Նոյեմբերի վերջին եւ Դեկտեմբերի առաջին օրերը, 1920 թուականին, ազգային-քաղաքական խորագոյն անդրադարձներով ծանրակշիռ ժամանակաշրջան մը կազմեցին հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի նորագոյն պատմութեան մէջ։
Յատկապէս 30 Նոյեմբեր 1920ը բախտորոշ նշանակութիւն ունեցաւ, որովհետեւ այդ օրը Խորհրդային Ռուսաստանը պատռեց Հայաստանի Հանրապետութեան կործանման հետամուտ իր կայսերապետական քաղաքականութեան բիրտ դէմքը ծածկող դիւանագիտական քողը։
Անկախ Հայաստանի կառավարութեան հետ շուրջ վեց ամիսներու վրայ երկարած բանակցութիւններէ ետք, Երեւան հաստատուած Խորհրդային Ռուսաստանի լիազօր ներկայացուցիչը՝ Պորիս Լեգրան Նոյեմբերի վերջին օրը Հ.Հ. իշխանութեանց վերջնագիր տուաւ՝ պահանջելով, որ անմիջապէս ընդունին խորհրդային կարգերու հաստատումը Հայաստանի մէջ։
Մինչեւ Լեգրանի վերջնագիրը կային, անշո՛ւշտ, անհրաժեշտ բոլոր ազդանշանները, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը վերապահութեամբ ընկալէր Խորհրդային Ռուսաստանի պոլշեւիկեան իշխանաւորներուն իսկական դիտաւորութիւնները։ Ապրիլ 30էն իսկ, երբ Ատրպէյճան հագուստ փոխելու պէս խորհրդային կարգերը ընդունեց եւ, անոր հետեւելով, Հայաստանի մէջ Մայիս 1ին հրահրուեցան խորհրդայնացման դրօշ պարզած պոլշեւիկեան ծանօթ խռովութիւնները, որոնք օրին ճզմուեցան Հ.Հ. իշխանութեանց կողմէ, արդէն զգալի դարձած էր, որ Խորհրդային Ռուսաստանը վճռած էր խորհրդայնացնել Հայաստանը եւ զայն իբրեւ լծակ գործածել՝ Թուրքիոյ մէջ սկսած Քեմալական շարժման զօրակցելու խորհրդային քաղաքականութիւնը յառաջ մղելու համար։
Մայիս 1920ի վերջերուն Հայաստանի կառավարութիւնը ձեռնարկեց Խորհրդային Ռուսաստանի հետ քաղաքական ընդհանուր համաձայնութեան գալու բանակցութեանց՝ Լեւոն Շանթի գլխաւորութեամբ յատուկ պատուիրակութիւն մը առաքելով Մոսկուա։ Այդ օրերուն դեռ լրիւ բացայայտուած չէին Լենին-Քեմալ գաղտնի գործարքին ծալքերը եւ միայն կարելի էր ենթադրել, թէ ռազմավարական գործակցութեան մը հիմերը կը ձեւաւորուէին ռուս պոլշեւիկներու եւ թուրք քեմալականներու միջեւ։ Սեպտեմբերի սկիզբը նոր միայն զգալի պիտի դառնային Լենին-Քեմալ զինակցութեան էութիւնը բացայայտող բուն դիտաւորութիւնները, երբ Բագուի մէջ կայացած Արեւելքի ժողովուրդներու յեղափոխական միաւորման համագումարին՝ Էնվեր փաշաներու հետ ձայնակցելով, ռուս, ազերի եւ հայ պոլշեւիկները Դաշնակիցներու դէմ «Ժիհատ» (Սրբազան Պատերազմ) պիտի յայտարարէին։
Հետեւաբար, Մոսկուայի մէջ Շանթի պատուիրակութեամբ Մայիսին սկսած հայեւռուս բանակցութիւնները, որոնք սկզբնապէս համաձայնութեան եզրեր գտնելու դրական մթնոլորտով յատկանշուեցան, կողմերը յուզող քաղաքական խնդիրներու օրակարգին վրայ չունեցան Հայաստանի խորհրդայնացման ռուսական պահանջը։ Հայեւռուս բանակցութեանց առաջին այդ փուլին օրակարգի գլխաւոր հարցը Խորհրդային Ռուսաստանին սպառնացող Դաշնակիցներու վտանգին դիմագրաւումն էր։ Խորհրդային կողմը յատկապէս շահագրգռուած էր դէպի Թուրքիա, Հայաստանի վրայով, ռազմաքաղաքական ազատ անցք ապահովելու եւ Քեմալական շարժումին զինական ու դրամական օգնութիւն հասցնելու օրակարգով։ Փոխարէնը՝ Հայաստանի երաշխիք կը տրուէր, որ Խորհրդային Ռուսաստանը եւ Կարմիր Բանակը պիտի դադրեցնեն Հայաստանի Հանրապետութեան տապալումին հետամուտ խռովարար տարրերուն տրուած իրենց աջակցութիւնն ու հովանաւորութիւնը։ Բայց գրեթէ համաձայնութեան յանգած Շանթի պատուիրակութեան բանակցութիւնները յանկարծ զերօ կէտի վերադարձան, երբ խորհրդային կողմը յաւելեալ խորհրդակցութեանց համար բանակցութիւնները Երեւանի մէջ շարունակելու առաջարկ ներկայացուց։
Ձգձգումի եւ դիւանագիտական կեղծիքի վարքագիծ որդեգրեցին խորհրդայինները՝ անկախ Հայաստանի կառավարութեան հետ իրենց բանակցութեանց ամբողջ տեւողութեան։ Առանց Հայաստանի խորհրդայնացման իրենց բուն դիտաւորութիւնն ու նախապայմանը յայտարարելու, ատենի Խ. Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Չիչերինն ու անոր լիազօր ներկայացուցիչները իրողապէս այդ նպատակին կը ծառայեցնէին հայեւռուս բանակցութիւնները։ Քեմալականներու եւ ընդհանրապէս թուրք-թաթար պոլշեւիկներու «յեղափոխական» ու «ազատագրական» շարժումին զօրակցելու, բայց մանաւանդ Դաշնակիցներու դէմ առաջացած Լենին-Քեմալ միացեալ ճակատին յարելու նորանոր պահանջներ կը դրուէին Հայաստանի իշխանութեանց առջեւ։ Օգոստոս 10ին Սեւրի Դաշնագրի ստորագրութիւնը պատրուակ ծառայեց խորհրդայիններուն, որպէսզի աւելիով կարծրացնեն իրենց ճնշումը Հայաստանի վրայ՝ Սեւրի Դաշնագրին դրժումը պահանջելով։
Ահա՛ այդ օրերուն Պորիս Լեգրան նշանակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Խ. Ռուսաստանի լիազօր ներկայացուցիչ, որ Երեւան գալով ու հայեւռուս բանակցութեանց հետագայ փուլերը ղեկավարելով, իր գագաթնակէտին հասցուց դիւանագիտական կեղծիքի խորհրդային վարքագիծը։ Տասնամեակներ ետք պարզուեցաւ, որ Լեգրան՝ Երեւանի մէջ իր ստանձնած բանակցային առաքելութեան ամբողջ տեւողութեան, քայլ առ քայլ իրազեկուած էր քեմալականներու եւ խորհրդայիններու միջեւ կնքուած զինակցութեան բոլոր զարգացումներուն մասին։ Աւելի՛ն. գործօն մասնակցութիւն բերած էր Բագուի պոլշեւիկ վարիչներուն եւ Ատրպէյճանէն Հայաստան արշաւելու պատրաստուող Կարմիր Բանակի հրամանատարութեան հետ՝ ի սպաս հակահայ բոլոր քայլերու ծրագրումին եւ համակարգումին։ Այսուհանդերձ՝ մինչեւ Նոյեմբեր 29ին Կարմիր Բանակի Հայաստան մուտքը Ղազախի սահմանէն եւ Իջեւանի գրաւումը, Լեգրան շարունակաբար քողարկուեցաւ իբրեւ միջ-պետական յարաբերութիւններու կարգաւորման կոչուած խորհրդային դիւանագէտ մը, որ բնաւ պաշտօնական յայտարարութիւն չունեցաւ խորհրդային կարգերու հաստատման նախապայմանին մասին, բայց այդ պահանջով կտրուկ վերջնագիր տուաւ Հայաստանի իշխանութեանց 30 Նոյեմբեր 1920ին, անմիջապէս որ քեմալական զօրքի Հայաստան ներխուժման ընդառաջ՝ Կարմիր բանակը իր կարգին մտաւ Հայաստան։
Այդ պատճառով ալ դառնագոյն հեգնանք է Նոյեմբեր 29ի ընկալումը, հայ քաղաքական մտքի որոշ հոսանքներուն կողմէ, իբրեւ Հայաստանի խորհրդայնացման խորհրդանիշ թուական։ Կարմիր Բանակին կողմէ Հայաստան ներխուժման թուականն է, ըստ ամենայնի, 29 Նոյեմբեր 1920ը։ Ներխուժում՝ որուն փաստացի իրողութիւնն անգամ Լեգրան օրին հերքեց եւ անտեղեակ ձեւացաւ, մինչեւ որ Հայաստանի իշխանութեանց կողմէ իրեն փոխանցուեցան ստոյգ տեղեկութիւններ Կարմիր Բանակի կողմէ Իջեւանի գրաւումին եւ «ՅեղԿոմ»ի իշխանութեան հռչակումին մասին… որմէ ետք էր, միայն, որ խորհրդային ամբողջատիրութեան այս զտարիւն ներկայացուցիչը պատռեց իր բուն դիտաւորութիւնները մինչ այդ մեծ խնամքով ծածկած դիւանագիտական քողը։
Հայաստանի խորհրդայնացման թուականը 2 Դեկտեմբերն է, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը տեղի տուաւ Լեգրանի վերջնագիրին առջեւ եւ իշխանութիւնը փոխանցեց «ՅեղԿոմին»…
Այս առիթով կ’արժէ յաւելեալ նշել, որ Պորիս Լեգրան հետագային, 1934ին, հռչակուեցաւ իբրեւ Լենինկրատի Թանգարանին գերագոյն պատասխանատուութեան կոչուած պետական այն գործիչը, որ Ռուսաստանի «պուրժուական ժառանգութեան» դէմ կատաղի պայքար շղթայազերծեց եւ մեծարժէք շատ մը հնութիւններու փոշիացման պատճառ դարձաւ։ Այսօր արդէն բացայայտուած են Լեգրանի այդ «սխրագործութիւնները». ռուս ազգային ժառանգութեան հպարտութիւնը կազմող անգնահատելի բազում հնութիւններ Լեգրան, 1930ականներուն, ոչինչ գինով աճուրդի հանեց արտասահմանեան «կապիտալիստ» հաւաքածոյ պահողներուն՝ իբր թէ «յեղափոխութեան ֆինանսական կարիքները հոգալու համար»…
Թերեւս ռուս քաղաքական մտքի դիտանկիւնէն կարելի է դարմանել Լեգրաններու պատճառած այդօրինակ կորուստներն ու գործած աղէտալի սխալները։
Բայց հայ քաղաքական միտքը չի կրնար նման պերճանք թոյլատրել, որովհետեւ Հայաստանի խորհրդայնացման մէջ Լեգրաններու ունեցած ծանրագոյն յանցագործութեամբ ու պատասխանատուութեամբ՝ անդարմանելի կորուստի ենթարկուեցան Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը։
Արդարեւ, նոյնիսկ սեփական ազգի հոգեմտաւոր ժառանգութեան հետ այդպէս անփո՛յթ վարուող եւ, յանուն դասակարգային պայքարի շահերուն, արժէքներ ու սրբութիւններ ոտնակոխելու պատրաստ պոլշեւիկն էր Լեգրան, որ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի համար օրհասական այդ օրերուն, 1920ի Նոյեմբերի վերջաւորութեան եւ Դեկտեմբերի սկիզբը, եղաւ մէկը գլխաւոր այն յանցագործներուն, որոնք ծանրագոյն հարուած հասցուցին Հայաստանի անկախութեան եւ հայ ժողովուրդի ազատ ու միացեալ ապրելու հեռանկարին։
Նոյեմբեր 30, 1920 թուական
Նոյեմբեր 30, 1920 թուական. Խորհրդային Ռուսաստանի լիազօր Լեգրանի վերջնագիրը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումը պահանջելով Ն.