ՊԱՐԷՏ ՔՀՆՅ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Երկար ժամանակէ ի վեր լուրերէն կը լսենք, թէ կլիմայի ջերմաստիճանի հետզհետէ բարձրանալուն պատճառով, հիւսիսի սառոյցները սկսած են հալիլ։ Պատկերները ցոյց կու տան, թէ հսկայ տարածութիւն եւ բարձրութիւն ունեցող սառերը սկսած են փոքրանալ ու անյայտանալ։ Եւ սառոյցը ի վերջոյ ջուրի կը վերածուի։
Վերջերս վերոնշեալ պարագան պետութիւններու, գիտնականներու եւ բնութեան պաշտպան կազմակերպութիւններու մօտ լուրջ մտահոգութիւն յառաջացուցած է։ Ծովու մակերեսը քիչ-քիչ կը բարձրանայ եւ ո՞ւր պիտի հասնի։ Ու եթէ այդպէս շարունակուի, ջրհեղեղներ պիտի պատահին եւ մեծ տարածութիւններ ու քաղաքներ պիտի ողողեն։ Ջրհեղեղներ պիտի պատահին եւ մեծ թիւով մարդոց ջուրերուն հետ պիտի տանին։ Նոր ու սաստիկ ջրհեղեղներ, որոնց դիմաց նորօրեայ Նոյեան Տապանները հաւանաբար չդիմանան։ Այդ պատճառով գիտաժողովներ կը գումարուին, առաջքը առնելու համար նման աղէտներու։
Այո՛, մարդիկ մտահոգ են ապագայի հաւանական ջրհեղեղներէն։ Բնական է, որ պիտի մտահոգուին իրենց հոգիին ու ինչքերուն համար։ Բայց միւս կողմէ բազմաթիւ ու բազմազան հեղեղներ արդէ՛ն կը պատահին, որոնք ողողած են աշխարհը։ Մարդիկ ջուրէն մտահոգ են միայն։ Մինչդեռ այդ հեղեղները կործանած են աշխարհի վրայ խաղաղութիւնն ու մարդկութիւնը։ Այդ հեղեղները փոխած են կլիման, ապականած են մթնոլորտը եւ թունաւորած ջուրն ու բնութիւնը։ Արդարեւ ի՞նչ կը մնայ պակաս՝ միայն ջո՞ւրը։
Բայց ուրկէ՞ յառաջ կու գան այդ հեղեղները։
Պետութիւններու հեղեղներ, որոնք երկու մասերու կը բաժնուին։ Առաջինը՝ կողոպուտ։ Նախագահներ, նախարարներ, երեսփոխաններ, քաղաքապետներ եւ այլ պատասխանատու անձեր կ’ընտրուին ժողովուրդէն՝ երկրին ու ժողովուրդին բարելաւման համար գործելու։ Նոյն նպատակին համար պարտաւոր են գործելու նաեւ թագաւորներ ու իշխաններ։ Բայց անոնք բոլորը հակառակը կը կատարեն։ Անոնք կու գան երկիրն ու ժողովուրդի իրաւունքը յափշտակելու։ Ժողովուրդը կը վճարէ, պետութիւնը կ’ուտէ։ Պետութեան յարկին տակ միջակները կը հարստանան, իսկ հարուստները «մեծ» բառին կը տիրանան։ Եւ երկրորդը՝ պատերազմ։ Հզօր պետութիւններ տկար պետութիւններու դէմ պատերազմ կը հռչակեն, ոչ քաղաքական կամ ռազմագիտական պատճառներով։ Այլ՝ քարիւղի, ոսկիի կամ ադամանդի հանքերը գողնալու յստակ նպատակով։ Մէկ խօսքով՝ այլ ժողովուրդներու իրաւունքը բռնի կողոպտելու։ Օրինակի համար, կեդրոնական Ափրիկէի երկիրները հարուստ են ոսկիի, ադամանդի եւ այլ հանքերով, բայց ժողովուրդը տգէտ է եւ թշուառ։
Ասոնց վրայ կարելի է նաեւ աւելցնել հիւլէական ռումբերու փորձերը եւ մեծ պետութիւններու զէնք վաճառելու մրցակցութիւնը։ Զինամթերքը ողողած է աշխարհը եւ անոր թունաւոր պայթուցիկը աւելցուցած է հիւանդութիւններու տեսակը եւ հիւանդներու թիւը։
Կուսակցութիւններու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու հեղեղներ։ Կը տեսնենք, թէ որքան բազմացած եւ տարածուած է սոյն կառոյցներէն ներս աթոռ մը գրաւելու պայքարը։ Մարդիկ աթոռի կը ձգտին առաւելաբար օգտուելու եւ նուազագոյնը օգնելու տեսլականով։ Կառոյցին գաղափարը մէկ կողմ, իսկ մարդոց նպատակը՝ միւս կողմ։ Հետեւաբար, այդ աթոռին սիրոյն խմբակցութիւններ կը կազմուին, նեղութիւն ու քէնութիւն յառաջ կու գան։ Աւելի՛ն. հարցը ժողովի սեղանէն կ’ելլէ եւ անկիւններու օրակարգ կը դառնայ։ Ի վերջոյ, Աստուած օգնէ ընտրուողին ու մխիթարէ չընտրուողին։
Մարդոց սխալ մտածելակերպն ու գործելակերպը ժամանակի ընթացքին կառոյցը բաժնեցին ներքին երեք մասերու։ Առաջին՝ իսկական գաղափարականները, որոնք գրեթէ ձայն չունին։ Երկրորդ՝ ժամանց կամ դիրք փնտռողները։ Երրորդ՝ վաճառականները, որոնց ձեռքն է որոշումը։
Այս բոլորին վրայ կ’աւելցնենք նաեւ այն ցաւալի լուրը, որ կը տեղեկացնէ, թէ UNICEFի պաշտօնեաներ դատապարտուած են՝ մարդասիրական իրենց աշխատանքի ընթացքին քանիցս բռնաբարութիւն գործելու յանցանքով։ Մօտ 60.000 այդպիսի ամօթալի պարագաներ տարիներու ընթացքին արձանագրուած ու ներկայացուած են Մ.Ա.Կ.ին։
Կրօններու հեղեղներ։ Դժբախտաբար կրօնական կառոյցները չկարողացան իրենց աղօթատեղիներուն դռները փակ ու ապահով պահել։ Կրօնաւորներ չկարողացան իրենց ուխտին վրայ հաստատ մնալ եւ շատեր յանձնուեցան դժբախտ ճակատագրին։ Քրիստոս մէ՛կ է։ Ան ծնաւ քարայրի մը մէջ ու Իր առաքելութեամբ միացման կէտը դարձաւ համայն մարդկութեան։ Քարոզեց, բժշկեց, օգնեց ու մխիթարեց մարդոց, առանց հարցնելու ինքնութիւն կամ պատկանելիութիւն։ Բաւ է, որ ենթական Աստուծոյ հաւատար։ Քրիստոս մարդոց փրկութեան համար արիւն թափեց ու ապա յարութիւն առաւ, Իր հետեւորդներուն թողելով կրած խաչն ու Իր վարդապետութիւնը։ Ետքը, սակայն, Քրիստոսի անունով տասնեակ ու աւելի համայնքներ եւ խմբակցութիւններ հիմնուեցան։ Քրիստոսի մէ՛կ Աւետարանէն աստուածաբանական ու դաւանաբանական տեսակաւոր հարցեր ծագեցան։ Այդ հարցերը տարբերութիւններ մէջտեղ բերին, իսկ տարբերութիւնը բերաւ հեռաւորութիւն։ Դարերէ ի վեր, տարբեր եկեղեցիներու հոգեւորականներ իրարու հետ Քրիստոսով մէկ եղբայրներ չեն։ Երբեմն ալ թշնամի են։
Եկեղեցիներու ներքին իրավիճակը եւս փոխուած է։ Հեղեղները ողողած են կղերական դասու մեծ մասը։ Կը լսենք կամ կը տեսնենք, թէ հոգեւորական մը լողաւազանով շքեղ տուն մը կը գնէ։ Ուրիշ մը խանութ կը բանայ։ Մէկը դրամատան մէջ աներեւակայելի գումար մը ունի։ Միւսը կեանքի մէջ ձախողելէ ետք հոգեւորականութեան կը դիմէ։ Եւ այլ օրինակներ։
Հարցէն հարց մը եւս կը ծագի, երբ եկեղեցիներու կամ կրօնական հաստատութիւններու պատասխանատուներ կը նշանակուին աշխարհական դասէն անյարմար անձեր։ Մին Աստուծմէ հեռու, ուրիշ մը եկեղեցւոյ պատմութենէն անտեղեակ, միւսը եկեղեցւոյ ու եկեղեցականի կարգ ու կանոնէն գաղափար չունի։ Մէկը եկած է զբաղուելու եւ կամ օգտուելու։ Այստեղ ալ աթոռի պայքար։ Ի վերջոյ պէտք է ըսել, որ կացութիւնը նոյնն է այլ կրօններու մօտ եւս։
Վստահաբար որ այդ հեղեղներէն զանց չի մնար երբեւիցէ մարդը։ Ան երբեմն զոհ կը դառնայ պետութեան, կուսակցութեան կամ եկեղեցւոյ ազդեցութիւններուն։ Բայց շատ անգամներ ալ ինքզինք հեղեղին մէջ կը նետէ իր կամքով։ Այսինքն՝ ինքզինք կը զոհէ։
Մարդը ծնած է իր կեանքը ազատ ապրելու, գործելու եւ արտայայտուելու։ Առօրեայ կեանքը սակայն լեցուն է փորձանքներով ու փորձութիւններով։ Ուստի՝ ան իր հաւատքով ու գիտակցութեամբ պէտք է յաղթահարէ զանոնք։ Բայց կ’ուզէ՞ կամ ոչ։ Հո՛ս է հարցը։
Կեանքի մէջ կան տեսակաւոր երեւոյթներ, պահեր ու պարագաներ, որոնք մարդուն ու շրջապատին կը վնասեն։ Հակառակ սոյն իրողութեան, անոնք զարմանալիօրէն հաճելի կը թուին մարդուն։ Եւ այդ հաճոյքը կը մղէ զինք կամովին սխալներ գործելու, մինչեւ իսկ իր կեանքը փճացնելու գնով։ Գողութիւնը, նախանձը, կաշառքը, գինեմոլութիւնը, թմրեցուցիչը, անբարոյութիւնը եւ այլ վատ յատկութիւններ, հեղեղի նման ներթափանցած են մարդու մտքին ու հոգիին մէջ եւ աղաւաղած են անոր մաքուր նկարագիրը։ Ընկերային կեանքէն ներս եւս բարեկամութեան ձեւը փոխուած է։ Յստակ չէ բարեկամն ու անոր ժամանակը։ Բարեկամութիւնը այլեւս կը նմանի սակարանի։
Միւս կողմէ՝ ընտանիքը եւս խախուլ հիմերու վրայ կը կառուցուի, որովհետեւ վստահութիւնն ու յարգանքը գրեթէ ոչնչացած են։ Զոյգերու միացումն ու բաժանումը թիւի մրցակցութեան մէջ կը գտնուին։ Ո՞վ պիտի յաղթէ միւսին։ Եւ այսպէս, մարդկային բարոյական արժէքները հեղեղներուն հետ կ’երթան ու կ’ընկղմին։ Քիչեր միայն կը կարողանան այդ հեղեղներէն ազատիլ շնորհիւ իրենց կամքին ու զոհողութեան։ Քիչեր կը կարողանան պահել աստուածատուր իրենց արժանիքները եւ տէր կանգնիլ արժանապատուութեան։
Շատ անգամ կ’ըսուի, թէ աշխարհը փոխուած է։ Արդեօք ժամանա՞կն է նոր ջրհեղեղի մը, որպէսզի մաքրէ այս աշխարհը։