Յովսէփ Պարազեան
Կարսի հայկական ներկայութեան մասին առաջին անգամ կը հանդիպինք 9րդ դարու վկայութիւններու, գրի առնուած Ստեփանոս Տարօնցի, Թովմաս Արծրունի եւ Արիստակէս Լաստիվերցի մատենագիրներուն կողմէ։
Ատենօք հայաբնակ գիւղերէն մէկն ալ եղած է Թանդուրեքը, Բալաբանը իր հայկական ծագումով բերդով (18րդ դար), որ 19րդ դարուն պատերազմի առատութեամբ ռուսերուն ձեռքը անցաւ 1828ին, 1854ին եւ 1877ին հայազգի զօրավար Յ. Լազարեանի հրամանատարութեամբ եւ երեք անգամ ալ վերադարձուեցաւ օսմանցիներուն։ Այս բերդի մասին կը գրէ Րաֆֆին (Յակոբ Մելիք-Յակոբեան, 1835-1888), իր «Խենթը» պատմավէպին մէջ անդրադառնալով այս վերջինի գրաւման, այսինքն 1877ին։
1877-87ին, ռուս — թրքական պատերազմի ժամանակ Պայազիտի բերդին մէջ պաշարուած ռուսական զօրքերու օգնութեան հասած է ցարական բանակի հայ զօրավար Տէր-Ղուկասովի բանակը։
Ամէն անգամ որ ռուսերը եղած են այդ շրջաններուն մէջ եւ ապա նահանջած, շրջանի ու կողքի գիւղերուն մէջ օսմանցիներուն կողմէ կազմակերպուած են արիւնալի կոտորածներ հայ բնակչութեան դէմ, հայերը վերածելով իսկական քաւութեան նոխազի։ Ռուսաստանի քաղաքական այս վերաբերումը տառացիօրէն կը հաստատուի ինքնին 1921 Մարտի Մոսկուայի դաշնագրով, ապա նաեւ Հոկտեմբեր 1921ին ստորագրուած Կարսի դաշնագրով, որ մեծագոյն անտեսում եւ անիրաւութիւն մը եղաւ հայկական հողային իրաւունքներուն, բացի ռազմավարական առումով իր ներկայացուցած կարեւորութենէն։
19րդ դարուն հայ բնակչութեան մազապուրծ փրկուած մնացորդացը գաղթած է Արեւելեան Հայաստան եւ հոն հիմնած է Նոր Պայազիտ աւանը։
Վերադառնանք սակայն մեր նիւթին։ Հոն կը գտնուի պատմական Նպատ լեռը կառուցուած ու անոր կողքին կառուցուած Բագաւանի Ս. Յովհաննէսի (Ուչքիլիսէ, 4րդ դար) վանքը, ուր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը Եփրատ գետի ջուրերով մկրտեց Տրդատ թագաւորը (287-330) եւ հայոց արքունիքի ընտանիքն ու մեծամեծները։ Վանքը ունեցած է դպրոց։ Իսկ Եփրատի աջ ափին կը գտնուի Ալաշկերտի հայաբնակ գաւառը, դաշտը, լեռները։
Այս մարզին մէջ կը գտնուին Երզնկան, իր անուանի բերդաքաղաքով։ Հեթանոսութեան տարիներուն՝ հին Յունաստանէն Մուշի դաշտին մէջ բերուած է Անահիտ դիցուհիի մեհեանը, որ պաշտուած է հայերու կողմէ։ Անահիտ կոչուած է նաեւ Հայոց Տիկին եւ Ոսկեմայր։ Նոյն տարածաշրջանի գաւառներուն մէջ, քրիստոնէութենէն առաջ՝ հին Յունաստանէն բերուած է Նանէ դիցուհիի մեհեանը, իսկ հայ ժողովուրդին կողմէ քրիստոնէութիւնը ընդունելէ ետք, այդ մեհեանները քանդուած ու անոնց փոխարէն կառուցուած են քրիստոնէական եկեղեցիներ ու վանքեր։ Այդ վանքերէն նշանաւոր է այն եկեղեցին, ուր թաղուած է Մեծն Ներսէսի մարմինը։ Մեծն Ներսէս կոչուած է նաեւ Շնորհալի եւ իր գլխաւոր առաջադրանքը եղած է հայ-յոյն եկեղեցիներու միութեան հետապնդումը։ Շնորհալի պայքարած է նաեւ Պաւղիկեան ու Թոնտրակեան (Բիւզանդական շրջան) աղանդաւորական շարժումներուն դէմ։ 7-8րդ դարերուն Հայաստանի մէջ ծնունդ առաւ Պաւղիկեաններու շարժումը Պաւղիկ (Պօղիկ) անունով դիւանակալի մը կողմէ։ Շարժումը աղանդաւորական էր եւ ունեցաւ հետեւորդներ։ Մինչեւ 17-18րդ դար տարբեր անուններով շարունակուեցաւ Եւրոպայի մէջ ալ։ Տարածուեցաւ նաեւ Բիւզանդիոնի մէջ հետեւորդներ գտնելով իր փիլիսոփայական, իմաստասիրական եւ աստուածաբանական տարբերակուած գաղափարներուն պատճառով։
Գալով Թոնդրակացիներու աղանդին, ան ալ ծնունդ առաւ Վանայ լիճի շուրջ Թոնդրակ գիւղին մէջ։ Իսկութեան մէջ, Պաւղիկեան շարժման շարունակութիւնն էր, հաւատքի ու համոզումներու տարբեր ճիւղաւորումներով։
Հայաստանի իշխաններ՝ ինչպէս Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունի եւ շարք մը հոգեւորականներ պայքարեցան աղանդաւորական այս շարժումներուն դէմ։
Շարունակելով մեր ճանապարհորդութիւնը Երզնկայէն դէպի հարաւ-արեւմուտք կը գտնուի աղի եւ հանքածուխի հանքերով հարուստ Քեմախ կամ Կամախը, ուր ծնած էր Սողոմոն Թեհլիրեանի ընտանիքը, մինչեւ Քերքիրա (Քորֆու) յունական կղզին ու Փաթրասի եւ Իլիա նահանգի (Փիրղոս) քաղաքները կայք հաստատելը, յաջորդաբար Փլովտիւ-Պուլկարիա, ապա վերջնականապէս Սերպիոյ մէջ հաստատուիլը ու սուրճի աղացման առաջին խանութը բանալը Պալքաններու մէջ։ Քեմախի պատմական անունը Դարանաղեաց է։ Քեմախը եղած է վաճառականական քաղաք, կազմուած Երզնկա եւ Ակըն քաղաքներու իբրեւ շարունակութիւն։ Ակընցիներէն մաս մը հետագային, փոխադրուելով իրենց շրջանէն, հաստատուեցան Յունաստանի Էվիա կղզիի հիւսիսը՝ կազմելով իրենց Արմենոխորի աւանը եւ փոխադրելով իրենց ծննդավայրէն եկեղեցական սպասներ ու անօթներ, որոնք յաջորդաբար օգտագործուեցան տեղական եկեղեցւոյ խորանին մէջ։ Այս ակընցիներու նոր սերունդը անմիջական կապ պահած չէ յունահայ գաղութին հետ եւ հետզհետէ կը նօսրանայ ու կը ձուլուի։
Քանի մը խօսքով վերյիշենք Սողոմոն Թեհլիրեանը։
Գերմանիոյ Շարլոթէնպուրկ թաղամասի Հարտէպէրկ պողոտայի վրայ, Սարօ Մելիքեան կեղծանունի օգտագործմամբ եւ «Նեմեսիս» գործողութեան կազմակերպութեամբ Սողոմոն Թեհլիրեան (1897-1960) 15 Մարտ 1921ին, Պերլինի մէջ, արիաբար զգետնեց Ցեղասպանութեան կազմակերպիչներէն ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշան, որ Պերլինի մէջ կը պահուըտէր Ալի Սալիէհ պէյ անունով։
Գերմանական դատարանէն անպարտ արձակուելէ ետք, Թեհլիրեան հաստատուեցաւ Սերպիա եւ հոն ամուսնացաւ Անահիտ Թաթիկեանին հետ, որ իր նման երզնկացի էր։ Ամուսնացեալ ամոլը այնուհետեւ հաստատուեցաւ Պելճիքա, ուր ապրեցաւ մինչեւ 1945, Բ. Աշխարհամարտի աւարտը, ուրկէ անցաւ Ամերիկա։
Թեհլիրեան 63 տարեկանին մահացաւ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ։
Իրաւունքը կը հիմնուի նախ հաւատքին, ապա յաւելեալ ուրիշ բաներու վրայ։ Այս բնորոշումը կը կատարենք դէպքին իսկ պարտադրած շեշտադրումով, քանի հարցը ամէն բանէ առաջ բարոյական համեմատութիւններ ունի, զորս կարելի չէ անտեսել։
Թեհլիրեանի յուշի վերականգնումը մեր ազգի ուժականութեան արտացոլումն է։
* * *
Քանի մը յաւելեալ բացատրութիւններ ալ Վան քաղաքի մասին, որ կը գտնուէր այլազան ցեղերու եւ տէրութիւններու ազդեցութեան տակ, որոնք իրենց կարգին ունեցած են մշակութային ու հոգեւոր կեդրոններ, որոնց հնութիւններէն մաս մը կը փրկուի մինչեւ այսօր, ոչ այնքան նշանաւոր մնացորդացի հետքերով, որոնց կարգին Շամիրամ թագուհիի միջնաբերդի պարիսպները իրենց սեպագիր արձանագրութիւններով եւ օսմանեան ժամանակաշրջանէն մնացած մզկիթով։
Վերջերս, Վանայ լիճի յատակը յայտնաբերուած է Ուրարտական ամրոց մը, 3000 տարուան պատմութեամբ, երբ լիճի մակարդակը իջած էր եւ հոն իր ատենին կառուցուած էր բերդ մը։ Երբ ջուրի մակարդակը դարձեալ բարձրացած էր, մարդիկ լքած էին բերդը եւ հեռացած։
Ուրարտուի կամ Վանի թագաւորութիւնը տիրած է Քրիստոսէ առաջ 9-6րդ դարուն։
Վանի Աղբակ գաւառի մէջ կը գտնուի Ս. Բարթողոմէոս առաքեալի վանքը, իր հարուստ անցեալով. տասը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ Էռնկան գիւղի եկեղեցին, կառուցուած 1660 թուականին։
Մեծ Հայքի Վասպուրական նահանգի տարածքը աւելի ընդարձակ է Վանի հայկական նահանգի վարչական տարածքներէն, որուն մէջ կը գտնուի Ագուլիսը (ծանօթ մեր յեղափոխական երգերէն)։ Մասիսի հարաւը գտնուող Արտազ գաւառը, որ նախապէս կոչուած է Շաւարշան։ Հայոց աւանդութեան համաձայն, այստեղ նահատակուած է քրիստոնէութեան պատգամախօս Թադէոս առաքեալը, որու ի պատիւ Մակուի մէջ կառուցուած է իր անուամբ վանք մը։
Վանի հայկական առաջնորդարանի վիճակագրական տուեալներուն համաձայն, Վանի նահանգը ունէր 154.000, Էրզրումինը 160.000, Պիթլիսինը 150.000, Տիարպէքիրինը 736.000 հայեր։ Թրքահայաստանի տիրապետող ազգաբնակչութեան 45 առ հարիւրէն աւելի հայեր էին։
Պատմական Հայաստանի տասը նահանգներէն Վանի նահանգը (պատմական Վասպուրականը) կ’ընդգրկէր 40.000 քառակուսի քիլոմեթր։
Պարսկաստանի սահմանի ուղղութեամբ կը գտնուի մեր յեղափոխական երգերէն «Արիւնոտ դրօշ»էն ծանօթ Բաշկալա գաւառը, ուր հայերը ունէին 500 տուն-ընտանիք, իսկ մնացեալ բնակիչները՝ հրեաներ, ասորիներ եւ քիւրտեր էին։
Վանայ լիճը աշխարհագրականօրէն կը կոչուէր Բզնունեաց ծով։ Պատմական Հայաստանը ունէր երեք լիճեր՝ Վանը, Սեւանը, Ուրմիան։ Վանայ լիճը այսօր կը գտնուի Թուրքիոյ մէջ, Սեւանը՝ Հայաստան, Ուրմիան՝ Պարսկաստան։
Վան քաղաքի արեւելեան տարածքին վրայ կը գտնուէր բուսականութեամբ ու ջուրերով հարուստ Այգեստանը, հայաբնակ Ս. Յակոբ նորաշէն թաղամասերով։ Այգեստանէն գեղեցկօրէն կը տեսնուէր Վանի բերդը, իր ամբողջ երկայնքով, բարձրասլաց աշտարակներով, ու պաշտպանական պարիսպներով։ Ատենին, Այգեստանի մէջ, պաշտօնական ու գործօն հիւպատոսներ ու հիւպատոսարաններ ունեցած են Ֆրանսան, Բրիտանիան, Ռուսիան, Պարսկաստանը։ Այգեստանի մէջ նաեւ նշանաւոր էր բողոքականներուն դպրոցը։ Անոնք քաղաքին մէջ որբանոց մըն ալ կը պահէին։ Այգեստանը ծննդավայրն է նաեւ հայրենի մեր գրողներէն Գուրգէն Մահարիի (1903-1969), որ Այգեստանի մասին գիրքեր գրած է։ Անկէ ամէնէն յատկանշականը՝ իր ծննդավայրի մասին անդրադարձող «Այրուող Այգեստաններ»ն է։
Թուրքերը այսօր բոլորովին քանդած են Այգեստանը եւ ձեռնարկած են շինարարական աշխատանքներու, նոյն վայրի տարածքի երկայնքով եւ բոլորովին նոր քաղաք մը կառուցելու հեռանկարով։
Այգեստանի սառնորակ ջուրերը կը թափին Վանայ լիճին մէջ։ Հոն կը գտնուի նաեւ Շամիրամ թագուհիի պատմական գետը։
Կարսի բերդ այցելութեանս օրը, տափարակ կառոյցի մը յարակցութեամբ, տեղի կ’ունենար երիտասարդ քրտուհիի մը հարսանիքը։ Մեզի արտօնեց, որ լուսանկարենք զինք իր ամուսնին հետ։ Յաջորդեց քրտական խնճոյք՝ երգերով, նուագով, պարերով ու կերուխումով։ Իմանալով՝ որ հայ եմ, զիս մասնակից դարձուց իրենց խնճոյքին, որու պարի բաժինը շարունակուեցաւ բերդի հարթակի մը վրայ։
Կարսի բերդը փաստօրէն կը գտնուի Մեծ Հայքի Այրարատ նահանգի Վանանդ գաւառի մէջ, որու կարեւորութիւնը նշուած է 9րդ դարէն ի վեր, այսինքն Բագրատունեաց տոհմի օրերէն։
Չմոռնամ նշելու, որ Վանի բերդին մէջ թաղուած է Երեւանի հիմնադիր Արգիշտի թագաւորը, որ տէր դարձաւ Հայաստանի ու Փոքր Ասիոյ (Սուրիա, Լիբանան)։ Ան Ք.ա. 782ին կառուցեց Երէբունի բերդաքաղաքը, որուն համար 6600 գերիներ աշխատեցան։ Երեւան մայրաքաղաքի անունը յառաջ եկած է Երէբունի անունէն։
Վանի բերդ այցելութեան առիթով, բերդի մուտքին հանդիպեցանք նաեւ Պոլսոյ մէջ հրատարակուող «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագիր եւ քանի մը առիթներով Աթէնք այցելած Բագրադ Էսդուգեանին, որ կը հիւրասիրէր յարգելի հիւրեր արտասահմանէն եւ անոնց կը ծանօթացնէր պատմական Հայաստանի վայրերը, ինչպէս յաճախ կ’ընէ, իրեն յատուկ նուիրումով ու քաջութեամբ, առաւել՝ բանաւոր ու գրաւոր խօսքով ու գործնական յանձնառութեամբ։
Պատմական օրերուն Վանը ունէր 7500 հայերու տուներ, 38.000 բնակիչով, որոնցմէ 1500ը Այգեստան եւ 6000ը շրջակայքը, 20.000 բնակիչով։
Վանի նահանգը՝ 39.300 քառակուսի քիլոմեթր ունէր, 12 գաւառներ եւ 1627 գիւղեր։ Կը բաղկանար երկու մարզերէ՝ Վան եւ Հեքիարի, որ սահմանակից է Պարսկաստանի եւ ժամանակին կապուած էր Ուրմիոյ խանութեան։
Վանի մէջ կը գտնուին հայկական նշանաւոր վանքեր, որոնցմէ ամէնէն ծանօթն է Վարագան։ Վանայ լիճին վրայ կը գտնուի մշակոյթի ամէնէն փայլուն փարոսը հանդիսացող Աղթամար կղզին, իր Ս. Խաչ եկեղեցիով։ Թուրքերը՝ փորձելով աղաւաղել Աղթամարի հայկական անունը, զայն կ’անուանեն Աքթամար ու ամէն տեղ այդպէս կը գրեն, ինչպէս Անիի մասին «Անը» կը գրեն։
Աղթամար կղզիին վրայ ժամանակին բնակչութիւն կար որ կ’ապրէր հոն։ Կղզին հիւրընկալած է կաթողիկոսութիւն ու միաբանութիւն։ Հոն եղած ու գործած է նաեւ Մկրտիչ Խրիմեանը, իր կրօնական, գաղափարական ու քաղաքական որակի կողմնորոշումներով ու հայ ժողովուրդի վիճակի բարեփոխութեան վրայ հիմնուած ակնկալութիւններով մինչեւ Պերլինի վեհաժողով մասնակցիլը։
Դէպի Աղթամար կղզին Կեւաշի նաւահանգիստը կը գտնուի, որ կը համարուի Գեաւաշի կամ պատմական Ոստան գաւառի նաւամատոյցը։ Ոստանը պատմական վայր մըն է, որու աւերակները մնացած են միայն լիճէն դուրս, մեծ քարաժայռի մը վրայ։ Ան եղած է Ռշտունեաց թագաւորութեան մայրաքաղաքը եւ անոր ամրոցին մէջ հաստատուած էին այդ տոհմի իշխանները, զօրքերը եւ ընտանիքը։
Գեաւաշի նաւամատոյցէն դէպի կղզի հեռաւորութիւնը երեք քիլոմեթր է, մակոյկանաւով՝ 15 վայրկեան։ Տասի չափ զբօսանաւեր, ամէն ազգի այցելու ժողովուրդ (ամէնէն շատ թուրք ու պարսիկ), խումբ առ խումբ կը փոխադրուին կղզիի երկու նաւամատոյցները։ Անցեալին՝ կղզիին վրայ բնակչութիւն կ’ապրէր։ Ռշտունեաց տոհմը արաբներու յարձակումներէն պաշտպանուելու համար պարիսպներ կառուցած էր։ Եկեղեցին, կառուցուած է 7րդ դարուն Գագիկ Արծրունի թագաւորին կողմէ, որ կառուցման համար կղզի հրաւիրած էր Մանուէլ ճարտարապետը։ Կղզիին վրայ մինչեւ 1905 թուական կար մշակութային գործունէութիւն։ 1995ին քիւրտեր ուզած են քանդել եկեղեցին, սակայն համբաւաւոր գրագէտ Եաշար Քեմալ յօդուածներ գրած է զայն քանդելու մտադրութեան դէմ, ինչ որ մղած է թուրք իշխանութիւնները արգելք ըլլալու եւ կղզին ու եկեղեցին զբօսաշրջական իմաստով արժեւորելու համար։
Աղթամարի վրայ կայ քար մը. կը պատմուի, որ մեր մեծ վիպասան Ռաֆֆին, կղզի այցելած ժամանակ, առանձնացած է այդ քարին վրայ եւ գրած է՝ «Ձայն տուր, ո՛վ ծովակ» քերթուածը։ Վանականները զայն կոչած են Ռաֆիի քար։ Աղթամարի վերջին կաթողիկոսը եղած է Խաչատուրը, որ միաժամանակ պատմագէտ էր։ Վանքը ունեցած է նաեւ մատենադարան, որ գտնուած է զանգակատան շուրջ։
Նշելի է, որ Աղթամար կղզիի հողատարածքը կը պատկանի թուրք լրագրող Ֆաթիհ Այթայլըին, որ իր կարգին քանիցս յայտարարած է, թէ պատրաստ է վայրը վերադարձնելու հայ ժողովուրդին։ Կ’ենթադրեմ, Կոնստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքարանին։ Սակայն, յայտնի է, որ հոն խօսք ունի թուրք կառավարութիւնը, որ այնքան ալ բարենպաստ տրամադրուած չէ այս գաղափարին հանդէպ։ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ հոգեւորական չկայ. կ’երեւի, վստահաբա՛ր, չ’արտօնուիր։ Հոս եւս գլխաւոր ու վճռական խօսք ունին թուրք իշխանութիւնները։
Նոյն կարծիքը չունին սակայն կղզիին վրայ գործող սրճարանի եւ սուվընիրներու խանութի տէրերն ու սպասաւորները, որոնք բոլոր այցելուներուն, նոյն յանկերգով, կը դժգոհին ըսելով, որ թուրք իշխանութիւնները լուծում մը պէտք է գտնեն ու հոն արտօնուին հոգեւորականի մը ներկայութիւնը եւ պատարագը, որպէսզի կղզիի շարժումը բազմապատկուի, թերեւս հայ ուխտաւորներով, որոնցմէ իրենք ալ իրենց կարգին, առեւտրական օգուտ պիտի քաղեն։
2017 թուականի առաջին 9 ամիսներուն Ախթամար այցելած է 110.000 մարդ, իսկ 2016ին 82.000 զբօսաշրջիկ։
Ինչ կը վերաբերի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ զետեղուած խաչին, թուրքերը 2005ին երկուքուկէս միլիոն տոլարի գումար տրամադրեցին եկեղեցին վերականգնելու համար։ Սկիզբը խուսափեցան անոր վրայ խաչը զետեղելէ, եկեղեցւոյ հայկական պատկանելիութիւնը անտեսելու միտումով։ Աւելի վերջ, ընդառաջեցին Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի ճնշումներուն եւ խաչ մը զետեղեցին, որ պատրաստուեցաւ 6 վարպետներու կողմէ Հայաստանի Աշտարակ քաղաքին մէջ 2015ին։
Այս եկեղեցւոյ մէջ պատմական ժողովներ գումարած են Արամ, Ռուբէն եւ Տարօնի աշխարհի մէջ գործող յեղափոխականներ ու ֆետայիներ, մանաւանդ Մուշէն, Սասունէն ու յարակից լեռնապարերէն։
Հոս կեցնենք պատմութիւնը ու անցնինք նոր գլուխներու, նոյնքան կարեւոր, նոյքան այժմէական։ Թուրքերը յաճախ չհասկնալու կուգան մեր ժողովուրդի, Հայ Դատի յանձնախումբերու, Հայաստանի եւ վերջերս ստեղծուած իրաւագիտական ու դատաիրաւական կեդրոններու, ժողովրդավարական հաստատութիւններու, մարդու ինքնորոշման իրաւունքի ջատագով կազմակերպութիւններու պահանջները, ինչ որ կը յայտնաբերեն համայն ժողովուրդին կամքը։
Մենք կը հանդիսադրենք Արեւմտեան Հայաստանի գոյքերու, ինչքի, խլուած իրաւունքի հարց. հազարաւոր եկեղեցիներ յափշտակուած, հազարաւոր վանքեր բռնագրաւուած, վաճառուած ու վերավաճառուած են։
Մենք մեր գոյքերէն հրաժարած չենք, որովհետեւ մեր գոյքերը խլուած են, երկրի մը օրէնքներն ու օրինաչափութիւնները խախտուած են, գողութիւն ու աւազակութիւն եղած է։ Այս հարցը ե՛ւ իրաւական է, ե՛ւ բարոյական։
Աշխարհի բոլոր յանցագործութիւնները ունին իրենց օրինական ու օրէնսդրական հետեւանքները, քանի 19րդ դարէն սկսեալ ձեւաւորուիլ սկսած է համաշխարհային չարագործութեան յանցանքին բաղադրիչը։
Հայերու դէմ գործուած յանցագործութիւնը միայն հայու հարց չէ, աւելի լայն իմաստով՝ կ’առանձնանայ որպէս մարդկութեան հարց, իր համապարփակ գործունէութեամբ, որ յստակ յանձնառութիւններով աշխարհի քաղաքական ու դիւանագիտական աջակցութեան ու արեւելումին կարիքը ունի։
Պատմութիւնը կը սկսի ու կը շարունակուի։ Յաւելեալ վերաքաղ մը ընելու միտք չունիմ։ Գրելիք շատ բան կայ, սակայն պիտի բաւարարուիմ նշելով, որ այս պատմութիւնն ալ իր ժամանակի մէկ ժամանակահատուածին մաս կը կազմէ։
Ուրիշներ՝ իրենց պատմական ժամանակահատուածներու սահմանը կոչեցին Վերածնունդ։ Մենք մեր վերածնունդը Ազգային Զարթօնք կոչեցինք։
Մեր ազգի ու ժողովուրդի ազատութեան շարունակականութիւնն ու անկախութեան գոյատեւումը դժուար կրնայն բացատրուիլ։
Մեզի համար այսօրը՝ երէկի հարազատ ու անփոխարինելի զաւակն է։