ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

­Նոյն հաս­տա­տու­թեան մէջ կ’աշ­խա­տինք:
Ա­նու­նէն հե­տեւց­նե­լով` ռուս կը կար­ծէի զինք, եւ երբ պա­տահ­մամբ ի­րա­րու հան­դի­պէինք՝ անգ­լե­րէ­նով կը բա­րե­ւէինք զի­րար:
Ա­ռա­ւօտ մը, երբ վե­րե­լա­կին մէջ միայն եր­կուքս էինք, իր «­Բա­րի լոյս»ը շատ ա­նուշ հնչեց ա­կանջ­նե­րուս:
­Նախ` այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նե­ցայ, որ ին­ծի հա­ճոյք պատ­ճա­ռե­լու հա­մար սոր­ված էր հա­յե­րէ­նով բա­րե­ւել, ա­պա զար­մանքս շատ ա­ւե­լի մեծ ե­ղաւ, երբ մա­քուր հա­յե­րէ­նով սկսաւ խօ­սիլ հետս:
­Հայ էր, սա­կայն պայ­ման­նե­րու բե­րու­մով օ­տա­րա­ցու­ցած էր ա­նու­նը:
Ա­ռա­ջին մտա­ծումս ե­ղաւ այն, որ հա­ւա­նա­բար ռու­սի մը հետ ա­մուս­նա­ցած է, սա­կայն երբ յայտ­նեց իր եւ իր ա­մուս­նոյն հայ ըլ­լա­լը, չու­զե­ցի հե­տաքրք­րո­ւիլ օ­տար ա­նուն-մա­կա­նուն կրե­լուն վե­րա­բե­րեալ: ­Կա­րե­ւո­րը` հայ էր:
­Նոյն օ­րը, կէ­սօ­րո­ւան ճա­շի դա­դա­րին, մեր գոր­ծա­տե­ղիի ճա­շա­րա­նին մէկ ան­կիւ­նը եր­կուքս նստած, մեր ճա­շե­րուն ձեռք չզար­կինք:
­Ճա­շի դա­դա­րի ժամ­կէ­տը բա­ւա­կան մը ան­ցած ու ա­մէն­քը վե­րա­դար­ձած էին ի­րենց գոր­ծե­րուն: ­Միայն եր­կուքս մնա­ցած էինք: ­Ժա­մէն գա­ղա­փար չու­նէինք:
Ինք յու­զու­մով կը պատ­մէր իր ապ­րած ո­դի­սա­կա­նը, իսկ ես` կար­ծես թղթա­կից մը ըլ­լա­յի, նո­թեր կ’առ­նէի, հե­տա­գա­յին հայ ըն­թեր­ցող­նե­րուս մաս­նա­կից դարձ­նե­լու ­Պա­քո­ւի տան­ջո­ւած հա­յու­հիին ապ­րած գող­գո­թան:
* * *
Եր­կու քոյ­րերս ու ես ծնած ենք ­Պա­քու, հայ ըն­տա­նի­քի մէջ:
Ծ­նող­ներս` ղա­րա­բաղ­ցի են. ­Մար­տու­նիէն:
­Մեր բնա­կած շրջա­նը «­Փոք­րիկ ­Հա­յաս­տան» մըն էր, որ ­Լոս Ան­ճե­լը­սի Կ­լեն­տէյլ քա­ղա­քը կը յի­շեց­նէ, ու կը կո­չո­ւէր «Ար­մէ­նի­քենդ» (ա­զե­րի լե­զո­ւով` Էր­մէ­նի­քենդ»), կը նշա­նա­կէ «­Հայ­կա­կան գիւղ»:
Ո­րե­ւէ բա­նի պա­կա­սը բնաւ չէինք զգա­ցած: ­Տու­ներ­նիս ըն­դար­ձակ, նիւ­թա­պէս ա­պա­հով, եր­ջա­նիկ կեանք մը կը վա­յե­լէինք:
­Մեր տան մէջ, քոյ­րերս ու ես ի­րա­րու հետ ռու­սե­րէն կը խօ­սէինք: ­Մեր ծնող­նե­րը մե­զի հետ հա­յե­րէն կը խօ­սէին, սա­կայն մենք ռու­սե­րէ­նով կը պա­տաս­խա­նէինք: Ա­նոնք հա­յա­խօս էին ու ­Ղա­րա­բա­ղի բար­բա­ռը կը գոր­ծա­ծէին:
­Մեր ըն­կեր-ըն­կե­րու­հի­նե­րը, գրե­թէ բո­լո­րը հա­յեր էին, սա­կայն տրո­ւած ըլ­լա­լով, որ Ատր­պէյ­ճան տա­կա­ւին ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան մաս կը կազ­մէր, գրե­թէ ա­մէն մարդ ռու­սե­րէն կը խօ­սէր, եւ ա­զե­րի լե­զուն սոր­վե­լու կա­րի­քը բնաւ չենք զգա­ցած:
­Պա­քո­ւի մէջ հայ­կա­կան դպրոց գո­յու­թիւն ու­նէր, սա­կայն դժբախ­տա­բար եր­կու քոյ­րերս ու ես չենք յա­ճա­խած, եւ այդ պատ­ճա­ռով հա­յե­րէն գրել-կար­դալ սոր­վե­լու բախ­տը չենք ու­նե­ցած:
Ինչ­պէս ­Պա­քո­ւի հա­յե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը, կը յա­ճա­խէինք մեր շրջա­նի ռու­սա­կան դպրո­ցը եւ ա­զե­րի­նե­րու հետ ո­րե­ւէ կապ չենք ու­նե­ցած:
Ա­մուս­նա­ցած եմ հա­յու հետ, հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցիի մէջ եւ ու­նինք եր­կու զա­ւակ:
Մտ­քիս ծայ­րէն պի­տի չան­ցը­նէի, որ օր մը՝ կորսնց­նե­լով ա­մէն ու­նե­ցո­ւածք՝ պի­տի հե­ռա­նա­յինք ­Պա­քո­ւէն ու դառ­նա­յինք գաղ­թա­կան»:

* * *
Առ­տու մը արթն­ցանք, երբ ուժգ­նօ­րէն կը բա­խէին մեր տան դու­ռը` պո­ռա­լով, որ 24 ժա­մէն պէտք էր ձգենք տու­նը, ա­պա թէ ոչ բո­լորս պի­տի սպան­նեն:
Ան­շուշտ շատ վախ­ցած էինք եւ միամ­տօ­րէն կը կար­ծէինք, թէ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը կրնայ օգ­նել մե­զի, սա­կայն ա­ւե­լի ուշ հասկ­ցանք, որ ա­նոնք շատ ա­ւե­լի վատ­թա­րա­ցու­ցին կա­ցու­թիւ­նը:
1988ին ­Սում­կա­յի­թի ջար­դե­րը նա­խեր­գանքն էին ընդ­հա­նուր կո­տո­րած­նե­րուն ու տե­ղա­հա­նու­թեան, ո­րոնք տա­րա­ծո­ւե­ցան եւ վեր­ջա­պէս հա­սան ­Կի­րո­վա­պատ (­Գան­ձակ, Ա.) ու ­Պա­քու:
­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան փլու­զու­մի տա­րի­ներն էին եւ 1991ին Ատր­պէյ­ճան ան­կա­խու­թիւն հռչա­կած էր:
­Մեր բնա­կա­րա­նը կը գտնո­ւէր ա­մե­նաուժ­գին ցոյ­ցե­րու կեդ­րո­նը:
­Տան լոյ­սե­րը մա­րած, դուռ-պա­տու­հան փակ` մթու­թեան մէջ կը սպա­սէինք ներ­խու­ժու­մի մը, որ կրնար ո­րե­ւէ ժա­մա­նակ պա­տա­հիլ:
Ա­մու­սինս ու հայրս մու­թին մէջ կը սպա­սէին եւ մեզ պաշտ­պա­նե­լու հա­մար ի­րենց ձեռ­քե­րուն ու­նէին մէ­կա­կան դա­նակ:
­Մենք պա­հո­ւը­տած էինք մեր տան գետ­նա­յար­կը` ա­ռանց ու­տես­տե­ղէ­նի:
Ա­միս­նե­րով պա­շա­րո­ւած էինք խորհր­դա­յին հրա­սայ­լե­րով, ո­րոնք եր­բեք ա­պա­հո­վու­թիւն չբե­րին մե­զի:
Ա­նոնք ե­ղան պարզ ա­կա­նա­տես­ներ:
­Տե­սանք ա­զե­րի­նե­րու վայ­րագ յար­ձա­կում­նե­րը ան­մեղ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու վրայ, ո­րոնց միակ յան­ցան­քը հայ ըլ­լալն էր:
Ա­կա­նա­տես ե­ղանք հա­յե­րու, ո­րոնք գի­շե­րա­նո­ցով, եր­բեմն ո­տա­բո­պիկ, փա­խուստ կու տա­յին ի­րենց բնա­կա­րան­նե­րէն, կեան­քեր­նին փրկե­լու հա­մար կը վա­զէին դէ­պի ա­նո­րոշ ուղ­ղու­թիւն­ներ:
­Բա­նա­կը, ան­մեղ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն օգ­նե­լու փո­խա­րէն, կը խրա­խու­սէր խռո­վա­րար­նե­րը եւ ա­տե­լու­թիւն կը քա­րո­զէր:
Ան­կա­րե­լի էր նկա­րագ­րել խորհր­դա­յին բա­նա­կին ան­տար­բեր կե­ցո­ւած­քը:
­Պարզ հան­դի­սա­տես­ներ էին, եւ կար­ծես հա­ճոյք կ’առ­նէին տես­նե­լով ան­մեղ հա­յե­րու կո­տո­րա­ծը, փա­խուս­տը, ա­նոնց ինչ­քե­րուն կո­ղո­պու­տը:
­Պա­քու բնա­կող հա­զա­րա­ւոր հա­յեր բռնած էին գաղ­թի ճամ­բան՝ ա­մէն ինչ ձգե­լով իրնց ե­տին: ­Տուն, գոր­ծա­տե­ղի, ազ­գա­յին կա­լո­ւած­ներ:
* * *
­Մու­թը կո­խած էր եւ փո­ղոց­նե­րը` ա­մա­յա­ցած: Երկն­քի վրայ ո՛չ աստ­ղեր կ’ե­րե­ւէին, ո՛չ ալ լու­սին:
Ինք­նա­շարժ մը նստե­լով` ա­ճա­պա­րան­քով հա­սանք օ­դա­կա­յան, որ մեր տու­նէն շատ հե­ռու չէր գտնո­ւեր:
­Հե­տեր­նիս ա­ռինք միայն քա­նի մը կտոր հա­գուս­տե­ղէն եւ մեր տան մէջ գտնուող քա­նի մը հա­րիւր ռուբ­լին ամ­բող­ջու­թեամբ գոր­ծա­ծե­ցինք որ­պէս ճամ­բու ծախս: ­Տա­րի­նե­րու մեր ար­դար վաս­տա­կը ամ­բող­ջու­թեամբ ձգե­լով ­Պա­քու` մեծ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րով հա­սանք Ե­րե­ւան, ուր մեզ դի­մա­ւո­րե­ցին ա­մուս­նոյս ազ­գա­կան­նե­րը:
Ե­րե­ւա­նի մէջ 17 հո­գիով կը բնա­կէինք եր­կու սե­նեակ­նոց փոքր տնա­կի մը մէջ:
­Տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր գաղ­թա­կան­նե­րով լե­ցո­ւած էր Ե­րե­ւան քա­ղա­քը:
­Մեզ նման շա­տեր ա­պաս­տան գտած էին ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րուն մօտ, իսկ հա­րա­զատ չու­նե­ցող­նե­րը կը բնա­կէին դա­տարկ գոր­ծա­րան­նե­րու, նախ­կին բան­տե­րու կամ ան­գոր­ծա­ծե­լի դար­ձած թա­տե­րաս­րահ­նե­րու մէջ, ցուր­տին, ա­ռանց ջե­ռու­ցու­մի կամ վա­ռե­լա­նիւ­թի:
Երկ­րա­շար­ժի տա­րին էր, եւ ­Հա­յաս­տան` ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ պա­շա­րո­ւած, այդ պատ­ճա­ռով ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան ու վա­ռե­լա­նիւ­թի պա­կա­սը զգա­լի էր»:
«5 տա­րի Ե­րե­ւան մնա­ցինք: ­Կա­ցու­թիւ­նը փո­խա­նակ բա­րե­լա­ւո­ւե­լու, օ­րէ օր ա­ւե­լի կը վատ­թա­րա­նար: Ե­րե­ւա­նի բնա­կիչ­նե­րէն շա­տեր բռնած էին գաղ­թի ճամ­բան:
­Մէկ մա­սը կ­՛եր­թար ­Ռու­սիա` գործ ճա­րե­լու յոյ­սով, իսկ ա­րեւմ­տեան եր­կիր­նե­րու մէջ հա­րա­զատ­ներ ու­նե­ցող­նե­րը կը միա­նա­յին ի­րենց ազ­գա­կան­նե­րուն:
Որ­քա՞ն եր­կար կրնա­յինք մեր հիւ­րըն­կալ­նե­րուն վրայ բեռ դառ­նալ, մա­նա­ւանդ որ նիւ­թա­կան ե­կա­մուտ չու­նէինք, որ գէթ նիւ­թա­պէս օգ­տա­կար հան­դի­սա­նա­յինք մեր հա­րա­զատ­նե­րուն, ո­րոնք նոյն­պէս նիւ­թա­կան նեղ կա­ցու­թեան մէջ էին:
Ա­մուս­նոյս ­Ռու­սիա գտնո­ւող բա­րե­կամ­նե­րը մեզ քա­ջա­լե­րե­ցին, որ փո­խադ­րուինք ­Ռու­սիա, ուր աշ­խա­տե­լու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի շատ էին:
­Փո­խադ­րո­ւե­ցանք ­Ռու­սիա, ուր ա­մու­սինս չնչին աշ­խա­տա­վար­ձով մը կրցաւ գործ մը ճա­րել: ­Վար­ձե­ցինք մէկ սե­նեակ­նոց փոք­րիկ տնակ մը: ­Քա­նի մը տա­րի մնա­ցինք, մին­չեւ որ ­Լոս Ան­ճե­լըս գտնո­ւող իմ ազ­գա­կան­նե­րուս նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան օ­ժան­դա­կու­թեամբ հա­սանք հա­յե­րով լե­ցուն այս քա­ղա­քը, ուր գործ գտնե­լու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը շատ ա­ւե­լի էին, քան` ­Ռու­սիա կամ Ե­րե­ւան:
Ան­կէ ետք կեան­քը ա­ւե­լի հե­զա­սահ ըն­թա­ցաւ: ­Զա­ւակ­ներս ստա­ցան ձրի ու­սում: Ա­մու­սինս ու ես, եր­կուքս աշ­խա­տե­լով, մեծ­ցու­ցինք մեր զա­ւակ­նե­րը:
* * *
­Մին­չեւ ­Ղա­րա­բա­ղի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան թո­ւա­կան­նե­րը, ­Պա­քո­ւի մէջ խա­ղաղ կեանք մը կ’ապ­րէինք:
­Բո­լո­րէն սի­րո­ւած ու յար­գո­ւած էինք: Ու­նէինք հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի ու դպրոց, նաեւ` հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նա­տուն:
­Յա­ճախ ­Հա­յաս­տա­նէն հայ եր­գիչ­ներ կ’այ­ցե­լէին ­Պա­քու եւ ի­րենց հայ­կա­կան եր­գե­րով կը խան­դա­վա­ռէին մեզ:
­Հայ­կա­կան տօ­նե­րէ շատ գա­ղա­փար չու­նէինք: Ո­րե­ւէ կրօ­նա­կան պաշ­տա­մունք ար­տօ­նո­ւած չէր խորհր­դա­յին օ­րե­րուն, եւ հայ­կա­կան տօ­նե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ մոռ­ցո­ւած էին:
­Կի­րա­կի կամ տօ­նա­կան օ­րե­րուն ե­կե­ղե­ցի եր­թա­լու սո­վո­րու­թիւն չու­նէինք: Կ­’եր­թա­յինք միայն հար­սա­նի­քի կամ յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան պա­րա­գա­նե­րուն:
­Պա­քո­ւի ա­մե­նան­շա­նա­ւոր բժիշկ­ներն ու երկ­րա­չափ­նե­րը հա­յեր էին, սա­կայն դժբախ­տա­բար հա­յոց լե­զուն շատ չէր գոր­ծա­ծո­ւեր մե­ծա­մաս­նու­թեան կող­մէ:
­Հա­յաս­տա­նի ու Ատր­պէյ­ճա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը սի­րա­լիր էին: ­Նոյ­նիսկ ժո­ղովր­դա­կան երգ մըն ալ յօ­րի­նո­ւած էր, որ յա­ճախ կ­՛եր­գո­ւէր:
«Եղ­բայր դար­ձան ­Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան»…­ երբ յան­կարծ վրայ հա­սաւ ­Ղա­րա­բա­ղին վե­րա­տի­րա­նա­լու մեր ար­դար պա­հան­ջը, ո­խե­րիմ թշնա­մի­ներ դար­ձան ­Հա­յաս­տան եւ Ատր­պէյ­ճան:
­Բա­րի, աշ­խա­տա­սէր, սի­րո­ւած հա­յը մէկ օ­րէն միւ­սը ա­զե­րիին աչ­քին դար­ձաւ «ոճ­րա­գործ», «մար­դաս­պան»: ­Պա­քո­ւի փո­ղոց­նե­րը ան­մեղ հա­յե­րու ա­րիւ­նով ո­ղո­ղուե­ցան: ­Կին ու ե­րե­խայ կա­ցի­նա­հա­րո­ւե­ցան: ­Հա­յե­րու ինչ­քե­րը կո­ղոպ­տո­ւե­ցան, 300.000 հա­յեր հա­շո­ւող ­Պա­քու քա­ղա­քը դա­տար­կո­ւե­ցաւ: ­Հա­յե­րու տու­ներ, ազ­գա­յին կա­լո­ւած­ներ, ե­կե­ղե­ցի ու դպրոց հրկի­զո­ւե­ցան: ­Նոյ­նիսկ մեր մե­ռել­նե­րը հան­գիստ չձգե­ցին: ­Հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նա­տու­նը հիմ­նո­վին քան­դե­ցին ու շիր­մա­քա­րե­րը հիմ­նա­յա­տակ կոտր­տե­ցին:
«Եղ­բայր դար­ձան ­Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան»:
Ի՜նչ հեգ­նանք:
* * *
­Պահ մը կանգ ա­ռաւ: ­Գէշ ե­րա­զէ մը արթն­ցո­ղի նման յան­կարծ անդ­րա­դար­ձաւ, թէ ո՛ւր կը գտնո­ւինք:
Ը­սե­լիք չու­նէի: Այն­քա՜ն յու­զու­մով կը յի­շէր իր տան­ջո­ւած օ­րե­րը: Երկ­րորդ Ապ­րիլ 24 մըն էր, որ կը կա­տա­րո­ւէր, եւ ­Պա­քուն կը նմանց­նէի 1915ի ջար­դե­րուն ու տե­ղա­հա­նու­թեան:
­Թուր­քը` թուրք է, ուր որ ալ գտնո­ւի: ­Թուր­քիա թէ Ատր­պէյ­ճան:
­Հասկ­նա­լով հան­դերձ իր ապ­րած դա­ժան օ­րե­րը, կը ջա­նամ մխի­թա­րել զինք:
­Պա­քո­ւի հայ­կա­կան գա­ղու­թը, շատ մը ու­րիշ հայ­կա­կան գա­ղութ­նե­րու նման, պատ­մու­թեան ան­ցաւ, սա­կայն ա­զա­տագ­րո­ւե­ցաւ իր ծնող­նե­րուն ծննդա­վայ­րը` ­Ղա­րա­բա­ղը:
­Պա­քո­ւի, ինչ­պէս սփիւռ­քի հայ­կա­կան բո­լոր գա­ղութ­նե­րը, շատ մը հա­յե­րու հա­մար ե­ղած են ծննդա­վայր­ներ, սա­կայն` ոչ հայ­րե­նիք:
­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն նմա­նա­պէս մեծ թի­ւով հա­յեր գաղ­թե­ցին` ա­մէն ինչ ձգե­լով ի­րենց ե­տին, ո­րոնց­մէ մէ­կը այս տո­ղե­րը գրողն է, սա­կայն մենք լքե­ցինք մեր ծննդա­վայ­րը` պար­զա­պէս «մոր­թեր­նիս ա­զա­տե­լու» հա­մար:
­Պա­քո­ւէն եւ ­Սում­կա­յի­թէն գաղ­թող­նե­րու պա­րա­գան կը տար­բե­րի մեզ­մէ: Ա­նոնք եւս գաղ­թե­ցին, սա­կայն որ­պէս հե­տե­ւանք ա­զա­տագ­րո­ւե­ցաւ ­Ղա­րա­բա­ղը:
­Հա­զա­րա­ւոր հա­յե­րու բռունցք­նե­րը դէ­պի եր­կինք բարձ­րա­ցու­ցած լո­զունգ­նե­րը՝ «­Ղա­րա­բա­ղը մերն է», «­Ղա­րա­բա­ղը մերն է»` ի­րա­կա­նա­ցան:
Այ­սօր հպար­տօ­րէն կրնաք ը­սել: Ա­յո՛, ­Ղա­րա­բա­ղը մե՛րն է:
«Ինչ­քան էլ դժո­ւար լի­նի դի­մա­ցէ՛ք,
«­Հո­ղը ա­րիւ­նով են պա­հում, ի­մա­ցէ՛ք» (­Ժող. Երգ):
Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րու­մը ա­րիւ­նով կեր­տո­ւե­ցաւ: Ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու, նաեւ` ­Սում­կա­յի­թի եւ ­Պա­քո­ւի մէջ կո­տո­րո­ւած հա­յե­րու ա­րիւ­նով:
* * *
Այդ օ­րէն սկսեալ յա­ճախ կը խօ­սինք հա­յու­թիւ­նը հե­տաքրք­րող նիւ­թե­րու շուրջ:
«­Հա­յու­թիւ­նը արթն­ցաւ մէջս»,- կը կրկնէ յա­ճախ:
Ի­րեն կը յի­շեց­նեմ հայ­կա­կան տօ­նե­րը:
«Այ­սօր ­Վար­դա­նանց» է:
«­Մեծ պահ­քին 7 շա­բաթ մսե­ղէն չեն ու­տեր», եւ ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը`
«­Շու­տով ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 102րդ ­տա­րե­լիցն է»:
­Կա­րի­քը չկար յի­շեց­նե­լու: ­Տե­ղեակ էր, սա­կայն պարտք զգա­ցի յի­շեց­նել:
— «Ապ­րիլ 24ին, ար­ձա­կուրդ առ­նե­լու չմոռ­նաս…»:
Ժ­պիտ մը նշմա­րե­ցի դէմ­քին, ա­պա` գլխու թե­թեւ շար­ժում մը, որ­պէս հա­ւա­նու­թեան նշան:
­Հո­ղը ա­րիւ­նով կը պա­հո­ւի: