Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Եթէ գիտնականի մը հարց տաք, թէ կրակ յառաջացնելու համար ի՞նչ նախապայմաններ անհրաժեշտ են, ան պիտի բացատրէ, թէ պէտք ունիք հրկիզուելու ատակ նիւթի մը, որոշ աստիճանի ջերմութեան ստեղծման (օրինակ՝ փայտի կտորներ յարատեւօրէն իրարու շփելու, կայծքարեր իրարու զարնելու կամ խոշորացոյցով մը արեւու ճառագայթներուն որոշ կէտի մը վրայ կեդրոնացման), թթուածինի եւ քիչ մըն ալ օդի հոսանքի։
Գիտնականին այդ բացատրականը փոխ առնելով՝ կրնանք ըսել, որ նման նախապայմաններու զուգորդութեան արդիւնք կրնայ ըլլալ նաեւ գիրքերու ծնունդը. գոնէ այդպէս է պարագան անգլերէնով հիւսուած հատորի մը, որ 2016ին լոյս ընծայուած է Անթիլիասէն՝ «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ (թիւ 18), եւ կը կրէ «My Grandparents’ Odessey from Ourfa and Germir to Beirut» խորագիրը։ Հեղինակ-համադրող՝ Շուշան Արթինեան-Թոգաթլեան։
Խորագիրը ըստ ամենայնի լուսաբանող է. կը պատմէ ոդիսականը հեղինակին մեծ հօր՝ Յովսէփ Ալահայտոյեանի, եւ մեծ մօր՝ Բերկրուհի Սահակեան-Ալահայտոյեանի, որոնք ծնած են յաջորդաբար՝ Ուրֆա եւ Կերմիր՝ Կեսարիոյ շրջանին մէջ հայկական աւան մը, կտրած են Ցեղասպանութեան ահաւոր ճամբաները եւ, Պէյրութի մէջ զիրար գտնելով, վերականգնած են անդուլ աշխատանքով ու կազմած ընտանիք, աշխարհ բերած են զաւակներ ու թոռներ, անոնց կտակ ձգելով մեծ գրողին պատգամը.- «Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք…»։
Հատորին առաջին հում ատաղձը կազմած է Շուշանի մեծ մօր՝ Բերկրուհիին պատմածները, որոնք յայտնապէս մանկութեան օրերէն սկսեալ անթեղուած են պարմանուհիին հոգիին մէջ. թթուածինն ու օդի հոսանքը ապահոված են մեծ հօր յուշագրական նոթերը, որոնք մեծ մօր մահէն ետք գտնուած են անոր պահեստներուն մէջ։ Ի դէպ, Շուշան երբեք չէ տեսած դեղագործ մեծ հայրը, որ մահացած է իր ծնունդէն առաջ, սակայն անոր մասին ծանօթութիւններ քաղած է մեծ մօրմէն, որուն կապուած է այնպիսի սիրով մը, որ սովորական է բարեհոգի եւ արուեստասէր մեծ մայրիկի մը եւ անոր գուրգուրանքը առատօրէն վայելող թոռնիկի մը միջեւ։ Մեծ մայրիկին պատմածները եւ մեծ հօր նոթերը դարձած են այրելու պատրաստ ատաղձը, որ վերջապէս կայծ առած է… Հրանդ Տինքի սպանութեամբ։
Ու երիտասարդուհիին մտապատկերին մէջ ոճրագործ թուրքը ի յայտ եկած է իր անժամանցելի մերկութեամբ. Հրանդ Տինքը սպաննողները անոնք են, որոնք անասելի հալածանքներու եւ բռնադատութիւններու ենթարկած են իր մեծ հայրն ու մեծ մայրը, անոնց սերնդակից ամբողջ հայ ժողովուրդը, անոնցմէ մէկ ու կէս միլիոնը ջարդած են ու թողած անգերեզման, իսկ վերապրողներուն վիճակած է զերոյէն վերսկսելու դաժան ճանապարհը, միշտ մորմոքը ունենալով կորուսեալ բարեկեցութեան, հայրենի հողին ու տան։
Այս բոլորի կողքին, կարելի չէ անտեսել հեղինակին հայեցի դաստիարակութեան ու ընտանեկան մթնոլորտին առարկայական տուեալները…
Մօտաւորապէս 10 տարիներու աշխատանքի արդիւնք է հատորը. Շուշան չէ բաւականացած յիշեալ ատաղձներով, այլ դիմած է մօր՝ Ռուբինա Ալահայտոյեան-Արթինեանի, մօրաքրոջ՝ Յասմիկ Ալահայտոյեան-Մկրեանի, մօրեղբօր՝ Պետրոս Ալահայտոյեանի պատումներուն եւ պահած արձանագրութիւններուն, ձայնագրեալ յուշապատումներուն։ Յետոյ, ձեռնարկած է պրպտումներու. պեղած է Ցեղասպանութեան տարիներու մամլոյ էջերը եւ վերարտադրած փաստագրական յօդուածներ, էջեր եւ լրատուական հատուածներ, լուսանկարներ, մեծ մասամբ ամերիկեան մամուլէն։
Այս բոլորը ի վերջոյ մէկտեղուած են հատորին մէջ, հեղինակին կողմէ պատումի ձեւով, համեմուած՝ ընտանեկան ու արխիւային լուսանկարներով. ան նուազագոյն միջամտութիւններ կատարած է դրուագներուն ներկայացման պահուն, օրինակ՝ պատմած է մեծ մօր հետ իր անցուցած հաճելի դրուագներն ու սրտցաւութիւն պատճառող պատմութիւններուն ազդեցութիւնը, մեծ հօր յուշագրութեան գտնուիլն ու անոր վերծանումի աշխատանքները եւ այլն։ Այլ խօսքով, ան ներկայ է հատորին մէջ, իբրեւ պատմող, համադրող, թարգմանող եւ պատմածները էապէս վերապրող…
Յովսէփի եւ Բերկրուհիի «Ոդիսական»ը այլապէս հասարակ պատմութիւն է, այսինքն՝ մէկը այն պատմութիւններէն, որոնք բաժին ինկած են բազմահազար հայ ընտանիքներու եւ անհատներու, որոնք օր մը ծնած էին դարաւոր հայրենիքի իրենց պապենական օճախին մէջ, երկար ատեն կրած էին օսմանցիին խտրական հալածանքներն ու բռնաճնշումները, որոնք օր մըն ալ հասան գագաթնակէտի մը՝ 1915ին ծայր տուած ծրագրեալ Ցեղասպանութեան։ Այնուհետեւ, Բերկրուհիին տառապալից ճամբորդութիւնները՝ Կերմիրէն մինչեւ Իզմիր, Յունաստան, հանդիպում Եգիպտոս ու հանգրուանում Պէյրութ, ուր հանդիպած է իր ապագայ ամուսինին։ Զուգահեռաբար, Յովսէփի յուշերը կը պատմեն անոր մանկութիւնն ու ուսումնառութիւնը, դաժան իրականութեանց ականատեսի վկայութիւնները՝ Ուրֆայի մէջ, կրկնակի գաղթը եւ հանգրուանիլը Պէյրութ, ուր հիմնած է իր դեղարանը եւ արժանացած պատուանշանի…։ Եւ ինչպէս որ Ցեղասպանութեան ենթարկուած ու վերապրած իւրաքանչիւր հայ ունի իր ողբերգական վէպը, իրակա՛ն վէպը, ահաւասիկ այս հատորն ալ կը ներկայացնէ վերապրող Յովսէփի ու Բերկրուհիի վէպը, իր սեւ, կարմիր եւ բազմագոյն երեսներով։
Արժանիքներէ՞ն. յիշատակուածներուն կողքին, ընթերցողը հաղորդակից կ’ըլլայ Ցեղասպանութեան նախօրեակի կեանքին, իր ֆոլքլորիք կարգ մը երեսներով, բարեսիրական կազմակերպութեանց գործունէութեան ու հայութեան երախտապարտութեան արտայայտութեանց եւ, ինչպէս նշեցինք, քայքայուած ու ճղակոտոր ընտանիքներու բեկորներու փրկութեան պայմաններուն ու կեանքի պարտէզներուն վերածաղկումին, ուր ծաղիկ մըն ալ կը հանդիսանայ նոյնինքն հեղինակը։ Մանրամասնութիւնները կարելի է ունենալ հատորը ընթերցելով։
Ուշագրաւ բաժին մը կը կազմեն 1922ի Իզմիրի ջարդերուն յատկացուած էջերը, ուր դաժան գոյներով կը ներկայանան հալածական ու տնակորոյս խլեակներու դէմ թրքական բրտութիւնները, պատմուած՝ 1912ի ծնունդ Բերկրուհիի կողմէ, որ այդ օրերուն յայտնապէս եղած է 10 տարեկան (եւ ոչ թէ 3-4 տարեկան, ինչպէս արձանագրուած է հատորին մէջ. սակայն նման բացթողում ոչինչ կը փոխէ հատորին պատգամէն)։ Շուշան կը խոստովանի, թէ Տինքի սպանութեան կողքին, զինք աշխատանքի մղողը եղած է նաեւ մեծ հօր նոթերուն մէջ արձանագրուած տող մը.- «Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք…»։ Եւ ան ընդառաջած է այս կոչին՝ մարմնաւորելով այս հատորը։ Իսկ թէ ինչո՞ւ անգլերէնով. ան վստահ է, որ նման պատումներ, որքան ալ որ իւրայատուկ եւ մէկը միւսէն տարբերակող դաժանութիւններով՝ ծանօթ են հայ սերունդներուն, հետեւաբար, յանձն առած է օտարին հասկնալի լեզուով մը հատորը պատրաստելու գործը։
Հատորին խմբագրումը կատարած է Արմէն Իւռնէշլեան։ Աւարտին, հեղինակը ունի շնորհակալիքի էջ մը, օգտագործած աղբիւրներու ցանկը, բաւական հարուստ, եւ յատուկ անուններու ցանկը։
Կ’արժէ արձանագրել նաեւ այն, որ այս հատորը մաս կը կազմէ շարքին վերջին տարիներուն հետզհետէ բազմացող գիրքերու, որոնց հայ թէ օտար հեղինակները հայերէն այլ լեզուներով կը վերապատմեն կամ ժապաւէնի կը վերածեն Ցեղասպանութեան դաժան իրականութիւնները, պատմական իրականութիւնները՝ փաստելով, որ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը սնանկ է։
Նման գործեր արժանի են ընթերցումի ու մանաւանդ՝ տարածումի ոչ-հայկական շրջանակներու մէջ։