Ան­ցեալ տա­րո­ւան նա­խա­վեր­ջին շաբ­թո­ւան մէջ, Ա­թէն­քի ­Նէոս ­Գոզ­մոս թա­ղա­մա­սի Հ.Յ.Դ. «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ­Կո­մի­տէու­թեան ըն­կե­րա­կան ժո­ղո­վի զրոյ­ցին նիւ­թը կազ­մե­ցին հա­յաս­տա­նեան չորս ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ, ո­րոնք այդ օ­րե­րուն մեր ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցու­ցած էին ի­րենց վրայ:
Իբ­րեւ զե­կու­ցա­բեր՝ ըն­կե­րու­հի ­Նո­րա ­Քիւր­տօղ­լեան-­Գու­յում­ճեան այդ չորս ի­րա­դար­ձու­թեանց մա­սին կա­տա­րեց վեր­լու­ծա­կան ակ­նարկ­նե­րով խոր­քա­յին ներ­կա­յա­ցում մը, որ­մէ ետք ըն­կեր­ներ յայտ­նե­ցին ի­րենց տե­սա­կէտ­նե­րը: Զ­րոյ­ցի կա­րե­ւոր բա­ժին­նե­րուն խտա­ցու­մը կու տամ ստո­րեւ՝ են­թադ­րե­լով, որ ա­նոնք շա­հե­կան կը նկա­տո­ւին ըն­թեր­ցող­նե­րուն կող­մէ:

1. Ու­սա­նո­ղա­կան ցոյ­ցեր.

Ող­ջու­նե­լի պէտք է հա­մա­րո­ւին ու­սա­նո­ղա­կան ցոյ­ցե­րը, մա­նա­ւանդ որ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ե­րե­ւոյթ մը կը կազ­մեն ա­նոնք՝ բաղ­դա­տած այլ եր­կիր­նե­րու, ո­րոնց ու­սա­նող­նե­րը կրթա­կան ու ըն­կե­րա­յին, կամ այս ու այն պա­հանջ­նե­րով յա­ճախ կ­՚աղմ­կեն հրա­պա­րա­կը եւ ի­րենց ներ­կա­յու­թիւ­նը կը պար­տադ­րեն: ­Տեղ­ւոյն Հ.Յ.Դ. ու­սա­նո­ղա­կան միու­թիւ­նը ցոյ­ցե­րու մա­սին ու նկատ­մամբ կար­ծիք ու դիր­քո­րո­շում չու­նե­ցաւ, ինչ որ քիչ մը տա­րօ­րի­նակ թո­ւե­ցաւ: ­Ցու­ցա­րար­նե­րուն դրած պա­հան­ջը ուղ­ղո­ւած էր եր­կու նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու՝ պաշտ­պա­նու­թեան եւ կրթու­թեան: ­Հա­ւա­նա­բար մեր ու­սա­նո­ղա­կա­նին լռու­թիւ­նը բա­ցատ­րո­ւի ա­նով, որ կրթու­թեան նա­խա­րա­րը դաշ­նակ­ցա­կան է:
­Քա­ղա­քա­կան կարգ մը գոր­ծիչ­ներ ցոյ­ցե­րը ար­հա­մար­հե­լու եւ ար­ժեզր­կե­լու մի­տու­մով ա­ռաջ քշե­ցին ցու­ցա­րար­նե­րուն սա­կա­ւա­թիւ ըլ­լա­լը, մինչ­դեռ խոր­քին մէջ պար­զո­ւած այդ պատ­կե­րը մտա­հո­գիչ պէտք է նկա­տո­ւէր իս­կա­կան գոր­ծիչ­նե­րու հա­մար, քա­նի որ հայ­րե­նի­քի ներ­կան ու ա­պա­գան՝ այ­սինքն ու­սա­նող­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը, կը նշա­նա­կէ, թէ բաղ­կա­ցած է կրա­ւո­րա­կան կամ հնա­զանդ տղոց­մէ, ան­հա­ղորդ ՝ նոյ­նիսկ իր կեան­քին առն­չո­ւող խնդիր­նե­րուն:
Չ­պակ­սե­ցան գոր­ծիչ­ներ, ո­րոնք ցու­ցա­րար­նե­րը ամ­բաս­տա­նե­ցին վախ­կո­տու­թեան պատ­ճա­ռով զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թե­նէ փա­խուստ տա­լու դի­տա­ւո­րու­թիւն ու­նե­նալ­նուն հա­մար: ­Մինչ­դեռ ա­նոն­ցը դէմ ըլ­լալն էր նոր օ­րի­նագ­ծի մը, ըստ ո­րուն՝ 18 տա­րե­կա­նի հա­սած ու­սա­նո­ղը պէտք է դադ­րեց­նէր ու­սու­մը, 2 տա­րի զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը կա­տա­րե­լէ ետք կրկին վե­րա­դառ­նար ու­սու­մին: Ա­նոնք դէմ էին նաեւ այն խտրա­կա­նու­թեան, որ գո­յու­թիւն ու­նի զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան պա­րա­գա­յին եւս՝ հա­րուստ­նե­րու, պե­տա­կան բարձ­րաս­տի­ճան այ­րե­րու եւ աղ­քատ-չքա­ւոր զա­ւակ­նե­րու մի­ջեւ:
Ա­մէն պա­րա­գա­յի, ցու­ցա­րար ու­սա­նող­նե­րու հաս­ցէին նե­տո­ւած ան­պա­տո­ւա­բեր այդ վե­րագ­րում­նե­րը ա­նըն­դու­նե­լի են, քա­նի՝ վեր­ջին հա­շո­ւով, այդ տղաքն են, որ «պար­տադ­րա­բար» կամ «խան­դա­վառ եր­գե­րով» վա­ղը պի­տի եր­թան դիրք բռնե­լու՝ հայ­րե­նի­քի սահ­ման­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան…:

2. ­Հայ­կա­կան նոր դրա­մա­նիշ­ներ

Առ­նո­ւազն զար­մա­նա­լի է, որ պե­տա­կան-կա­ռա­վա­րա­կան ո­րո­շու­մով ու հա­մա­հայ­կա­կան տա­րո­ղու­թեամբ՝ 1918ի ան­կա­խու­թեան հռչա­կու­մի ու պե­տա­կա­նա­շի­նու­թեան 100ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թեանց պատ­րաս­տուող մեր երկ­րին մէջ, հինգ տե­սա­կի նոր դրա­մա­նիշ­ներ հրա­պա­րա­կո­ւին, բայց եւ այն­պէս ա­նոնց­մէ ո՛չ մէ­կուն վրայ դրո­ւած ըլ­լայ ան­կա­խու­թեան «հայր»ը նկա­տո­ւող Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի կամ պե­տա­կա­նու­թեան կա­ռու­ցու­մի գլխա­ւոր կեր­տի­չին՝ ­Յովհ. ­Քա­ջազ­նու­նիի նկա­րը:
Դ­րա­մա­նի­շին վրայ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու պատ­կեր չդնե­լու 25ա­մեայ հին օ­րէն­քի մը գո­յու­թիւ­նը այս զան­ցա­ռու­թեան ար­դա­րա­ցու­մը չի կրնար ըլ­լալ եր­բեք՝ տրո­ւած ըլ­լա­լով, որ նախ՝ հիմ­նա­դիր այդ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ չեն, այլ պատ­մակ­շիռ ու մե­ծա­նուն հա­յեր, եւ երկ­րորդ՝ որ օ­րէնք­նե­րը աս­տո­ւա­ծա­տուր չեն, փո­փո­խե­լի են: Եր­բե­ւի­ցէ չի­մա­ցո­ւե­ցաւ, թէ ոե­ւէ պատ­գա­մա­ւոր նշեալ ար­գե­լա­կող օ­րէն­քին փո­փո­խու­թեան ա­ռա­ջար­կը ներ­կա­յա­ցու­ցած ըլ­լայ Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վին կամ այ­լուր…:
Հն­չեց նաեւ տե­սա­կէտ, որ այդ անձ­նա­ւո­րու­թեանց՝ Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի կամ ­Յովհ. ­Քա­ջազ­նու­նիի պատ­մու­թեան ան­ցած ըլ­լա­լը, ո­րով եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ չհա­մա­րո­ւի­լը կրնայ հիմ­նա­ւո­րում նկա­տո­ւիլ մե­զի հա­մար, բայց չմոռ­նանք, որ ա­նոնց պատ­կա­նած կու­սակ­ցու­թիւ­նը ՝ Հ.Յ.Դ.ն ­գոր­ծօն է տա­կա­ւին եւ դե­րա­կա­տար՝ քա­ղա­քա­կան կեան­քի մէջ, ինչ որ կը նշա­նա­կէ, թէ այն­քան ալ պարզ չէ զա­նոնք քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ չհա­մա­րե­լը: ­Սեւ կա­տակ մըն ալ լսո­ւե­ցաւ, թէ այս պա­րա­գա­յին՝ հա­ւա­նա­բար Ա­րամն ու ­Քա­ջազ­նու­նին «զո­հերն» են մեր կու­սակ­ցու­թեան եր­կա­րա­կեա­ցու­թեան…:

3. Ըն­տա­նե­կան բռնու­թիւն­նե­րը ար­գի­լող օ­րի­նա­գիծ

Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գին դրուած էր ըն­տա­նե­կան բռնու­թիւն­նե­րը ար­գի­լող օ­րի­նա­գիծ մը, որ տա­րօ­րի­նակ ա­ռար­կու­թիւն­նե­րով ժա­մա­նակ մը ընդ­դի­մու­թեան բա­խե­լէ ու ձգձգման քաշք­շու­քի են­թա­կայ դառ­նա­լէ ետք, ի վեր­ջոյ փո­փո­խու­թիւն­ներ կրե­լով քո­ւէար­կո­ւե­ցաւ:
­Զար­մա­նա­լի է, որ նման «յա­պա­ղած» օ­րի­նա­գիծ մը ո­րոշ շրջա­նակ­նե­րէ դժկա­մու­թեան կը հան­դի­պի երկ­րի մը մէջ, որ ­Հա­յաս­տանն է եւ որ 100 տա­րի ա­ռաջ ե­ղած էր ա­ռա­ջա­տա­րը այր ու կին հա­ւա­սա­րու­թեան՝ քո­ւէար­կե­լու հա­ւա­սար ի­րա­ւունք­նե­րով օժ­տո­ւած :
Օ­րի­նագ­ծին նկատ­մամբ վա­րա­նումն ու վե­րա­պա­հու­թիւ­նը կը կրէին ընդ­հան­րա­կան բնոյթ: Ո՛չ մէկ խմբակ­ցու­թիւն վճռա­կան ե­ղաւ ա­նոր որ­դեգ­րու­մի պա­հան­ջով: Ա­ռար­կու­թիւ­նը այն էր, թէ ներ-ըն­տա­նե­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­ւան­դու­թիւն­ներ եւ ըմբռ­նում­ներ կան (ե­ղեր), զորս կա­րե­լի չէ ան­տե­սել, չյար­գել: ­Թէ ի՞նչ են այդ «ազ­գա­յին ա­ւան­դու­թիւն­ներն ու ըմբռ­նում­նե­րը», չյստա­կա­ցան, չբարձ­րա­ձայ­նո­ւե­ցան, ինչ որ են­թադ­րել կու տայ, որ ըն­տա­նի­քին մէջ «տի­րա­պե­տո­ղի» ի­րա­ւուն­քը կը պատ­կա­նի այ­րե­րուն: Կ­՚ե­րե­ւի թէ միայն այ­րե­րուն պէտք է վե­րա­պա­հո­ւի … զ­-այր-ա­նա­լու, թե­րեւս նաեւ ի հար­կին պատ­ժե­լու ի­րա­ւուն­քը՝ ա­ռանց ա­ռար­կու­թեան..:

4. Ա­րա­մի տան պա­րա­գան

Եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր եւ ընդ­հան­րա­պէս սփիւռ­քի շրջա­նակ­նե­րէ բարձ­րա­ձայն դի­տել կը տրո­ւի, որ Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի ա­ւե­րակ տու­նը զա­նա­զան­նե­րու կող­մէ ոչ-թա­փան­ցիկ ե­ղա­նա­կով ձեռ­քէ ձեռք անց­նե­լէ, առք ու վա­ճառ­քի շա­հար­կում­նե­րու են­թա­կայ դառ­նա­լէ ետք՝ յա­տա­կագ­ծո­ւած մեծ ծրագ­րի մը ի­րա­գործ­ման «զոհ» դառ­նա­լու վտան­գին մէջ կը գտնո­ւի հի­մա: ­Կը պա­հան­ջո­ւի, որ պատ­մա­կան ու ազ­գին հա­մար նո­ւի­րա­կան այդ ա­ւե­րա­կը փրկո­ւի եւ վե­րա­ծո­ւի տուն-թան­գա­րա­նի: ­Հա­յու­թեան հա­մար ար­դէն իսկ ան­պա­տո­ւա­բեր է այդ տան ներ­կա­յի ա­ւե­րա­կեալ պատ­կե­րը, նոյն­պէս, ա­ւե­լի՚ մեծ ա­մօթ մը պի­տի ըլ­լայ ա­նոր փճա­ցու­մը այն­պէս, ինչ­պէս ա­մօ­թի խա­րան ե­ղաւ՝ այլ նո­ւի­րա­կան կա­ռոյ­ցի մը բից­ցա-ճա­շա­րա­նի վե­րա­ծո­ւի­լը:
Ո­րոշ ժա­մա­նակ ա­ռաջ, Ա­րա­մի տու­նը փրկե­լու վա­րա­նոտ ու ա­նո­րոշ խոս­տում­ներ տրո­ւե­ցան թէեւ կա­ռա­վա­րա­կան շրջա­նակ­նե­րէ , բայց ցարդ գործ­նա­կան ոչ մէկ քայլ առ­նո­ւած է: ­Բարձ­րա­ձայ­նո­ւած պա­հան­ջին դի­մաց՝ տրուած ա­նո­րոշ խոս­տու­մը վե­րա­հաս­տա­տող ձայն չի լսո­ւիր, ինչ որ կրկնա­պէս մտա­հո­գիչ է:
­Հասկ­նա­լի է, թէ շի­նա­րա­րա­կան մեծ ծրա­գիր մը, նոյն­քան մեծ ներդ­րում մը եւ նոր աշ­խա­տա­տե­ղի­ներ ու­նե­նա­լու հե­ռան­կա­րը կը դժո­ւա­րաց­նեն Ա­րա­մի տան փրկու­թիւ­նը վճռող ո­րո­շու­մի մը կա­յա­ցու­մը: ­Նոյն­պէս սա­կայն ան­հասկ­նա­լի է եւ դա­տա­պար­տե­լի՝ ազ­գա­յին նո­ւի­րա­կան կա­ռոյց­նե­րը ան­տե­սե­լու, զա­նոնք ան­կա­րե­ւոր հա­մա­րե­լու իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու վար­քա­գի­ծը, ո­րուն հա­մար կա­ռա­վա­րա­կան, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի եւ կամ մտա­ւո­րա­կան շրջա­նակ­նե­րէ հա­կազ­դող ձայն գրե­թէ չի լսո­ւիր: ­Բո­ղոքն ու նո­ւի­րա­կան խորհրդա­նիշ­նե­րը պահ­պա­նե­լու պա­հան­ջը ընդ­հան­րա­պէս սփիւռ­քէն է, յա­ճախ՝ ա­պար­դիւն:
­Կա­յա­ցած այս զրոյ­ցէն ու մատ­նանշում­նե­րէն կա­րե­լի է հե­տեւց­նել, թէ բար­քե­րու, հար­ցեր դի­մագ­րա­ւե­լու եւ ընդ­հան­րա­պէս ըմբռ­նում­նե­րու ոչ-ար­հա­մար­հե­լի հե­ռա­ւո­րու­թիւն մը կը բաժ­նէ ­Հա­յաս­տա­նի հա­յը սփիւռ­քա­հա­յէն՝ աշ­խար­հագ­րա­կան-բա­ժա­նա­րար հե­ռա­ւո­րու­թե­նէն ան­կախ: ­Գի­տէինք, թէ ար­ժէ­քա­յին տար­բեր ըն­կա­լում­նե­րու եւ մտայ­նու­թեանց կրող­ներ են ա­նոնք: ­Նո­րու­թիւն չէր: Խն­դիրն այն է, թէ կը մտա­ծո­ւի՞ ար­դեօք բա­ժա­նա­րար անջր­պե­տը չքաց­նե­լու մա­սին:

Ըն­կեր մը