Վերջերս Շուշիի մէջ կ՚ընթանայ պատմական Վերին Ճումա մզկիթի վերականգնումը։ Այս աշխատանքը ունի համագործակցական բնոյթ, քանի որ ծրագրի մէջ ներառուած են զանազան հաստատութիւններ։ Առաջին հերթին «Հայաստանի Զարգացման Նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամը, «Արեւելեան Պատմական Ժառանգութեան Վերածնունդ» հիմնադրամը եւ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը միասնաբար ձեռնարկած են այս աշխատանքին։
Ծրագրի գործադրութիւնը առնչուած է «Հայաստանի Զարգացման Նախաձեռնութիւններ» հիմնադրամի բարերարներէն Կայրատ Պորանպայեւի Հայաստան եւ Արցախ կատարած այցելութիւններու ընթացքին բերած առաջարկին։ Այս ծրագիրը կը նախատեսէ մզկիթը հիմնովին վերականգնել, ապահովել անոր պատմական տեսքը, բարեկարգել յարակից տարածքները եւ ամրացնել մզկիթի հարեւանութեամբ գտնուած դպրանոցը։
Այս աշխատանքով պատմամշակութային յուշարձանը ապագային կը ծառայէ նաեւ մշակութային, զբօսաշրջային նպատակներուն։
IDeA Հիմնադրամի Արցախի զարգացման ծրագրի ղեկավար Սուրէն Ամիրբէկեան այս մասին կը յայտնէ հետեւեալը.- «Շուշին Արցախի իւրօրինակ վայրերից մէկն է, իսկ Վերին Մզկիթը՝ Շուշիի հին քաղաքի անքակտելի մէկ մասը։ Ուրախ ենք, որ մեր նուիրատուներէն մէկը ցանկութիւն ունեցած է գումար նուիրաբերելու այդ յուշարձանի վերականգման համար»։
Տրուած ըլլալով, որ մզկիթը իրանական պատմամշակութային յուշարձան է, վերականգման ծրագրի նախագծային աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած են նաեւ իրանական ճարտարապետական ընկերութիւն մը եւ իրանցի մասնագէտներ։
Շուշիի Վերին Ճումա մզկիթը կը վերանորոգուի
Շուշիի Վերին Ճումա մզկիթը կը վերանորոգուի