«­­Թա­լի­շիս­տա­նը այ­սօր կ­­՛ապ­րի նոյն ճա­կա­տա­գի­րը, ո­րուն մա­սին հի­մա կը խօ­սինք ­­Ղա­րա­բա­ղի վե­րա­բե­րեալ: ­­Թա­լի­շիս­տա­նը, կա­րե­լի է ը­սել, շրջա­փակ­ման մէջ է»,- այ­սօր «Ս­տե­փա­նա­կեր­տի շրջա­փակ­ման ճեղ­քու­մը. 25 տա­րի անց» փոր­ձա­գի­տա­կան աշ­խա­տա­ժո­ղո­վի ժա­մա­նակ յայ­տա­րա­րած է օ­րերս ըն­տա­նի­քով Ատր­պէյ­ճա­նէն ­­Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խո­ւած, ­­Թա­լի­շա­կան մշա­կոյ­թի խոր­հուր­դի ան­դամ, ­­Թա­լի­շա­կան ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման մաս­նա­կից, «­­Թո­լի­շի ­­Սա­դօ» թեր­թի թղթա­կից ­­Շա­հին ­­Միր­զոե­ւը:
Ան պատ­մած է, որ թա­լիշ­նե­րը այ­սօր Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ ո­րե­ւէ հե­ռուս­տա­տե­սու­թեամբ կամ ռա­տիո­յով չեն կրնար բարձ­րաց­նել ի­րենց յու­զող հար­ցե­րը:
«Ա­նոնք ալ, ո­րոնք քիչ մը կը խօ­սին, ե­թէ թա­լիշ­ցի են, կը բան­տար­կո­ւին կամ կը սպան­նո­ւին: Այ­սօր Ատր­պէյ­ճա­նէն ­­Ռու­սիա փա­խած է ա­ւե­լի քան 300 հա­զար թա­լիշ, քա­նի որ կը հե­տապն­դո­ւին»,- «­Փա­նե­րա­մա»ի փո­խանց­մամբ՝ ը­սած է թա­լիշ գոր­ծի­չը:
Ըստ ա­նոր, քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րը քա­նի դեռ կը մտա­ծեն, ­­Թա­լի­շիս­տա­նի մէջ պի­տի ծա­գին նոյն ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ինչ որ ­­Ղա­րա­բա­ղի մէջ. «2 մի­լիո­նէն ա­ւե­լի թա­լիշ­ներ կը բնա­կին Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ, ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է զա­նոնք ոչն­չաց­նել եւ ամ­բողջ աշ­խար­հը ուղ­ղա­կի կող­քէն դի­տէ: Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ սե­փա­կան լե­զո­ւով ռա­տիօ, հե­ռուս­տա­տե­սու­թիւն, դա­սա­գիր­քե­րը պա­հան­ջե­լը, կը նշա­նա­կէ դառ­նալ ան­ջա­տո­ղա­կան ու ազ­գին թշնա­մի»:
­­Հար­ցու­մին` ինչ­պէ՞ս կա­յա­ցուց ըն­տա­նի­քով ­­Հա­յաս­տան գա­լու ո­րո­շու­մը, որ ինչ-որ տեղ վտան­գա­ւոր չէ՞ր, Շ. ­­Միր­զոե­ւ ­պա­տաս­խա­նած է. «Ես ա­տի­կա վտան­գա­ւոր չէի հա­մա­րեր: Վ­տան­գա­ւոր էր իմ` Ատր­պէյ­ճան գտնո­ւիլս: Ես Ատր­պէյ­ճա­նէն ուղ­ղա­կի փա­խած եմ իմ ըն­տա­նի­քով` մա­հէն խու­սա­փե­լու հա­մար: ­­Դար­ձեալ հոն վե­րա­դառ­նա­լը` ին­ծի հա­մար մահ էր: Իսկ ­­Հա­յաս­տան գա­լը վտան­գա­ւոր չէր: Ես չեմ սխա­լած»,- ը­սած է ­­Շա­հին ­­Միր­զոե­ւ:
­­Յի­շեց­նենք, որ ­­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն դի­մած է ­­Շա­հին ­­Միր­զոե­ւը` խնդրե­լով ի­րեն տրա­մադ­րել ժա­մա­նա­կա­ւոր ա­պաս­տան, քա­նի որ հան­դի­սա­նա­լով ­­Թա­լի­շա­կան մշա­կոյ­թի խոր­հուր­դի ան­դամ, ­­Թա­լի­շա­կան ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման մաս­նա­կից, «­­Թո­լի­շի ­­Սա­դօ» թեր­թի թղթա­կից ստի­պո­ւած ե­ղած է փախ­չե­լու Ատր­պէյ­ճա­նէն` ազ­գա­յին եւ կրօ­նա­կան փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն հան­դէպ բռնաճն­շում­նե­րու ու ա­նոնց ի­րա­ւունք­նե­րու կոպ­տա­գոյն ոտ­նա­հա­րում­նե­րուն պատ­ճա­ռով, եւ ըն­տա­նի­քով ժա­մա­նած ­Հա­յաս­տան: ­­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը դրա­կան ար­ձա­գան­գած են ­­Շա­հին ­­Միր­զոե­ւի խնդրան­քին: