ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն շա­բաթ մը ետք, հան­դարտ սպա­սո­ղա­կա­նու­թիւն կը տի­րէ քա­ղա­քա­կան հար­թա­կի վրայ։ ­Քա­ջա­լե­րե­լի պէտք է հա­մա­րել նման քա­ղա­քա­կան ան­դոր­րու­թիւն։ Այս կա­ցու­թիւ­նը վստա­հա­բար կը թե­լադ­րէ, թէ խորհր­դա­րա­նա­կան թէ ար­տա­խորհր­դա­րա­նա­կան քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը ձեռ­նար­կած են նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու՝ դի­մա­կա­լե­լու պե­տա­կան ու կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գի բա­րե­փոխ­ման մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, ո­րոնց հա­մար անհ­րա­ժեշտ եւ բար­ւոք լու­ծում­նե­րը եր­կար ա­տե­նէ ի վեր կը խու­սա­փին մեզ­մէ։
Ան­շո՛ւշտ, ան­պայ­ման կը գտնո­ւին մար­դիկ եւ ու­ժեր, ո­րոնք հասկ­նա­լի պատ­ճառ­նե­րով չբաժ­նեն բա­րե­փո­խում­նե­րու ի­րա­գործ­ման հաշ­ւոյն կա­տա­րո­ւած այս լա­ւա­տե­սու­թիւ­նը։ Ն­ման յո­ռե­տե­սու­թիւն բնա­կան է, երբ նկա­տի ու­նե­նանք մեր նո­րան­կախ հան­րա­պե­տու­թեան ղե­կա­վար­ման դառն փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը։
­Նոյ­նինքն խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք­նե­րը ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն կը ներշն­չեն յո­ռե­տե­սու­թեան ու նո­ւազ ակն­կա­լու­թիւն­նե­րու տրա­մադ­րու­թիւն­ներ եւ զգա­ցում­ներ։ Ոչ միայն քա­ղա­քա­կան հա­շո­ւարկ­նե­րը, այ­լեւ քա­ղա­քա­կան բնազ­դը կրնան խստօ­րէն թե­լադ­րել նման ժխտա­կան վե­րա­բեր­մունք։ Ընտ­րու­թիւն­նե­րու ա­ւար­տին ար­դիւնք­նե­րու հա­մայ­նա­պատ­կե­րը շատ յստակ էր։ ­Ժո­ղո­վուր­դը իր խօս­քը ը­սաւ։ ­Սա­կայն, ա­ւե­լի ճիշդ պի­տի ըլ­լայ ը­սել, որ կարգ մը ու­ժեր, ի գին օ­րի­նա­խախ­տում­նե­րու, ի­րե՚նք այդ խօս­քը ը­սել տո­ւին ժո­ղո­վուր­դի մե­ծա­մաս­նու­թեան։
Այս բո­լո­րով հան­դերձ, գո­յու­թիւն ու­նի քա­ղա­քա­կան գե­րակշ­ռող ի­րո­ղու­թիւն մը, որ ինք­զինք կը պար­տադ­րէ եր­կի­րը ուղ­ղե­լու դէ­պի պե­տա­կան եւ հա­մա­կար­գա­յին բա­րե­կարգ­ման ճա­նա­պարհ։ Այ­սօր, նոր եւ հիմ­նա­կան փո­փո­խու­թիւն մը կա­տա­րո­ւած է հայ­րե­նի քա­ղա­քա­կան ու պե­տա­կան կեան­քին մէջ։ ­Հա­յաս­տա­նը ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ հան­րա­պե­տու­թիւն է։ Ա­սի­կա թէ՛ քա­ղա­քա­կան եւ թէ ազ­գա­յին ի­րա­կա­նու­թիւն մըն է հի­մա, որ կը պար­տադ­րէ խորհր­դա­րա­նէն ներս թէ դուրս գտնո­ւող բո­լոր ու­ժե­րուն՝ ըն­թա­նալ ըստ այնմ եւ ըստ կա­ռա­վար­ման ո­ճա­յին, մտա­յին եւ աշ­խա­տան­քա­յին բա­րե­փոխ­ման։
­Խորհր­դա­րա­նա­կան կար­գը այն նոր սկիզբն է, որ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ա­ռա­ջադ­րեց ու խոս­տա­ցաւ իր ընտ­րա­կան ծրագ­րով եւ ընտ­րար­շա­ւի լու­սա­բա­նում­նե­րով։ ­Կեն­սա­կան ի­րո­ղու­թիւն է այս նոր սկիզ­բը։ ­Թե­րեւս ներ­կա­յիս շա­տե­րու հա­մար դժո­ւար է խո­րա­չա­փել կա­ռա­վար­ման բա­րե­կար­գու­մին ա­նոր բե­րե­լիք կեն­սա­կան նպաստ­նե­րը։ ­Բայց ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին, խորհր­դա­րա­նա­կան քննար­կում­նե­րու ճամ­բով, բա­րե­րար օ­րի­նագ­ծե­րու որ­դեգ­րու­մով, աս­տի­ճա­նա­բար պի­տի անդ­րա­դառ­նան եւ հա­մո­զո­ւին բո­լոր ու­ժե­րը, թէ ճիշդ ու անհ­րա­ժեշտ էր այս նոր սկիզ­բը՝ ի սէր մեր ժո­ղո­վուր­դի բա­ւա­րար­ման եւ ի խնդիր մեր պե­տա­կան կա­ռա­վար­ման բա­րե­լա­ւու­մին։
­Պէտք է անդ­րա­դառ­նալ, ինչ­պէս նաեւ պէտք է գոր­ծել այն գի­տակ­ցու­թեամբ, որ հայ­րե­նի խորհր­դա­րա­նը պի­տի ըլ­լայ հայ քա­ղա­քա­կան կեան­քի կա­ռա­վար­ման զսպիչ ու հա­կակշ­ռող կեդ­րո­նը։ Իր օ­րէնս­դիր եւ գոր­ծա­դիր ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րով, այս կեդ­րո­նը պի­տի ըլ­լայ քա­ղա­քա­կան ու պե­տա­կան զար­գաց­ման այն մե­քե­նան, ո­րուն վստա­հո­ւած է նո­ւա­ճել ար­դար կար­գե­րու հաս­տատ­ման, բար­գա­ւաճ ըն­կե­րու­թեան ա­ռա­ջաց­ման եւ պար­կեշտ հան­րա­յին ծա­ռա­յու­թեան մը ստեղծ­ման պար­տա­կա­նու­թիւ­նը։
­Դիւ­րին պի­տի չըլ­լայ հայ­րե­նի խորհր­դա­րա­նին գոր­ծը, ինչ­պէս դիւ­րին չէ ե­ղած ու չէ ո­րե­ւէ գործ, որ կը մի­տի ա­նէաց­նել խլիր­դի նման վէրք կա­պած հին ու սե­փա­կան հա­շիւ­նե­րու ծա­ռա­յող կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գեր։ ­Սա­կայն, մեր խորհր­դա­րա­նը պի­տի կա­րե­նայ քան­դել ժանգ կա­պած «ստա­տուս քո­ւո»ներ, ո­րոնք ոչ միայն վնա­սա­բեր են հայ­րե­նի­քին ու ժո­ղո­վուր­դին, այլ նաեւ ժա­մա­նա­կավ­րէպ դար­ձած են։
­Տէր կանգ­նե­լով խորհր­դա­րա­նա­կան իշ­խա­նու­թեան մը հաս­տատ­ման ժո­ղո­վուր­դի վճի­ռին՝ հայ­րե­նի Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վը պի­տի գոր­ծէ ա­ռա­ջաց­նե­լու հա­մար քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն զար­գա­ցած ու ար­դիա­կան այն հա­մա­կար­գը, ո­րուն ար­ժա­նի են մեր ժո­ղո­վուրդն ու հայ­րե­նի­քը։ Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի դան­դաղ, սա­կայն կլա­նիչ քայ­լե­րուն տակ, պի­տի հիւ­ծին հին հա­մա­կարգն ու ա­նոր մնա­ցոր­դը։ Այս ի­մաս­տով, մեր խորհր­դա­րա­նը պի­տի ըլ­լայ՝ ի սպաս հայ­րե­նի­քի եւ ի խնդիր ժո­ղո­վուր­դի ուղ­ղա­միտ կա­ռա­վար­ման, օ­րէն­քի վե­րա­հաս­տատ­ման եւ ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան հար­թիչ ա­նի­ւը։
­Հարց է թէ ինչ­պէ՞ս նման ի­րա­գոր­ծում կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ, երբ Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վը կը վխտայ գա­ղա­փա­րա­զուրկ, ան­դի­մա­գիծ եւ անձ­նա­կա­նա­ցո­ւած ու­ժե­րով, ո­րոնք մե­ծա­մաս­նու­թիւն կը կազ­մեն եւ վստա­հա­բար պի­տի պաշտ­պա­նեն տա­րի­նե­րէ ի վեր ի­րենք ի­րենց վե­րա­պա­հած շա­հե­րը։ Ն­ման ու­ժեր հին հա­մա­կար­գը կը ներ­կա­յաց­նեն։ Ա­նոնք պի­տի փոր­ձեն շա­րու­նա­կել կեն­դա­նի պա­հել այդ յա­մե­ցող հա­մա­կար­գը։ Ա­նոնք տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր իշ­խող նո­մէնկ­լա­թու­րա­յի (իշ­խա­նա­խաւ) կազ­մա­կերպ ու­ժերն են։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին, ա­նոնք նոր շղար­շով, սա­կայն հին ճա­նա­պար­հով պի­տի փոր­ձեն պահ­պա­նել ի­րենց անձ­նա­պէս ձեռն­տու հա­մա­կար­գը։
Այս հար­ցին պա­տաս­խա­նը պէտք է փնտռել խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րար­շա­ւի ըն­թաց­քին դրսե­ւո­րո­ւած այն խու­ճա­պին մէջ, ո­րուն մատ­նո­ւե­ցան հին հա­մա­կար­գի պահ­պա­նիչ ու­ժե­րը։ ­Ճիշդ է, ա­նոնք կա­րո­ղա­ցան մե­ծա­մաս­նու­թիւն ա­պա­հո­վե­լով մուտք գոր­ծել նոր խորհր­դա­րան։ ­Սա­կայն, ա­տոր հա­մար ա­նոնք սուղ գին վճա­րե­ցին։ ­Գի­նը, որ վճա­րե­ցին, միայն դրա­մա­կան չէր, այլ բա­րո­յա­կան ու քա­ղա­քա­կան էր։ Այս ու­ժե­րը բա­րո­յա­կան ու քա­ղա­քա­կան նոյն գի­նը վճա­րե­լու հար­կադ­րան­քին տակ պի­տի գտնո­ւին խորհր­դա­րա­նի մէջ։
Այդ ու­ժե­րուն հա­մար հին հա­մա­կար­գը պա­հե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քը կ­՚են­թադ­րէ քա­ղա­քա­կան եւ բա­րո­յա­կան նոր սա­կա­գին մը, որ բա­ւա­կա­նին թանկ պի­տի ըլ­լայ ա­պա­գա­յի հաշ­ւոյն՝ յա­ջորդ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, երբ պի­տի ներ­կա­յա­նան ժո­ղո­վուր­դին պա­տաս­խա­նե­լու, թէ ի՞նչ կա­տա­րե­ցին բա­րե­փո­խե­լու հա­մար եր­կի­րը։ Եւ մեր ժո­ղո­վուր­դը ի­մաս­տուն է։ ­Մեր ժո­ղո­վուր­դը գի­տէ ճիշդ հար­ցու­մը կա­տա­րել ճիշդ ա­տե­նին ու ճիշդ հաս­ցէին։
Այդ ու­ժե­րը նաեւ ու­նին քո­ւէ­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը խորհր­դա­րա­նէն ներս։ ­Քո­ւէ­նե­րը վա­ւե­րա­կան ուժ են ո­րո­շում մը կա­յացմ­նե­լու հա­մար։ ­Սա­կայն ո­րո­շու­մի բա­նա­ձե­ւումն է կա­րե­ւո­րը։ Այս բա­նա­ձե­ւու­մին մշակ­ման մէջ ազ­դե­ցիկ եւ ա­ռաջ­նոր­դող պի­տի ըլ­լայ այն ու­ժը, որ տես­լա­կան, հե­ռան­կար եւ մշա­կո­ւած ծրա­գիր ու­նի՝ ան­կախ իր քո­ւէ­նե­րու համ­րան­քէն։
­Հե­տե­ւա­բար, մէկ­դի դրած ի­րենց ներ­կա­յա­ցու­ցած քո­ւէ­նե­րու հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րը, ներ­կայ խորհր­դա­րա­նա­կան ու­ժե­րը նոր հա­մա­կարգ մը հաս­տա­տե­լու եւ հա­շո­ւե­տո­ւու­թիւն կա­տա­րե­լու պար­տա­ւո­րու­թեան հարց ու­նին՝ ի դի­մաց մեր ժո­ղո­վուր­դին։ Այս եր­կու պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին, Հ. Յ. ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ի սկզբա­նէ միակն է, որ կրնայ ճիշդ, ան­կեղծ ու հա­ւա­տա­րիմ պա­տաս­խա­նը տալ մեր ժո­ղո­վուր­դին։
Մ­նա­ցեալ ու­ժե­րուն կը մնայ ի­րենց գոր­ծու­նէու­թեան ան­կա­տար պար­տա­մուր­հա­կով ներ­կա­յա­նալ ժո­ղո­վուր­դին։
Եւ ժո­ղո­վուր­դը ար­դա­րօ­րէն հարց պի­տի տայ ա­նոնց, թէ իբ­րեւ ա­ռաջ­նոր­դող ուժ ի՞նչ կա­տա­րե­ցիք հայ­րե­նի­քին պե­տա­կան ու հա­մա­կար­գա­յին կա­ռա­վար­ման բա­րե­կար­գու­մին հա­մար։ Ա­նոնց պա­տաս­խա­նը անս­տոյգ է։ ­Սա­կայն Հ. Յ. ­Դաշ­նակ­ցու­թեան պա­տաս­խա­նը յստակ է։
­Մինչ այդ, ա­պա­գա­յի այդ հար­ցադ­րում­նե­րէն ա­ռաջ, պէտք է անդ­րա­դառ­նալ պե­տու­թեան բա­րե­կարգ­ման գծով քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցու­մին եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի կող­մէ հար­ցադր­ման գծով մեր քա­ղա­քա­կան մշա­կոյ­թին։ Այս զոյգ հար­ցե­րու մա­սին յա­ջոր­դիւ։