­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեան

Ե­կե­ղեց­ւոյ փո­խա­րէն՝ նա­մազ

Թր­քա­կան, կրօ­նա­կան մո­լե­ռան­դու­թեան օ­րի­նակ­նե­րը հետզ­հե­տէ կ­’ա­ճին ու կը բազ­մա­նան։ ­Թուր­քե­րը այս մար­զին մէջ եր­կու ուղ­ղու­թեամբ կ­’աշ­խա­տին։
Ա­ռա­ջին՝ քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու շրջա­պա­տին մէջ, ե­կե­ղեց­ւոյ գմբէ­թէն ա­ւե­լի բարձր մզկիթ մը «կը տնկեն» նո­րօ­րեայ սե­փա­կա­նու­թեան ի­րենց կրօ­նա­կան կնի­քը հաս­տա­տե­լու կրօ­նա­մո­լե­ռան­դա­կան բար­դոյ­թով։
Ո­րոշ ե­կե­ղե­ցի­ներ, ինչ­պէս ­Կոնս­տանդ­նու­պոլ­սոյ բիւ­զան­դա­կան-յու­նա­կան Ա­յիա ­Սո­ֆիան, որ Իւ­նես­քո­յի ո­րո­շու­մով իբ­րեւ թան­գա­րա­նա­յին վայր կը ճանչ­ցո­ւի, թուր­քե­րը քայլ մը ա­ռաջ ան­ցած են ու կը նպա­տա­կադ­րեն ուղ­ղա­փառ քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղե­ցին բա­նալ իս­լա­մա­կան նա­մա­զի («է­զան»)ի առ­ջեւ։
­Նոյն ճա­կա­տագ­րին ար­ժա­նա­ցած են բազ­մա­թիւ քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղե­ցի­ներ ալ։ ­Խօսքս՝ ա­նոնց հա­մար է, որ դեռ կը յա­մա­ռին կան­գուն մնալ կի­սա­քանդ ու կի­սա­ւեր լքո­ւած վի­ճա­կի մէջ, մրցե­լով ժա­մա­նա­կի փո­շիին տակ մնա­լու-չմնա­լու ան­հա­ւա­սար մրցակ­ցու­թե­նէն։
­Կար­սի մէջ ալ, ցա­րե­րու ժա­մա­նակ­նե­րէն մնա­ցած ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ մը գմբէ­թին վրայ խա­չը վեր­ցու­ցին ու ա­ղօ­թա­վայ­րը մզկի­թի վե­րա­ծե­ցին։
Այս­պէս կը բա­ցատ­րո­ւի ռուս-թրքա­կան դա­րե­րէն ե­կող եւ դա­րե­րուն գա­ցող «ան­շա­հախն­դիր» բա­րե­կա­մու­թիւ­նը…
Իսկ Վ­րաս­տա­նի հայ­կա­կան ու յու­նա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը նոր տէր ու հո­վա­նա­ւոր կը գտնեն, բռնազ­բօ­սի­կօ­րէն ա­ղա­ւա­ղե­լով պատ­մու­թիւ­նը իր ան­ցեա­լով ու ներ­կա­յով։
­Բայց ը­սինք. կար­միր գի­ծե­րէն ան­դին անց­նի­լը բարձր դի­ւա­նա­գի­տու­թեան ուղ­ղա­կի վնաս հասց­նել կը նշա­նա­կէ, կամ՝ այդ­պէս կը մեկ­նա­բա­նո­ւի։
Եղ­բա՛յր, հա­զա­րու­մէկ խնդիր­նե­րու վրայ հի­մա ժա­մա­նակն է հին վէր­քե­րը քե­րե՞­լը։
­Լաւ կ­’ըլլայ, որ կրօն­քը չքա­ղա­քա­կա­նանայ, քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնն ալ չկրօ­նա­նա­նայ։

Ինչ է նա­մա­զը

Իս­լա­մա­կան կրօն­քը խո­րունկ ու պատ­կա­ռե­լի հա­մե­մա­տու­թեամբ իր մէջ կը ներ­փա­կէ նա­մա­զը, կամ ա­ղօթ­քը, օ­րը՝ հիմ­նա­կա­նօ­րէն հինգ ան­գամ։ Ա­ռա­ջի­նը ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 4:30ին (երբ պան­դոկդ ալ մզկի­թի կից կը գտնո­ւի կրնաս ե­րե­ւա­կա­յել, թէ միտ­քէդ ին­չե՜ր կ­’անց­նին)։
­Նա­մա­զը կամ է­զա­նը իր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ա­ղօթ­քի կը կան­չէ, ա­ղօթ­քի կը հրա­ւի­րէ. տե­սակ մը կանչ-հրա­ւէր է։ Ա­ղօթք չէ. ա­ղօթ­քի ձգտող կոչ մըն է, մզկի­թի ուղ­ղու­թեամբ, ա­ղօթ­քի ուղ­ղու­թեամբ, հա­ւատ­քի ուղ­ղու­թեամբ։
Իս­լա­մա­կան ­Քու­րա­նը (­Ղու­րան) ստեղ­ծած է այս ձե­ւը, որ­պէս­զի բա­նա­ւոր մար­դը, կրօ­նա­սէր հա­ւա­տա­ցեա­լը ուղ­ղա­կի ծա­ռա­յէ մար­դուն, կեան­քին ու ի­մաս­տա­ւո­րէ իր կեն­ցա­ղա­յին ա­ռօ­րեան եւ ան­կէ բխող ֆի­զի­քա­կան ար­ժէք­նե­րը։
­Նա­մա­զի գոր­ծո­ղու­թիւ­նը իս­լամ մար­դուն հա­մար առաջ­նա­հեր­թօ­րէն ա­ռող­ջա­րար կը հա­մա­րո­ւի. տե­սակ մը ա­ռող­ջա­պա­հա­կան մար­զան­քի պէս բան մըն է, մարմ­նա­մար­զա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն մըն է, ժա­մա­նա­կի մէջ սթա­փե­լու ձեւ մըն է, որ ինք՝ կրօն­քը պարտք կը զգայ ա­պա­հո­վե­լու իր հա­ւա­տա­ցեա­լին։ ­Կը թե­լադ­րէ նաեւ, ա­ռաւօ­տեան զարթ­նու­մով եւ մար­զան­քի շար­ժու­ձե­ւե­րով սթա­փիլ, ամ­փո­փո­ւիլ յա­ջոր­դող ա­ղօթ­քին կազմ ու պատ­րաստ ըլ­լա­լու հա­մար։
­Մարդս ինք­նա­թե­լադ­րու­թեան մղող կար­գա­պա­հու­թեան ան­փո­խա­րի­նե­լի ձեւ մը, ոճ մը, սո­վո­րու­թիւն մը, վե­րա­բե­րում մը, արթ­նամ­տու­թիւն մը։ ­Նա­մա­զը՝ հա­ւա­տա­ցեալ մահ­մե­տա­կա­նը կը մղէ հո­գե­կան ինք­նար­դա­րաց­ման ու խորհր­դա­պա­հու­թեան։
Ա­մէն կրօնք իր ան­վի­ճե­լի ճշմար­տու­թեան իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րը ու­նի, որ կու­գայ հի­նէն՝ որ­պէս­զի նո­րերն ալ ա­ւան­դա­բար գոր­ծադ­րեն քա­լե­լով հին քայ­լե­րու վրայ։
Ա­մէն ին­չին ա­ւե­լի լա­ւը եւ միա­ժա­մա­նակ ա­ւե­լի գէ­շը կայ։ Աշ­խար­հը կը փո­խո­ւի։ ­Հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն պահ­պա­նե­լը տա­ղանդ է։ ­Պէտք չէ վախ­նալ վա­խը յաղ­թա­հա­րելէ։

Իս­լա­մա­կան լա­չա­կը

Իս­լա­մա­կան կրօն­քի լա­չա­կը (քօ­ղը), ո­րով կը ծած­կեն մահ­մե­տա­կան կի­նե­րը ի­րենց դէմ­քը, ա­ռա­ւել՝ գլու­խը, մաս կը կազ­մէ իս­լա­մա­կան կրօն­քի կա­ռու­ցա­յին ա­ւան­դու­թեան։ Իս­լա­մա­կան լա­չա­կին շա­րու­նա­կու­թիւ­նը կը կազ­մէ միա­գոյն ու եր­կար տա­րա­զը, հա­գուս­տը, որ մէկ ամ­բող­ջու­թիւն կը կազ­մէ իս­լամ կնոջ ար­տա­քին տես­քին ա­ռն­չո­ւած. տե­սակ մը՝ պայ­քար մղե­լու ձեւ մըն է յա­ւե­լեա­լին, ա­ւե­լոր­դին ու պճնա­սի­րու­թեան դէմ։
Իս­լամ­նե­րը տա­րա­զի ու լա­չա­կի ձե­ւէն, գոյ­նէն ու հիւ­սո­ւած կա­պո­ցէն կրնան հասկ­նալ տո­ւեալ կնոջ ծայ­րա­յեղ, մի­ջակ, թէ պար­զօ­րէն պահ­պա­նո­ղա­կան ըլ­լա­լու նկա­րա­գիրն ու հան­գա­ման­քը։
­Թուր­քիոյ ա­ռօ­րեայ նոր ի­րա­կա­նու­թեան հետ բնո­րո­շիչ եզր ու յատ­կա­նիշ կը կազ­մէ «գլու­խը բաց» կի­նը։ Այս տե­սա­կը՝ յստա­կօ­րէն կը հա­մա­րո­ւի չա­փա­ւոր Էր­տո­ղա­նա­կան հե­տե­ւորդ։ Գ­լու­խը բա­ցը՝ մո­լե­ռանդ­նե­րուն կող­մէ թրթռուն ծայ­րա­յեղ կը հա­մա­րո­ւի։ ­Լա­չա­կը ա­ռանձ­նա­յա­տուկ զա­նա­զա­նու­թիւն­ներ կը պար­տադ­րէ հիմ­նո­ւած իր կրօ­նա­կան հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու բա­րո­յա­կա­նու­թեան հետ։
­Նոր ­Թուր­քիոյ մէջ լա­չա­կի գոր­ծա­ծու­թիւ­նը կամ ոչ՝ չա­փա­ւո­րա­կան թուրք կնոջ խո­հուն չա­փա­նիշ կը գնա­հա­տուի։ Ո­մանց հա­մար տա­նե­լի է ու հա­ճե­լի։ Ո­մանց հա­մար հա­կա­ռա­կը, որ ծայ­րա­յեղ զգա­ցում­ներ ու ապ­րում­ներ կը գրգռէ։
Էր­տո­ղա­նի վեր­ջին ընտ­րու­թիւն­նե­րու «յաղ­թա­նա­կը» նոյն­պէս կը հա­մա­րո­ւի ի­րեն հե­տե­ւող հա­ւա­տա­րիմ կի­նե­րու կողմ­նա­կա­լու­թեան ու նա­խընտ­րու­թեան ցու­ցա­նիշ, ինչ որ կը մեղ­մաց­նէ ծայ­րա­յեղ­նե­րու կող­մէ ե­րե­սը չծած­կե­լու ու իս­լա­մա­կան կրօն­քի ա­ւան­դու­թեան նոր ձեւ, կեր­պար ու նկա­րա­գիր տա­լու (ան)հան­դուր­ժո­ղու­թիւն։
­Թուր­քիոյ կի­նե­րը դան­դաղ ու զուսպ քայ­լե­րով «լա­յիք» նոր նկա­րա­գիր մը կը հաս­տա­տեն երկ­րին մէջ, նշա­նա­բան ընտ­րե­լով՝ իս­լա­մու­թիւն, բայց զգու­շա­ւո­րօ­րէն չա­փա­ւոր դրսե­ւո­րում, ա­ռանց շե­ղե­լու դա­սա­կա­նա­ցած ա­ւան­դու­թե­նէն, ինչ որ կը կազ­մէ ազ­գի ու կրօն­քի ա­ւան­դու­թեան տե­սա­կա­ւոր ցու­ցա­նիշ եւ ու­ղե­ցոյց։
­Թուր­քիոյ կի­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կրօ­նա­կան ներ­քին կեն­ցա­ղա­վա­րա­կան յար­մա­րե­ցում­նե­րով կ­’ապ­րի։

­Տու­ֆով՝ մզկիթ

Ա՛յս ալ պի­տի տես­նէի, կար­ծես ճա­կա­տագ­րի խաղ մը ըլ­լար ան։
Մզ­կի­թը ինք­նու­թիւն ստա­ցած է տու­ֆո՞վ։ ­Տու­ֆը կրնա՞յ մաք­րազ­տիչ ինք­նու­թիւն տալ մզկի­թին։
Ինք­նու­թիւ­նը ինչ­պէ՞ս հա­մադ­րել, հա­մա­կար­գել։ ­Հա­ւատ­քը ազ­գայ­նաց­նե­լո՞վ, ա­ղօ­թա­վայ­րը մարդ­կայ­նաց­նե­լո՞վ, ո­րա­կո­ւա­ծին նոր ո­րա­կո՞ւմ տա­լով։
­Չենք մեր­ժեր. կը հաս­տա­տենք։ Ա­մէն պա­րա­գա­յի, մեր­ժու­մը, ո­րե­ւէ՛ մեր­ժում, դէ­պի բա­րո­յա­կան փա­կու­ղի կ­’ա­ռաջ­նոր­դէ։
­Բայց՝ տուֆ քա­րը հա­յու բնա­տուր եզ­րոյթ է, եւ այդ ի­մաս­տով ալ Ե­րե­ւա­նը կ­’ա­նո­ւա­նո­ւի «վար­դա­գոյն քա­ղաք», տուֆ քա­րով կա­ռու­ցո­ւած ըլ­լա­լուն հա­մար։ Ուս­տի, տու­ֆը բնո­րո­շօ­րէն հայ­կա­կան է, եւ որ­պէս այդ­պի­սին ճանչ­ցո­ւած եւ դրոշ­մո­ւած է մար­դոց ի­մաս­տա­յին տրա­մա­բա­նու­թեան, գի­տե­լի­քին եւ ար­տա­քին տես­քին ու ճա­շա­կին վրայ։
­Տու­ֆը սահ­մա­նո­ւած է իր իսկ դա­րե­րու ճար­տա­րա­պե­տա­կան ու կա­ռու­ցո­ղա­կան բնո­րո­շու­մով, ե­րան­գա­ւո­րու­մով։ ­Վե­րաբ­նո­րո­շու­մի յա­ւե­լեալ կա­րիք չու­նի, այդ ի­մաս­տով ալ, այս մա­սին կիր­քով խօ­սիլն ու յա­մա­ռի­լը՝ ի­մաստ չու­նի։
­Թուր­քե­րը՝ մզկի­թի սեւ, մոխ­րա­գոյն թէ սպի­տակ քա­րը թող փո­խա­րի­նեն վար­դա­գոյ­նով, բայց թող լաւ գիտ­նան, որ յատ­կա­պէս այս «վար­դա­գոյ­նը» մաս կը կազ­մէ հա­յու քա­ղա­քակր­թա­կան ի­րա­ւուն­քին ու խթա­նիչ պատ­կա­նե­լիու­թեան։
­Կը նե­րէք որ կը պնդեմ հին բա­նե­րու հա­մար, որ կ­’ան­տե­սո­ւին։ ­Լաւ ի­մա­նանք, հի­նը՝ միշտ ալ նո­րին կա­մուր­ջը պի­տի ըլ­լայ։

­Թուր­քիա ջու­րով՝ ջրա­հեղձ կ­’ը­նէ ծա­րաւ բնակ­չու­թիւն­նե­րը

­Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նը ­Թուր­քիոյ հետ 378 քի­լո­մեթր եր­կա­րու­թիւն ու­նի, ո­րուն 330ը գետ է։
Ան­ցեա­լին՝ ­Հա­յաս­տան ա­ռանձ­նա­բար կ­’օգ­տո­ւէր Ա­րաք­սի (Ա­րազ, Ե­րասխ) ջու­րե­րէն, ա­ւե­լիով ո­ռո­գե­լով Ա­րա­րա­տեան դաշ­տի ար­տե­րը, դաշ­տե­րը եւ ա­րօ­տա­վայ­րե­րը։ Ա­րաք­սը ու­նի մօտ 1000 քի­լո­մեթր տա­րա­ծու­թիւն, զուտ հայ­կա­կան։ ­Կաս­պից ծով թա­փե­լէ ա­ռաջ կը միա­նայ ­Կուռ գե­տին։
­Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն թուր­քե­րը պա­հանջք ներ­կա­յա­ցու­ցած են հա­մա­հա­ւա­սար սկզբուն­քով ի­րենք եւս օգ­տուե­լու Ա­րաք­սի ջրա­յին հարս­տու­թե­նէն։
Եր­կու եր­կիր­նե­րը «հա­մա­ձայ­նած են», եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ջրա­բաշ­խա­կան հա­մե­մա­տա­կան սկզբուն­քով կը չա­փեն ջու­րի խո­րա­նար­դա­յին մեթ­րի քա­նա­կու­թիւ­նը եւ ըստ այնմ կ­’օգ­տո­ւին ան­կէ։ ­Տա­րե­վեր­ջին՝ ընդ­հա­նուր քննար­կում մը կը կա­տա­րո­ւի եւ ա­ռա­ւել կամ նո­ւազ տար­բե­րու­թիւ­նը կը ստա­նայ այդ տար­բե­րու­թեան վնա­սո­ւած կող­մը։
Ա­րաքս գե­տը 1000 քի­լո­մեթր ճախ­րե­լէ ետք կը թա­փի ­Կաս­պից ծով։ Ը­սենք, թէ ­Թուր­քիա ջու­րի տար­բե­րու­թեան խնդիր­ներ կը դի­մագ­րա­ւէ նաեւ ­Սու­րիոյ հետ, ուր Եփ­րա­տի (­Սեւ ջուր) վրայ կա­ռու­ցած է 35 ջրամ­բար­ներ, ուղ­ղա­կիօ­րէն հսկե­լով այդ գե­տի քա­նա­կա­կան հոս­քին դէ­պի դրա­ցի եր­կիր։ ­Պարզ է, որ ­Թուր­քիա Եփ­րա­տի ջու­րը կ­’օգ­տա­գոր­ծէ զուտ ռազ­մա­վա­րա­կան նպա­տակ­նե­րով եւ ա­ւե­լի քան նո­ւազ՝ մար­դա­սի­րա­կան հի­մունք­նե­րով։
­Թուր­քիոյ միեւ­նոյն քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը կը կի­րար­կո­ւի ­Կիպ­րո­սի հիւ­սի­սա­յին բռնագ­րա­ւեալ շրջա­նէն դէ­պի հա­րաւ, ­Կիպ­րո­սի օ­րի­նա­ւոր հան­րա­պե­տու­թեան բնակ­չու­թեան ջուր հայ­թա­թե­լու կա­մա­յա­կան թոյլ­տո­ւու­թեամբ։
­Բո­լոր մար­զե­րու մէջ վստա­հու­թիւ­նը կը մեր­ժէ իր դի­մա­գի­ծը ցոյց տալ ­Թուր­քիոյ։

­Վեր­ջա­բան

­Մօտ 15 տա­րի իշ­խա­նու­թեան գլու­խը մնա­լէ ետք, Էր­տո­ղան՝ իր իսկ ստեղ­ծած հիաս­թա­փեց­նող դրսե­ւո­րում­նե­րով եւ ի­րար յա­ջոր­դող խնդիր­նե­րու հե­տե­ւան­քով, ինք­նա­մա­շու­մի բա­ցա­յայտ նշան­ներ ցոյց կու­տայ, քան­դե­լով իր ան­ձին շուրջ ստեղ­ծած պատ­կե­րը։ «­Զե­րո­յա­կան» խնդիր­նե­րու նա­խորդ տա­րի­նե­րու Ահ­մէտ ­Տա­ւու­թօղ­լո­ւի տոկ­մա­նե­րը ոչ միայն մա­շած են, այլ բո­լո­րո­վին ձա­խո­ղած։
Ե­կէ՛ք, բա­ռե­րը չծամծ­մենք, ոչ ալ բա­ռե­րով խա­ղանք։ ­Պա­րա­նը ծայր աս­տի­ճան լա­րո­ւած է։ ­Լա­րո­ւած է, կար­ծես ան­վե­րա­կանգ­նե­լիօ­րէն։
­Թուր­քիոյ յա­ջոր­դա­կան ձա­խո­ղու­թիւն­նե­րը վերջ չու­նին այ­լեւս ե՛ւ ներ­քին, ե՛ւ ար­տա­քին ճա­կատ­նե­րու վրայ։ Իսկ ե­րե­ւու­թա­կան յա­ջո­ղու­թիւն­ներն ալ ժա­մա­նա­կա­ւոր պէտք է հա­մա­րել։
­Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կան ա­պա­գան Էր­տո­ղա­նով շա­րու­նա­կե­լու եւ բա­րե­լա­ւե­լու հե­ռան­կա­րը ծայր աս­տի­ճան վտան­գա­ւոր ու ան­յոյս դար­ձած է։ ­Պի­տի մտնէ՞ այդ փոր­ձու­թեան ո­լոր­տին մէջ։ Մ­նա­ցեալ դրսե­ւո­րում­նե­րը՝ պար­զա­պէս, քա­ղա­քա­կան մար­ձու­մի տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ան­յա­ջող ու ան­ձեռն­հաս խաղ մըն է, ո­րու նա­խա­ձեռ­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը հետզ­հե­տէ կը կորսնց­նէ եւ վի­րա­ւոր այդ վի­ճա­կին մէջ ի՛նչ ալ խոս­տա­նայ՝ զինք ու ­Թուր­քիան ա­ւե­լի ու ա­ւե­լի ետ կը տա­նի։ Իր հմայ­քը վե­րա­կանգ­նե­լու փոր­ձը ի սկզբա­նէ ձա­խո­ղած է, քա­նի ինչ որ կ­’ը­նէ ան՝ ցու­ցա­փեղ­կի ար­ժէ­քի սահ­ման­նե­րուն մէջ կը տա­րու­բե­րի։
­Քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ վստա­հու­թիւն ու ար­ժա­նա­հա­ւա­տու­թիւն կորսնց­նե­լը քիչ բան չէ։ ­Կա­րե­ւո­րը քա­ղա­քա­կա­նու­թեան բա­րո­յա­կան չա­փա­նիշե­րը պահ­պա­նելն է։
Այ­սօր, ­Թուր­քիոյ պար­զած պատ­կե­րը, ար­դիա­կա­նաց­ման ու­ղին բռնած ժա­մա­նա­կա­կից երկ­րի մը տպա­ւո­րու­թե­նէն ա­ւե­լի, կը յի­շեց­նէ կայս­րու­թեան մը փլա­տակ­նե­րու վրայ միջ­նոր­դա­կան նոր ժա­ռան­գու­թեան մը տէր դառ­նա­լու նա­խա­պա­շա­րեալ ա­ւա­տա­պե­տու­թիւն մը, որ նոր բան չի բե­րեր, այլ կը կրկնէ՛ հի­նը՝ «միլ­լէ­թը», «սուլ­թա­նու­թիւ­նը», «տոհ­մա­կա­լու­թիւ­նը», «ե­սա­կեդ­րո­նու­թիւ­նը»։
Էր­տո­ղա­նի ­Թուր­քիան ­Լո­զա­նի դաշ­նագի­րէն 94 տա­րի­ներ ետք կը փնտռէ ի­րեն հա­մար չպար­զա­բա­նո­ւած յօ­դո­ւած­նե­րու կէ­տե՞ր, թէ ա­պա­գա­յի բա­նակ­ցե­լի մար­տա­վա­րու­թեան մը քո­ղար­կո­ւած մեկ­նա­կէ­տը։
Էր­տո­ղան ներ­կա­յիս, կորսն­ցու­ցած ըլ­լա­լով ի­րա­պաշ­տու­թեան զգա­ցո­ղու­թիւ­նը, շրջա­պա­տո­ւած է իր սխալ­նե­րով, մե­ծամ­տու­թիւն­նե­րով եւ կը դժուա­րա­նայ ցրո­ւե­լու իր շուրջ ստեղ­ծած խաբ­կանք­ներն ու ձա­խո­ղու­թիւն­նե­րը անսր­բագ­րե­լի մա­կար­դակ­նե­րու հասց­նե­լով զա­նոնք։ ­Մէկ խօս­քով՝ Էր­տո­ղա­նի մե­ծա­գոյն թշնա­մին դար­ձած է իր ան­ձը։
Ե­րէկ վար­չա­պետ, այ­սօր նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նը ­Թուր­քիան իր իսկ ստեղ­ծած ա­նել­նե­րէն դուրս չի կրնար բե­րել։ Այս հար­ցով նո­րա­նոր տե­սա­բա­նա­կան վեր­լու­ծում­նե­րը բա­նի չեն ծա­ռա­յեր այ­լեւս, ո­րով­հե­տեւ, փաս­տօ­րէն, ան շատ հե­ռա­ցած է ժո­ղովր­դա­յին հա­ւա­քա­կան կամ­քը ար­տա­յայ­տող զգա­ցում­նե­րէն։
­Խո­հե­մու­թիւնն ու ողջմ­տու­թիւ­նը չմա­շող մնա­յուն ար­ժէք­ներ են։ Էր­տո­ղա­նի թղթած­րա­րը կը շա­րու­նա­կէ բաց մնալ, այն­քան ա­տեն, որ ան այ­լա­խոհ ու ընդ­դի­մա­դիր չի հան­դուր­ժեր, իր իսկ սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դի շար­քե­րէն։
Արդ, մենք հա­յերս զու­գա­հեռ գոր­ծըն­թաց­նե­րով քա­լող, եր­կու լաւ ու սրտա­կից բա­րե­կամ­ներ ու­նինք՝ Էր­տո­ղանն ու Ա­լիե­ւը, ո­րոնք ի նպաստ կ­’աշ­խա­տին ի­րենց հա­կա­ռա­կորդ­նե­րուն, նաեւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հան­դէպ ի­րենց գոր­ծած հիս­թե­րիք սխալ­նե­րով եւ շարք մը այլ բա­նե­րով, որ զի­րենք կը դա­սեն մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու 156րդ ­տե­ղը։ ­Բա­րո­յա­կան պա­տո­ւաս­տում­նե­րը ա­ւե­լի քան անհ­րա­ժեշտ են այս երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թեան հա­մար։
Ազ­գե­րու ի­րա­ւուն­քը ու­ժով ու բռնու­թեամբ փո­խա­րի­նե­լը միշտ վտան­գա­ւոր ե­ղած է պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին։ Աշ­խար­հա­քա­ղա­ղա­կան բաղ­դա­տա­կան­նե­րու վրայ հիմ­նո­ւած ո­րոշ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն­ներ եր­բեմն խե­լա­ցի կը նկա­տո­ւին, բայց խոր­քին մէջ բնաւ ալ խե­լա­ցի չեն, երբ կը վտան­գեն ի­րենց եր­կի­րը, ժո­ղո­վուր­դը, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը։
Ա­մուր ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը կա­պուած է պատ­մա­կան ժա­ռան­գա­կա­նու­թեան, պատ­մա­կան ար­դա­րու­թեան ու պատ­մա­կան յու­շի գո­յա­պաշ­տու­թեան հետ։