26 ­Յու­նո­ւա­րի այս օ­րը կ­՚ո­գե­կո­չենք մա­հո­ւան վաթ­սու­նա­մեա­կը հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­ժա­նա­ւոր դէմ­քե­րէն՝ հայ­կա­կան հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան մե­ծա­տա­ղանդ վար­պետ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեա­նի։
­Հայ մա­մու­լի պատ­մու­թեան մէջ բարձ­րա­դիր գա­գաթ մը կը հան­դի­սա­նայ ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով Ե­ղիա­զար, բայց ­Շա­ւարշ ա­նու­նով հա­յաշ­խար­հով մէկ հռչա­կո­ւած ­Մի­սա­քեան­նե­րու այս ան­զու­գա­կան ծնուն­դը։
Գ­րա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան կա­տա­րե­լա­գոյն մշա­կու­մի հա­սած իր ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով, կուռ ո­ճի եւ խո­հա­կան հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան իր տա­ղան­դով եւ, մա­նա­ւա՛նդ, դաշ­նակ­ցա­կա­նի ան­խախտ հա­ւատ­քով ու սկզբուն­քայ­նու­թեամբ՝ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան հրա­պա­րա­կագ­րա­կան իր ա­ռա­ջին քայ­լե­րէն իսկ գրա­ւեց ըն­թեցո­ղը, դար­ձաւ ա­նոր ու­ղին լու­սա­ւո­րող ան­մար փա­րոս։ ­Հան­դի­սա­ցաւ հայ կեան­քի ար­թուն պա­հա­կը, որ հան­րա­յին կար­ծիք ձե­ւա­ւո­րեց ու ա­ռաջ­նոր­դեց ամ­բողջ յի­սուն տա­րի՝ ե՛ւ երկ­րի մէջ, երբ թրքա­կան պե­տու­թեան հա­յաս­պա­նա­կան մեծ Ո­ճի­րը դեռ ի գործ դրո­ւած չէր, ե՛ւ ար­տերկ­րի տա­րած­քին, երբ աշ­խար­հաց­րիւ տա­րագ­րու­թեան դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դը։
­Յատ­կա­պէս իր մե­ծար­ժէք ձե­ռա­կերտն ու միա­ժա­մա­նակ փառ­քի դափ­նեպ­սա­կը մարմ­նա­ւո­րող փա­րի­զեան «­Յա­ռաջ» թեր­թով՝ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ստեղ­ծեց դաշ­նակ­ցա­կան իր ա­մէ­նօ­րեայ դպրո­ցը, որ ըն­թեր­ցող լայն հա­սա­րա­կու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան նկա­րա­գիր տո­ւաւ եւ շունչ ու հա­ւատք նե­րար­կեց հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­պա­գա­յին հան­դէպ։
­Նոյ­նիսկ իր մա­հէն ետք եւ մին­չեւ իսկ 1970ա­կան­նե­րէն սկսեալ, երբ դստեր՝ Ար­փիկ ­Մի­սա­քեա­նի խմբագ­րու­թեամբ շա­րու­նա­կո­ւած «­Յա­ռաջ»ը հա­կա­սու­թիւն­ներ ու հա­կադ­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հետ, նաեւ այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեա­նի խստա­պա­հան­ջու­թեան դրոշ­մը զգա­լի մնաց հայ մա­մու­լի այս ե­րախ­տա­ւո­րին վրայ։ Ան­տա­րա­կոյս այդ էր պատ­ճա­ռը, որ երբ «­Յա­ռաջ»ի դադ­րեց­ման յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ, սփիւռ­քա­հա­յու­թիւ­նը միա­հա­մուռ ոտ­քի ե­լաւ՝ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեա­նի ա­ւան­դա­կի­րը կան­գուն պա­հե­լու պա­հան­ջով…
­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան լոյս աշ­խարհ ե­կաւ 1884ի Օ­գոս­տո­սին, Ս. Աս­տո­ւա­ծած­նայ ­Կի­րա­կին, ­Սե­բաս­տիա նա­հան­գի ­Զի­մա­ռա գիւ­ղը։ 6 տա­րե­կա­նին ըն­տա­նի­քը փո­խադ­րո­ւե­ցաւ ­Պո­լիս, ուր ­Շա­ւարշ յա­ճա­խեց, յա­ջոր­դա­բար, ­Գում ­Գա­փո­ւի ­Մայր ­Վար­ժա­րա­նը, ­Կա­լա­թա­յի ­Կեդ­րո­նա­կա­նը եւ ­Կէ­տիկ ­Փա­շա­յի ­Կար­կու­րեան դպրո­ցը։ 16 տա­րե­կա­նին մուտք գոր­ծեց հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան աս­պա­րէզ՝ «­Սուր­հան­դակ» թեր­թի խմբագ­րու­թեամբ։
­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեա­նի հրա­պա­րա­կագ­րա­կան ինք­նա­հաս­տա­տու­մը սկսաւ 1908ին, երբ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի, ­Գե­ղամ ­Բար­սե­ղեա­նի եւ ­Վահ­րամ ­Թա­թու­լի հետ ձեռ­նար­կեց ­Պոլ­սոյ «Ազ­դակ» շա­բա­թա­թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան։ 1911-1912ին ստանձ­նեց ­Կար­նոյ հռչա­կա­ւոր «­Յա­ռաջ» թեր­թին խմբագ­րու­թիւ­նը։ 1913ին ­Պո­լիս վե­րա­դար­ձաւ՝ մաս կազ­մե­լու հա­մար Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Ա­զա­տա­մարտ»ի խմբագ­րու­թեան՝ ստանձ­նե­լով նաեւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը «Ա­զա­տա­մարտ» շա­բա­թա­թեր­թին։
Իր ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան հա­յեացք­նե­րուն ու կե­ցուածք­նե­րուն հա­մար ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան տե­ւա­կան հե­տապն­դու­մի են­թար­կո­ւե­ցաւ թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ եւ փախս­տա­կան՝ թաքս­տո­ցա­յին պայ­ման­նե­րու մէջ կը շա­րու­նա­կէր խմբագ­րա­կան իր աշ­խա­տան­քը 1915ին, երբ ցե­ղաս­պա­նը ի գործ դրաւ հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան զան­գո­ւա­ծա­յին ձեր­բա­կա­լութեան եւ աք­սո­րի ճամ­բուն վրայ սպա­նու­թեան ա­հա­ւոր ո­ճի­րը։ ­Մին­չեւ 1916ի ­Մար­տը, ­Շա­ւարշ կրցաւ խու­սա­փիլ իշ­խա­նու­թեանց հե­տապն­դում­նե­րէն, բայց ի վեր­ջոյ ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ՝ երբ կը փոր­ձէր ­Պո­լի­սէն հե­ռա­նալ ու ­Պուլ­կա­րիա անց­նիլ։ ­Դա­տո­ւե­ցաւ եւ մա­հո­ւան դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ, բայց վճի­ռը ցկեանս բան­տար­կու­թեան վե­րա­ծո­ւե­ցաւ եւ ­Շա­ւարշ բանտ մնաց մին­չեւ 27 նո­յեմ­բեր 1918, երբ ­Զի­նա­դա­դա­րէն ետք ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ։
Սկ­սաւ Շ. ­Մի­սա­քեա­նի խմբագ­րա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան կա­րե­ւոր շրջան­նե­րէն մէ­կը, երբ զի­նո­ւո­րագ­րուե­ցաւ գլխա­տո­ւած պոլ­սա­հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը վե­րաշ­խու­ժաց­նե­լու ան­խոնջ պայ­քա­րին՝ ստանձ­նե­լով «Ա­զա­տա­մարտ»ի շա­րու­նա­կու­թիւ­նը ե­ղող «­Ճա­կա­տա­մարտ»ի խմբագ­րա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։ ­Շա­ւարշ յա­ջո­ղե­ցաւ նոր ու­ժեր յայտ­նա­բե­րել եւ թեր­թին կա­պել՝ ընդ­հան­րա­պէս կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը վե­րա­դարձ­նե­լով պոլ­սա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան։ Իր այդ հան­գա­ման­քով ալ մաս­նակ­ցե­ցաւ 1919ին Ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.Դ. պատ­մա­կան մեծ նշա­նա­կու­թեամբ 9րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին։
1922ին, ­Քե­մա­լա­կան­նե­րու իշ­խա­նու­թեան աս­տի­ճա­նա­կան ամ­րապնդ­ման հե­տե­ւանք նոր հա­լա­ծանք­նե­րէ խոյս տա­լով՝ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան վերջ­նա­կա­նա­պէս հե­ռա­ցաւ ­Պո­լի­սէն, ան­ցաւ նախ ­Պուլ­կա­րիա, իսկ այ­նու­հե­տեւ՝ 1924ին, հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Փա­րիզ, ուր տա­րի մը ետք հիմ­նեց «­Յա­ռաջ» օ­րա­թեր­թը։
Ա­ւե­լի քան ե­րե­սուն տա­րի, ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան ա­ռաջ­նոր­դող ներ­կա­յու­թիւն ե­ղաւ ոչ միայն Եւ­րո­պա­յի, այ­լեւ ողջ հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, «­Յա­ռաջ»ի կող­քին նաեւ «Դ­րօ­շակ»ի խմբագ­րու­թեան մաս կազ­մե­լով եւ կու­սակ­ցա­կան բարձ­րա­գոյն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեանց կո­չո­ւե­լով՝ իբ­րեւ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի կամ Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ան­դամ։
­Յատ­կա­պէս հայ հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան մէջ ան­զու­գա­կան ե­ղաւ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեա­նի ներդ­րու­մը։ ­Ռու­բէն ­Զար­դա­րեա­նի կող­քին՝ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան մե­ծա­գոյն դեր կա­տա­րեց ա­րեւմ­տա­հայ ար­ձա­կը հրա­պա­րա­կագ­րա­կան լե­զո­ւի վե­րա­ծե­լու յի­շար­ժան գոր­ծին մէջ։ Իր խմբագ­րա­կան­ներն ու տոմ­սե­րը ա­մէ­նօ­րեայ տաք հա­ցի պէս գա­ղա­փա­րա­կան սնուն­դը դար­ձան ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րու՝ Ֆ­րան­սա­յի մէջ թէ սփիւռս հա­յաշ­խար­հի։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան, ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան եւ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման գա­ղա­փա­րա­կան ու բա­րո­յա­կան ա­ւանդ­նե­րուն եր­դո­ւեալ պաշտ­պա­նը հան­դի­սա­ցաւ։ Ա­զատ, Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի հան­գա­նա­կը եւ ա­նոր խորհր­դան­շան­նե­րը՝ Ե­ռա­գոյն դրօ­շը, ­Զի­նան­շա­նը եւ «­Մեր ­Հայ­րե­նիք»ը պաշ­տա­մուն­քի ա­ռար­կան դար­ձան ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեա­նի հրա­պա­րա­կագ­րա­կան հա­րուստ վաս­տա­կին։ Ազ­գա­յին ա­նա­ռար­կե­լի այդ ար­ժէք­նե­րուն ու­րաց­ման բո­լոր փոր­ձե­րուն եւ փոր­ձու­թիւն­նե­րուն դէմ յատ­կա­պէս բուռն ե­ղան Շ. ստո­րագ­րո­ւած խա­րա­զա­նու­մի իր է­ջե­րը։
Ի­րա­ւամբ հայ հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան ար­թուն պա­հակն ու ան­կա­շառ պատ­գա­մա­խօ­սը կը հան­դի­սա­նայ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան, ո­րու մա­հո­ւան 60ա­մեա­կի ո­գե­կոչ­ման թող ծա­ռա­յեն յատ­կա­պէս հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն ուղ­ղո­ւած Շ.ի խոր­հուրդն ու պատ­գա­մը.-

— «ՏԷՐ ԵՂԷՔ ՁԵՐ ԿՈՉՈՒՄԻՆ»
Չ­կայ հա­յե­րէն թերթ մը, որ չփա­ռա­բա­նէ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը իբ­րեւ վա­ղո­ւան յոյ­սը, լոյ­սը եւ ու­րիշ ա­մէն բան։
Ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ինքն ալ իւ­րա­ցու­ցած է կարգ մը բա­ռեր ու նշա­նա­խօս­քեր, եւ կ’ար­տա­սա­նէ հան­դի­սա­ւոր ա­ռիթ­նե­րու մէջ։
Եւ ա­մէնքն ալ կը մխի­թա­րո­ւին, փայ­լուն հե­ռան­կար­ներ նա­խա­տե­սե­լով։ ­Մա­նա­ւանդ ե­թէ նո­րա­հաս­նե­րէն մէկն ու մէ­կը բաց­ման ճառ մըն ալ խօ­սի հա­յե­րէն։
­Շատ քի­չեր կ’անդ­րա­դառ­նան, թէ այս շար­ժումն ալ թու­լաց­ման, լճաց­ման ախ­տան­շան­ներ ցոյց կու տայ գա­ղու­թին մէջ։
­Ձեռք բե­րո­ւած ար­դիւն­քը չի հա­մա­պա­տաս­խա­ներ կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տան­քին։
Ա­մէն տեղ ալ կը պար­զո­ւի հե­տե­ւեալ պատ­կե­րը.- ­Քիչ-շատ հա­սուն­ցած ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը տա­կա­ւին ի վի­ճա­կի չէ վա­րե­լու նո­րեկ­նե­րը, զարկ տա­լու շար­ժու­մին։

­Բա­ցար­ձակ պայ­ման է հա­յե­րէն սոր­վիլ, ժո­ղով­նե­րը եւ թղթակ­ցու­թիւն­նե­րը վա­րել մայ­րե­նի լե­զո­ւով։ Ա­պա ու­րեմն ու­շադ­րու­թեամբ հե­տե­ւիլ պատ­մու­թեան, աշ­խար­հագ­րու­թեան եւ գրա­կա­նու­թեան դա­սե­րուն, ինչ­պէս եւ զա­նա­զան դա­սա­խօ­սու­թեանց։
Ի՞նչ կ­’ար­ժէ ե­րի­տա­սար­դու­թիւն մը կամ ոե­ւէ միու­թիւն, որ կը խու­սա­փի այս տար­րա­կան պար­տա­կա­նու­թե­նէն։
­Նոր ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ոչ թէ վա­ղո­ւան յոյս կամ լոյս, այլ դաշ­տի բոյս ան­գամ չի կրնար դառ­նալ, ա­ռանց սեր­տօ­րէն կա­պո­ւե­լու իր ժո­ղո­վուր­դին մշա­կոյ­թին հետ։
­Տա­րա­գիր բազ­մու­թիւն­նե­րը պէտք չու­նին ոչ սա­լո­նա­կան, ոչ ալ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­ցի ե­րի­տա­սար­դու­թեան մը։
Օ­րո­ւան պա­հանջն է սե­րունդ մը, որ մի­ջա­վայ­րէն ստա­ցած ուս­ման վրայ բար­դէ, ա­նոր հետ ներ­դաշ­նա­կէ իր հայ­րե­նի պատ­մու­թիւնն ու մշա­կոյ­թը, որ­պէս­զի կա­րե­նայ պա­հել եւ զար­գաց­նել ժա­ռան­գու­թիւ­նը։
Ա­ռանց այս հիմ­նա­կան պայ­մա­նին, ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը կը դառ­նայ ան­գոյն բազ­մու­թիւն մը, իսկ հայ­րե­նի մշա­կոյթն ալ՝ ան­շարժ կա­լո­ւած կամ հին ազ­գաց պատ­մու­թիւն։
Ե­րի­տա­սար­դու­թեան կո­չումն է ջա­հեր վա­ռել, եւ ոչ թէ կե­րոն բռնել։

— «ԿԱՐԳԸ ՁԵ՜ՐՆ Է, ՏՂԱՔ»
Ա­մէն սե­րունդ պի­տի ու­նե­նայ կա­մա­ւոր­ներ, ծա­ռա­յե­լու հա­մար իր ժո­ղո­վուր­դին եւ ա­նոր մի­ջո­ցաւ՝ ընդ­հա­նուր մարդ­կու­թեան։
Բ­նու­թիւ­նը այ­լա­զան շնորհ­ներ տո­ւած է բո­լո­րին։ Մ­նա­ցեա­լը կը լրաց­նէ մար­դը ինք՝ հա­ւատ­քով ու աշ­խա­տան­քով։
Ա­ռանց այս հիմ­նա­կան դա­ւա­նան­քին ո­րե­ւէ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւն պի­տի դառ­նար ամ­բո­խին մէկ մա­սը։ ­Թե­րեւս ա­մէ­նէն ան­պի­տա­նը։
Եւ ա­մէն սե­րունդ միշտ քայլ մը յա­ռաջ պի­տի նե­տո­ւի, նոր ար­ժէք­նե­րու հե­տապն­դու­մով։
Իր նա­յո­ւած­քը պի­տի ըլ­լայ վճիտ։ ­Միտ­քը՝ սուր։ ­Սիր­տը՝ տաք։

Ե­րէկ տժգոյն եւ նկուն, այ­սօր բո­ցա­վառ եւ հա­սա­կա­գեղ, դո՛ւն՝ ե­րի­տա­սար­դու­թիւն ­Հա­յոց, աչ­քերդ ուղ­ղէ դէ­պի հայ­րե­նի ­Տուն։
Ո՛չ թէ ա­նոր չորս պա­տե­րուն մէջ կծկո­ւե­լու, այլ նոր հո­րի­զոն փնտռե­լու եւ պար­պո­ւած դիր­քե­րը գրա­ւե­լու հա­մար։
«Եա­թա­ղան»ը ա­րեան գե­տեր հո­սե­ցուց, բայց ­Հայ­կա­զանց ո­գին մնաց ա­նեղծ՝ սա­ւառ­նե­լով հո­րի­զո­նէ հո­րի­զոն։
­Թոյլ մի՛ տաք, տղա՜ք, որ օ­տա­րու­թեան գո­լոր­շի­նե­րը ծծեն այդ ո­գին՝ ձեր ե­տին ձգե­լով միայն դա­րա­ւոր պատ­մու­թեան մը կմախ­քը։