր Ար­ցա­խի կա­յա­ցու­ցած ո­րո­շու­մով, քան թէ գաղ­թա­կա­նու­թեամբ ու սպա­նու­թիւն­նե­րով: Ա­ռա­ջի­նը դուռ պի­տի բա­նար ազ­գա­յին ան­հա­կակշռե­լի հար­ցե­րու, մինչ երկ­րորդ ա­մօ­թը կա­րե­լի էր ծած­կել-թա­ղել:
Ար­ցա­խը ­Հա­յաս­տա­նի հետ վե­րա­միա­ւո­րե­լու ո­րո­շու­մը ար­գի­լե­լու հա­մար, ­Կոր­պա­չո­վի վար­չա­կար­գը զի­նո­ւո­րա­կան դրու­թեան օ­րէնք հաս­տա­տեց շրջա­նին մէջ: ­Խորհր­դա­յին ներ­քին ա­պա­հո­վու­թեան զօր­քեր՝ գոր­ծակ­ցե­լով ա­զե­րի­նե­րուն հետ՝ ա­մէն տե­սակ բռնու­թեանց ու սպա­նու­թիւն­նե­րու դի­մե­ցին, պայ­քա­րը խեղ­դե­լու եւ Ար­ցա­խը հա­յա­թափ ը­նե­լու հա­մար: Ա­ւե­լի քան հայ­կա­կան 24 գիւ­ղեր քան­դո­ւե­ցան եւ պայ­քա­րող­ներ գնդա­կա­հա­րու­ցան: Վ­րայ հա­սաւ ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ յե­ղաշրջ­ման փորձ մը, որ յան­գե­ցուց ­Կոր­պա­չո­վին պար­տադ­րո­ւած հրա­ժար­ման Ել­ցի­նի կող­մէ՝ 25 ­Դեկ­տեմ­բեր 1991ին: Այդ հրա­ժա­րու­մով՝ ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թիւ­նը կը կազ­մա­քան­դո­ւէր:
Ս­տեղ­ծո­ւած նոր կա­ցու­թեան մէջ եւ հա­մո­զո­ւած, որ հա­յու­թիւ­նը ու­ժա­քամ է այ­լեւս, Ատր­պէյ­ճան պա­հան­ջեց ռու­սե­րէն, որ ի­րենց զօր­քե­րը հե­ռաց­նեն երկ­րէն: Ան կար­ծեց, թէ ռու­սա­կան բա­նա­կէն ձեռք ձգած ու ­Թուր­քիա­յէն ստա­ցած զէն­քե­րով՝ միան­գա­մընդ­միշտ պի­տի լու­ծէ հար­ցը՝ հա­յու­թե­նէն պար­պե­լով ամ­բողջ շրջա­նը: ­Բայց ան չա­րա­չար սխա­լե­ցաւ իր հա­շիւ­նե­րուն մէջ:
Ատր­պէյ­ճան օժ­տո­ւած էր ծանր ու ար­դիա­կան զի­նա­տե­սակ­նե­րով եւ ու­նէր մե­ծա­թիւ բա­նակ: Իսկ հա­յու­թեան կող­մը՝ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար լեռ­նե­րու վրայ գո­յա­ւո­րո­ւած ֆե­տա­յա­կան խում­բեր: Ար­ձա­նագ­րենք նաեւ, որ դէ­պի Ար­ցախ ա­ռա­ջին զէն­քերն ու դրա­մա­կան օգ­նու­թիւ­նը սփիւռ­քէն հա­սան շնոր­հիւ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան:
­Մինչ այդ հա­սուն­ցած էր Ար­ցա­խի հա­մար ան­կա­խու­թիւն հռչա­կե­լու գա­ղա­փա­րը, քա­նի որ ­Հա­յաս­տա­նին վե­րա­միա­նա­լու ո­րո­շու­մը ոչ միայն ըն­դու­նե­լու­թիւն չէր գտած մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին կող­մէ, այլ ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ ­Հա­յաս­տան կը մե­ղադ­րո­ւէր Ատր­պէյ­ճա­նէն հո­ղա­տա­րածք յափշ­տա­կե­լու յան­ցան­քով: Խ. ­Միու­թե­նէն Ատր­պէյ­ճա­նի ան­կա­խա­ցու­մը լաւ ա­ռիթ էր Ար­ցա­խին հա­մար, որ­պէս­զի ինքն ալ յայ­տա­րա­րէ իր ան­կա­խու­թիւ­նը՝ ազ­գե­րու ինք­նո­րոշ­ման մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քին հի­ման վրայ: Առ այս,10 ­Դեկ­տեմ­բեր 1991ին տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­րա­քո­ւէ, ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ, ո­րով եւ փաս­տա­ցի ի­րո­ղու­թիւն դար­ձաւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, որ կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ ստեղ­ծեց պե­տա­կան կա­ռոյց­ներ եւ կազ­մա­կեր­պեց ու­ժեղ բա­նակ:
­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան օ­րի­նա­ւոր մի­ջոց­նե­րով ար­դա­րու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նե­լու Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի կամ­քին՝ Ատր­պէյ­ճան կը պա­տաս­խա­նէր պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով եւ անխ­նայ ռմբա­կո­ծու­թիւն­նե­րով:
­Մե­զի պար­տադ­րո­ւած պա­տե­րազ­մի ճա­կատ­նե­րուն վրայ, սա­կայն, Ար­ցա­խի բա­նա­կը իր շա­րու­նա­կա­կան յա­ռա­ջըն­թա­ցին նո­րա­նոր յաղ­թա­նակ­ներ ա­պա­հո­վե­լով 1993ի ամ­րան կը պար­տադ­րէր ա­զե­րիին, որ հրա­ժա­րի զէն­քի լու­ծու­մէն եւ ընտ­րէ բա­նակ­ցու­թեանց խա­ղաղ ճա­նա­պար­հը:
Ար­ցա­խի յաղ­թա­կան բա­նա­կին յա­ռաջ­խա­ղաց­քը կա­սեց­նելու հա­մար Ատր­պէյ­ճան դի­մեց Մ.Ա.Կ.ին ու մեծ պե­տու­թեանց՝ խնդրե­լով ա­նոնց­մէ մի­ջամ­տու­թիւն, որ­պէս­զի զի­նա­դա­դար հաս­տա­տո­ւի:
­Մին­չեւ այ­սօր ճա­կատ­նե­րը զի­նա­դա­դա­րի կար­գա­վի­ճա­կի մէջ ըլ­լա­լով հան­դերձ ու հա­կա­ռակ ա­տոր, գրե­թէ ա­մէ­նօ­րեայ սադ­րանք­նե­րով, նոյ­նիսկ պա­տե­րազ­մա­կան ահ­ռե­լի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով,- ինչ­պէս Ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեան էր,- ա­զե­րի­նե­րը կը խախ­տեն զի­նա­դա­դա­րը, ինչ որ կը փաս­տէ ի­րենց ան­զօր ջղաձ­գու­թիւ­նը: Ար­ցախն է, որ միա­կող­մա­նի կը յար­գէ զի­նա­դա­դա­րի իր ստո­րագ­րու­թիւ­նը, ինչ որ սա­կայն,- եւ դժբախ­տա­բար,- չի գնա­հա­տո­ւիր զի­նա­դա­դա­րը հո­վա­նա­ւո­րող­նե­րէն եւ բա­նակ­ցու­թիւ­նը վա­րող միջ­նորդ կող­մե­րէն:

(­Շա­րու­նա­կե­լի)