«­Շար­լի Էպ­տօ»

«­Շար­լի Էպ­տօ» ­ծաղ­րած է Էր­տո­ղա­նին ­յի­շեց­նե­լով ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը

0
1240

«­Շար­լի Էպ­տօ» շա­բա­թա­թեր­թը իր գեր­մա­նա­կան հրա­տա­րա­կու­թեան ­Մարտ ամ­սո­ւան թի­ւին կող­քին վրայ անդ­րա­դար­ձած է Էր­տո­ղա­նի` ­Գեր­մա­նիոյ ուղ­ղո­ւած մե­ղադ­րանք­նե­րուն` ծաղ­րե­լով թուրք նա­խա­գա­հի «նա­ցիա­կան գոր­ծե­լա­կերպ»-ի մա­սին ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը եւ յի­շեց­նե­լով ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: «Փ­րեն­սա Ար­մե­նիա» կը հա­ղոր­դէ, որ թեր­թի կող­քին վրայ ներ­կա­յա­ցո­ւած է Էր­տո­ղա­նի եւ տա­րեց գեր­մա­նա­ցի զօ­րա­վա­րի լու­սան­կա­րը: ­Զօ­րա­վա­րը Էր­տո­ղա­նին պա­տաս­խա­նե­լով կ­՛ը­սէ. «­Նա­ցիա­կան գոր­ծե­լա­կե՞րպ, թէ ոչ, հա­յե­րու պա­րա­գա­յին մենք կապ չու­նէինք»: