­Նի­կո­ղոս ­Սա­րա­ֆեան (1902-1972)

­Նի­կո­ղոս ­Սա­րա­ֆեան (1902-1972). Ար­դի ­Մար­դուն եւ նոր ժա­մա­նակ­նե­րու ­Հա­յուն սփիւռքեան եր­գի­չը Ն.

0
1293

­Դեկ­տեմ­բեր 18ին կ­’ո­գե­կո­չենք յի­շա­տա­կը հայ գրա­կա­նու­թեան մե­ծա­տա­ղանդ դէմ­քե­րէն ­Նի­կո­ղոս ­Սա­րա­ֆեա­նի, որ քա­ռա­սուն­հինգ տա­րի ա­ռաջ առ­յա­ւէտ մեկ­նե­ցաւ այս աշ­խար­հէն՝ հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն ժա­ռանգ ձգե­լով ան­կորն­չե­լի ա­ւան­դը իր ստեղ­ծած գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան խո­րա­խոր­հուրդ եւ գե­ղեց­կա­գոյն աշ­խար­հի մը։
­Պա­տա­նի տա­րի­քին ­Հա­յաս­պա­նու­թեան ար­հա­ւիր­քը տե­սած, յետ-Ե­ղեռ­նեան ­Պոլ­սոյ մէջ ազ­գա­յին կազ­մա­ւո­րու­մը ստա­ցած ու ե­րի­տա­սար­դու­թեան ­Փա­րիզ յայտ­նո­ւած ­Սե­րուն­դին ա­մէ­նէն խո­հուն եւ գե­ղա­գէտ ներ­կա­յա­ցու­ցիչն է ­Նի­կո­ղոս ­Սա­րա­ֆեան։
Ե­թէ «­Փա­րի­զի Տ­ղա­քը» — ­Վազ­գէն ­Շու­շա­նեան, ­Շա­հան ­Շահ­նուր, ­Բիւ­զանդ ­Թո­փա­լեան, ­Շա­ւարշ ­Նար­դու­նի, ­Զա­րեհ Որ­բու­նի, Ն­շան ­Պէ­շիկ­թաշ­լեան եւ ըն­կեր­ներ — ի­րա­ւամբ հիմ­նա­դի­րը հան­դի­սա­ցան սփիւռ­քա­հայ գրա­կա­նու­թեան, ա­նոնց փա­ղան­գին մէջ ո­րո­շա­պէս ­Նի­կո­ղոս ­Սա­րա­ֆեա­նի վի­ճա­կո­ւե­ցաւ «­Նոր ­Ժա­մա­նակ­ներ»ու խո­հա­պաշ­տու­թեան խո­րա­թա­փանց եր­գի­չը դառ­նա­լու ար­ժա­նա­ւոր յա­ռա­ջա­պա­հի դիր­քը։
Ինչ­պէս որ ա­ռի­թով մը ­Սա­րա­ֆեան ինք խոս­տո­վա­նած է՝ «­Լա­ւա­գոյն բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը այն է ին­ծի հա­մար, որ ար­տա­յայ­տու­թիւնն է ներ­քին մարդ­կա­յին ող­բեր­գա­կան լի­նե­լու­թեան մը՝ յա­ւի­տե­նա­կան մար­դուն մէջ»։
Այդ զգայ­նու­թեամբ եւ խո­հա­կա­նու­թեամբ՝ բա­նաս­տեղծ ու ար­ձա­կա­գիր ­Նի­կո­ղոս ­Սա­րա­ֆեան ապ­րե­ցաւ իր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը, խո­րա­սու­զո­ւե­ցաւ ու պե­ղեց մարդ­կա­յին կե­ցու­թեան նոր ժա­մա­նակ­նե­րու ըն­դեր­քին զար­գա­ցող խմո­րում­նե­րը եւ, գե­ղեց­կա­գոյն հա­յե­րէ­նի ճար­տա­րու­թեամբ, մեր սե­րունդ­նե­րուն կտա­կեց բարձ­րա­րո­ւեստ գրա­կա­նու­թիւն։ ­Շահ­նու­րի յու­զա­կան պոռթ­կում­նե­րու հե­ղե­ղէն կամ ­Շու­շա­նեա­նի մար­տու­նակ ու կրքոտ զե­ղում­նե­րէն հե­ռու մնաց ­Սա­րա­ֆեան։
Ս­տեղ­ծեց ի­րա՛ւ ապ­րում­նե­րու գրա­կա­նու­թիւն մը, որ ըն­թեր­ցո­ղին առ­ջեւ բա­ցաւ Ս­փիւռ­քա­հա­յու ու­րոյն նե­րաշ­խար­հը՝ ա­նոր իւ­րա­յա­տուկ յոյ­զե­րուն եւ խո­հե­րուն գե­ղա­րո­ւես­տա­կան վեր­ծա­նու­մո­վը յա­գե­ցած։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ շատ ըն­թեր­ցող չու­նե­ցաւ թե­րեւս, բայց ան­վի­ճե­լիօ­րէն ստեղ­ծեց սփիւռ­քա­հայ ըն­թեր­ցո­ղը, որ ­Սա­րա­ֆեա­նի ու­ղիով քա­լեց եւ յա­ռաջ մղեց հայ գրա­կա­նու­թեան սփիւռ­քեան ո­րո­նում­նե­րը։
­Սուրբ ­Զա­տի­կին նո­ւի­րո­ւած իր հռչա­կա­ւոր գրու­թեան մէջ ­Սա­րա­ֆեան դի­տել կու տայ՝
«­Կը սպա­սենք բա­նի մը։
«­Կը հաս­նինք քիչ-քիչ ի­մա­ցա­կա­նու­թե­նէն վեր ճշմար­տու­թեան մը: ­Կա­րե­լի չէ ար­դա­րեւ ա­ւե­լի մեծ ուժ մը գտնել քան գու­թը ա­նոր` որ կա­րեկ­ցու­թեամբ նա­յե­ցաւ իր խա­չին շուրջ դար­ձող զրա­հա­կիր ու յաղ­թի­րան ձիա­ւոր­նե­րուն, ի­րենք զի­րենք ի­մաս­տուն ու քաջ կար­ծող քա­հա­նա­յա­պետ­նե­րուն, եւ դա­տա­ւոր­նե­րուն, որ քար մը կը կրէին միայն սրտի տեղ: ­Քար մը, որ սա­կայն շու­տով կը փշրի:
«­Կա­րե­լի չէ ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր բան մը գտնել մար­դուն մէջ քան ազ­նո­ւա­կան այդ ե­սա­սի­րու­թիւ­նը, որ կը մեր­ժէ գռե­հիկ անձ­նա­մո­լու­թիւնն ու ա­նար­դա­րու­թիւ­նը, նա­խանձն ու մա­խան­քը, բռնա­կա­լու­թիւնն ու դա­տո­ղու­թիւ­նը, մե­ծամ­տու­թիւնն ու վայ­րա­գու­թիւ­նը:
«­Հա­յը ու­նի այս բո­լո­րը զգա­լու կա­րող սիր­տը` թէեւ այդ սիր­տը խոնջ է դա­րե­րով քա­րե­րուն զար­նո­ւե­լով, թախ­ծոտ է եւ թա­փա­ռա­կան: ­Կը սպա­սէ այս բո­լո­րին: ­Գի­տենք, թէ չենք կրնար այ­լեւս բա­րու­թեամբ պա­տաս­խա­նել չա­րու­թեանց: ­Բայց այս բո­լո­րը մեր ե­րի­կա­մունք­նե­րը այ­րող կա­րօտ­ներն են:
«­Գի­տենք, թէ կ­’անց­նին բո­լոր գե­ղե­ցիկ խօս­քե­րը: ­Բայց կը սի­րենք բո­լոր գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րը»:
Աշ­խար­հին, կեան­քին եւ մարդ էա­կին այդ­պէ՛ս փի­լի­սո­փա­յա­բար, անս­պառ բա­րու­թեամբ եւ ազ­նո­ւու­թեամբ, բայց նաեւ քննա­դա­տա­բար ու ճշմար­տու­թեան պաշ­տա­մուն­քով նա­յող, վեր­ծա­նող եւ ո­գե­ղէն ու­ժով բա­րե­փո­խե­լու ա­ռա­քե­լու­թեան լծուած ՀԱՅ ՄԱՐ­Դու եր­գիչն է ­Նի­կո­ղոս ­Սա­րա­ֆեան։
­Սա­րա­ֆեան մարմ­նա­ւո­րեց հայ գրո­ղի, մտա­ւո­րա­կա­նի եւ խո­հուն ի­մաս­տա­սէ­րի ինք­նա­տիպ հա­մադ­րու­մը, ո­րուն ստեղ­ծած մե­ծար­ժէք գրա­կա­նու­թիւ­նը որ­քան հա­րուստ ե­ղաւ խո­հա­կա­նու­թեամբ ու ի­րաւ ճշմար­տու­թեանց գե­ղե­ցիկ պե­ղու­մով, նոյն­քան բա­բա­խուն ե­ղաւ զու­լալ ջու­րի պէս հո­սող ու ծա­րա­ւի հո­գի­նե­րուն պա­պա­կը յա­գեց­նող՝ հայ­րե­նի հո­ղէն ու բնու­թե­նէն բխուն իր յու­զա­կա­նու­թեամբ։
­Յա­ճախ մատ­նան­շո­ւած է, որ ­Նի­կո­ղոս ­Սա­րա­ֆեան ի­րա­ւամբ կը հան­դի­սա­նայ Ս­փիւռ­քա­հայ ­Կեր­պա­րի առ­ջի­նեկ եւ ի­րաւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն մէ­կը։
Կ’ար­ժէ նաեւ ա­ւելց­նել, որ ­Սա­րա­ֆեան ե­ղաւ Եւ­րո­պա­ցի ­Հա­յու ու­շագ­րաւ բնորդ մը, որ հա­յու իր ար­մատ­նե­րը եր­կա­րեց ու ամ­րապն­դեց եւ­րո­պա­կան քա­ղա­քակր­թու­թեան հո­ղին մէջ՝ մշա­կու­թա­յին զար­գաց­ման եւ ինք­նադր­սե­ւոր­ման իւ­րա­յա­տուկ հա­մադ­րում մը մարմ­նա­ւո­րե­լով։
1939ին լոյս տե­սած «­Հայ Գ­րա­գէտ­նե­րու ­Բա­րե­կամ­ներ ­Մա­տե­նա­շար»ի 11րդ ­հա­տո­րով՝ հե­տե­ւեալ սեղմ, այ­լեւ խօ­սուն ամ­փո­փու­մով ներ­կա­յա­ցո­ւած է ­Սա­րա­ֆեա­նի կեն­սագ­րու­թիւ­նը եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան վաս­տա­կը.
«Լ­ճե­ցի ծնող­քի մը վեր­ջին զա­ւա­կը, ծնած է 14 Ապ­րիլ 1902ին, նա­ւու մը մէջ, ­Պո­լիս-­Վառ­նա գծին վրայ։ ­Նա­խակր­թու­թիւ­նը կը ստա­նայ նախ ­Վառ­նա­յի ­Ճիէր­ճեան, յե­տոյ Ազ­գա­յին ­Վար­ժա­րա­նին մէջ, շու­տով կ­’անց­նի Ֆ­րէր­նե­րու վար­ժա­րա­նը։ Ընդ­հա­նուր ­Պա­տե­րազ­մին՝ մեծ եղ­բօր հետ կը մեկ­նի ­Ռու­մա­նիա, այ­նու­հե­տեւ կը սկսի թա­փա­ռա­կան կեանք մը։ ­Պուք­րէ­շէն ­Կա­լաց, յե­տոյ Օ­տե­սա, ­Ռոս­տով, ­Նո­վո­րո­սիսկ, երբ կը պայ­թի ռու­սա­կան յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը։ ­Քա­լե­լով կը կտրէ ­Ռու­մա­նիան։
Ծ­նող­քը կը գտնէ ­Վառ­նա­յի մէջ, բայց շու­տով կ­’անց­նի ­Պո­լիս, կը մտնէ ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­ժա­րա­նը, զոր կ­’ա­ւար­տէ 1922ին եւ դար­ձեալ կ­’անց­նի ­Պուլ­կա­րիա, յե­տոյ ­Ռու­մա­նիա։ 1923ին՝ ­Փա­րիզ։
«Գ­րած է ար­ձակ եւ ո­տա­նա­ւոր։ Աշ­խա­տակ­ցած՝ «­Հայ­րե­նիք», «­Մենք», «­Զո­ւարթ­նոց», «Ա­նա­հիտ» պար­բե­րա­թեր­թե­րուն։
«Իր ա­ռա­ջին գործն է բա­նաս­տեղ­ծու­թեան հա­տոր մը՝ «Անջր­պե­տի մը գրա­ւու­մը» (­Փա­րիզ, 1928), յե­տոյ «14»ը՝ քեր­թո­ւած (­Փա­րիզ, 1933), «Իշ­խա­նու­հին»՝ վի­պակ (­Փա­րիզ, 1934)։ Հ­րա­տա­րա­կե­լի ու­նի «­Խա­րիս­խէն հե­ռու» (վէպ), բա­նաս­տեղ­ծու­թեանց եր­կու հա­տոր­ներ՝ «­Տե­ղա­տո­ւու­թիւն», «­Մա­կըն­թա­ցու­թիւն», եւ պար­բե­րա­թեր­թե­րու մէջ տպագ­րո­ւած վի­պակ­նե­րէն կազ­մո­ւե­լիք հա­տոր մը։ ­Պատ­րաստ ու­նի նաեւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մը՝ «­Զա­ռի­թա­փին վրայ»։ ­Ծած­կա­նուն չէ գոր­ծա­ծած»։
«­Տե­ղա­տո­ւու­թիւն եւ ­Մա­կըն­թա­ցու­թիւն»ը, գրուած 1931-1938, մէկ հա­տո­րով հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ 1939ին (200 օ­րի­նա­կով)։ ­Յա­ջոր­դեց «­Միջ­նա­բերդ»ը, գրո­ւած 1940-46, որ հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ 1946ին (500 օ­րի­նա­կով)։
­Բա­նաս­տեղ­ծա­կան ար­ձա­կի իր լա­ւա­գոյն գոր­ծը՝ «­Վեն­սէ­նի ան­տա­ռը», որ հրա­տա­րա­կո­ւած էր Ա. ­Ծա­ռու­կեա­նի «­Նա­յի­րի»ի ամ­սագ­րի (­Հա­լէպ) 1947ի հա­մար­նե­րով, ա­ռան­ձին հա­տո­րով (խմբագ­րու­թեամբ Գ. ­Պըլ­տեա­նի) լոյս տե­սաւ ­Փա­րիզ, 1988ին։
Իր ժա­ռան­գու­թեան մաս կը կազ­մեն նաեւ՝ «­Մի­ջերկ­րա­կան»ը, հրա­տա­րա­կո­ւած 1971ին Գ­րի­գոր ­Շա­հի­նեա­նի խմբագ­րած «Ա­հե­կան» հան­դէ­սի է­ջե­րուն, ­Պէյ­րութ (ա­ռա­ջին տար­բե­րակ մը 1962ին տպո­ւած էր «­Բա­գին»ի մէջ)։ «­Տե­սա­րան­նե­րը, մար­դիկ եւ ես» (խմբ. Գ. ­Պըլ­տեան», Ե­րե­ւան, 1994), «­Խա­րիս­խէն հե­ռու» («­Հայ­րե­նիք» ամ­սա­գիր), «­Մա­նուկ ­Դո­ւի­նեան» («­Նա­յի­րի» ամ­սա­գիր), «­Ղու­կաս այ­պա­նե­լին» («­Զո­ւարթ­նոց» հան­դէ­սի է­ջե­րուն) եւ «­Լոյ­սի ցա­ւեր կամ ­Մեծն ­Տիգ­րան եւ Ամ­լու­թեան ­Սա­տա­նան («Ա­կօս» հան­դէս, ­Պէյ­րութ)։
­Սա­րա­ֆեա­նի գրա­կան կազ­մա­ւոր­ման վրայ ի­րենց բա­րե­րար ազ­դե­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցան ­Պոլ­սոյ ­Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի իր զոյգ ու­սու­ցիչ­նե­րը՝ ­Յա­կոբ Օ­շա­կանն ու ­Վա­հան ­Թէ­քէեան։ ­Յատ­կա­պէս Օ­շա­կան միշտ մօ­տէն հե­տե­ւե­ցաւ իր նախ­կին ա­շա­կեր­տին գրա­կան յա­ռաջ­խա­ղաց­քին եւ հա­ւատ­քով սպա­սեց ա­նոր նո­ւա­ճում­նե­րուն, ո­րոնք ըստ ար­ժան­ւոյն ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձան։
­Սա­րա­ֆեան ամ­բողջ կեանք մը գրա­շա­րու­թեամբ ապ­րե­ցաւ, նոյ­նիսկ իր գիր­քե­րէն ո­մանք, ո­րոնց տպա­քա­նա­կը 500ը չան­ցաւ ընդ­հան­րա­պէս, անձ­նա­պէս ինք շա­րեց։
­Բայց հա­մեստ ու ժուժ­կալ իր կեան­քը հարս­տա­ցուց ժա­մա­նա­կի մա­շու­մին դի­մա­ցող բարձ­րա­րուեստ գրա­կա­նու­թեան մը ստեղ­ծու­մով, ո­րուն հա­մար հա­յոց սե­րունդ­նե­րը միշտ վառ պի­տի պա­հեն ա­նոր ան­մեռ յի­շա­տա­կը։
­Նի­կո­ղոս ­Սա­րա­ֆեա­նի յի­շա­տա­կը ջեր­մաց­նե­լու այ­սօ­րո­ւան ա­ռի­թը թող ըլ­լայ ա­նոր ան­մահ է­ջե­րէն «Ա­ռա­ւօտ մը» բա­նաս­տեղ­ծու­թեան ըն­թերց­ման վա­յել­քը.

Ան­տա­ռին մէջ ա­մա­յի, ձմրան առ­տու մը պայ­ծառ,
Ս­տեղ­նա­շար մը լոյ­սի
Ու շու­քե­րու շար­ժե­լով, խօլ՝ ծա­ռէ ծառ դուն ան­ցար,
­Սէգ քայ­լե­րո­վըդ կոյ­սի։

­Խորհր­դա­ւոր բիւր լա­րեր կը հնչէին։
­Քու ա­րագ
Ս­րունք­ներդ ռիթմ մը ներ­քին
­Կը մատ­նէին ու շար­ժուն
շրթունք­նե­րուդ վրայ կը­րակ,
­Կար տեն­դոտ սէ­րը կեան­քին։

Ար­կա­ծա­լից ու եր­կար ճամ­բա­նե­րու ու­ղե­ւոր,
­Դուն թո­ւե­ցար ինձ տար­բեր՝
Այն բո­լո­րէն, որ պզտիկ սէ­րեր, յոյ­զեր,
մէն օր
Կ­՛ե­րա­զեն խեղճ հա­ճոյք­ներ։

­Մենք քա­լե­ցինք ծա­ռե­րուն տա­կէն փղոսկ­րէ, վրա­յէն
­Տե­րեւ­նե­րուն թաց, ոս­կի,
Որ շո­ղա­լով ոտ­քիդ տակ,
կը հա­նէին ձայն մը շէն
­Մե­տաք­սա­հիւս քղանց­քի։

­Քա­ղաքն հե­ռու էր մե­նէ.
ժխորն հա­զիւ կը լսո­ւէր
Ու երկն­քէն էր կար­ծես,
Որ կ­՛եր­թա­յինք, հող­մա­վար՝
եր­կուքս մէյ­մէկ լուռ ստո­ւեր։
Կ­՛ո­ղո­ղէր մեծ լոյս մը մեզ։

­Հո­գիս իր բեր­քը տո­ւած, մերկ էր,
հան­դարտ՝ հո­ղին պէս
Ու լի, յղի՝ նոր կեան­քով։
Ու թո­ւե­ցաւ ինձ կեան­քի դուն այն մա­քուր ո­գին ես
Որ կը ծաղ­կի մա­հո­ւան քով։

­Նոյն­պէս՝ իր յի­շա­տա­կը ո­գե­կո­չե­լու թող ծա­ռա­յէ ­Սա­րա­ֆեա­նի «­Մեր Գ­րա­կա­նու­թեան թշնա­մի­նե­րը» յօ­դո­ւա­ծէն ար­տատ­պո­ւած ա­նոր պատ­գամն ու յոր­դո­րը հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն.-
«Ի­րա­կան պի­տի ըլ­լար հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը այն ա­տեն միայն, երբ ան տա­ռա­պէր՝ ինչ­պէս կը տա­ռա­պին սի­րե­լի հի­ւան­դի մը քով, ա­ռանց մեծ լա­ւա­տե­սու­թեան, ա­ռանց ա­նոր մա­հը ա­րա­գաց­նե­լու ոճ­րա­գոր­ծու­թեան: ­Հայ­րե­նա­սէ­րը պի­տի դո­ղար իր ազ­գին մէն մի վայր­կեա­նին վրայ, որ­պէս­զի մաս­նիկ մը ան­գամ չկոր­սո­ւի ան­կէ»։