­Թուրք յայտ­նի պատ­մա­բան փրո­ֆե­սոր ­Պաս­քըն Օ­րան բնա­կան կը հա­մա­րէ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի կող­մէ ­Հա­յաս­տան-­Թուր­քիա Ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու կնքման ըն­թա­ցա­կար­գը դադ­րեց­նե­լու վե­րա­բե­րեալ ո­րոշ­ման ըն­դու­նու­մը:
Այս մա­սին, ըստ Armenpress.amի, ը­սած է պատ­մա­բա­նը` նշե­լով, որ հայ­կա­կան կող­մը բա­ւա­կան եր­կար սպա­սեց: «­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը չու­նէր մտադ­րու­թիւն կեան­քի կո­չե­լու ­Հա­յաս­տան-­Թուր­քիա ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը: Ա­տի­կա ա­ռա­ւել եւս անհ­նար էր «մէկ-մար­դու» վար­չա­ձե­ւի պա­րա­գա­յին: ­Շատ ափ­սոս: Ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը շա­հե­կան պի­տի ըլ­լա­յին եր­կու կող­մե­րուն հա­մար ալ»,- ար­ձա­նագ­րած է Օ­րան:
Ն­շենք, որ Հ.Հ. նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նը ­Մարտ 1ին հրա­ւի­րած ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի նիս­տին յայ­տա­րա­րած է «­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջեւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ հաս­տա­տե­լու մա­սին» եւ «­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման մա­սին» ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու կնքման ըն­թա­ցա­կար­գը դադ­րեց­նե­լու մա­սին:
Ան յանձ­նա­րա­րած է Հ.Հ. ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարդ ­Նալ­պան­տեա­նին ­Հա­յաս­տան-­Թուր­քիա Ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու կնքման ըն­թա­ցա­կար­գը դադ­րեց­նե­լու մա­սին ծա­նու­ցե­լու ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թեան: