Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

­Քա­ղա­քա­կան գի­տու­թիւն­ներն ու ա­րո­ւես­տը իր ան­ձին մէջ մէկ­տե­ղող ե­րի­տա­սարդ ու­սում­նա­սի­րո­ղի մը՝ ­Տիգ­րան Ե. ­Քա­սու­նիի լոյս ըն­ծա­յած այս հա­տո­րին խո­րա­գիրն իսկ բազ­մա­թիւ թե­լադ­րանք­ներ ու­նի ըն­թեր­ցող-ակն­դի­րին։ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով պատ­րաս­տո­ւած հա­տոր մը, որ 85 ընտ­րո­վի որ­մազդ­նե­րու ճամ­բով ու­րո­ւա­գիծ մը կը ներ­կա­յաց­նէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տար­բեր ար­ձա­գանգ­նե­րուն մա­սին, սկսե­լով նոյ­նինքն ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան օ­րե­րէն, հաս­նե­լով մին­չեւ մեր օ­րե­րը, ընգր­կե­լով մէկ դա­րու ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը։
­Զու­գա­դի­պու­թի՞ւն, թէ՞ նպա­տա­կադ­րո­ւած ի­րա­գոր­ծում։ ­Հա­տո­րը կը բաղ­կա­նայ 100 մե­ծա­դիր է­ջե­րէ, կը պար­փա­կէ, ինչ­պէս նշե­ցինք՝ 85 որ­մազդ­նե­րու լու­սան­կար­ներ, ո­րոնց կ­’ըն­կե­րա­նան ա­րար­ման թո­ւա­կա­նին, շրջա­ռի­թին եւ ծա­նօթ կամ ա­նա­նուն ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րուն մա­սին բա­ցատ­րա­կան­ներ։ ­Լու­սան­կար­նե­րու շար­քը ըստ էու­թեան բա­ւա­կան բա­ցատ­րա­կան է, սա­կայն ա­ւե­լի եւս կը հարս­տա­նայ շարք մը ու­սում­նա­սի­րա­կան գրու­թիւն­նե­րով, ո­րոնք կը տա­րա­զեն շար­քին ստեղծ­ման պատ­մա­կան են­թա­հո­ղը, սկսե­լով 1915էն շատ ա­ռաջ, այն օ­րե­րէն՝ երբ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը կամ ­Հայ ­Դա­տը լայն դուռ­նէն մուտք գոր­ծեց մի­ջազ­գա­յին բեմ եւ զար­գա­ցաւ՝ օս­մա­նեան բռնա­տի­րու­թեան դէմ հա­յու­թեան քա­ղա­քա­կան ու զի­նեալ պայ­քա­րի է­ջե­րով։ ­Հե­ղի­նա­կը հա­տո­րը ձօ­նած է ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն փրկո­ւած ե­րէց ծնող­նե­րուն։ ­Հա­տո­րը միա­ժա­մա­նակ ա­րո­ւես­տի գործ է, պատ­մագ­րու­թիւն է եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն։ Ա­րո­ւես­տի գործ է, ո­րով­հե­տեւ ար­դի նկար­չու­թեան ու տպագ­րու­թեան ար­հես­տա­գի­տու­թեան քա­ջա­ծա­նօթ հե­ղի­նա­կը խոր բծախնդ­րու­թեամբ եւ խնամ­քով վե­րար­տադ­րած է հին ու հա­մե­մա­տա­բար ա­ւե­լի նոր որ­մազդ­նե­րը, ջախ­ջա­խիչ մե­ծա­մաս­նու­թեամբ՝ գու­նա­ւոր. ա­նոնք կը ներ­կա­յաց­նեն տար­բեր ժա­մա­նակ­նե­րու եւ երկ­րա­մաս­նե­րու ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րուն ճա­շակ­նե­րը։ ­Հա­տո­րը նաեւ պատ­մա­գի­տա­կան-վա­ւե­րագ­րա­կան է, ո­րով­հե­տեւ ըն­կե­րա­ցող գրու­թիւն­նե­րը սեղմ, բայց սպա­ռիչ լու­սա­բա­նու­թիւն կու տան մեր դա­տին են­թա­հո­ղին ու պատ­մա­կան փու­լե­րուն մա­սին, մերթ կար­կի­նը լայն բա­նա­լով ո­րոշ հանգ­րո­ւան­նե­րու վրայ, կամ հպան­ցիկ ակ­նարկ­նե­րով՝ այլ ի­րա­դար­ձու­թեանց մա­սին, նա­յած՝ թէ տո­ւեալ հանգ­րո­ւա­նը ինչ­պի­սի՞ ար­ձա­գանգ գտած է որ­մազդ­նե­րու ճամ­բով, եւ ոչ թէ մեր պատ­մու­թեան մէջ տո­ւեալ հանգ­րո­ւա­նին կի­զա­կէ­տա­յին կա­րե­ւո­րու­թեան տրա­մա­բա­նու­թեամբ։

ԵՆԹԱԲԱԺԻՆՆԵՐԸ

Սկ­սինք կող­քէն. թէ՛ թուղ­թէ շա­պի­կին եւ թէ լա­թա­կազմ կող­քին վրայ դրո­ւած է Ա­մե­րի­կեան Նպաս­տա­մա­տոյ­ցին կող­մէ 1918ին պատ­րաս­տո­ւած ա­ղեր­սա­կան որ­մազ­դի մը մէկ հա­տո­ւա­ծը։ ­Հա­տո­րը կը բա­ցո­ւի հե­ղի­նա­կին կող­մէ շնոր­հա­կա­լու­թեան ու բա­ցատ­րա­կան խօս­քե­րով։ Տ. ­Քա­սու­նի ե­րախ­տա­պարտ է հա­մալ­սա­րա­նա­կան դա­սա­խօս­նե­րու, որ­մազդ­ներ տրա­մադ­րող­նե­րու եւ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք նպաստ բե­րած են հա­տո­րին ի­րա­կանց­ման մէջ, ար­դիւնք՝ շուրջ 13 տա­րի­նե­րու աշ­խա­տան­քի։ ­Պատ­մագ­րա­կան ու­շագ­րաւ յօ­դո­ւած մը ու­նի հայ­րը՝ ­Տոքթ. Ե. ­Քա­սու­նի. գրու­թեան խո­րա­գի­րը թէեւ կը թե­լադ­րէ, որ հե­ղի­նա­կը նկա­տի ա­ռած է ­Սան Ս­թե­ֆա­նո­յի ու ­Պեր­լի­նի ­Դաշ­նա­գիր­նե­րէն մին­չեւ ­Լօ­զան տա­րա­ծո­ւող շրջա­նը, սա­կայն ըստ էու­թեան՝ բա­ցատ­րա­կա­նը կար­կի­նը քիչ մը ա­ւե­լի լայն կը բա­նայ ժա­մա­նա­կին վրայ ու ամ­փոփ, բայց սպա­ռիչ լու­սա­բա­նու­թիւն կու տայ հա­յու­թեան պայ­քա­րին պատ­ճառ­նե­րուն, մի­ջազ­գա­յին բե­մին վրայ մեր ­Դա­տին ապ­րած վե­րի­վայ­րում­նե­րուն, ին­չո՞ւ չէ նաեւ մե­ծա­պե­տա­կան խա­ղե­րու են­թար­կո­ւե­լուն մա­սին։
Գ­նա­հա­տա­կան գիր մը ու­նի ­Հա­րա­ւա­յին ­Քա­լի­ֆոր­նիոյ ­Հա­մալ­սա­րա­նի (CSUN) դա­սա­խօս­նե­րէն ­Տոքթ. ­Փաու­լա ­Տի­մար­քօ, որ լու­սար­ձա­կի տակ կը բե­րէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու ա­նոր հե­տե­ւանք­նե­րուն ար­ձա­գանգ ե­ղող որ­մազդ­նե­րուն հո­լո­վոյ­թը. որ­մազդ­նե­րը ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն ա­ղեր­սան­քի՝ սպան­դի ու տա­րագ­րու­մի են­թա­կայ զան­գո­ւած­նե­րուն ան­մի­ջա­կան օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րե­լու կո­չեր են, մաս­նա­ւո­րա­բար ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ, ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի Ն­պաս­տա­մա­տոյ­ցին ու այլ գոր­ծա­կա­լու­թեանց կող­մէ. տաս­նա­մեակ­նե­րու թա­ւա­լու­մին հետ, որ­մազդ­նե­րը կը դառ­նան զո­հե­րու եւ կո­րուստ­նե­րու յու­շա­րար, պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ու պայ­քա­րի ար­տա­յայ­տու­թիւն։ Այ­նու­հե­տեւ, հե­ղի­նա­կը ի­րե­րա­յա­ջորդ գլուխ­նե­րու տակ կը բա­ցատ­րէ այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան շար­ժա­ռիթն ու նպա­տա­կը, մատ­նա­ցոյց կ­’ը­նէ, որ որ­մազդ­նե­րը ազ­գա­յին հպար­տան­քի եւ ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րու պա­հան­ջա­տի­րա­կան գոր­ծին պատ­գամ­նե­րը կը բե­րեն ակն­դի­րին։ Ան իր հա­յե­ցա­կէ­տով կ­’անդ­րա­դառ­նայ մեր ­Դա­տին ու ա­նոր պատ­մա­կան հո­լո­վոյ­թին, կ­’ար­ձա­նագ­րէ որ­մազդ­նե­րուն ար­տա­յայտ­չա­ձե­ւե­րուն մա­սին իր նկա­տո­ղու­թիւն­նե­րը, հպան­ցիկ բաղ­դա­տա­կան­ներ կը կա­տա­րէ այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու որ­մազդ­նե­րու բնոյ­թին ու ո­գիին հետ, կը հաս­նի իւ­րա­յա­տուկ եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րու։ Այս բա­ժին­նե­րը ա­ռանձ­նա­կի ար­ժէք մը կու տան ու­սում­նա­սի­րա­կան այս աշ­խա­տան­քին։ ­Յա­ջորդ գլուխ­նե­րուն մէջ, Տ. ­Քա­սու­նի «դիազն­նու­թեան» կ­’են­թար­կէ որ­մազդ­նե­րը, զա­նոնք դա­սա­կար­գե­լով ըստ տուեալ տաս­մա­նեա­կի հո­գե­բա­նու­թեան ու մա­նա­ւանդ ե­րի­տա­սար­դու­թեան պա­հան­ջա­տի­րա­կան ար­տա­յայ­տու­թեանց։ Ինչ­պէս պատ­կեր­նե­րը, նմա­նա­պէս ալ ու­սում­նա­սի­րա­կան է­ջե­րուն սիւ­նակ­նե­րը ի­րենց լու­սանց­նե­րուն ու­նին ժա­մա­նա­կագ­րա­կան եւ այլ սեղմ բա­ցատ­րա­կան­ներ, ո­րոնք կը նպաս­տեն ըն­թեր­ցո­ղի գի­տե­լիք­նե­րուն հարս­տաց­ման։

ԱՐԺԱՆԻՔՆԵՐԸ

­Կա­րե­լի է եր­կար խօ­սիլ այ­լա­պէս նրբիկ հա­տո­րին ար­ժա­նիք­նե­րուն մա­սին, սա­կայն կ­’ու­զենք կանգ առ­նել ա­նոնց­մէ մէկ քա­նիին վրայ։
100 YEARS STRONGը խոր­քին մէջ պատ­կե­րա­ւոր պատ­մու­թիւնն է ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու ա­նոր յա­ջոր­դած տա­րի­նե­րու մէկ ե­րե­սին, որ կը կո­չո­ւի հա­յու­թեան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան այ­լա­տե­սակ դրսե­ւո­րում­ներ, սկսե­լով քա­րոզ­չա­կա­նէն մին­չեւ ու­ժա­կան ա­րարք­ներ։ Որ­մազդ­նե­րուն մեծ մա­սը «կը քա­լեն» ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 50ա­մեա­կէն ետք ին­կող տաս­նա­մեակ­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն, երբ հա­յու­թեան կամ­քը նպաս­տի ա­կանկա­լու­թե­նէն ոս­տում կա­տա­րեց դէ­պի ազ­գա­յին ինք­նու­թեան վե­րա­կանգ­նում, բազ­մա­ճիւղ պայ­քար ծա­ւա­լե­ցաւ ի գին կեան­քե­րու զո­հա­բե­րու­թեան։ Բ­նա­կա­նա­բար որ­մազդ­նե­րը սփիւռ­քեան «ար­տադ­րու­թիւն» են, նկա­տի ու­նե­նա­լով խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րու ար­գե­լա­կում­նե­րը։ Է­ջե­րուն պատ­կե­րո­ւած են ­Լի­բա­նա­նի, ­Սու­րիոյ, Ի­րա­նի, եւ­րո­պա­կան ու ա­մե­րի­կեան օ­ճախ­նե­րու մէջ պատ­րաս­տո­ւած պաս­տառ­ներ. մեծ մա­սին հե­ղի­նակ­նե­րը ան­ծա­նօթ են, թէեւ հոն կա­րե­լի է հան­դի­պիլ նաեւ պատ­կա­ռե­լի ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րու եւ ար­հես­տա­վարժ­նե­րու ստո­րագ­րու­թիւն­նե­րուն, ինչ­պէս՝ ­Մա­սիս Ա­րա­րա­տեան, Օ­շին Քր­քեա­շա­րեան, ­Վա­նիկ ­Թո­րի­կեան, ­Լօ­րէզ Եա­գու­պեան եւ ու­րիշ­ներ։ Այս բո­լո­րը մի­ջին եւ ե­րէց սե­րուն­դի ըն­թեր­ցող­նե­րուն հա­մար կը ներ­կա­յա­նան իբ­րեւ ապ­րող յու­շագ­րու­թիւն մը, ո­րով­հե­տեւ հա­տո­րի է­ջե­րուն վե­րա­քաղ մը պի­տի ը­նեն ի­րենց ման­կու­թեան, պա­տա­նու­թեան ու ե­րի­տա­սադ­րու­թեան օ­րե­րու պատ­կեր­նե­րու, ո­րոնք ա­տե­նին զար­դա­րած են ի­րենց դա­սա­րան­նե­րուն, տու­նե­րուն, դպրոց­նե­րուն ու փո­ղոց­նե­րուն պա­տե­րը։ Ա­ւե­լին, հա­տո­րը կո­րուս­տէ կը փրկէ մեր ­Դա­տին տար­բեր ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը ե­ղող իւ­րա­յա­տուկ պատ­կե­րա­շա­րը։
­Խո­րա­գի­րը են­թադ­րել կու տայ նաեւ, որ հա­տո­րը պատ­րաս­տո­ւած է անգ­լե­րէ­նով, ճիշդ այն տրա­մա­բա­նու­թեամբ, որ ա­ռաջ­նոր­դած էր որ­մազդ­ներ պատ­րաս­տող­նե­րը։ Ըն­թեր­ցո­ղը պի­տի անդ­րա­դառ­նայ, որ որ­մազդ­նե­րը հա­զո­ւա­դէ­պօ­րէն հա­յե­րէն բա­ցատ­րու­թիւն ու­նին, մեծ մա­սը օ­տար լե­զու­նե­րով բա­ցատ­րա­կան­ներ ու­նին։ Այ­սինքն, հա­տորն ու բո­վան­դա­կած պատ­կեր­նե­րը հիմ­նա­կա­նին մէջ ուղ­ղո­ւած են օ­տա­րին, կը ծա­ռա­յեն մեր ­Դա­տին ի նպաստ լուրջ քա­րոզ­չու­թեան։
Ու­շագ­րաւ է նաեւ այն, որ հե­ղի­նա­կը իր յօ­դո­ւած­նե­րուն մէջ գոր­ծա­ծած է լուրջ ոճ, հե­ռու կանգ­նած է զգա­ցա­կան ու յա­ճախ բիրտ դրսե­ւո­րում­նե­րու տա­նող ար­տա­յայտ­չա­ձե­ւե­րէ, ինչ որ աշ­խա­տան­քին մա­սին յար­գանք կը պար­տադ­րէ ըն­թեր­ցո­ղին։
­Վեր­ջին է­ջե­րուն ար­ձա­նագ­րո­ւած են օգ­տա­գոր­ծո­ւած աղ­բիւր­նե­րու ցանկն ու լու­սա­պատ­կեր­ներ տրա­մադ­րած ան­հատ­նե­րու եւ հաս­տա­տու­թեանց ա­նուն­նե­րը։ Այ­լա­պէս, հասկ­նա­լի կը դառ­նայ, որ հե­ղի­նա­կը ու­նի ստո­ւար եւ ստո­ւա­րա­ցում խոս­տա­ցող իր հա­ւա­քա­ծոն։
Կ’ար­ժէ ոչ միայն ու­նե­նալ հա­տո­րը, աչ­քով ու միտ­քով հա­ղոր­դո­ւիլ բո­վան­դա­կու­թեան հետ, այլ մա­նա­ւանդ ան­կէ օ­րի­նակ­ներ նո­ւէր տալ ոչ-հա­յե­րու, մեր դա­տին մա­սին գա­ղա­փար ու­նե­ցո­ղին եւ չու­նե­ցո­ղին։ ­Կա­րե­լի է նաեւ յար­մար ժա­մա­նա­կին ցու­ցա­հան­դէս մը կազ­մա­կեր­պել այս որ­մազդ­նե­րով։