­Նի­կոլ Աղ­բա­լեան (1873-1947)

­Նի­կոլ Աղ­բա­լեան (1873-1947). ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ո­րա­կի վե­հաց­ման եւ հա­յաց­ման ա­ռա­քեա­լը Ն.

0
2169

­Մարտ 24ին կը տօ­նենք ծննդեան տա­րե­դար­ձը ա­ռա­քե­լա­տիպ մեծ ­Հա­յուն՝ ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեա­նի։
­Բազ­մաշ­նորհ ու տա­ղան­դա­շատ մտքի մշակ, ազ­գա­յին-պե­տա­կան ղե­կա­վար գոր­ծիչ եւ քա­ղա­քա­կան-հա­սա­րա­կա­կան անձ­նո­ւէր ա­ռաջ­նորդն է ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեան, որ ընդ հուր եւ ընդ սուր անց­նե­լէ, միշտ պատ­նէ­շի վրայ ա­նե­րեր պայ­քա­րե­լէ ետք՝ իր կեան­քը ա­ւար­տեց տա­րագ­րու­թեան մէջ, իբ­րեւ մեծ ման­կա­վարժ եւ հան­րա­յին դաս­տիա­րակ, իր ա­նու­նը անջն­ջե­լիօ­րէն կա­պե­լով ­Պէյ­րու­թի մէջ ­Լե­ւոն ­Շան­թի հետ իր հիմ­նադ­րած ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Հայ ­Ճե­մա­րա­նին։
­Բա­ռին խո­րա­գոյն եւ ընդգր­կուն ի­մաս­տով՝ ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան ար­դի ժա­մա­նակ­ներ մուտ­քին եւ ազ­գա­յին ինք­նա­հաս­տա­տու­մին Ա­ռա­քեալ մը ե­ղաւ ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեան։ Ան­սա­կարկ եւ անձ­նո­ւէր ծա­ռա­յու­թեան լծո­ւե­ցաւ հոն, ուր հայ ժո­ղո­վուր­դը կա­րի­քը ու­նէր իր տա­ղան­դին, ի­մաս­տու­թեան եւ մղիչ ու­ժին։ Եւ ուր որ ալ գոր­ծեց, Աղ­բա­լեան ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս տէր կանգ­նե­ցաւ հայ ­Ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ո­րա­կին բարձ­րաց­ման ու բիւ­րե­ղաց­ման, ինչ­պէս եւ ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հի հա­յաց­ման ան­սա­կարկ եւ բո­լոր ու­ժե­րով նո­ւի­րո­ւե­լու իր վսե­մա­գոյն կո­չու­մին։
ՀԱՅԱՑՄԱՆ մար­տահ­րա­ւէ­րը թիւ 1 խնդիրն էր Ն. Աղ­բա­լեա­նին եւ ա­նոր ան­զու­գա­կան սե­րուն­դին։ Ք­սա­նե­րորդ դա­րաս­կիզ­բին ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը կը դի­մագ­րա­ւէին ե՛ւ ֆի­զի­քա­կան-ժո­ղովրդագ­րա­կան, ե՛ւ հո­գեմ­տա­ւոր ա­ռում­նե­րով հա­յաց­ման՝ հայ ազ­գա­յին ո­րա­կի ինք­նա­մաքր­ման եւ բիւ­րե­ղաց­ման մար­տահ­րա­ւէ­րը։
­Դա­րա­ւոր գե­րու­թիւ­նը ոչ միայն ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հը վե­րա­ծած էր ե­կո­ւոր եւ հա­յա­մերժ տար­րե­րով բնա­կո­ւած խառ­նա­րան երկ­րի մը, այ­լեւ ա­ւե­լի հիմ­նա­կա­նը՝ այ­լա­սեր­ման ու տժգու­նաց­ման դա­տա­պար­տած էր նոյ­նինքն հայ ազ­գա­յին կեր­պա­րը։
­Հա­յոց ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը նոր սկսած էր թափ առ­նել եւ իր ա­ռա­ջին քայ­լե­րէն իսկ դէմ յան­դի­ման կանգ­նած էր ՀԱՅԱՑՄԱՆ մար­տահ­րա­ւէ­րին։ Օս­մա­նեան, ­Պարս­կա­կան թէ ­Ցա­րա­կան տի­րա­պե­տու­թեանց տակ կո­տո­րա­կո­ւած ու տարտղ­նո­ւած՝ մեր ժո­ղո­վուր­դը ոչ միայն ա­մէն քայ­լա­փո­խի կռնա­կէն դա­շու­նա­հար կ­þըլ­լար ե­կո­ւոր եւ հա­յա­մերժ տար­րե­րու կող­մէ, այ­լեւ՝ կը բա­խէր իր իսկ շար­քե­րը վա­րա­կած ստրկա­կան հա­մա­կեր­պու­մի եւ սե­փա­կան մոր­թը ա­մէն գնով փրկե­լու պա­տե­հա­պաշ­տու­թեան ­Չա­րի­քին։
­Հա­յը կանգ­նած էր իր ազ­գա­յին նկա­րա­գիրն ու մարդ­կա­յին ո­րա­կը բնո­րո­շող ու պայ­մա­նա­ւո­րող ար­ժէք­ներն ու ար­ժա­նիք­նե­րը վերջ­նա­կա­նա­պէս կորսնց­նե­լու ծան­րա­գոյն վտան­գին առ­ջեւ։ Ա­զատ աշ­խա­տան­քի, ար­ժա­նա­պա­տիւ կեան­քի եւ հո­գեմ­տա­ւոր լոյ­սի ա­րար­ման հա­մար ա­մէն կար­գի բռնու­թեան, կաշ­կան­դու­մի եւ ստրկաց­ման դէմ ծա­ռա­ցող ­Հայկ ­Նա­հա­պե­տի եւ ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի մարմ­նա­ւո­րած ՀԱ­Յը ու­ծաց­ման ան­դունդն ի վար թա­ւալգլոր ան­կու­մի մէջ էր։
­Հարկ էր շրջել պատ­մու­թեան կոր­ծա­նա­րար ան­կու­մի ըն­թաց­քը։
­Հարկ էր վե­րա­կանգ­նել ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հին եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին ազ­գա­յին նկա­րա­գիրն ու դէմ­քը՝ ե՛ւ էու­թեամբ, ե՛ւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ի­մաս­տով, ֆի­զի­քա­պէ՛ս։
­Նի­կոլ Աղ­բա­լեան ա՛յս ա­ռու­մով ե­ղաւ ա­ռա­քեա­լը հայ ազ­գա­յին ո­րա­կի եւ ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հի ՀԱՅԱՑՄԱՆ՝ ինք­նա­մաքր­ման եւ ո­րա­կա­կան բարձրաց­ման մեծ մար­տահ­րա­ւէ­րին ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս ըն­դա­ռա՛ջ քա­լե­լով, յաղ­թա­կա՛ն սլացք նո­ւա­ճե­լով։
Ծ­նած ­Թիֆ­լիս՝ 1873ի ­Մարտ 24ին, ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեան հա­մեստ ըն­տա­նի­քի զա­ւակ էր։ ­Թիֆ­լի­սի «­Ներ­սի­սեան» վար­ժա­րա­նը եւ Էջ­միած­նի «­Գէոր­գեան» ­Ճե­մա­րա­նը ա­ւար­տե­լէ ետք, նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ու­սուց­չու­թեան եւ գրա­կան-քննա­դա­տա­կան յօ­դո­ւած­նե­րով կա­նո­նա­ւո­րա­բար աշ­խա­տակ­ցե­ցաւ ա­տե­նի թիֆ­լի­սեան հե­ղի­նա­կա­ւոր «­Մուրճ» ամ­սագ­րին՝ ան­մի­ջա­պէս ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւե­լով եւ հռչա­կի ար­ժա­նա­նա­լով։ ­Հա­կա­ռակ նիւ­թա­կան իր ան­ձուկ պայ­ման­նե­րուն, ա­մէն ճիգ թա­փեց եւ յա­ջո­ղե­ցաւ բարձ­րա­գոյն ուս­ման դա­սըն­թացք­նե­րու հե­տե­ւիլ ­Մոս­կո­ւա­յի, ­Փա­րի­զի եւ ­Լօ­զա­նի հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մէջ։
Ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քէն Աղ­բա­լեան միա­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ իր ամ­բողջ կեանքն ու հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կա­պեց իր պաշ­տած կու­սակ­ցու­թեան հետ, ո­րուն հո­գեմ­տա­ւոր եւ բա­րո­յա­կան ա­ւանդ­նե­րու ստեղծ­ման մէջ ան­զու­գա­կան ներդ­րում ու­նե­ցաւ։
1900ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան, ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեան ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս ի­րա­գոր­ծեց հա­յոց հո­գեմ­տա­ւոր աշ­խար­հի հա­յաց­ման իր ա­ռա­քե­լու­թեան ա­ռա­ջին փու­լը։ ­Հու­նա­ւո­րե՛ց ռու­սա­կան եւ եւ­րո­պա­կան ա­զա­տա­խոհ ու յա­ռա­ջա­դէմ ար­ժէք­նե­րով հայ գրա­կան-մշա­կու­թա­յին կեան­քը պա­տո­ւաս­տե­լու եւ վե­րաշ­խու­ժաց­նե­լու ազ­գա­յին ու­ղին։ Իր ան­բա­ժան զի­նա­կից ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեա­նի հետ՝ յա­ռա­ջա­պա՛­հը ե­ղաւ ­Թիֆ­լի­սի հայ ե­րի­տա­սարդ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան «­Վեր­նա­տան հան­դի­պում­ներ»ու կազ­մա­կեր­պու­մին եւ աշ­խու­ժա­ցու­մին։ ­Դար­ձաւ դրօ­շա­կի­րը քսա­նե­րորդ դա­րաս­կիզ­բի հո­գեմ­տա­ւոր այն մեծ շար­ժու­մին, որ հա­յոց բազ­մա­դա­րեան հարս­տու­թեան վե­րա­նո­րո­գու­մին մէջ տե­սաւ եւ ար­մա­տա­ւո­րեց վա­ղո­ւան հայ մշա­կոյ­թի ո­րա­կա­կան ոս­տու­մին ա­կունք­նե­րը։
1909էն 1912, Աղ­բա­լեան վա­րեց ­Թեհ­րա­նի հա­յոց ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը, իսկ 1913ին՝ ­Թիֆ­լիս վե­րա­դառ­նա­լով՝ Ար­շակ ­Ջա­մա­լեա­նի հետ խմբագ­րեց Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «­Հո­րի­զոն»ը, որ մին­չեւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կեր­տումն ու ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մը, ա­րե­ւե­լա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ կա­տա­րեց հան­րա­յին լու­սա­ւո­րու­մի մեծ գործ՝ ամ­բող­ջաց­նե­լով ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ­Պոլ­սոյ Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Ա­զա­տա­մարտ»ի, որ ա­րեւմ­տա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ մտա­ւո­րա­կան վե­րած­նուն­դի հնո­ցը հան­դի­սա­ցած էր։
Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի բռնկու­մին հետ, ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեան յա­ռա­ջա­մար­տիկ­նե­րէն ե­ղաւ ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դի ստեղ­ծու­մին՝ իր հե­ղի­նա­կու­թիւնն ու կազ­մա­կեր­պա­կան շնոր­հը ծա­ռա­յեց­նե­լով ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Շարժ­ման կազ­մա­կեր­պու­մին ու յաղ­թար­շա­ւին։ Իսկ երբ ռու­սա­կան զօր­քե­րու նա­հան­ջին հետ Ա­րա­րա­տեան ­Դաշ­տը լե­ցո­ւե­ցաւ ա­րեւմ­տա­հայ գաղ­թա­կա­նու­թեամբ, Աղ­բա­լեան հո­գա­ծու հօր անձ­նո­ւի­րու­մով՝ փա­րե­ցաւ գաղ­թա­կան­նե­րու պատս­պար­ման, սնման եւ բուժ­ման դժո­ւա­րին գոր­ծին։
­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խա­ցու­մով՝ պատ­գա­մա­ւոր ընտ­րո­ւե­ցաւ յա­ջոր­դա­բար ­Հա­յաս­տա­նի ­Խոր­հուր­դին եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Խորհր­դա­րա­նին (1918 եւ1919ին), պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թեամբ մեծ ներդ­րում ու­նե­նա­լով ­Հա­յաս­տա­նը թա­թար­նե­րէ մաք­րե­լու գոր­ծին մէջ՝ ­Ռու­բէ­նի հետ։ 1919էն սկսեալ, Ալ. ­Խա­տի­սեա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ ստանձ­նե­լով ­Լու­սա­ւո­րու­թեան նա­խա­րա­րի պա­տաս­խա­նա­տո­ւութիւ­նը՝ Աղ­բա­լեան հի­մը դրաւ Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նին, ինչ­պէս եւ ստանձ­նեց պե­տա­կան հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը նո­րա­հաս ար­ժէք­նե­րու, մին­չեւ ան­գամ ­Չա­րեն­ցի օ­րի­նա­կով օ­րո­ւան դաշ­նակ­ցա­կան իշ­խա­նու­թեանց հա­կադ­րո­ւած այ­լա­խոհ գրող­նե­րու եւ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու, ի խնդիր հայ մշա­կոյ­թի եւ ա­րո­ւես­տի պե­տա­կան ծաղ­կու­մին։
­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դայ­նա­ցու­մէն ետք Աղ­բա­լեան իր կար­գին, ­Փետ­րո­ւար 9ին, ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ եւ բանտ նե­տո­ւե­ցաւ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու կող­մէ, ո­րոնց գոր­ծադ­րած չար­չա­րանք­նե­րէն եւ հա­ւա­տաքնն­չա­կան խժդու­ժու­թիւն­նե­րէն փրկո­ւե­ցաւ միայն ­Փետ­րո­ւա­րեան հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան ապս­տամ­բու­թեան շնոր­հիւ, երբ ըմ­բոս­տա­ցած ժո­ղո­վուր­դը խու­ժեց բան­տե­րը եւ պոլ­շե­ւի­կեան կա­պանք­նե­րէն ա­զատ ար­ձա­կեց իր պաշ­տած հե­րոս­ներն ու հե­ղի­նա­կու­թիւն­նե­րը։
Ապս­տամ­բու­թեան ընկր­կու­մէն ետք եւ ­Հան­րա­պե­տու­թեան դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան երկ­րէն հե­ռա­ցու­մին հետ, Աղ­բա­լեան ան­ցաւ Ատր­պա­տա­կան, ուր­կէ՝ կարճ ժա­մա­նակ ետք՝ մեկ­նե­ցաւ Ա­ղեք­սանդ­րիա, Ե­գիպ­տոս։ ­Մին­չեւ 1928 ման­կա­վար­ժա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լեց Ե­գիպ­տո­սի մէջ, ուր ­Լե­ւոն ­Շան­թի հետ նա­խա­ձեռ­նեց «­Հայ Կր­թա­կան եւ Հ­րա­տա­րակ­չա­կան ­Հա­մազ­գա­յին ­Միու­թեան» հիմ­նադ­րու­թեան։ Այ­նու­հե­տեւ՝ եր­կու­քով ան­ցան ­Պէյ­րութ (­Լի­բա­նան), ուր 1930ին հիմ­նե­ցին ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Հայ ­Ճե­մա­րան»ը։
­Մին­չեւ իր մա­հը՝ 15 Օ­գոս­տոս 1947ին, ­Լե­ւոն ­Շան­թի կող­քին ան­խոնջ կանգ­նած՝ Աղ­բա­լեան ծա­ւա­լեց ե՛ւ ման­կա­վար­ժա­կան, ե՛ւ հա­յա­գի­տա­կան ե­ռուն գոր­ծու­նէու­թիւն։ ­Դա­սա­ւան­դեց ­Հայ Գ­րա­կա­նու­թեան ­Պատ­մու­թիւն, Գ­րա­բար ­Հա­յե­րէն եւ ­Հայ ­Մա­տե­նա­գի­տու­թիւն։ ­Նաեւ՝ ­Ժո­ղովր­դա­յին Լ­սա­րան­ներ կազ­մա­կեր­պեց, որ­պէս­զի տա­րա­գիր ու գաղ­թա­կան հա­յու­թեան լայն բազ­մու­թիւն­նե­րուն մէջ սեր­մա­նէ հայ մշա­կոյ­թին եւ ա­րո­ւես­տին պաշ­տա­մուն­քը։
Այդ տա­րի­նե­րու իր տքնա­ջան աշ­խա­տան­քին ար­գա­սի­քը ե­ղան գրա­կան-քննա­դա­տա­կան, բա­նա­սի­րա­կան եւ ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­բա­նա­կան ար­ժէ­քա­ւոր գոր­ծեր։ Այդ շար­քին՝ «­Սա­յաթ-­Նո­վա» մե­նագ­րու­թիւ­նը, «­Հայ ­Մա­տե­նա­գի­տու­թիւն» դա­սա­գիր­քը, «Մ­տա­ծում­ներ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան մա­սին» կո­թո­ղա­կան աշ­խա­տու­թիւ­նը ու հա­մազ­գա­յին հնչե­ղու­թեամբ ա­ռան­ձին դէմ­քե­րու եւ դրո­ւագ­նե­րու նո­ւի­րո­ւած իր ար­ժէ­քա­ւոր յօ­դո­ւած­նե­րը։
Ա­ռի­թով մը եւ ­Ճե­մա­րա­նի ա­ռա­քե­լու­թեան անդրա­դառ­նա­լով՝ Աղ­բա­լեան գրած է, թէ «­Ճե­մա­րա­նը մի տա­ճար է, ուր կ­þա­ղօ­թեն հայ մշա­կոյ­թի սուր­բե­րուն»։ ­Հա­յաց­ման մեծ ա­ռա­քեա­լին հա­մար, խոր­քին մէջ, ­Հա­յաս­տանն ու հայ ժո­ղո­վուրդն էին այդ «­Ճե­մա­րան»ը, ուր Աղ­բա­լեան ­Մեծ ­Հա­յուն ան­ձը, կեանքն ու վաս­տա­կը անլ­ռե­լի ա­ղօթք մը ե­ղան ի պահ­պա­նու­թիւն, օրհ­նու­թիւն եւ վե­րամկր­տու­թիւն հայ հո­գիի սրբու­թիւն­նե­րուն։
Այդ ներշն­չու­մով ալ ­Հայ­կա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան եւ բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րուն անկրկ­նե­լի մեկ­նա­բանն ու քա­րո­զի­չը հան­դի­սա­ցաւ Աղ­բա­լեան, որ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ սոր­վե­ցուց ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն, շար­քա­յին կու­սակ­ցա­կան­ներ ըլ­լան ա­նոնք թէ
— «­Դաշ­նակ­ցա­կանն իր ան­ձին մէջ վե­րա­կազ­մում է նոր հա­յու­թեան տի­պա­րը, բոր­բո­քե­լով ժա­ռան­գա­կան ա­րու­թեան կայ­ծե­րը, որ մնա­ցած են ան­թե­ղուած եւ յա­րա­ճուն խի­զա­խու­թեամբ խա­րա­նե­լով ու սպիաց­նե­լով ժա­ռան­գա­կան ստրկու­թեան վէր­քե­րը։
«Այս բա­րո­յա­կան յե­ղաշր­ջու­մը ա­մէ­նից ա­ւե­լի յատ­կո­րոշ գիծն է մեր կու­սակ­ցու­թեան։ «­Սա­սուն­ցի ­Դաւ­թի ա­ւան­դա­կան տի­պարն է, որ [կու­սակ­ցու­թիւ­նը — Ն.] կեն­դա­նաց­նում է «դաշ­նակ­ցա­կան»ի մէջ, յե­ղաշր­ջե­լով մի դա­րա­ւոր մտայ­նու­թիւն։
Այս յե­ղաշրջ­ման ճամ­բին «դաշ­նակ­ցա­կան»ը կորց­նում է շատ անձ­նա­կան շա­հեր եւ խզում է շատ թան­կա­գին կա­պեր, բայց նրա աչ­քին չեն ե­րե­ւում այդ կո­րուստ­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ մի կող­մից խթա­նում է Կա­նո­նագ­րի» [դաշ­նակ­ցա­կա­նի երդ­ման մէջ սահ­մա­նո­ւած] պա­հան­ջը՝ «ա­մէն ջանք թա­փել», ո­րին նա յանձ­նա­ռու է դար­ձած, միւս կող­մից կշտամ­բում կամ քա­ջա­լե­րում է նա­հա­տակ ըն­կեր­նե­րի թան­կա­գին յի­շա­տա­կը, որ հսկում է ան­մար. ըն­կեր­ներ, որ ոչ մէկ բա­նով պա­կաս էին նրա­նից եւ յա­ճախ շատ բա­նով ա­ռա­ւել, եւ ո­րոնք սա­կայն մե­ռան պայ­քա­րի ճամ­բին, կու­սակ­ցու­թեան դրօ­շը թող­նե­լով ի­րան։
«­Դաշ­նակ­ցա­կանն այս­պի­սով մի ու­րոյն բա­րո­յա­կան աշ­խարհ է, ու­րոյն ըմբռ­նում­նե­րով ու բար­քե­րով, որ ստեղ­ծում եւ սնու­ցա­նում է ու­րոյն տի­պար­ներ։
«­Հա­մե­մա­տե­ցէք ու­րիշ քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­ներ նրա հետ եւ կը տես­նէք անդն­դա­խոր տար­բե­րու­թիւ­նը։
«­Սա ոչ թէ շա­հա­կից ան­ձե­րի միու­թիւն է, այլ ա­րիա­ցող տի­պար­նե­րի ըն­կե­րու­թիւն։
«Այս­տեղ ոչ թէ անձ­նա­կան եւ նիւ­թա­կան շահն է, որ կա­պում է մարդ­կանց, այլ բա­րո­յա­կան ուխ­տի նոյ­նու­թիւնն է, որ դարձ­նում է ըն­կեր եւ Ծ­րա­գիր ­Կա­նո­նագ­րի միու­թիւ­նը՝ հա­մըն­թաց»։
Ընդգր­կուն այս­պի­սի՛ խո­հա­կա­նու­թեամբ եւ աշ­խար­հա­յեաց­քով՝ ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեան հայ ժո­ղո­վուր­դի երկ­նա­կա­մա­րին վրայ ճա­ռա­գայ­թեց իբ­րեւ գա­ղա­փա­րա­կան ա­մուր նկա­րագ­րի, բա­րո­յա­կան ա­նեղծ վար­քի եւ հա­մազ­գա­յին լայ­նա­խո­հու­թեան տէր ա­ռա­քեա­լը։
­Հայ հո­գիի եւ ­Հա­յաս­տան աշ­խար­հի ո­րա­կա­ւոր­ման եւ հա­յաց­ման դրօ­շա­կի­րը։
Իր ծննդեան տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով՝ Ն. Աղ­բա­լեա­նի ան­ձով, գոր­ծով ու մտա­ծում­նե­րով հա­ղոր­դուե­լու յու­շա­տետ­րի այս կարճ պա­հը կ­’ար­ժէ եզ­րա­փա­կել Աղ­բա­լեան Ի­րա՛ւ ­Մար­դուն բնո­րոշ մտա­ծու­մի հե­տե­ւեալ շի­թե­րով՝ սի­րոյ, մարդ­կայ­նա­կա­նու­թեան, ըն­կե­րա­յին հա­մե­րաշ­խու­թեան, ան­կեղ­ծու­թեան եւ յար­գա­լի­րու­թեան մա­սին.-
«… ­Մեր ան­հա­տա­պաշտ դա­րում յա­ճախ է պա­տա­հում, որ մար­դիկ ըն­կե­րա­նում են՝ ա­ռանց մտա­ծե­լու, թէ ըն­կե­րու­թիւ­նը փո­խա­դարձ զի­ջում է, որ կա՛մ պէտք է սի­րով կա­տա­րել, կա՛մ ար­դա­րու­թեամբ: ­Լաւ է, ան­շո՛ւշտ, որ սի­րով կա­տա­րո­ւի, այն ժա­մա­նակ հա­շիւ չի պա­հո­ւի, ինչ­պէս մայրն իր ե­րե­խա­յի հան­դէպ, բայց գո­նէ ար­դա­րու­թեամբ պէտք է զի­ջեն կող­մե­րը, որ կա­րե­նան հաշտ ըն­թա­նալ: ­Զուր չէ, որ լուծ են ա­սել ա­մուս­նու­թեան մա­սին, կա­մո­վին ա­ռած լուծ՝ կեան­քի ա­կօ­սը վա­րե­լու: ­Բարդ է նոր մար­դու հո­գին եւ շատ զգա­յուն, սէրն ան­շուշտ ա­մե­նա­գէտ է եւ կա­րող է ա­մէն սուր ան­կիւն մա­շել մեղ­մօ­րէն, բայց սէրն այն­քան նոյ­նա­ցած է հի­մա սե­ռի հետ, որ ան­տես­ւում է եւ մար­դու աչ­քին ե­րե­ւում է, որ կա­րող է կորց­նել իր թար­մու­թիւ­նը: ­Մար­դը սի­րե­լով կին պէտք է առ­նել եւ ոչ կին սի­րե­լով մարդ ո­րո­նել նրա մէջ: Երբ մար­դը սի­րո­ւի կնոջ մէջ՝ նա վախ չու­նի տա­րի­քից, ո­րին օգ­նել չեն կա­րող ոչ հա­գուս­տի նոր ձե­ւը եւ ոչ շպա­րը…
«Եր­կար ապ­րե­լու չէք. ա­մե­նա­շա­տը հա­րիւր տա­րի. ու­րիշ ան­գամ աշ­խարհ գա­լու չէք. ա՛յս է, որ կայ. յե­տոյ գա­լու է յա­ւեր­ժա­կան խա­ւար եւ հան­գիստ: ­Պէտք է խա­ղաղ ու սի­րով անց­նել կարճ ճամ­բան. հաշտ ու հա­մե­րաշխ: Ե­թէ մար­դիկ սո­վո­րու­թիւն դարձ­նեն վշտի, բար­կու­թեան, սրտնե­ղու­թեան եւ սրանց նման պա­հե­րին անդ­րա­դառ­նալ, որ առ­ջեւ­նե­րը մահ կայ՝ ա­մէն ինչ կը դիւ­րա­նայ եւ ան­սահ­ման նե­րո­ղամ­տու­թեամբ կը հա­մա­կո­ւեն ու թե­թեւ կ­’ապ­րեն այս աշ­խար­հում:
Ո­մանք սար­սա­փում են մա­հից, իմ աչ­քում նա մի մեծ բա­րիք է, որ ան­հու­նօ­րէն բարձ­րաց­նում է ա­մէն մի վա­յել­քի եւ հա­ճոյ­քի ար­ժէ­քը: Ե­թէ մտա­ծենք, որ այ­սօ­րը անց­նում է եւ վե­րա­դարձ չու­նի՝ պի­տի զղջանք, որ այդ անց­նող օ­րը դառ­նու­թիւն բե­րեց մեր պատ­ճա­ռով սրան կամ նրան, բայց մա­նա­ւանդ մեր սի­րա­ծին:
«Ինչ պի­տի տար սրտնե­ղու­թիւ­նը, վի­րա­ւո­րան­քը, ա­նու­շադ­րու­թիւ­նը, ար­հա­մար­հան­քը, մռայլ կնճի­ռը, զայ­րաց­կոտ խօս­քը, յար­գան­քի պա­կա­սը, հնա­րա­ւո­րի մեր­ժու­մը եւ սրանց նման անն­շան բա­նե­րը, որ խան­գա­րում են սի­րած մար­դոց ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը. յա­ւի­տեան ապ­րե­լո՞ւ ենք, միշտ ե­րի­տա­սա՞րդ պի­տի մնանք, դիւ­րի՞ն է լաւ կին ու բա­րե­կամ գտնե­լը. տիե­զե­րա­կան ու­ժե­րը վա­րում են մեզ դէ­պի մահ, ին­չո՞ւ ի­րար սիրտ կոտ­րենք այդ խու­ճա­պի մէջ, ին­չո՞ւ ի­րար չօգ­նենք, ի­րար վրայ չգուր­գու­րանք, ի­րար չսի­րենք, խէթ-խէթ ի­րար նա­յե­լով, ի­րար զար­կե­լով, ի­րար սիրտ կոտ­րե­լով ա­ւե­լի դան­դա՞ղ պի­տի վա­րէ տիե­զեր­քը մեզ դէ­պի մահ, նա, որ չգի­տէ իսկ, թէ մար­դիկ սի­րել ու ապ­րել գի­տեն»…