Նոր Տարուան երեկոյեան ճաշասեղանը շատ հարուստ պէտք է ըլլայ պահքի յատուկ կերակուրներով, պտուղներով, օղիով ու գինիով: Հետեւաբար՝ տան կիներն ու աղջիկները արդէն Դեկտեմբեր 30էն ճաշի պատրաստութեան մէջ կ՛ըլլան, Նոր Տարուան սեղանին համար կը պատրաստեն մանաւանդ քաղցրեղէններ, ինչպէս գաթա, բոկեղ, անուշապուր:
Դեկտեմբեր 31ը նուէրներ բաշխելու օրն է: Բարեկամներ ու ազգականներ ընծաներ կը փոխանակեն, հարսեր իրենց ձեռքի գործ հիւսուածքները (գդակ, քսակ, թաշկինակ, եւայլն), իսկ փեսաներն ալ պտուղներ (տանձ, նուռ, խնձոր), հայելի, պարսկական շալ, Ակնի լաջակ, ոսկեղէն զարդարանք, գուլպայ, կօշիկ եւ այլ բաներ կը նուիրեն մտերիմներու: Պատանիներ «գօտեկախ» կ‘ընեն. այսինքն՝ տուներու երդիքներէն վար կ‘իջեցնեն չուաններ, որոնց ծայրը անցուած կ‘ըլլայ տոպրակ մը: Տանտիկիններ անոնց մէջ կը լեցնեն շաքարեղէն, մրգեղէն, ձմերուկի կամ սեխի խարկուած կուտ, եւայլն: «Գօտեկախ»ի այս սովորութեան կը հանդիպինք Դատեմ (Դատըմ) գիւղին մէջ: Բազմաշէնի (Պիզմիշին/Սարըչուպուք) մէջ նոյն բանը կը կատարուի Ծնունդի իրիկունը, իսկ Գոմք (Ենիքափը) գիւղին մէջ՝ Նոր Տարուան յաջորդած առտուն: Կաղանդի օրը տուները հիւր եկող ամէն անձ միշտ պէտք է յիշէ նաեւ կաղընտելը (կաղանդել), այսինքն՝ երեխաներուն անուշեղէններ նուիրելը: Իսկ փոքրիկները, Նոր Տարուան առաջին առաւօտը, երբ կը զարթնին, իրենց նուէրները՝ չամիչ, ընկոյզ, չոր թութ, նուշ, պաստեղ, ռոճիկ, Կաղանդ Պապային կողմէ լեցուած կը գտնեն՝ տան պատի ցիցերէն կախուած իրենց գուլպաներուն եւ գոգնոցներու գրպաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ անկողինի կողքի սեղանիկին վրայ: Խարբերդ քաղաքին մէջ, Նոր Տարուան նախորդած այդ իրիկունը, տան պատանիները պատրաստութիւններ կը տեսնեն նաեւ իրենց հայրը «կախելու»: Այսպէ՛ս, երբ իրիկուան հայրը տուն կը վերադառնայ, պատանի զաւակները վրան կը յարձակին, մէջքին հաստ չուան մը կ‘անցընեն ու առաստաղէն կախել կը փորձեն: Հօր «չարչարանք»ը վերջ կը գտնէ միայն այն ատեն, երբ ան կը համաձայնի իր հետ բերած քաղցրեղէն նուէրները բաժնելու տնեցիներուն:
Չափահասներուն համար տօնական խրախճանքը ծայր կ‘առնէ Նոր Տարուան երեկոյեան, իսկ կէս գիշերին՝ գիւղերուն մէջ (օրինակ Բազմաշէն, Դատեմ, Բարջանճ) սովորութիւն է աղբիւր երթալ եւ Նոր Տարուան ջուրը կուժերու մէջ լեցուած՝ բերել տուն: Այսպէս, ամբողջ գիւղի երկսեռ երիտասարդութիւնը կը թափուի փողոցներուն մէջ ու երգելով կ‘ուղղուին դէպի գիւղին աղբիւրները: Ոմանք նոյնիսկ այդ ցուրտ օդին աղբիւրներու աւազաններուն մէջ լոգանք կ‘առնեն, քանի որ ըստ տեղական աւանդութեան այդ օրը ջուրերը կախարդիչ յատկութիւն կ‘ունենան եւ անհատը կրնան բժշկել ֆիզիքական զանազան ցաւերէ: Ասիկա նաեւ կը համարուի աղբիւրներու ոգիներէն Նոր Տարուան համար բարի մաղթանքներ խնդրելու արարողութիւն մը: Այսպէս, գիւղացիներ, յատկապէս աղջիկները, այդ օրը աղբիւրի ակին ու գուռին վրայ, ինչպէս նաեւ ասոնց բոլորտիքը կը ցանեն ցորենի, գարիի, սիսեռի հատիկներ, նոր ծննդաբերած կովու կամ ոչխարի առաջին կաթով պատրաստուած պանիր (տեղական բարբառով՝ խեր), բամպակի կուտ, ոլոռն եւ պայտ (նալ):
Նոր տարուան այդ իրիկունը սովորութիւն է նաեւ, որ գիւղացիներ իրենց հետ աղբիւր բերեն բկեղներ (բլիթ), որոնք օղակաձեւ շինուած հացեր են: Նախ՝ կը թաթխեն զանոնք աղբիւրի ջուրին մէջ, ապա՝ տուն կը դառնան ու բկեղները կը կերցնեն ախոռի ու գոմի անասուններուն, անոնց բեղմնաւորութիւն շնորհելու յոյսով:
Գիւղերուն մէջ սովորութիւն է նաեւ, որ նորապսակ հարսերը իրենց ամուսնութեան յաջորդած առաջին Նոր տարիէն ետք միայն արտօնուած կ‘ըլլան այցելելու իրենց ծնողներուն տուները: Այնպէս, որ անոնք եւս իրենց կարմիր կուժերը շալկած կ‘երթան նոյն այդ գիշերը դէպի աղբիւր եւ հոնկէ ջուր առնելով՝ կը տանին իրենց ծնողներուն: Այդ յատուկ օրուան համար նոր հարսերը կը հագուին իրենց լաւագոյն հագուստները:
Խրախճանքը կը կրկնուի նաեւ Նոր Տարուան առաւօտուն: Սեղաններուն վրայ կը դրուին բազմազան անուշեղէններ, ինչպէս նաեւ առատ գինի: Մեծ ու պզտիկ փոխադարձ այցելութիւններու կ‘երթան՝ շնորհաւորելով Նոր Տարին: Իսկ Հապուսի (Իքիզտեմիր) եւ Բազմաշմէն գիւղերուն մէջ Կաղանդին յաջորդած օրը զանազան ուրախութիւններու շարքին տեղի կ‘ունենան նաեւ գոմէշներու մարտ, ձիարշաւ եւ ըմբշամարտ:
Յուշամատեան