Շաբաթ՝ 6 Մայիս 2017ին, Թեսաղոնիկէի «Տէր Զաքարեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ պարախումբերու հաւաք եւ գեղարուեստական երեկոյ, կազմակերպութեամբ Թեսաղոնիկէի Համազգայինի «Ղազարոս Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան եւ համագործակցութեամբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան «Սողոմոն Թեհլիրեան» միութեան:
Այս ձեռնարկին մասնակցեցան Պուլկարիոյ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ եւ համայնքի պարախումբը, որ վարչութեան յատուկ հրաւէրով ժամանած էր Թեսաղոնիկէի հայ համայնք: Աննկարագրելի էր խանդավառութիւնը մեր համայնքի զաւակներուն, որոնք ներկայ էին սոյն ձեռնարկին: Ներկայ էին նաեւ Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Սմբատ Վրդ. Սապունճեան, ինչպէս նաեւ բոլոր գործող միութիւններու ատենապետներն ու անդամները:
Բացման խօսքը կատարեց «Ղազարոս Սարեան» մասնաճիւղի անդամ Տիկ. Լիլիթ Շահզատէյեան, որ շեշտը դրաւ հայ մշակոյթի կարեւորութեան վրայ:
Ապա՝ ելոյթ ունեցան Պուլկարիայէն ժամանած պարախումբը, Թեսաղոնիկէի Համազգայինի «Ղազարոս Սարեան» մասնաճիւղի «Մասիս» պարախումբը, նաեւ՝ Շաբաթօրեայ «Մալաքեան-Գասպարեան» վարժարանի պարախումբը: Մէկ ու կէս ժամ տեւողութեամբ այս ելոյթը լեցուն էր անակնկալներով, ծափահարութիւններով, ուր երեք պարախումբները ներկայացուցին Հայ մշակոյթի գերագոյն արժէքներէն մին՝ Հայ Պարը:
Ապա՝ հրաւիրուեցաւ համայնքիս հոգեւոր հովիւը իր սրտի խօսքը ուղղելու ներկաներուն, Հայր Սուրբը ըսաւ.- «Այսօրուան կատարուածը հայ ժողովուրդի դիմագիծը կը ներկայացնէ, այլ խօսքով՝ հայ ազգը այսօր կրկին անգամ ցոյց կու տայ, թէ պատրա՛ստ է պահպանելու իր հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային արժէքները: Խօսքերն աւելորդ են՝ արտայայտելու մեր ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը հանդէպ այս երեք պարախումբներուն, որոնք մեզ ներկայացուցին հայկական պարը իր ամբողջ իմաստով: Պուլկարիայէն ժամանած մեր պարախումբին կ՛ըսեմ՝ կրնամ պատկերացնել, թէ Պուլկարիոյ հայ համայնքը ինչքա՜ն հպարտ է ձեզմով, իսկ ես խոր համոզումով կը հաւատամ, որ դուք ուր որ ալ գտնուիք, որտեղ ալ ելոյթ ունենաք, հպարտութեան պատճառ պիտի հանդիսանաք համայն հայութեան: Մեր սիրելի «Մասիս» պարախումբը լաւ ճանչնալով եւ անցեալին անոնց պատասխանատուն ըլլալով՝ այսօր կ՛ուզեմ յայտնել, թէ դուք ղեկավարութեամբ ձեր ուսուցիչին՝ պարոն Յովիկ Թովմասեանին, այսօր տարբեր ոճով ներկայացաք մեզի, այս նշան է յառաջդիմութեան, եւ միշտ այդ հաւատքը ունեցէք, որ եթէ ոչ մենք, եթէ ոչ մեր զաւակաները, մեր թոռնիկներուն թոռնիկները Արարատի լանջին այս պարերը պիտի պարեն, միշտ ալ ձեր անուան համաձայն պահպանեցէք հայ պարը: Իսկ գալով մեր դպրոցի նորակազմ պարախումբին, տասը տարի ետք մենք իրար կը յիշեցնենք, որ այս մանուկները գլխաւորութեամբ անոնց ուսուցչուհիին՝ տիկին Եաննա Մելքումեանին պիտի գերազանցեն միւս երկու պարախումբները, որովհետեւ այս տարիքին անոնք արդէն իսկ նուիրուած են հայ մշակոյթին եւ մանաւանդ հայ պարին: Ես Թեսաղոնիկէի մէջ սորվեցայ ինչ կը նշանակէ համազգայնական ըլլալ եւ այդ մէկը կը պարտիմ վարչութեան ատենապետուհիին՝ տիկին Տիրուհի Գալֆայեանին, ահաւասիկ ա՛յս է համազգայինը, համազգայինը՝ հայ պա՛րն է, հայ ե՛րգն է, ՀԱՅ ՄՇԱԿՈ՛ՅԹՆ է: Գալով մեր երիտասարդներուն, որոնք այսօր այս երեկոն կազմակերպած են, սիրելիներ, կարչած մնացէք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարին, մեր պարախումբի անդամները գրեթէ բոլորը Երիտասարդականի անդամ են, սիրելի երիտասարդներ՝ ինչպէս գիտէք, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գլխաւոր նշանաբաններէն մին է Մահ կամ Ազատութիւնը, դուք այսօր այդ մահը վերածեցիք կեանքի եւ ազատութիւնը արժեւորեցիք որպէս յաւերժական ազատութիւն, այսօր մենք կարիքը ունինք նոր Սողոմոն Թեհլիրեաններու, Արմէն Գարոներու, Բաբգէն Սիւնիներու, Գարեգին Նժդեհներու եւ Արամ Երկանեաններու, մնացէ՛ք հաւատարիմ եւ ուժեղ ձեր պահանջատիրութեան մէջ: Վերջապէս, սիրելի ներկաներ, այս համայնքը մշտադալար պարտէզի կը նմանի իր երիտասարդներով, թող Աստուած պահէ մեր երիտասարդները եւ ձեր բոլորը, ամէ՜ն»։
Ապա՝ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն ի պատիւ մեր հիւրերուն, եւ ազգային ու յեղափոխական երգերով ներկաները կազմեցին հայկական շուրջպար: Այս խանդավառութիւնը ոգեւորեց մեր համայնքի զաւակները աւելի յաճախակիօրէն կազմակերպելու այսպիսի ձեռնարկներ:
Ս.Ս.
Պարախումբերու հաւաք՝ Թեսաղոնիկէի մէջ
Պարախումբերու հաւաք՝ Թեսաղոնիկէի մէջ