12 ­Յու­նո­ւա­րի այս օ­րը կը լրա­նայ ծննդեան 150ա­մեա­կը ­Նի­կոլ ­Դու­մա­նի, որ ի­րա­ւամբ կը հան­դի­սա­նայ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ան­զու­գա­կան հայ­դու­կա­պե­տը։
­Նի­կոլ ­Դու­ման ոչ միայն մղիչ ուժ ե­ղաւ ու թափ տո­ւաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան պայ­քա­րին, այ­լեւ՝ ընդ հուր եւ ընդ սուր յա­ռաջ ըն­թա­ցող հա­յոց քա­ջա­րի սե­րունդ­նե­րուն մար­տու­նա­կու­թիւն սոր­վեց­նող դաշ­նակ­ցա­կան ա­ռաջ­նոր­դը դար­ձաւ՝ պատ­գա­մե­լով, որ «ի՛նչ էլ լի­նի, թէ՛ թշնա­մուն եւ թէ բա­րե­կա­մին յար­գանք ու պատ­կա­ռանք ներշն­չո­ղը, դժբախ­տա­բար, դեռ կո­պիտ ուժն է։ Եւ մի ազգ — ե­թէ ու­զում է մնալ յար­գո­ւած, ե­թէ չի ու­զում կոր­չել — պէտք է լի­նի զէն­քի ըն­դու­նակ. միշտ պէտք է լի­նի կազմ ու պատ­րաստ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար, մա­նա­ւանդ քա­ղա­քա­կան ցնցում­նե­րի վայր­կեան­նե­րում»։
­Դու­ման ծնած է ­Յու­նո­ւար 1867ի այս օ­րը, Ար­ցա­խի ­Խա­չէն գա­ւա­ռի (­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Աս­կե­րա­նի շրջա­նի) Ղշ­լաղ գիւ­ղը։ Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով՝ ­Նի­կո­ղա­յոս ­Տէր-­Յով­հան­նի­սեան, ան կո­չո­ւած էր հա­յոց պատ­մու­թեան նո­րա­գոյն շրջա­նին վրայ իր անջն­ջե­լի դրոշ­մը դնե­լու՝ իբ­րեւ ա­ռաս­պե­լա­տիպ ­Նի­կոլ ­Դու­ման։
­Վեր­ջին հա­րիւ­րա­մեա­կին ամ­բողջ սե­րունդ­ներ ո­գեշն­չո­ւե­ցան ­Նի­կոլ ­Դու­մա­նի օ­րի­նա­կով եւ ա­ւան­դով, ո­րով­հե­տեւ հայ կեան­քի դժո­ւա­րին բո­լոր պա­հե­րուն, յատ­կա­պէս մեր ժո­ղո­վուր­դի ֆի­զի­քա­կան գո­յու­թեան սպառ­նա­ցող օր­հա­սա­կան վտանգ­նե­րուն դէմ յան­դի­ման, հա­յոց աշ­խար­հի ա­մէ­նէն խուլ ան­կիւն­նե­րէն մին­չեւ ­Հայ­կա­կան Ս­փիւռ­քի ա­մէ­նէն հե­ռա­ւոր ա­փե­րը, ­Դու­մա­նի կեանքն ու գոր­ծը, մտքերն ու խստա­պա­հան­ջու­թիւ­նը հա­ւա­քա­կան ուժ եւ ան­կոտ­րում կամք ներշն­չե­ցին հա­յոց ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րուն, Ազ­գի եւ ­Հայ­րե­նի­քի պաշտ­պան ու պա­հա­պան քա­ջոր­դի­նե­րուն։
­Մի­քա­յէլ ­Վա­րան­դեա­նի նկա­րագ­րու­թեամբ՝ ­Դու­ման «բարձ­րա­հա­սակ, նի­հար, ջղուտ ու ոսկ­րուտ, մէջ­քը փոքր ինչ կո­րա­ցած, սեւ, կայծկլ­տող աչ­քե­րով, ու­ժեղ, խու­զար­կու նա­յո­ւած­քով. պայ­ծառ միտք, ա­րագ ըմբռ­նող, ինք­նավս­տահ ու կո­րո­վի, յան­դուգն եւ ա­հեղ։ Հ­րա­մա­նա­տար մըն էր — սիր­տը՝ պող­պատ, խօս­քը՝ կտրուկ, վճի­ռը՝ ան­դառ­նա­լի։ Եր­գեր հիւ­սե­ցին քիւր­տե­րը ա­նոր վա­րած կռիւ­նե­րուն մա­սին — փայ­լուն ճա­կա­տա­մարտ­նե­րու շա­րան մը։ ­Նի­կոլ ­Դու­ման դա­ժան ու անխ­նայ էր ա­մէն կար­գի ո­սոխ­նե­րու դէմ, նաեւ՝ ներ­քին հա­կա­ռա­կորդ­նե­րու։ ­Խա­րա­զանն էր շան­թա­ժիստ­նե­րու, դա­սա­լիք­նե­րու, ան­կար­գա­պահ զի­նո­ւոր­նե­րու»…
­Նի­կոլ ­Տէր-­Յով­հան­նի­սեան «­Դու­ման» (փո­թո­րիկ) ա­նո­ւա­նո­ւե­ցաւ ան­զէն հա­յուն պա­տու­հա­սը դար­ձած քիւրտ հրո­սակ­նե­րուն կող­մէ, ո­րոնք սար­սա­փա­հար վկա­նե­րը ե­ղան դաշ­նակ­ցա­կան հայ­դու­կա­պե­տին մար­տա­կան խի­զա­խու­թեան եւ ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով մղո­ւած կռիւ­նե­րը յաղ­թա­նա­կով պսա­կե­լու ռազ­մա­կան ան­պար­տե­լիու­թեան։
­Ռու­բէ­նի գնա­հա­տու­մով՝ ­Դու­մա­նի ա­ռաս­պե­լա­կան հռչա­կին եւ հե­րո­սա­կան մե­ծու­թեան գաղտ­նի­քը պէտք է փնտռել ա­նոր «ղա­րա­բաղ­ցի լեռ­նա­կա­նի պող­պա­տէ կամք»ին մէջ, որ ան­դա­ւա­ճան ըն­կե­րը ե­ղաւ ­Դու­մա­նի յե­ղա­փո­խա­կան կեան­քին։
Ա­նա­ռար­կե­լիօ­րէն պող­պա­տեայ կամ­քի տէր էր ­Դու­ման։ ­Յե­ղա­փո­խա­կա­նի իր ա­ռա­ջին քայ­լե­րէն սկսեալ, իբ­րեւ ­Թաւ­րի­զի մէջ հա­զիւ 24 տա­րե­կան դաշ­նակ­ցա­կան ու­սու­ցիչ-գոր­ծիչ, ­Դու­ման դրսե­ւո­րեց թէ՛ գա­ղա­փա­րա­կան-կազ­մա­կեր­պա­կան, թէ՛ մար­տա­կան-ռազ­մա­կան եր­կա­թեայ կար­գա­պա­հու­թիւն։
­Հե­տա­գայ իր ամ­բողջ գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին, ­Դու­ման մարմ­նա­ւո­րեց հա­յոց ռազ­մա­կան ղե­կա­վա­րի պող­պա­տեայ կամ­քը՝ սահ­մա­նը անց­նող ֆե­տա­յա­կան խում­բե­րու կազ­մա­կեր­պու­մէն մին­չեւ ­Վաս­պու­րա­կա­նի մէջ դաշ­նակ­ցա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան ստեղ­ծու­մը, ­Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քին մտայ­ղա­ցու­մէն, կազ­մա­կեր­պա­կան ծրագ­րու­մէն ու յա­ջո­ղու­թեամբ ի­րա­գոր­ծու­մէն մին­չեւ 1905ի հայ-թա­թա­րա­կան ընդ­հա­րում­նե­րուն ռազ­մա­կան ղե­կա­վա­րու­մը, իսկ այ­նու­հե­տեւ՝ ­Պարս­կա­կան ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Շար­ժու­մին իր ղե­կա­վար մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ­Ռոս­տո­մի կող­քին։
­Դու­ման ա­մէն քայ­լա­փո­խի ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցաւ մեր ժո­ղո­վուր­դին եւ, մա­նա­ւա՛նդ, հայ յե­ղա­փո­խա­կա­նի պող­պա­տեայ կամքն ու եր­կա­թեայ կար­գա­պա­հու­թիւ­նը ամ­րապն­դե­լու եւ հզօ­րաց­նե­լու հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ։ Եւ ան­վա­րան կա­րե­լի է շեշ­տել, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը յատ­կո­րո­շող կազ­մա­կեր­պա­կան եր­կա­թեայ կար­գա­պա­հու­թեան ար­մա­տա­ւո­րու­մին մէջ՝ մե­ծա­գոյն ներդ­րու­մը ու­նե­ցող գոր­ծիչ­նե­րէն է ­Նի­կոլ ­Դու­ման։
­Գե­րա­զան­ցա­պէս ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ էր ­Դու­ման՝ բա­ռին յե­ղա­փո­խա­կան կամ­քեր հա­մա­տե­ղե­լու եւ ներ­դաշ­նա­կե­լու, խստա­կեաց ու խստա­պա­հանջ իր վար­քով կուռ կազ­մա­կեր­պու­թիւն կեր­տե­լու ա­ռու­մով։
Իր գոր­ծով ու նկա­րագ­րով՝ նի­կոլ ­Դու­ման ազ­գա­յին ար­ժէ­քի վե­րա­ծեց հա­յու ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ կեր­պա­րը։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ միայն ­Դաշ­նակ­ցու­թեան չպատ­կա­նե­ցաւ, այ­լեւ՝ ար­ժա­նա­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր հա­տո­ւած­նե­րուն ու հո­սանք­նե­րուն ան­վե­րա­պահ գնա­հա­տան­քին ու պաշ­տա­մուն­քին։
­Պա­տա­հա­կան չէր, որ երբ 28 ­Սեպ­տեմ­բեր 1914ին տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Դու­մա­նի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը ­Թիֆ­լի­սի մէջ, տեղ­ւոյն հա­յու­թիւ­նը միաս­նա­կան շար­քե­րով ազ­գա­յին ան­նա­խա­դէպ յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ար­ժա­նա­ցուց իր հե­րո­սա­կան զա­ւա­կին։
­Նոյն­պէս պա­տա­հա­կան չէր, որ ինք­նաս­պա­նու­թեամբ իր ան­բու­ժե­լի հի­ւան­դու­թեան վերջ տո­ւած ­Դու­մա­նի անշն­չա­ցած մար­մի­նը թա­ղո­ւե­ցաւ հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման ըն­կե­րա­յին նա­զով­րե­ցիին՝ ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեա­նի ա­ճիւն­նե­րու կող­քին, հա­յոց ­Խո­ջե­վան­քի պան­թէո­նին մէջ։
Ի վեր­ջոյ, ինչ­պէս Իշ­խա­նը՝ ­Յով­սէփ Ար­ղու­թեան դամ­բա­նա­կան իր խօս­քին մէջ օ­րին կ­’ընդգ­ծէր, ե­թէ ­Զա­ւա­րեան հան­դի­սա­ցաւ «մեր ա­զա­տագ­րու­թեան խիղ­ճը», ­Դու­ման ե­ղաւ «մեր ա­զա­տագ­րու­թեան մար­տի­կը»։
­Նի­կոլ ­Դու­ման իր մա­հո­ւան պա­րա­գա­նե­րովն ալ ամ­րագ­րեց իր ա­նո­ւան շուրջ ար­դա­րօ­րէն հիւ­սո­ւած հե­րո­սա­կան մե­ծու­թեան դիւ­ցազ­ներ­գու­թիւ­նը։ ­Թո­քախ­տէ հիւ­ծած «մեր ա­զա­տագ­րու­թեան մար­տի­կը», տե­ղեակ պա­հո­ւե­լով ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Շարժ­ման շղթա­յա­զերծ­ման հա­մար ­Թիֆ­լիս հա­ւա­քո­ւած դաշ­նակ­ցա­կան քա­ջա­րի հայ­դուկ­նե­րու զօ­րա­շար­ժին մա­սին, ապ­րե­ցաւ այն ան­հուն տա­ռա­պան­քը, որ ի վի­ճա­կի չէր այ­լեւս իր բա­ժին մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դի պաշտ­պա­նու­թեան ու ա­զա­տագ­րու­թեան օր­հա­սա­կան կռո­ւին… Այդ տա­ռա­պան­քով ու անձ­կու­թեամբ էր, որ ­Դու­ման նա­խընտ­րեց սե­փա­կան ատր­ճա­նա­կով վերջ տալ զինք ֆի­զի­քա­պէս սպա­ռած հի­ւանդ կեան­քին։
Ա­ւե­լի՛ն. իր գոր­ծու­նէու­թեան ամ­բողջ ըն­թաց­քին՝ հայ պե­տա­կան գոր­ծի­չի ինք­նա­տիպ նա­խա­կա­րա­պետ մը ե­ղաւ ­Նի­կոլ ­Դու­ման, որ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն հե­տա­մուտ մնաց հա­յու ռազ­մա­կան ու­ժը ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան ա­մուր են­թա­կա­ռոյ­ցով օժ­տե­լու եւ պե­տա­կան տա­րո­ղու­թեամբ հզօ­րաց­նե­լու մեծ ե­րա­զին։
1890ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան, ­Թաւ­րի­զի ու ­Սալ­մաս­տի մէջ, ­Դաշ­նակ­ցու­թեան զի­նա­գոր­ծա­րա­նի հիմ­նու­մէն մին­չեւ Եր­կիր անց­նող՝ սահ­մա­նը կտրող հայ ֆե­տա­յի­նե­րու զի­նո­ւո­րա­կան պատ­րաս­տու­թեան գոր­ծը, ­Դու­ման ա­ռա­ջին քայ­լե­րը նե­տեց հա­յոց ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժու­մը պե­տա­կա­նա­ձեւ կա­ռոյց­նե­րով կազ­մա­կեր­պե­լու եւ հզօ­րաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։
­Նոյն տե­սիլ­քով գոր­ծեց 1890ա­կան­նե­րու երկ­րորդ կի­սուն, երբ իր կար­գին Եր­կիր մտաւ։ ­Միշտ մե­ծա­թիւ ար­շա­ւա­խում­բե­րու կազ­մա­կերպ­ման ու ա­նոնց ­Դէ­պի Եր­կիր ա­ռաք­ման ռազ­մա­վա­րու­թեան դրօ­շա­կի­րը դար­ձաւ, որ­պէս­զի ստրկա­ցո­ւած մեր ժո­ղո­վուր­դին ազ­գա­յին ինք­նավս­տա­հու­թիւնն ու ռազ­մու­նա­կու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նէ։
­Խա­նա­սո­րի Ար­շա­ւան­քը ծնունդ ա­ռաւ հայ պե­տա­կան գոր­ծի­չի այդ տե­սիլ­քէն եւ դար­ձա­կէտ կազ­մեց հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան մէջ, ո­րով­հե­տեւ մէ­կան­գա­մընդ­միշտ շրջեց հա­յու ան­զօ­րու­թեան ու թա­ւալգ­լոր ան­կու­մի ըն­թաց­քը՝ հաս­տա­տե­լով, որ հա­կա­ռակ պարս­կա­կան, ռու­սա­կան թէ թրքա­կան տի­րա­պե­տու­թեան պատ­ճա­ռած ախ­տե­րուն, հայ ժո­ղո­վուր­դը ի վի­ճա­կի է իր մար­տու­նա­կու­թեան նո­րո­վի թափ տա­լու եւ հայ­րե­նի իր հո­ղին վրայ պե­տա­կա­նօ­րէն տան­տէր կանգ­նե­լու՝ ազ­գա­յին հզօր բա­նակ կեր­տե­լու։
­Միեւ­նոյն տե­սիլ­քը ա­ռաջ­նոր­դեց ­Նի­կոլ ­Դու­մա­նի մտքերն ու քայ­լե­րը, երբ 1905-1906ին, ողջ Անդր­կով­կա­սի տա­րած­քին, հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ հրահ­րո­ւած թուրք-թա­թա­րա­կան յար­ձա­կում­նե­րուն դէմ՝ ­Հայ­դու­կա­պե­տը ռազ­մա­կան ղե­կա­վա­րը դար­ձաւ հա­յոց ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կռիւ­նե­րուն։ Ս­տանձ­նեց հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը Ե­րե­ւա­ն նա­հան­գի հա­յոց ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան, ու­ժեղ հա­րո­ւած­նե­րու տակ սան­ձեց մո­լուց­քը թա­թա­րա­կան ամ­բո­խին, նաեւ ու մա­նա­ւանդ՝ ցա­րա­կան նենգ հրձի­գու­թեան, որ ազ­գա­մի­ջեան բա­խում­նե­րու հրահ­րու­մով կը փոր­ձէր իբր թէ փրկել ­Ցա­րիզ­մի փուլ ե­կող կայ­սե­րա­պե­տու­թիւ­նը։
­Պե­տա­կան գոր­ծի­չի միեւ­նոյն ներշն­չու­մով՝ ­Նի­կոլ ­Դու­ման կանգ­նե­ցաւ ­Ռոս­տո­մի եւ Եփ­րե­մի կող­քին ­Պարս­կաս­տա­նի մէջ, միաս­նա­բար ղե­կա­վա­րե­լու հա­մար հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու մար­տա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը պար­սիկ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Շար­ժու­մին, ընդ­դէմ խա­նե­րու խա­ւա­րամ­տու­թեամբ հաս­տա­տո­ւած ­Շա­հի բռնա­կա­լու­թեան, որ հա­կա­հայ դա­ւա­դիր գոր­ծար­քի մէջ էր թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց հետ։
Այս բո­լո­րով՝ ­Նի­կոլ ­Դու­ման անջն­ջե­լի իր տե­ղը կը գրա­ւէ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մի ոս­կե­մա­տեա­նին մէջ։
­Յատ­կա­պէս ­Դու­մա­նի քա­րո­զած ազ­գա­յին ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան եւ մար­տու­նա­կու­թեան ռազ­մա­վա­րա­կան ուղ­ղու­թիւ­նը միշտ յու­շա­րար պի­տի մնայ ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ապ­րող սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։
­Նի­կոլ ­Դու­ման ազ­գե­րու մի­ջեւ հրահ­րո­ւած թշնա­ման­քին եւ հա­կա­մար­տու­թեանց դէմ կանգ­նե­ցաւ ամ­բողջ ու­ժով, ազ­գա­մի­ջեան խա­ղա­ղու­թեան եւ հա­մե­րաշ­խու­թեան անվ­հատ դրօ­շա­կի­րը մնաց, բայց եր­բեք մտա­հան չը­րաւ նաեւ կեան­քի դա­ժան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը եւ շա­րու­նակ պատ­գա­մեց՝
«… Ով որ կար­ծում է, թէ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ա­պա­հո­վու­մը կա­րե­լի է ձեռք բե­րել միշտ մնա­լով պաշտ­պա­նո­ղա­կան սահ­ման­նե­րում, նա չա­րա­չար սխալ­ւում է։ ­Պաշտ­պա­նո­ղա­կան սահ­ման­նե­րում ա­պա­հով մնա­լու հա­մար հար­կա­ւոր է, որ յար­ձակ­ման են­թար­կո­ւած կողմն ընդ­հար­ման բո­լոր կէ­տե­րում լի­նի թո­ւով ա­ւե­լի, քան հա­կա­ռա­կոր­դը, ո­րա­կով բարձր եւ ու­նե­նայ ա­ւե­լի շատ կա­տա­րե­լա­գոր­ծո­ւած զէն­քեր ու ա­ռատ ռազ­մամ­թերք։
­«Բայց ո­րով­հե­տեւ բո­լոր կէ­տե­րում ան­կա­րե­լի է ու­նե­նալ այդ ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րը,- ուս­տի անհ­րա­ժեշտ է դառ­նում ո­րո­նել կռո­ւի հա­մար ու­րիշ, ա­ւե­լի նպա­տա­կա­յար­մար գոր­ծե­լա­կերպ (տակ­տիկ)։ …­Պէտք է փո­խա­րէ­նը (յար­ձակ­ման) ան­պատ­ճառ հա­տու­ցա­նել ան­յա­պաղ, որ­պէս­զի նա (հա­կա­ռա­կոր­դը) չխրա­խու­սո­ւի ան­պա­տիժ յաղ­թու­թիւ­նից եւ չա­նի նո­րա­նոր քայ­լեր։ Այս­տե­ղից պարզ ե­րե­ւում է, որ եր­կու դէպ­քումն էլ հա­կա­յար­ձա­կու­մը դառ­նում է հրա­մա­յա­կան»։