Յովսէփ Պարազեան
Այսօր, պատմական Հայաստանի այս շրջանները ամբողջութեամբ բնակուած են քիւրտերով, տարածաշրջանին մէջ բնակչագրական նոր դիմագիծ ու նկարագիր մը հաստատելով։ Պատմագէտներ կը հաւատան, թէ Արեւմտեան Հայաստանը պատմական ու աշխարհաքաղաքական առումով հայութեան ամէնէն մեծ վնասը կրեց, քանի անոր կորուստի ծաւալով ու տարողութեամբ՝ քանի մը բաներ կորսուեցան հայու պատմութեան մէջ։
Նախ՝ հայու ինքնութիւնը այդ շրջանէն ներս։ Երկրորդ՝ այդ ինքնութեան բնորոշ կերպարն ու տեսակը, որ այլեւս գոյութիւն չունի։ Ապա՝ լեզուն, բարբառը, իւրայատուկ աւանդութիւնը, անոնց փաստաթուղթերն ու արխիւները, գոյքերը, եկեղեցիներն ու վանքերը, մշակութային ու կրթական կեդրոնները, օճախները։
Ասոնք անմիջական վնասներն են, որոնց տեսակը ոչնչացած է, կարելի չէ այլեւս վերականգնել։ Բայց կան նաեւ ոչ անմիջական վնասներ, որոնք ցեղասպանութեամբ ու անոնց բազմատեսակ հետեւանքներով վերացան։ Չկա՜ն այլեւս։ Անոնց յիշատակն իսկ ջնջելու ճիգ կայ։
Այս բոլորը անշուշտ՝ միջազգային իրաւունքի վրայ հիմնուած վնասուց հատուցումի առաջնակարգ հարց մը կը դնէ համայն հայութեան առջեւ։
Ժամանակն է հաշուի նստելու ռազմավարական մշակումի ոլորտի մը նոր հանգամանքներուն հետ, մանաւանդ ուղղակիօրէն Թուրքիոյ հետ, որպէս տուժած հայութիւն, որպէս տուժած Հայաստան, որպէս տուժած սփիւռք եւ համահայկական հայրենական կառոյցներով ու արհեստավարժ եղանակով հետապնդելու համար մեր պահանջատիրութիւնը, իրաւական հարթակներու վրայ։
***
Եկէք խօսինք մեր ներկայի տարանջատող պատկերին մասին։
Հասարակական զարգացման իմաստով թուրք պետութիւնը յստակ քաղաքականութիւն կը կիրարկէ հոն, եւ մեծաւ մասամբ լքած ու տնտեսապէս անտեսած է տարածաշրջանը։ Այդ մէկը կը զգաս անմիջապէս, երբ թրքաբնակ շրջանէ մը կ’անցնիս քրտաբնակ յարակից շրջան մը։
Իրենց կարգին, քիւրտերը, ուղղակի թէ անուղղակի հազարումէկ ձեւեր կ’որդեգրեն, որպէսզի իրենց բնակած տարածաշրջաններուն մէջ բացարձակապէս թուրքեր չապրին, թրքական փոխարինական ներկայութիւնը չէզոքացնելու, առնուազն նուազեցնելու լռելեայն միտումով։
Կարելի է հաստատել, թէ այս մէկը մեծ չափերով յաջողցուցած են։ Բացի բանակէն, բացի ոստիկանութենէն եւ կարգ մը պետականօրէն լիազօրուած հաստատութիւններու պաշտօնեաներէն, ոեւէ թուրք ապրելու համար այդ շրջանները չ’ընտրեր, չի նախընտրեր։ Քիւրտերը, սուսիկ-բուսիկ, ճնշումի մատչելի եւ անմատչելի միջոցներ կը ստեղծեն, որպէսզի թուրքը հոն չհաստատուի, կամ՝ հաստատուելու ընտրանքին չհամարձակի յառաջանալ։ Հակառակ պարագային, այնպիսի «զարմանալի» վերաբերում կ’որդեգրուի ենթակայի մը, կամ անոր ընտանիքին հանդէպ, որ կարճ ժամանակ վերջ կը լքէ ու կը հեռանայ շրջանէն։ Հակառակ այս բոլորին, քրտաբնակ շրջաններու մէջ գործող վարժարաններու մէջ քրտերէն դասաւանդելը բացարձակապէս արգիլուած է։ Ասոր փոխարէն աւելցած են թրքական դրօշակները, իբրեւ ճնշող միջոց՝ դրօշի ճամբով պետականութեան փոխարժէք պատկանելիութիւն պարտադրելու համար։
Իւրաքանչիւր քաղաք, գիւղաքաղաք թէ գիւղ մուտք գործելու պարագային, մայրուղիներու կամ ճանապարհներու վրայ, հսկայ պաստառներով կը նշուի տուեալ վայրին անունը, բնակչութեան թիւը եւ ճանապարհներու շարունակութեան տարբեր ու զանազան ուղղութիւնները։
Այս տուեալները՝ թրքաբնակ շրջաններու պարագային, հիմնուած կ’ըլլան վիճակագրական պաշտօնական կամ կիսապաշտօնական մարդահամարներու արդիւնքներու վրայ։ Քրտաբնակ շրջաններու պարագային, քաղաքական ու բնակչագրական յստակ, քողարկուած ու միտումնաւորօրէն այլափոխուած թիւերու վրայ։
Տանք օրինակներ։ Կարս քաղաքին համար կը տրուի 800.000 բնակչութեան թիւ, մինչդեռ կը գնահատուի թէ քաղաքի ու շրջակայ գիւղերու բնակչութեան թիւը կը հասնի 1.200.000ի։ Տիարպէքիրն ալ կը ներկայացուի 800.000 բնակչութեամբ, մինչդեռ անոր թիւը կը հասնի 2.500.000ի։ Միեւնոյնն է պատկերը Աղրըի (Արարատ), որ կը ներկայացուի 170.000, մինչդեռ կը գնահատուի 250.000։ Եւ դեռ շարք մը քրտաբնակ շրջաններու, ինչպէս Մուշի։ Հոս փակագիծ մը բանանք ու քիչ մը խօսինք Մուշի մասին։
Մեր պատմութեան 5րդ դարուն Մուշի դաշտը, կամ պատմական Տարօնի գաւառը, Արարատեան դաշտի իր տարածքով, մեծ դեր խաղցած են հայութեան կրթական ու մտաւորական շարժման մէջ։ Հոն տեղի ունեցաւ գիրերու գիւտը, Սուրբ Գիրքի թարգմանութիւնը եւ Սահակ Պարթեւի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի պէս մարդիկ, Աթէնքի, Բիւզանդիոնի եւ Աղեքսանդրիոյ մտաւոր կեդրոններու մէջ իրենց ստացած ուսմամբ, հայրենիք վերադառնալով, լուսամիտ աշակերտներ պատրաստեցին, ինչպէս՝ Եզնիկ Կողբացին, Ղազար Փարպեցին, Կորիւն Սքանչելին, եւ դեռ իրենց յաջորդները՝ Փաւստոց Բիւզանդը, Մովսէս Խորենացին, Եղիշէն, Դաւիթ Անյաղթը, Ագանթանգեղոսը, որ գործեցին կրթութեան, գրականութեան, թարգմանութեան, գիտութեան ծաղկուն բնագաւառներէն ներս, որոնք՝ յաջորդող դարերուն իրենց գործը շարունակեցին Անանիա Շիրակացի, Սեբէոս Եպիսկոպոս, Յովհան Օձնեցի, Ստեփանոս Սիւնեցի, Թովմաս Արծրունի, Ստեփանոս Ասողիկ Տարօնցի, Գրիգոր Նարեկացի, Արիստակէս Լաստիվերտցի, Ներսէս Շնորհալի, Ներսէս Լամբրոնացի եւ կիլիկեցիներէն՝ Գրիգոր Տղայ Կաթողիկոս, Սմբատ Գունդստապըլ, Հեթում Պատմիչ, Վարդան Այգեկցի, Կոստանթին եւ Թորոս Ռոսլին, Սարգիս Պիծակ եւ աւելի վերջ ալ Գրիգոր Տաթեւացի։
Մուշը առաջնորդանիստ քաղաք էր. հոն կը գտնուէին հինգ եկեղեցիներ, հինգ դպրոցներ, բազմաթիւ միութիւններ, հոգեւոր կեդրոններ, որոնք գործեցին մինչեւ 1923 թուականը։
Մուշի մէջ էր նաեւ հեղինակաւոր ուխտավայր Սուրբ Կարապետը, կառուցուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի կողմէ 4րդ դարուն, ինչպէս նաեւ քանի մը վանքեր, որոնցմէ մաս մը կը պահէր գիշերօթիկ դպրոց։ Հոն կը գտնուէին նաեւ Մամիկոնեան տոհմի՝ պարսիկներու դէմ 451ին կայացած բոլոր ճակատամարտներուն մէջ հրոսակային կռիւներ մղած Մուշեղ եւ Վահան Մամիկոնեաններու, ինչպէս նաեւ Գայլ Վահանի գերեզմանները։ Մուշէն Սուրբ Կարապետ եկեղեցի տեղափոխուած են մեր սասունցի անզուգական ֆետայի Գէորգ Չաւուշի (1871-1907) եւ այլ յեղափոխական գործիչներու աճիւնները։
1860ին Խրիմեան Հայրիկ եւ Գարեգին Եպսկ. Սրուանձտեանց (1840-1892) Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետ վանքին մէջ խմբագրեցին «Արծուիկ Տարօնոյ» թերթը, իբրեւ շարունակութիւն Վարագայ վանքին մէջ նախապէս հրատարակուած «Արծուի Վասպուրականի» հանդէսին։
Հոս՝ աւելորդ չենք համարեր նշելու, որ 1886ին կառուցուած Մշոյ Սուլթան Ս. Կարապետ եկեղեցին աւարտելով, Տարօնէն գաղթած հարիւրէ աւելի հայ պանդուխտներ հետագային Յունաստան հաստատուելով, ծովեզերքէն շալկուած քարերով շինած են Ալեքսանդրուպոլսոյ (թրքական ու պուլկարական տիրապետութեան շրջանին կը կոչուէր Տէտէաղաճ, ինչպէս Գոմոթինին կը կոչուէր Կիւմիւլճինա) Սուրբ Կարապետ եկեղեցին։
Սուրբ Կարապետ եկեղեցին կը գործէ մինչեւ այսօր, ինչպէս անոր կից՝ Տարօնեան վարժարանը։ Շրջանի Թաղային Խորհուրդը, 20ամեակ մը առաջ, իր շաբաթօրեայ Ծաղկոց վարժարանն ալ կոչեց Տարօնեան։ Անունը ի զօրու է մինչեւ այսօր։ Համայնքի կրթական տարեգրութեան մէջ իր նշանակալի հետքը ձգած է բանաստեղծ ու երաժիշտ Գէորգ Կառվարենց, որ այս քաղաքին մէջ պաշտօնավարած է 6 տարի 1924-1930։ Կառվարենց այդ տարիներուն հիմնեց նաեւ Տարօնեան Երիտասարդաց Միութիւնը, «Հայ Քնար» երգչախումբը եւ նոյն անուամբ պարբերաթերթ մը։
Աւելցնենք նաեւ, որ երբ ձեռնարկուեցաւ Ալեքսանդրուպոլսոյ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ շինութեան, հոն հաստատուած հին պանդուխտներէն միակը, որ վերապրեցաւ այդ տարիներուն, Մխիթար Մամիկոնեանն էր, որու արժանաւոր զաւակները Աշոտն ու Թագուհին, շարունակելով իրենց հօր գործը մեր ազգային ու կուսակցական կեանքին մէջ, «Ազատ Օր»ի բարերարութեամբ յատկանշուեցան։
Վերադառնալով Մուշին, նշենք, որ հոն կը գործէ նաեւ Առաքելոց վանքը, կառուցուած 4րդ դարուն, 312 թուական, որ ծանօթ է որպէս Թարգմանչաց սերունդի գերեզմանատեղի։ Վանքի արեւելեան պատին վրայ կան խաչարձաններ եւ գերեզմանաքարեր 5րդ դարու անուանիներէն՝ Ղազար Փարպեցիի, Դաւիթ Անյաղթի, Մովսէս Խորենացիի եւ ուրիշներու։ Այս եկեղեցիներու մասին չափազանց օգտակար տեղեկութիւններ քաղած ենք բանաստեղծ Սօս Վարդանեանի «Արեւմտեան Հայաստանի վանքերը» աշխատութենէն։
Շարունակելով ճանապարհորդութիւնը նշենք, որ Վան-Մուշի մէջ կարելի է հանդիպիլ Պիթլիսի (Բաղէշ-պատմական Սալնաձորն է), որու հայկական նահանգի սահմաններն էին արեւելքէն՝ Վանայ լիճը, հիւսիսէն՝ Պինկէօլը (Բազմաղբիւր), հարաւէն՝ Տիգրիս գետը, իսկ արեւմուտքէն ալ՝ Տաւրոսեան լեռները։ Պիթլիսը միայն, ունեցած է հայկական 4 եկեղեցի, ուր 17րդ դարուն գործած է Բարսեղ Աղբակեցին, դասաւանդելով մատենագիտութիւն, փիլիսոփայութիւն, ճարտասանութիւն ու քերականութիւն։ Հոս՝ թուրքերը ունեցած են 15 մզկիթ, իսկ հայերը 7 դպրոց, որոնցմէ մէկը բողոքականաց։
Պիթլիսէն շարունակաբար կը գտնուի Մանազկերտը, Արճէշը, Ալաշկերտը, Անին, Վան-Տոսպը, Վարագի, Շատախի, Մոկսի, Էրզրումի (Կարին) շրջանները։ Տակաւին, բոլորովին բնաջնջուած ու քանդուած զուտ հայաբնակ Այգեստանի կողքին կառուցուած նորաստեղծ քաղաք մը, Պայազիտը, Երզնկան, Բասէնը, Սվազը, Խարբերդը։
Վանի ինքնապաշտպանութեան օրերուն (1915), Այգեստանի մէջ Արամ Մանուկեանը տեղական փոքրիկ հայկական պետութիւն մը կազմած էր։
Խնուսի, Բայբուրդի, Գղի լեռնային թէ դաշտային մեծ թէ փոքր գաւառներու, մարզպետութիւններու, զարգացած կամ ոչ, երկրագործական կամ ոչ, խաշնարածութեամբ զբաղող կամ ոչ այլ շրջանէն իւրաքանչիւրը ունի իր պատմութիւնը։
Անցեալին, առաջնորդարաններու, ծխական քահանաներու, գիւղերու ուսուցիչներու եւ տեղական հայկական միութիւններու թուաքանակային տուեալներուն համաձայն, Վանի նահանգի հայ բնակչութեան թիւը կը հասնէր 103.000ի, Պիթլիսի նահանգինը 154.000ի, Էրզրումի նահանգինը 160.000ի։ Աշխարհագրութիւնը, բնակչութեան թիւը, իրենց ուղեցոյց էր, նաե՛ւ պատմութիւն։
Յիշեցնենք, որ 1878ին Պերլինի վեհաժողովին, Խրիմեան Հայրիկի գլխաւորած պատուիրակութեան կողմէ ներկայացուած շրջանի հայութեան թիւը կը հասնէր 1.330.000ի, իսկ մահմետականներունը՝ 530.000ի։ Յիշեցնելու համար, նշենք, որ Պերլինի վեհաժողովը տեղի ունեցած էր Անգլիոյ ջանքերով եւ Գերմանիոյ վարչապետ Պիսմարքի նահագահութեամբ եւ անոր կը մասնակցէին մեծ պետութիւններ՝ Ռուսիա, Ֆրանսա, Բրիտանիա, Գերմանիա, Աւստրօ-Հունգարիա եւ Թուրքիա։
1896ի պաշտօնական վիճակագրութեան համաձայն, հայկական 6 նահանգներու (Վան, Պիթլիս, Էրզրում, Սվազ, Խարբերդ, Տիարպէքիր) մէջ ապրող հայերու թիւը կը հասնէր 613.000ի։ Այս թիւին վրայ պէտք է աւելցնել առնուազն 20 առ հարիւր, տրուած ըլլալով որ թրքական վիճակագրութիւնները, -ինչպէս այսօր քիւրտերու պարագային, անցեալին ալ հայերու, նուազ թիւերով ու համեմատութիւններով կը կազմուէին։ Հայերը՝ 613.000ին դիմաց կը հանդիսադրէին իրենց թիւը, որ կը գնահատուէր 736.000ի։ Իսկ Ցեղասպանութենէն յետոյ, հայ ազգաբնակչութեան առնուազն 50 առ հարիւրը՝ չէզոքացուեցաւ։
Հարց կը ծագի. մնացեալները ո՞ւր կը գտնուին։ Թո՛ղ պատասխանեն թուրքերը։
Իրենց արմատներուն վերադառնալու երազով ապրող քրտական բնակչութեան տուեալներով, անոնք այսօր Թուրքիոյ մէջ կը գնահատուին 25 միլիոնի շուրջ։ Թրքական աղբիւրներ կը խօսին 10 միլիոնի մասին։ Սուրիոյ, Իրաքի, Պարսկաստանի եւ Եւրոպայի զանազան երկիրներու մէջ ապրող քիւրտերու ընդհանուր թիւը կը գնահատուի 40 միլիոնի շուրջ։
Ի՛նչ ալ ըլլայ, թիւերը երկու կողմերէն ալ կը փոխուին, իրենց ճիշդ թէ սխալ, կամ նոյնիսկ չափազանցուած համեմատութիւններով։
Թրքական իշխանութիւններու կողմէ քրտաբնակ ազգաբնակչութեան թիւին նուազումը կը կատարուի զուտ ընտրական միտումներով, որպէսզի թիւերը ուղղակիօրէն խարդախելու հնարաւորութիւնը միշտ առկայ ըլլայ։
Ինչ կը վերաբերի մեր անդրադարձած պատմական Հայաստանի տարածքին գտնուող եկեղեցիներուն, վանքերուն եւ հոգեւոր-մշակութային կեդրոններուն, բոլորովին լքուած ու միտումնաւոր կերպով անտեսուած են թուրք պետութեան կողմէ, որպէսզի անոնց վրայէն անգթօրէն անցնի ժամանակի ու մոռացութեան փոշին եւ անոնք բնական ճամբով փճանան եւ պատմութեան հետքերը ջնջուին։
Այդպիսով է դժբախտաբար, որ կը խանգարուին պատմական վաղեմութեան ժամկէտները, եւ հին եւ նոր եւ խրախուսուած եւ չյարգուած։
Հայու կամքը բաւարար չէ միայն հայու պատմութեան ողբերգական էջերը սրբագրելու համար։
Ոմանք կը մոռնան, սակայն, որ պատմութիւնը բոլոր ժամանակներու մէջ կապեր ունեցած է եւ ունի, պատմութեան եւ պատմական մտածողութեան հետ։
Սփիւռքը, սփիւռքահայութիւնը, պատմական դէպքերու հետեւանքով գոյացած իրողութիւն մըն է, որ պիտի շարունակէ մնալ, ուստի առաջնակարգ ուշադրութեան ու կարեւորութեան կը կարօտի։ Հայութիւնը իրար կապող գլխաւոր ազդակը պահանջատիրութիւնը պէտք է ըլլայ, զայն վերածելով հայու ինքնութեան հիմքի։ Պահանջատիրութիւնն է որ դուրս պիտի բերէ տարագիր ու տարտղնուած հայը զոհի ու ջարդուածի վիրաւոր հոգեբանութենէն, որմէ նոր սերունդը պէտք է ձերբազատուի իր պահանջատիրական պայքարը աւելի ամուր հիմերու վրայ հաստատելու հեռանկարով։
Իրաւունքը կը հիմնուի ուժի վրայ։ Բոլորս գիտենք այդ մէկը։
Մեր հետապնդած իրաւունքը անձնագիր կը փնտռէ։
Այս երեւոյթները պատահական չեն, երբ Թուրքիոյ մասին կը խօսինք։ Հիմա մենք՝ ո՞ր մէկու մասին կը խօսինք սակայն։ Թուրքիան չյաջողեցաւ իր երկիրը քաղաքակրթութիւններու ձուլարանի մը վերածել, քանակի ու որակի խտրութիւն դնել։ Թուրքիոյ քաղաքակրթական մոզայիքին մէջ հայերը, փոքր թէ մեծ, խճանկար մը դրած են, մշակոյթը իր ընդհանուրին մէջ հսկայ խճանկարի մը վերածելով։
***
Արեւմտեան Հայաստանի ամէնէն նշանաւոր ու ծանօթ վանքերէն մէկն է Վարագան, որու անունը սերտօրէն կապուած է Խրիմեան Հայրիկի անուան հետ։ Ծանօթ է, որ 1860ականներուն Հայրիկին կողմէ հինգ տարուայ տեւողութեամբ ձեռնարկուեցաւ «Արծիւ Վասպուրական Աշխարհին» լրագրի հրատարակութեան, վանքի տպարանին մէջ, որ փակուած է 20րդ դարու սկիզբը։
Վարագայ վանքի բարձունքի կատարին, կայ նաեւ Ս. Գրիգորի վանքը, որ աւերուած է 1648ի երկրաշարժին պատճառով եւ այնուհետեւ վերանորոգուած չէ։ Հայոց Ձորի սահմանէն սկսող Արտոս լերան փէշերուն (Վան) գաւառակեդրոն Ոստան աւանի մէջ կայ Ս. Նշանի վանքը, որու շուրջ կը բնակէին Ռշտունեաց տոհմի իշխանները։ Ոստանը Վանայ լիճի ափերուն գտնուող 7 բերդաքաղաքներէն մէկն է։ Ռշտունիներու տոհմը՝ Թէոթորոս Ռշտունի իշխանի գլխաւորութեամբ պայքարեցան ու բազմաթիւ յաղթանակներ տարին արաբներուն դէմ, երբ անոնք առաջին անգամ Հայաստան ներխուժեցին Պարսկաստանի վրայով 642 թուականին, գրաւելէ վերջ Նախիջեւանը։
Ս. Նշան վանքին մէջ կը գտնուի 5րդ դարու պատմիչ Եղիշէի գերեզմանը։ Եղիշէն (410-480) ողբերգական ոճով ներկայացուցած է Վարդանանց պատերազմը։ Ան՝ մեր կրօնական ու հոգեւոր քաղաքակրթութիւնը վերածեց ազգաշունչ յեղափոխական էպոսի մը, իր գլուխ գործոց Վարդանանքով (451)։
Ինչ որ հին է, անպայման չի մոռցուիր. կը դրոշմուի մարդու ու պատմութեան մտքին ու յիշողութեան մէջ։
Վարագայ շրջանին մէջ, լեռներու ստորոտին կայ Նարեկայ վանքը։ Այս վանքին մէջ կը գտնուին 11րդ դարու անուանի բանաստեղծ ու մատենագիր Գրիգոր Նարեկացիի (951-1010), նաեւ Վասպուրականի Սենեքերիմ թագաւորի, Խուշխուշ թագուհիի եւ Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոսի գերեզմանները։
Ապահով նախատեսումով ինչ որ ժամանակին մէջ ստեղծուեցաւ կը դիմանայ ժամանակին մէջ։ Հաւատքն ալ կը մրցի ժամանակին հետ։
Էրզրումի (Կարին) նահանգը կը կազմէ բռնագրաւուած Հայաստանի ամէնէն ընդարձակ հայկական նահանգը, իր մշակութային ու հոգեւոր կեդրոններով եւ փառաւոր հարուստ անցեալով։
Էրզրումը՝ հիւսիս արեւելքէն սահման ունենալով իր ժամանակի Ռուսաստանը, հիւսիսէն Տրապիզոնի նահանգը եւ արեւմուտքէն Սվազի (Սեբաստիա) նահանգը իր պատմական Խարբերդով, Պիթլիսի եւ Վանի նահանգով եւ 4 մեծ գետերով, որ կը բխին իր նահանգներու սահմաններէն՝ արեւելքէն Եփրատը, Արաքսը, արեւմտեան Եփրատը, Ճորոխը (Օլթիի ճիւղաւորումով) եւ 9 գաւառները, որոնցմէ ամէնէն ծանօթներն են մեր յեղափոխական պատմութենէն Քղին, Խնուսը իր նշանաւոր հանքերով եւ ջուրերով (Պինկէօլ)։
Էրզրումը հարուստ եղած է եկեղեցիներով, որոնցմէ ամէնէն ծանօթը եղած է 1840ին կառուցուած Ս. Աստուածածինը, իր առաջնորդարանով ու գերեզմանով։ Հոն կը գտնուի կախաղան բարձրացած մեր յեղափոխական անձնուէրներէն Արամ Արամեանի գերեզմանը։
Կախաղան բարձրացման օրը՝ այդ տխուր արարողութեան ներկայ եղած էր ամերիկացի հիւպատոսը, որ նկարահանած էր դէպքը։ Դիակը կախուած վիճակի մէջ երկու-երեք օր մնացած էր հրապարակին վրայ, որ թուրքերու տեսակ մը «ուխտատեղիի» վերածուած էր։
Դահիճները դիակը տուած էին հոն բնակող երեք հայերու։ Արամեան կախաղան բարձրանալէ առաջ 1896ին երեք տարի մնացած էր Կարինի բանտին մէջ, ուրկէ 30 Յուլիս 1896ին գրած էր իր ցնցիչ հայրենասիրական նամակը։ Արամեան ոգեկոչուած է նաեւ մեր յեղափոխական ազգային երգերուն մէջ։
Այս անհրաժեշտ փակագիծէն ետք, դարձեալ վերադառնանք մեր նիւթին։
Էրզրումի վանքերէն եղած է Կարմիր վանքը, ուր ուսանած են հայոց դպրութեան ու գիտութեան կրօնաւորներ, ինչպէս աստղագէտ Անանիա Շիրակացին, Գրիգոր Նարեկացին, Գրիգոր Մագիստրոսը, Արիստակէս Լաստիվերտցին եւ բազում ուրիշներ։
Կարինը 1914ին ունէր 60.000 բնակիչ, որուն 15.000ը հայեր էին։
Վանայ լիճի մօտակայ Փշաւանց գետի հովիտին մէջ կը գտնուի Նարեկ գիւղը, որու կեդրոնը կառուցուած է Նարեկի վանքը։
Անոր մէջ կը գտնուի 19րդ դարու ակնառու բանաստեղծ եւ մատենագիր Գրիգոր Նարեկացիի գերեզմանը, որ եղած է ուխտավայր շրջանի հայութեան համար։
Վանքը իբրեւ եկեղեցի գործած է մինչեւ 20րդ դարու սկիզբը։ Նարեկացիի բանաստեղծական շունչով գրուած աղօթագիրքը կը կոչուի «Մատեան Ողբերգութեան», աւելի ծանօթ «Նարեկ» անունով։
Գալով Արիստակէս Լաստիվերտցիին, եղած է 11րդ դարու մատենագիր (1153-1198) եւ իր խմբագրած «Պատմութիւնը» կը նկարագրէ սելճուքներու Հայաստան արշաւանքը, հայ — բիւզանդական յարաբերութիւնները, Բագրատունիներու անկումը (1045), Անիի գրաւումը (1064) եւ Մանազկերտի (Մանծիկերտ) պատերազմը (1071), սելճուքներու եւ Բիւզանդիոնի միջեւ։
Մարդիկ կան, որոնց շնորհիւ անցեալի մեր պատմութիւնը կը կարդանք այսօր։ Երախտապարտ ենք բոլորին։
Էրզրումի դաշտին վրայ (Կարինի նահանգ), կը գտնուէր Խաչկավանքը եւ Գըզըլ Քիլիսէ փոքրիկ եկեղեցին։