ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

­Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կան հո­լո­վոյ­թը անհ­րա­ժեշտ է լաւ կար­դալ, յատ­կա­պէս` ա­նոր քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ծա­գու­մը, սկզբունք­նե­րը, նպա­տակ­ներն ու աշ­խա­տան­քա­յին գոր­ծըն­թա­ցը:
­Միւս կող­մէ` պատ­մա­կան կա­րե­ւո­րու­թեան հա­մար անհ­րա­ժեշտ է ընդգ­ծել, որ ազ­գայ­նա­մո­լա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը եւ հա­կում­նե­րը միշտ ալ լայն տա­րա­ծում ու­նե­ցած են թրքա­կան հա­սա­րա­կու­թեան մէջ:
Առ այդ՝ Oսմա­նեան ­Կայս­րու­թեան բռնի թրքաց­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը որ­դեգ­րո­ւած է նաեւ ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թեան կող­մէ: Այս իսկ պատ­ճա­ռով է, որ ­Թուր­քիոյ մէջ հա­մաթր­քու­թեան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը կրող­նե­րու եւ ի­րա­կա­նաց­նող­նե­րու շար­քին առ­հա­սա­րակ մեծ թիւ կը կազ­մեն քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րը, պաշ­տօ­նեա­նե­րը, «գիտ­նա­կան­նե­րը» եւ «մտա­ւո­րա­կան­նե­րը»:
­Հե­տե­ւա­բար մենք` հա­յերս, իբ­րեւ պա­հան­ջա­տէր եւ հա­մաթր­քու­թեան ու հա­մա­թու­րա­նա­կան բար­բա­րո­սա­կան ծրա­գիր­նե­րու մշտա­կան վտան­գի մատ­նո­ւած ազ­գի, հոս լու­սար­ձա­կի տակ կ’առ­նենք ­Թուր­քիոյ մէջ նոր ծնունդ ա­ռած ազ­գայ­նա­մոլ եւ ցե­ղա­պաշ­տա­կան ­Լաւ ­Կու­սակ­ցու­թիւ­նը (Iyi Parti):
25 ­Հոկ­տեմ­բեր 2017 թո­ւա­կա­նին Ան­գա­րա­յի մէջ ­Թուր­քիոյ Ազ­գայ­նա­կան ­Շար­ժում կու­սակ­ցու­թե­նէն հե­ռա­ցած ­Մե­րալ Աք­շե­նե­րը, իր նախ­կին կու­սա­կից­նե­րուն հետ, ստեղ­ծեց ­Լաւ ­Կու­սակ­ցու­թիւն (IYI Parti) ա­նու­նով կու­սակ­ցու­թիւն մը:
­Նո­րաս­տեղծ կու­սակ­ցու­թեան շար­քե­րուն մաս կը կազ­մեն մեծ մա­սամբ Ազ­գայ­նա­կան ­Շար­ժում կու­սակ­ցու­թե­նէն հե­ռա­ցած այն գոր­ծիչ­նե­րը, ո­րոնք դէմ ե­ղած են կու­սակ­ցու­թեան վեր­ջին շրջա­նի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան. Ազ­գայ­նա­կան ­Շար­ժում կու­սակ­ցու­թիւ­նը վեր­ջին շրջա­նին դա­շինք կազ­մած է Էր­տո­ղա­նի ղե­կա­վա­րած Ար­դա­րու­թիւն եւ ­Բար­գա­ւա­ճում կու­սակ­ցու­թեան հետ:
­Լաւ ­Կու­սակ­ցու­թեան եր­կու հա­րիւր ան­դամ­նե­րէ կազ­մո­ւած հիմ­նա­դիր­նե­րու ցան­կին, Ազ­գայ­նա­կան ­Շար­ժում կու­սակ­ցու­թե­նէն հե­ռա­ցած­նե­րէն զատ, մաս կը կազ­մեն նաեւ ­Բա­րօ­րու­թիւն կու­սակ­ցու­թեան, ­Մայր ­Հայ­րե­նիք կու­սակ­ցու­թեան, ­Ճիշդ Ու­ղի կու­սակ­ցու­թեան եւ ­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ­Ձախ կու­սակ­ցու­թեան նախ­կին ան­դամ­ներ:
­Պէտք է յայտ­նենք, որ Ի­յի ­Փար­թի (­Լաւ ­Կու­սակ­ցու­թիւն) թրքե­րէն ա­նո­ւա­նու­մին պատ­ճա­ռը պա­տա­հա­կան չէ ե­ղած ազ­գայ­նա­մոլ­նե­րուն հա­մար, ոչ թէ` թրքե­րէն բա­ռի ի­մաս­տով, այլ` բա­ռին կազ­մո­ւած պատ­կե­րին ի­մաս­տով: ­Կու­սակ­ցու­թեան ա­նու­նը մեծ կա­պակ­ցու­թիւն ու­նի թուր­քե­րու նա­խա­հայ­րե­րէն ­Գա­յի ցե­ղին հետ: ­Քա­նի որ թրքե­րէն «ի­յի» բա­ռը (IYI) երբ գրո­ւի, ինք­նա­բե­րա­բար կը նմա­նի եր­կու նետ եւ ա­նոնց մի­ջեւ ա­ղե­ղէ բաղ­կա­ցած` ­Գա­յի կնի­քին:
­Պատ­մա­կան կա­րե­ւո­րու­թեան հա­մար կ’ար­ժէ յի­շել, որ ­Գայ խան ­Կիւն խա­նի զա­ւակն է եւ Օ­ղուզ խա­նի՝ ­Գա­յի ցե­ղի հիմ­նա­դի­րին թոռ­նի­կը: ­Գա­յի ցե­ղը թուրք օ­ղուզ ժո­ղո­վուր­դի 24 խո­շոր ցե­ղե­րէն մէկն է` պո­զոք ցե­ղա­յին միու­թեան ճիւ­ղե­րէն մէ­կը: «­Գայ» բա­ռը կը նշա­նա­կէ «ու­ժի եւ իշ­խա­նու­թեան տէր ե­ղող», ո­րուն խորհր­դա­նիշն է բա­զէն:
­Գա­յի ցե­ղը 11րդ ­դա­րուն սել­ճուք­նե­րուն հետ ­Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիա­յէն ար­շա­ւած է ­Հա­յաս­տան եւ ա­ռա­ջին հեր­թին կայք հաս­տա­տած է Խ­լաթ (ներ­կա­յիս` Ախ­լաթ, պատ­մա­կան քա­ղաք ­Մեծ ­Հայ­քի ­Տու­րու­բե­րան նա­հան­գի Բզ­նու­նիք գա­ւա­ռին մէջ) շրջա­նը: ­Գա­յի ցե­ղի ո­րոշ խում­բե­րը 14րդ ­դա­րէն սկսած են ար­շա­ւել եւ հաս­տա­տո­ւիլ ­Պալ­քան­նե­րու մէջ:
­Թուր­քիոյ մէջ ­Պի­լե­ճիք նա­հան­գը կը հա­մա­րո­ւի ­Գա­յի ցե­ղի կեդ­րո­նը: Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ծա­գու­մը, Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ար­քա­յա­տոհ­մը եւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը այս ցե­ղին կը պատ­կա­նին:
Այ­նու­հե­տեւ, Ի­յի ­Կու­սակ­ցու­թեան հե­տաքրք­րա­կան ա­նո­ւա­նու­մին մա­սին ազ­գայ­նա­մոլ­նե­րը կը նշեն այն հան­գա­ման­քը, թէ կ’ու­զեն եւ պի­տի աշ­խա­տին, որ­պէս­զի ­Թուր­քիան ա­ւե­լի լաւ դառ­նայ:
Թր­քա­կան նո­րաս­տեղծ քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ իբ­րեւ կար­գա­խօս ընտ­րո­ւած է «­Թուր­քիան լաւ պի­տի ըլ­լայ» ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը: ­Կար­գա­խօ­սի առն­չու­թեամբ՝ կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ­նե­րուն տե­սա­կէ­տը հե­տե­ւեալն է.- «­Մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն աշ­խա­տանք, կի­նե­րուն ար­ժա­նա­պա­տո­ւօ­րէն ապ­րե­լու ի­րա­ւունք, ծե­րե­րուն խա­ղա­ղու­թիւն ու ա­պա­հո­վու­թիւն, ե­րե­խա­նե­րուն ու­րա­խու­թիւն ու ա­ռող­ջու­թիւն, մեր ազ­գին միաս­նու­թիւն բե­րե­լու հա­մար ճա­նա­պարհ ե­լած ենք: ­Մենք կանք եւ այս­տեղ ենք յա­նուն լաւ ­Թուր­քիոյ»:
­Լաւ ­Կու­սակ­ցու­թեան ա­նո­ւա­նու­մը ­Գա­յի ցե­ղի դրօ­շէն ո­գեշն­չո­ւած է, իսկ կու­սակ­ցու­թեան խորհր­դա­նի­շը` երկ­նա­գոյն կա­պոյտ գետ­նի վրայ` 8 ճա­ռա­գայ­թով ա­րեւ, դե­ղին գոյ­նով նե­րա­ռո­ւած է: 8 ճա­ռա­գայթ­նե­րը կա­պո­ւած են սել­ճու­քեան աստ­ղի 8 ան­կիւն­նե­րուն հետ: Այդ պատ­ճա­ռով ալ թուրք մշա­կոյ­թի մէջ մեծ տեղ կը գրա­ւէ ա­րե­ւը:
­Սել­ճու­քեան աստ­ղը ութ ան­կիւն ու­նի, եւ ա­մէն մէկ ան­կիւ­նը հո­գե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն մը ու­նի: Ըստ կարգ մը աղ­բիւր­նե­րու` իս­լա­մու­թեան 8 սկզբունք­նե­րուն հի­ման վրայ, եւ ա­սոնց «դրախ­տի ու­թը դար­պաս­ներ» ա­նու­նը կը տրո­ւի. այս ութ ան­կիւ­նով աստ­ղը կը խորհր­դան­շէ դրախ­տը:
Աստ­ղի ութ սկզբունք­ներն են` գթու­թիւն, հա­ւա­տար­մու­թիւն, կա­րեկ­ցու­թիւն, ճշգրտու­թիւն, գաղտ­նա­պա­հու­թիւն, ա­ռա­տա­ձեռ­նու­թիւն, համ­բե­րա­տա­րու­թիւն եւ ­Տի­րոջ ե­րախ­տա­պար­տու­թիւն:
Արդ, ազ­գայ­նա­մոլ նո­րաս­տեղծ կու­սակ­ցու­թեան ա­նո­ւա­նու­մին, ա­նոր խորհր­դան­շա­նին եւ դրօ­շա­կին յա­րա­բե­րու­թեամբ՝ ­Լաւ ­Կու­սակ­ցու­թեան հիմ­նա­կան նպա­տակ­նե­րէն է թրքա­կան հին կայս­րու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մը: ­Բո­լո­րիս ծա­նօթ է, որ ա­մէն քա­ղա­քա­կան շար­ժում կը սկսի ե­րա­զով, ի­տէա­լով, տես­լա­կա­նով մը:
­Մո­լե­ռանդ ազ­գայ­նա­կան կու­սակ­ցու­թեան քա­ղա­քա­կան դիր­քո­րո­շու­մը կեդ­րոն-ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան է, պաշ­տօ­նա­կան գոյ­նե­րը` երկ­նա­գոյն եւ դե­ղին, իսկ նա­խա­գա­հա­կան խոր­հուր­դը կը բաղ­կա­նայ 15 ան­դամ­նե­րէ:

Կու­սակ­ցու­թեան հիմ­նա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը կը կա­յա­նայ կա­ղա­պա­րո­ւած թուրք ազ­գայ­նա­մո­լու­թեան սկզբունք­նե­րուն վրայ եւ կը հիմ­նա­ւո­րո­ւի հե­տե­ւեալ հինգ են­թագ­լուխ­նե­րուն մէջ.
1.- Թր­քա­կան ազ­գայ­նա­կա­նու­թիւն
2.- Ազ­գայ­նա­կան մշա­կոյթ
3.- Ազ­գայ­նա­կան տնտե­սու­թիւն
4.- ­Քե­մա­լա­կա­նու­թիւն
5.- Ազ­գա­յին պահ­պա­նո­ղա­կա­նու­թիւն
­Կու­սակ­ցու­թեան սկզբունք­նե­րը հե­տե­ւեալ տա­սը կէ­տե­րուն տակ ման­րա­մասն բա­ցատ­րո­ւած են.
1.- ­Թուրք ազ­գի անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հո­վու­մը
2.- Ըլ­լալ բաց, ազ­նիւ եւ պա­տաս­խա­նա­տու
3.- ­Բազ­մա­կար­ծիք, մաս­նակ­ցա­յին, նե­րա­ռա­կան դրա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ի­րա­կա­նա­ցում
4.- Յս­տակ նպա­տակ­ներ ու­նե­նալ եւ կեդ­րո­նա­նալ
5.- ­Լու­ծում գտնե­լու կա­րո­ղու­թիւն եւ աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն
6.- Քն­նա­դա­տու­թեան պա­րա­գա­յին ըլ­լալ բաց եւ պահ­պա­նել ա­զատ մտա­ծո­ղու­թիւն
7.- ­Քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ար­ժէք­նե­րու հի­ման վրայ ար­տադ­րել եւ կա­տա­րել
8.- Ազ­գայ­նա­կա­նու­թիւ­նը մշա­կու­թա­յին եւ տնտե­սա­կան բնա­գա­ւառ­ներ տե­ղա­փո­խել
9.- ­Յար­գանք` այ­լա­խոհ­նե­րու նկատ­մամբ
10.- Ազ­գա­յին շա­հե­րու պահ­պա­նում` ցան­կա­ցած ամ­պիո­նէ եւ ո­րե­ւէ բնա­գա­ւա­ռի մէջ:

Իսկ կու­սակ­ցու­թեան նպա­տակ­նե­րը նոյն­պէս տա­սը գլուխ­նե­րու տակ ամ­փո­փո­ւած են.

1.- ­Պաշտ­պա­նել ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թեան ստեղծ­ման գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը եւ ար­ժէք­նե­րը
2.- ­Հե­տե­ւիլ ժա­մա­նա­կա­կից քա­ղա­քակր­թու­թեան
3.- ­Տի­րա­պե­տող դարձ­նել սի­րոյ եւ յար­գան­քի լե­զուն
4.- ­Պահ­պա­նել խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գը
5.- ­Հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան եւ վե­րահս­կո­ղու­թեան սկզբունք­նե­րու հի­ման վրայ ի­րա­կա­նաց­նել ու­ժե­րու բա­ժա­նում
6.- Ա­պա­հո­վել հա­ւա­սար հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ
7.- ­Պաշտ­պա­նել մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րը
8.- ­Յար­գանք ցու­ցա­բե­րել խղճի եւ խօս­քի ա­զա­տու­թեան նկատ­մամբ
9.- Ս­տեղ­ծել ան­կախ, ան­կողմ­նա­կալ եւ ար­դար դա­տա­կան-ի­րա­ւա­կան հա­մա­կարգ
10.- Ամ­բող­ջա­պէս եւ ար­դիւ­նա­ւէ­տօ­րէն պայ­քա­րիլ ա­նօ­րի­նա­կա­նու­թիւն­նե­րու դէմ:

2 ­Նո­յեմ­բեր 2017 թո­ւա­կա­նին ­Լաւ ­Կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ ­Մե­րալ Աք­շե­ներ կայք հաս­տա­տեց Խ­լաթ (ներ­կա­յիս` Ախ­լաթ) շրջա­նը: Աք­շե­ներ կու­սակ­ցու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան նա­խօ­րէին յայ­տա­րա­րած էր, որ Ախ­լաթ պի­տի տե­ղա­փո­խո­ւի: Աք­շե­նե­րի ա­ռա­ջին կան­գա­ռը ե­ղաւ պատ­մա­կան սել­ճու­քեան բա­ցօ­թեայ գե­րեզ­մա­նա­տու­նը, որ նշա­նա­ւոր է գե­րեզ­ման­նե­րու քա­րե­րով, ո­րոնք կը յի­շեց­նեն հայ­կա­կան բռնագ­րա­ւո­ւած ­Նա­խի­ջե­ւա­նի, ­Ջու­ղա­յի պատ­մա­կան գե­րեզ­մա­նա­տուն­նե­րու խաչ­քա­րե­րը, ո­րոնք 2005 թո­ւա­կա­նի ­Դեկ­տեմ­բե­րին ա­զե­րի զի­նո­ւոր­նե­րուն կող­մէ են­թար­կո­ւե­ցան վայ­րա­գօ­րէն քան­դու­մի:
Աք­շե­ներ նա­խա­հայ­րե­րուն գե­րեզ­ման­նե­րուն դի­մաց կանգ­նե­լով` ա­ղօ­թեց եւ ա­նոնց­մէ ուժ խնդրեց:
­Մե­րալ Աք­շե­նե­րի հիմ­նած նոր ազ­գայ­նա­մո­լա­կան ու­ժը բնա­կա­նա­բար ծանր հա­րո­ւած կը հասց­նէ ­Տեւ­լեթ ­Պահ­չե­լիի ղե­կա­վա­րած Ազ­գա­յին ­Շար­ժում կու­սակ­ցու­թեան: ­Կին քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չը ար­դէն յայտ­նած է, որ իր թեկ­նա­ծու­թիւ­նը պի­տի ա­ռա­ջադ­րէ 2019ի ­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն: ­Հե­տե­ւա­բար՝ ­Թուր­քիոյ մէջ ար­դէն սկսած է քննար­կո­ւիլ այն հար­ցը, որ 2019ին նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Աք­շե­ներ պի­տի ըլ­լայ Էր­տո­ղա­նի հիմ­նա­կան հա­կա­ռա­կոր­դը: Ու­շագ­րաւ է, որ ան պի­տի ըլ­լայ ա­ռա­ջին կին քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չը, որ իր թեկ­նա­ծու­թիւ­նը պի­տի ա­ռա­ջադ­րէ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեան:

Ո՞վ է ­Լաւ ­Կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ ­Մե­րալ Աք­շե­նե­րը

­Մե­րալ Աք­շե­նե­րը ծնած է 8 ­Յու­լիս 1956 թո­ւա­կա­նին, Իզ­մի­թի մէջ:
1974 թո­ւա­կա­նին ա­ւար­տած է ­Պուր­սա­յի աղջ­կանց ու­սուց­չաց վար­ժա­րա­նը, իսկ 1979 թո­ւա­կա­նին ա­ւար­տած է ­Պոլ­սոյ հա­մալ­սա­րա­նի գրա­կա­նու­թեան բա­ժան­մուն­քի պատ­մու­թեան ճիւ­ղը: ­Գի­տա­կան աս­տի­ճան ստա­ցած է «­Մար­մա­րա» հա­մալ­սա­րա­նի ըն­կե­րա­յին գի­տու­թիւն­նե­րու հիմ­նար­կէն: ­Նախ­քան քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ զբա­ղի­լը` դա­սա­ւան­դած է Եըլ­տը­զի ճար­տա­րա­գի­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ, Իզ­մի­թի եւ ­Մար­մա­րա­յի հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մէջ:
­Մա­գիստ­րո­սի եւ դոկ­տո­րա­կան կո­չում ու­նե­ցող Աք­շե­ներ ե­ղած է ­Քո­ճաէ­լի հա­մալ­սա­րա­նի յե­ղա­փո­խու­թեան պատ­մու­թեան բա­ժան­մուն­քի նա­խա­գա­հը: ­Հիմ­նած է «­Զու­պէյ­տա հա­նըմ» նա­հա­տակ ըն­տա­նիք­նե­րու հիմ­նադ­րա­մը եւ վա­րած է ա­նոր նա­խա­գա­հու­թիւ­նը:
­Քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մուտք գոր­ծած է 1995 թո­ւա­կա­նի ընդ­հա­նուր ընտ­րու­թիւն­նե­րու ժա­մա­նակ` իբ­րեւ ­Պոլ­սոյ նա­հան­գի պատ­գա­մա­ւոր Ճշ­մա­րիտ Ու­ղի կու­սակ­ցու­թե­նէն (DYP), երբ ան նոյն կու­սակ­ցու­թեան կնո­ջա­կան թե­ւի նա­խա­գահն էր: 1996 թո­ւա­կա­նի ­Նո­յեմ­բե­րի 8էն մին­չեւ 1997 թո­ւա­կա­նի ­Յու­նի­սի 30ը ե­ղած է ­Թուր­քիոյ ներ­քին գոր­ծե­րու նա­խա­րար:
Աք­շե­նե­րը 1999 թո­ւա­կա­նին Ճշ­մա­րիտ Ու­ղի կու­սակ­ցու­թե­նէն վե­րընտ­րո­ւած է խորհր­դա­րա­նի մէջ` իբ­րեւ ­Քո­ճաէ­լիի նա­հան­գի պատ­գա­մա­ւոր: Ա­ւե­լի ուշ վե­րընտ­րո­ւած է 2007, 2011 եւ 2015 թո­ւա­կան­նե­րու ընդ­հա­նուր ընտ­րու­թիւն­նե­րու ժա­մա­նակ իբ­րեւ ­Պոլ­սոյ նա­հան­գի պատ­գա­մա­ւոր` Ազ­գայ­նա­կան ­Շար­ժում կու­սակ­ցու­թե­նէն (MHP):
2007 թո­ւա­կա­նի Օ­գոս­տո­սի 10էն մին­չեւ 2015 թո­ւա­կա­նի ­Յու­նի­սի 7ը Աք­շե­նե­րը ե­ղած է խորհր­դա­րա­նի փոխ-նա­խա­գահ:
­Մե­րալ Աք­շե­ներ 2016 թո­ւա­կա­նին Ազ­գայ­նա­կան ­Շար­ժում կու­սակ­ցու­թեան (MHP) ընդ­դի­մա­դիր խում­բը գլխա­ւո­րած է կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար ­Տեւ­լեթ ­Պահ­չե­լիի դէմ:
61 տա­րե­կան ­Մե­րալ Աք­շե­նե­րը, որ աշ­խոյժ քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ կը զբա­ղի 1990ա­կան­նե­րէն մին­չեւ օրս, գոր­ծած է ա­ջա­կող­մեան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն մէջ: Ան ե­ղած է նաեւ ­Թուր­քիոյ մին­չեւ օրս միակ կին ներ­քին գոր­ծե­րու նա­խա­րա­րը:
­Կը տես­նենք, որ հա­մաթր­քու­թեան ծրա­գիր­նե­րը ան­ցեա­լին ի­րա­գոր­ծած էին բժիշկ ­Նա­զըմ, Էն­վեր եւ ա­նոնց խմբա­կը` ­Թուր­քիս­տան, Աֆ­ղա­նիս­տան եւ կամ այլ տե­ղեր, իսկ հե­տա­գա­յին` ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մալ Ա­թա­թուրք, ­Ռաուֆ պէյ, ­Զի­յա ­Կէօ­քալփ` ­Թուր­քիա: Ա­սոնց բո­լո­րին ա­րիւ­նով տո­գո­րո­ւած, շա­ղա­խո­ւած` ծնունդ կ’առ­նէր Ալ­փարս­լան ­Թիւր­քէշ, ո­րուն կու­սակ­ցու­թիւ­նը տաս­նեակ տա­րի­ներ տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կէ գոր­ծել ա­ւե­լի մո­լե­ռանդ ազ­գայ­նա­մո­լու­թեամբ, ցե­ղա­պաշ­տու­թեամբ, ոչ թէ միայն ­Թուր­քիոյ սահ­ման­նե­րուն մէջ, այլ ո՛ւր որ թուրք գո­յու­թիւն ու­նէր:
Իսկ այ­սօր ա­հա­ւա­սիկ նոյն թա­փով ծնունդ ա­ռած է ­Մե­րալ Աք­շե­նե­րի սել­ճու­քեան բար­քե­րով հիմ­նած ազ­գայ­նա­մոլ եւ ցե­ղա­պաշտ ­Լաւ ­Կու­սակ­ցու­թիւ­նը:
­Կու­սակ­ցու­թեան սկզբունք­նե­րուն եւ նպա­տակ­նե­րուն մէջ, որ­քան ալ հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցած կամ ար­դիա­կան սլաք­ներ ար­ձա­կո­ւին, խոր­քը կը մնայ ազ­գայ­նա­մո­լա­կան եւ ցե­ղա­պաշ­տա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը:
­Վեր­ջա­պէս, ու­սում­նա­սի­րա­կան այս յօ­դո­ւա­ծով փորձ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ի­րա­զեկ դարձ­նե­լու հա­մաթր­քու­թեան եւ հա­մա­թու­րա­նա­կան գա­ղա­փար­նե­րով թրծո­ւած ազ­գայ­նա­մոլ ­Լաւ ­Կու­սակ­ցու­թիւ­նը եւ ա­նոր «Իւլ­քիւ­ճիւ» եւ «­Գորշ գայլ»ե­րու հա­կում ու­նե­ցող մո­լե­ռանդ ազ­գայ­նա­կան-ծայ­րա­յե­ղա­կան շար­քե­րը` ի­րենց գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեամբ եւ աշ­խա­տե­լաո­ճով. նաեւ` ընդգ­ծե­լու, որ հա­մաթր­քու­թիւնն ու հա­մա­թու­րա­նա­կա­նու­թիւ­նը որ­պէս գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն­ներ եր­բեք ետ­քայլ չեն ապ­րած եւ կրնան օգ­տա­գոր­ծո­ւիլ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ան­կան­խա­տե­սե­լի փո­փո­խու­թեան մը ըն­թաց­քին: