ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Այս օ­րե­րուն, քա­ղա­քա­կան բո­լոր ու­ժե­րուն գլխա­ւոր մտա­հո­գու­թիւնն ու ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ա­ռա­ւե­լա­գոյն քո­ւէ­ներ ստա­նալն ու նոր կազ­մա­ւո­րո­ւե­լիք Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին մէջ ներ­կա­յու­թիւն ա­պա­հո­վելն է: ­Կա­յա­ցած կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ի դէպ ներ­կայ իշ­խա­նու­թեան մէջ են, կամ մօ­տիկ ան­ցեա­լին իշ­խա­նու­թեան մէջ ե­ղած էին, այլ ու­ժե­րու հետ դա­շինք­ներ կնքե­լու կա­րի­քը չեն զգար: Իսկ փոքր եւ նո­րա­կազմ քա­ղա­քա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րը, ո­րոնք զուրկ են ազ­դե­ցու­թեան լծակ­նե­րէ եւ չեն վա­յե­լեր ռու­սա­հայ կամ հա­յաս­տա­նաբ­նակ սա­կա­ւա­պետ­նե­րու (օ­լի­գարխ) ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը կամ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը, դա­շինք­ներ ու միա­ցեալ ճա­կատ­ներ կը կազ­մեն՝ ա­պա­գայ խորհր­դա­րա­նին մէջ ի­րենց տե­ղը ա­պա­հո­վե­լու յոյ­սով: «­Բար­գա­ւաճ ­Հա­յաս­տան» կու­սակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր՝ մե­ծա­հա­րուստ ­Գա­գիկ ­Ծա­ռու­կեան հա­ւա­նա­բար միակն է, որ ու­նե­նա­լով հան­դերձ նիւ­թա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն եւ կու­սակ­ցա­կան հա­մա­պե­տա­կան ներ­կա­յու­թիւն՝ ո­րո­շած է դա­շինք կազ­մել այլ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու հետ:
­Հե­տաքրք­րա­կան է, որ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ընտ­րա­կան դա­շինք­նե­րը չու­նին գա­ղա­փա­րա­կան հէնք: Օ­րի­նակ՝ ­Ծա­ռու­կեա­նի դա­շին­քին մէջ ընդգր­կո­ւած են աջ, ձախ, ըն­կեր­վա­րա­կան, ա­զա­տա­կան եւ ան­յայտ հա­յեացք­ներ ու գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւն ու­նե­ցող կու­սակ­ցու­թիւն­ներ: ­Դա­շինք­նե­րուն նպա­տա­կը, պար­զա­պէս, ընտ­րա­կան ուժ դառ­նալն ու խորհր­դա­րա­նին մէջ տեղ գրա­ւելն է: ­Նոր ­Սահ­մա­նադ­րու­թեամբ, երկ­րի կա­ռա­վար­ման մէջ խորհր­դա­րա­նին դե­րը զգա­լիօ­րէն կը բարձ­րա­նայ, իսկ քա­ղա­քա­կան բո­լոր ու­ժե­րուն հա­մար Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն դուրս մնալ՝ կը նշա­նա­կէ լու­սանցք մղո­ւիլ եւ չու­նե­նալ ո­րե­ւէ լուրջ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն երկ­րի քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ:
Ընտ­րա­կան նոր օ­րէնս­գիր­քով՝ ­Հա­յաս­տա­նը բաժ­նո­ւած է ընտ­րա­կան 13 տե­ղա­մա­սե­րու (Ե­րե­ւա­նը՝ 4 տե­ղա­մաս, մնա­ցեալ 9 մար­զե­րը՝ իւ­րա­քան­չիւ­րը մէկ տե­ղա­մաս): Ընտ­րու­թիւն­նե­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան հա­մա­մաս­նա­կան ընտ­րա­կար­գով, այ­սինքն՝ ժո­ղո­վուր­դը պի­տի ընտ­րէ ոչ թէ ան­հատ­ներ, այլ՝ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ցու­ցակ­ներ: ­Կու­սակ­ցա­կան հա­մա­պե­տա­կան ցու­ցակ­նե­րուն, սա­կայն, կցո­ւած պի­տի ըլ­լան նաեւ ընտ­րա­տա­րած­քա­յին ցու­ցակ­ներ: Այլ խօս­քով՝ կու­սակ­ցու­թիւն մը իր հա­մա­պե­տա­կան ընտ­րա­ցու­ցա­կի կող­քին, իւ­րա­քան­չիւր ընտ­րա­տա­րած­քի մէջ պի­տի ներ­կա­յաց­նէ նաեւ ան­հատ թեկ­նա­ծու­ներ: Օ­րի­նակ, ­Լո­ռիի մար­զին մէջ, ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցող կու­սակ­ցու­թիւն մը կամ դա­շինք մը պի­տի ու­նե­նայ հա­մա­պե­տա­կան ցու­ցակ ու ա­նոր հետ միա­սին՝ ընտ­րա­տա­րած­քա­յին առ­նո­ւազն 5 ան­հատ թեկ­նա­ծու­ներ: Ընտ­րո­ղը, ու­րեմն, պէտք է ոչ միայն իր նա­խա­սի­րած կու­սակ­ցու­թեան քո­ւէար­կէ, այ­լեւ՝ այդ կու­սակ­ցու­թեան ընտ­րա­տա­րած­քա­յին թեկ­նա­ծու­նե­րուն (http://www.arlis.am/DocumentView.aspx?DocID=109081)
­Բազ­մա­թիւ դի­տորդ­ներ մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նած էին, որ կու­սակ­ցա­կան ցու­ցակ­նե­րուն կող­քին ան­հատ­նե­րու թեկ­նա­ծու­թիւն դնե­լը պար­զա­պէս մե­ծա­մաս­նա­կան ընտ­րա­կար­գի վե­րար­տադ­րու­թիւնն է՝ հա­մա­մաս­նա­կա­նի ա­նո­ւան տակ…
­Միւս կող­մէ՝ նոր օ­րէնք­նե­րը կը դժո­ւա­րաց­նեն ընտ­րա­խախ­տում­նե­րը, ո­րոնք ա­հա­ւոր մա­կար­դակ­նե­րու հա­սած էին ­Հա­յաս­տա­նի մէջ: Այժմ, նկա­րա­հա­նող սար­քեր պի­տի տե­ղադ­րո­ւին շուրջ 1500 տե­ղա­մա­սե­րու մէջ. ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ետք քո­ւէար­կող­նե­րու ա­նո­ւա­նա­ցան­կե­րը հա­սա­նե­լի պի­տի ըլ­լան քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն: ­Նաեւ՝ ա­ւե­լի ի­րա­զեկ, ե­րի­տա­սարդ եւ աշ­խոյժ դի­տորդ­ներ պի­տի հե­տե­ւին ընտ­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին: ­Պար­զա­պէս, շատ դժո­ւար պի­տի ըլ­լայ քո­ւէա­տու­փե­րու լցա­նում­նե­րը, կրկնա­կի քո­ւէար­կու­թիւն­նե­րը, ընտ­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղով­նե­րու խար­դա­խու­թիւն­նե­րը: ­Հի­մա, սա­կայն, ի գործ կը դրո­ւին այլ լծակ­ներ, ո­րոնց մէջ ա­մէ­նէն կա­րե­ւո­րը՝ փո՛ղն է: Ար­դէն իսկ կան­խիկ գու­մար­ներ կը շրջա­գա­յին գրե­թէ բո­լոր ընտ­րա­տա­րածք­նե­րուն մէջ: Այս մա­սին՝ յա­ջորդ նա­մա­կով: