­Գիր­քե­րը ընդ­հան­րա­պէս՝ անձ­նա­կան թէ հա­ւա­քա­կան հար­ցում­նե­րու պա­տաս­խան կու­տան, ա­ւե­լին՝ մեր անձ­նա­կան թէ հա­ւա­քա­կան ապ­րում­նե­րուն ու զգա­ցում­նե­րուն գո­հա­ցում կու­տան։ ­Բայց գիր­քե­րը մա­նա­ւա՛նդ պատ­մու­թիւն կը գրեն, ա­ռօ­րեայ թէ հե­ռան­կա­րա­յին բո­վան­դա­կու­թեամբ ու խստա­պա­հան­ջու­թեամբ։
­Գիրք գրե­լը եւ նոյն­քան մըն ալ գիրք կար­դա­լը դիւ­րին գործ չէ։ ­Գիրք գրո­ղին հա­մար քա­ջու­թիւն ու յանդգ­նու­թիւն հար­կա­ւոր է, իսկ կար­դա­ցո­ղին հա­մար ալ՝ իր կար­դա­ցած գիր­քի պատ­մու­թեան պատ­շա­ճե­լու, հա­մընկ­նե­լու եւ փո­խան­ցուած պատ­գամ­նե­րը իր կեան­քի օ­ղա­կին կա­պե­լու, ցա­ւին թէ ու­րա­խու­թեան մաս­նա­կից դառ­նա­լու հա­մար։
­Խա­րա ­Քէօ­սէեա­նի այս գիր­քը քա­ղո­ւած է մեր ու ձեր կեան­քէն, որ­պէս­զի ա­նոր մէջ մենք տես­նենք մեր ան­ձը եւ մե­զի պէս մար­դոց պատ­մու­թիւ­նը։
­Կար­դա­ցէք վճռա­կա­նու­թեամբ։ ­Պի­տի վար­ձատ­րո­ւիք։ ­Թե­րեւս կեան­քի ո­րոշ նոր պատ­գամ­նե­րու հետ ըն­տե­լա­նաք, եւ աս­կէ վերջ ալ տար­բեր ձե­ւով ըն­կա­լէք մին­չեւ օրս ձե­զի պա­րու­րող ո­րոշ կա­ղա­պա­րո­ւած ի­մաստ­ներ։
Իւ­րա­քան­չիւր գիր­քի ըն­թեր­ցու­մէ ետք, մարդս ի­րա­ւունք ու­նի հաս­տա­տե­լու իր հին, թէ վե­րա­նո­րո­գո­ւած գա­ղա­փար­նե­րու սկզբունք­ներն ու ո­րո­շում­նե­րը, որ­քան ալ եր­բեմն այդ հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խան­նե­րը գտնե­լը այն­քան ալ դիւ­րին չէ։

***

Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մազ­գա­յին ­Հայ Կրթա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը, ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 8 ­Մար­տի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7։30ին, ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տա­կան «­Ղա­լաք­սիաս» մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նին մէջ կազ­մա­կեր­պեց՝ ­Ռո­տոս կղզիի «­Տիգ­րան-Եր­կաթ» մաս­նա­ճիւ­ղի ա­տե­նա­պետ ընկ. ­Խա­րա ­Քէօ­սէեա­նի «­Նա­յի­րի» յու­նա­լե­զու վէ­պի ներ­կա­յա­ցու­մը, յա­րակ­ցօ­րէն հայ­կա­կան խոր­քով ու բո­վան­դա­կու­թեամբ։
­Ներ­կայ ե­ղան ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ան­դամ­ներ, «Ան­տո­նի Ս­թա­մու­լի» հրա­տա­րակ­չա­կան (­Թե­սա­ղո­նի­կէ) ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, «­Սի­րի­զա» կու­սակ­ցու­թեան ­Տո­տէ­քա­նէ­զի ե­րես­փո­խան ­Տի­միթ­րիս ­Ղա­քիս, ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հա­մալ­սա­րա­նա­կան շրջա­նակ­ներ, մշա­կու­թա­սէր­ներ, ըն­թեր­ցա­սէր­ներ։

Ընկ. ­Մա­րի ­Մի­քա­յէ­լեա­նի խօս­քը

­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Մա­րի ­Մի­քա­յէ­լեան ամ­փոփ կեր­պով ներ­կա­յա­ցուց միու­թեան պատ­մա­կանն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ ընկ. ­Խա­րա ­Քէօ­սէեա­նի կեն­սագ­րու­թիւնն ու գրա­կան-հե­ղի­նա­կա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քը։
Ծ­նած է ­Նաֆփ­լիօ եւ կ’ապ­րիի ­Ռո­տօ։ ­Դա­սա­կան ի­մաս­տա­սի­րու­թիւն ու­սա­նած է Ա­թէն­քի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։ 2002ին միեւ­նոյն հա­մալ­սա­րա­նին մէջ ստացաւ՝ փի­լի­սո­փա­յու­թեան ճիւ­ղի ման­կա­վար­ժու­թեան եւ հո­գե­բա­նու­թեան, զու­գա­հե­ռա­բար ալ ու­սու­ցում ստա­նա­լու բար­դու­թիւն դի­մագ­րա­ւող ա­շա­կերտ­նե­րու լե­զո­ւաո­ճա­յին իւ­րա­յա­տուկ մե­թոտ­նե­րու կրթամ­շա­կու­թա­յին դա­սա­ւան­դու­թեան տոք­թո­րա­կան աս­տի­ճա­նի վկա­յա­կա­նը։
Հ­րա­տա­րա­կած է գի­տա­կան եւ ըն­կե­րա­յին բո­վան­դա­կու­թեամբ աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­ներ թեր­թե­րու եւ պար­բե­րա­թեր­թե­րու մէջ։ 2007էն սկսեալ ի­րեն վստա­հո­ւած է՝ ­Տո­տէ­քա­նէ­զի կղզի­նե­րու բա­նա­սի­րա­կան ուս­ման ու զար­գաց­ման խորհր­դատո­ւի պաշ­տօ­նը։ ­Մաս­նա­ւո­րա­բար, անդ­րա­դառ­նա­լով իր հե­ղի­նա­կած գոր­ծե­րուն (պատ­մո­ւածք-վէպ), խօ­սե­ցաւ «­Նա­յի­րի»ի եւ միեւ­նոյն կեդ­րո­նին՝ «­Ղա­լաք­սիաս»ի մէջ Ուր­բաթ՝ 17 եւ Ե­րեք­շաբ­թի՝ 21 ­Մար­տի ե­րե­կո­յեան ներ­կա­յա­ցո­ւե­լիք կեն­սագ­րա­կան բնոյթ կրող իր հե­ղի­նա­կած թա­տեր­գու­թեան՝ « Ο Αρμένης » խո­րագ­րով գործին մասին։

­Գիր­քի ամ­փոփ բո­վան­դա­կու­թիւն

­Նա­յի­րի ջրաշ­խար­հի հո­սանք­նե­րու հան­դի­պու­մը քով-քո­վի հա­մախմբեց տար­բեր մար­դոց կեան­քը, որ մեկ­նա­կէտ ու­նե­ցաւ տար­բեր աշ­խար­հագ­րա­կան տա­րածք­ներ, ո­րոնք հան­դի­պե­ցան ­Կիպ­րո­սի հո­ղին վրայ նոյն նպա­տա­կով ու պատ­ճա­ռով։ Այդ պատ­ճա­ռը օ­րա­կարգ ու­նէր լե­զո­ւա­կան բար­բառ­նե­րու վե­րա­բե­րող լե­զո­ւա­բա­նա­կան բաղ­դա­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեան ու բա­ռամ­թեր­քա­յին գոր­ծա­ծու­թեան գի­տա­կան հա­մա­գու­մար մը, ո­րու ընդ­մէ­ջէն մաս­նա­կից գիտ­նա­կան­նե­րը մի­ջոց­ներ պի­տի ո­րո­նէին խօ­սե­լու հա­մար ան­ցեա­լի ու ներ­կա­յի մա­սին, յե­տա­դաս հե­ռան­կա­րա­յին ակ­ն­կա­լու­թեամբ ա­ւե­լի գե­ղե­ցիկ աշ­խարհ մը ստեղ­ծե­լու յոյ­սով։
­Հա­յեր, յոյ­ներ, քիւր­տեր, պոն­տոս­ցի­ներ, կիպ­րա­ցի­ներ վե­րա­հաս յի­շա­տակ­ներ վեր­ծա­նե­լու հե­ռան­կա­րով, կեն­սա­տու կիր­քով ու մղում­նե­րով կը յայտ­նա­բե­րեն ի­րենց սե­փա­կան ար­մատ­նե­րը, լա­րա­խա­ղա­ցա­յին աճ­պա­րա­րու­թեամբ տատանե­լով խա­բե­պա­տիր ու ցնո­րա­կան ապ­րում­նե­րու եւ կնճռոտ ու խրթին կա­մա­պաշ­տու­թիւն­նե­րու ո­լոր­տի մը մէջ։
­Կեան­քը՝ ա­հե­ղա­վազ յոր­ձա­նու­տի մը պէս զի­րենք դէմ յան­դի­ման պի­տի բե­րէ ի­րենց բար­դու­թա­յին վա­խե­րուն, այ­լեւ ե­րազ­նե­րուն հետ։ ­Յայտ­նու­թիւն­ներ պի­տի ը­նէ, այ­լեւ զի­րենք փոր­ձու­թեան պի­տի մատ­նէ։ Ո­մանք հիմ­նո­վին պի­տի շրջա­փո­խո­ւին, նոր պա­րա­գիծ, նոր ու­րո­ւա­գիծ ու շրջա­պատ պի­տի ստեղ­ծեն։ ­Փո­խո­խա­կա՛ն, ան­հաս­տա՛տ, անվճ­ռա­կա՛մ, յեղ­յե­ղո՛ւկ…։
­Մար­դոց կեան­քը կը շա­րու­նա­կո­ւի ջրաշ­խար­հի վտակ­նե­րով, ա­ռո­ւակ­նե­րով, ո­րոնք ի­րար հետ հան­դի­պե­լէ ետք կ’þուռ­ճա­նան, մերթ կը պար­պո­ւին, մերթ ի­րենց դէմ ցցո­ւող ար­գելք­նե­րը կը քշեն կը տա­նին, կը փճաց­նեն, կ­’ա­ւե­րեն, կը սպա­ռեն։ ­Հոս­քը սկիզբ ու­նի, վերջ չու­նի։

Ս­տե­փան ­Թե­քի­րեա­նի ե­լոյ­թը

Ե­րաժշ­տու­թիւ­նը՝ մթնո­լորտ ու խիղճ կը ձե­ւա­ւո­րէ։ Այս­պէս, գիր­քի նրե­կա­յաց­ման ժա­մա­նակ, միջ­նա­րար­նե­րուն՝ յու­նա­հայ ա­րու­եստա­գէտ՝ յօ­րի­նող-նո­ւա­գող Ս­տե­փան ­Թե­քի­րեան խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծող մթնո­լորտ ստեղ­ծեց դաշ­նա­կի վրայ նո­ւա­գե­լով Ա­ւե­տիս ­Խա­չա­տու­րեա­նի «Կ­ռունկ­նե­րը» եւ ­Կո­մի­տա­սի «­Քե­լէ-քե­լէ»ն ­մե­ծա­պէս սա­տա­րե­լով օ­րո­ւայ ե­լոյ­թի յա­ջո­ղու­թեան ու գո­հու­նա­կու­թեան։
­Հոն յայ­տա­րա­րո­ւե­ցաւ թէ Ս­տե­փան ­Թե­քի­րեան ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան կող­մէ՝ Իզ­մի­ռի Ա­ղէ­տի 95ա­մեա­կին ա­ռի­թով եր­կու ե­լոյթ­ներ պի­տի ու­նե­նայ «­Ղա­լաք­սիաս»ի մէջ՝ ­Շա­բաթ՝ 22 Ապ­րի­լին եւ ­Շա­բաթ 20 ­Մա­յի­սին։

Փ­րոֆ. Անտ­րէաս ­Վոս­քո­սի ե­լոյ­թը

­Յա­ջոր­դա­բար օ­րո­ւան նա­խա­գա­հը հրա­ւի­րեց Ա­թէն­քի հա­մալ­սա­րա­նի գրա­կա­նու­թեան բաժ­նի պա­տո­ւա­կալ դա­սա­խօս փրոֆ. Անտ­րէաս ­Վոս­քո­սը՝ վեր­լու­ծու­մը կա­տա­րե­լու իր եր­բեմ­նի ու­սա­նո­ղու­հի ­Խա­րա ­Քէօ­սէեա­նի «­Նա­յի­րի» գիր­քի ներ­կա­յաց­ման, մղում­նե­րուն ու դրդա­պատ­ճառ­նե­րուն շուրջ։
Ան իր խօս­քը սկսաւ վկա­յա­կո­չե­լով հա­զա­րա­մեայ ու խորհր­դան­շա­կան ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող յու­շը, որ կը բնո­րո­շէ մարդ­կա­յին կեան­քի բո­լոր ժա­մանակ­ներն ու հանգ­րո­ւան­նե­րը, ա­մէն պա­րա­գայ իր ժա­մա­նա­կի հար­կադ­րան­քէն բխող ո­րակ­նե­րով ու տար­բեր-տար­բեր պատ­մու­թիւն­նե­րու բո­վով պատ­մա­կան խորք ու ի­մաստ պա­րու­նա­կող ազ­գե­րու ինք­նու­թեան յատ­կա­նիշ­նե­րով։
Փ­րո­ֆէ­սէօ­րը՝ գաղ­թա­կա­նու­թիւ­նը պատ­կե­րա­լից ո­ճով նկա­րագ­րեց, որ­պէս միայ­նակ ու լքո­ւած ճիւղ մը, որ ան­պաշտ­պան կը ճօ­ճո­ւի օ­դին մէջ, ա­ռանց հո­ղի ու ար­մա­տի հիմ­նա­րար ու­ժին կառ­չե­լու։ Ազ­գու­թիւ­նը ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մօտ՝ եր­բե՛ք կորսն­ցու­ցած չէ իր զգա­ցա­կա­նու­թեան թրթիռ­նե­րը, բա­բա­խիւ­նը, օ­րա­ցոյ­ցա­յին յա­ճա­խա­կա­նու­թեան լայ­նա­խո­հու­թիւնն ու հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թիւ­նը։
­Պատ­մու­թիւ­նը կը սոր­վեց­նէ ի՛նչ որ ու­րիշ­ներ չեն սոր­վեց­ներ, լու­սա­ւո­րե­լով դրոշ­մող ու դրոշ­մո­ւած դէպ­քեր, ե­ղե­լու­թիւն­ներ, հե­րոս­ներ։ Դժ­բախտ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պատ­մու­թիւ­նը սե­ւազ­գեստ է, ուր էու­թեան մէջ յա­ճախ կը մա­րին գաղտ­նի յոյ­սեր, եւ այդ յոյ­սե­րը են­թա­գի­տակ­ցա­բար կը վախց­նեն մար­դոց, ինչ­պէս յա­ճախ կը վախց­նէ նոյ­նինքն՝ շեշ­տա­կի ճշմար­տու­թիւ­նը։
«­Նա­յի­րի» պատ­մո­ւած­քի կեդ­րո­նա­կան բե­ւե­ռը՝ սէրն է, սէ­րը՝ գրա­կա­նու­թեան ընդ­մէ­ջէն, երբ կոր­սո­ւած սէ­րը կոր­սո­ւած ան­ցեա­լի կը վե­րա­ծո­ւի։
Պրն. ­Վոս­քոս յատ­կա­պէս իր խօս­քին մէջ ծան­րա­ցաւ գրա­կա­նու­թեան ընդ­մէ­ջէն թէ ան վտան­գո­ւած չէ, մինչ­դեռ կը պա­տա­հի ճիշդ հա­կա­ռա­կը, եւ ո­րուն հա­մար չա­փա­խօս­քի ըն­թաց­քին՝ մէ­ջընդ­մէջ «­Նա­յի­րի»էն յատ­կան­շա­կան հա­տո­ւած­ներ կը կար­դար դե­րա­սա­նու­հի ­Մա­րիա ­Քաս­թա­նի, այդ է­ջե­րուն ընդ­մէ­ջէն համ ու ճա­շակ մը տա­լով ներ­կա­նե­րուն, որ տա­կա­ւին գիր­քը կար­դա­ցած չէին։
­Նո­ւա­գին ու խօս­քե­րուն կ’ըն­կե­րա­նար ­Հա­մազ­գա­յի­նի կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած գու­նա­ւոր հե­տաքրք­րա­կան տե­սաե­րիզ մը, հայ­րե­նա­կան տե­սա­րան­նե­րով, մշա­կու­թա­յին պատ­մա­կան կո­թող­նե­րով եւ Ս­փիւռ­քի գա­ղութ­նե­րու մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած հա­կա­թուրք ե­րի­տա­սար­դա­կան հա­ւաք­նե­րով ու ցոյ­ցե­րով։

Ընկ. ­Խա­րա ­Քէօ­սէեա­նի խօս­քը

Ե­րախ­տա­գի­տա­կան եզ­րա­փա­կիչ խօս­քով հան­դէս ե­կաւ, զգա­լա­պէս յու­զո­ւած, հե­ղի­նա­կը՝ ­Խա­րա ­Քէօ­սէեան։
­Պատ­մեց, թէ օր մը հարց տո­ւած են ի­րեն՝ թէ «ի՞նչ ես դուն»։
— Ես յու­նա­հայ եմ, պա­տաս­խա­նած է բնա­կան պար­զու­նակ ար­տա­յայ­տու­թեամբ։
— Ե­թէ յու­նա­հայ ես, ու­րեմն եր­կու ան­գամ հայ ես, հաս­տա­տած են ի­րեն։
­Հա­յե­րը կը ճամ­բոր­դէին դէ­պի ան­ծա­նօթ վայ­րեր, երբ դեռ չէին գի­տեր թէ ո՛ւր կանգ­նին։ ­Մեր ժո­ղո­վուր­դը ճամ­բոր­դե­լով տո­կաց։ ­Հի­մա եւս, յա­ճախ կը ճամ­բոր­դէ ար­ձա­կուր­դի հա­մար այն­պի­սի վայ­րեր, ուր­կէ քա­լած էին գաղ­թա­կա­նու­թեան օ­րե­րուն ի­րենց պա­պե­րը։ ­Յու­շի լռա­կեաց վկա­յա­կո­չում։
Ո­մանց հա­մար ան­ձի մը ծա­գու­մը, ինք­նու­թիւ­նը, կրնայ ի­մաստ չու­նե­նալ, սա­կայն այ­լոց հա­մար ալ՝ ինք­նու­թիւնն ու ար­մատ­նե­րը մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նին։ Ա­հա՛, յու­շի ո­րոն­ման տար­բե­րու­թեան ար­ժէ­քը եւ ան­կէ բխող ի­մաստ­նե­րը։
Ա­մէն հայ կը վե­րա­դառ­նայ իր ար­մատ­նե­րուն։ ­Վե­րա­դար­ձը ան­հե­ւաս­պառ ճիգ մըն է՝ ճա­նա­պար­հոր­դու­թեան մղե­լու մար­դը, որ­պէս­զի պե­ղէ իր ան­ցեա­լը եւ հաս­նի իր ներ­կա­յին ու ա­պա­գա­յին, իր ժա­մա­նա­կին թէ ժա­մա­նա­կէն դուրս։
Շ­նոր­հա­կա­լու­թեան ան­կեղծ խօս­քով՝ վերջ գտաւ տպա­ւո­րիչ ե­րե­կոն։
­Հե­ղի­նա­կը ստո­րագ­րեց քա­նի մը տաս­նեակ գիր­քե­րու մէջ, ո­րոնք գնո­ւած էին խան­դա­վառ ներ­կա­նե­րուն կող­մէ։

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԹՂԹԱԿԻՑ