­Տա­րո­ւան ա­մէ­նէն շատ սի­րո­ւած եւ սպա­սո­ւած տօ­նե­րը կը մօ­տե­նան՝ ­Կա­ղանդ եւ ­Սուրբ Ծ­նունդ…
­Մեծ եւ փոքր՝ կը պատ­րաս­տո­ւինք եւ խան­դա­վառ կը սպա­սենք այդ օ­րե­րուն, որ­պէս­զի մեր ըն­տա­նի­քին եւ բա­րե­կամ­նե­րուն հետ տօ­նա­կան սե­ղա­նին շուրջ նստինք, ու­տենք, խմենք, ­Կա­ղանդ ­Պա­պա­յին նո­ւէր­նե­րը բա­նանք եւ հա­ճե­լի ժա­մա­նակ ան­ցը­նենք։
­Սա­կայն, այս ­Սուրբ օ­րե­րուն, միայն նո­ւէր­ներ չէ, որ պէտք է փո­խա­դար­ձենք, այլ ա­մէ­նէն կա­րե­ւո­րը՝ մեր թան­կար­ժէք զգա­ցում­նե­րը։ ­Պէտք չէ մոռ­նանք, մա­նա­ւա՛նդ այս օ­րե­րուն, տա­լու եւ «նո­ւի­րել»ու հա­մես­տու­թեամբ եւ ա­ռա­տա­ձեռ­նու­թեամբ՝ մեր օգ­նու­թիւ­նը, ազ­նիւ սէ­րը եւ նե­րո­ղամ­տու­թիւ­նը…
Այս­պէ՛ս, տօ­նե­րու ար­ձա­կուր­դէն քա­նի մը օր ա­ռաջ, Հ.Կ.Խ.ի «­Զա­ւա­րեան» Ազ­գա­յին ­Վար­ժա­րա­նի Դ. դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ Ευγένιος Τριβιζάςի «Ένα δέντρο μια φορά» ժա­պա­ւէ­նը դի­տե­ցինք։ Ա­շա­կերտ­նե­րը՝ ո­գեշն­չո­ւած, ո­րո­շե­ցին այս տա­րի տար­բեր նա­մակ մը գրել ­Կա­ղանդ ­Պա­պա­յին։
Ա­հա՛ հա­տո­ւած­ներ (գրու­թիւն­նե­րը պա­հած ենք բնագ­րին հա­րա­զատ — «Ա­զատ Օր») ի­րենց յու­զիչ գրա­ւոր փոր­ձէն…

— ­Սի­րե­լի ­Կա­ղանդ ­Պա­պա,
­Քա­նի մը օր ա­ռաջ տի­կի­նը ֆիլմ մը դրաւ նա­յինք, ո­րուն հե­րո­սը պզտիկ աղ­քատ տղայ մըն էր, ո­րուն մար­դիկ կա­րե­ւո­րու­թիւն չէին տար։ Ան շատ ճաշ չու­նէր եւ շատ հին տան մէջ կ­՛ապ­րէր։
­Սուրբ Ծ­նուն­դին նա­խոր­դող օ­րը մար­դիկ ե­կած էին այդ հին տու­նը քան­դել։ Այ­լեւս տղան տուն չու­նէր եւ գի­շեր մը ծա­ռի մը տակ քնա­ցաւ եւ ի վեր­ջոյ պա­ղէն մե­ռաւ եւ իր հո­գին եր­կինք գնաց։
­Տես­նե­լով այս ֆիլ­մը՝ ես հասկ­ցայ, որ գոհ պէտք է ըլ­լանք մեր ու­նե­ցած­նե­րէն եւ կը մաղ­թեմ՝ բո­լոր աղ­քատ պզտիկ­նե­րը ճաշ, ջուր, տուն եւ ըն­տա­նիք ու­նե­նան, որ լաւ ապ­րին։
­Սի­րով՝ Ք­րիս

— ­Սի­րե­լի ­Կա­ղանդ ­Պա­պա,
… ­Շատ վատ զգա­ցի այդ տղա­յին հա­մար։ Այս­պէս, այս տա­րի կը փա­փա­քիմ աշ­խար­հին բո­լոր ե­րե­խա­նե­րը աղ­քա­տու­թիւն չտես­նեն եւ միշտ ու­րախ ըլ­լան։ ­Բո­լոր մար­դիկ օգ­նեն այս պզտիկ­նե­րուն, ո­րոնք կա­րի­քը ու­նին»։
­Սի­րով՝ Ա­լեքս

— ­Սի­րե­լի ­Կա­ղանդ ­Պա­պա,
… Այս­պէս պէտք է՝ այս տղա­նե­րը եւ աղ­ջիկ­նե­րը որ կ­՛ապ­րին գէշ պայ­ման­նե­րուն տակ եւ մեծ աղ­քա­տու­թեան մէջ, գո­նէ այս սուրբ օ­րե­րուն ի­րենց մաղ­թանք­նե­րը ի­րա­կա­նու­թիւն ըլ­լան։ ­Կը մաղ­թեմ նաեւ այս տա­րի խա­ղա­ղու­թիւն եւ սէր բե­րես, սի­րե­լի ­Կա­ղանդ ­Պա­պա։
­Սի­րով՝ ­Կա­րօ

— ­Սի­րե­լի ­Կա­ղանդ ­Պա­պա,
… Այս ֆիլ­մէն զգա­ցի մեծ տխրու­թիւն… Աշ­խար­հին վրայ շատ աղ­քատ մար­դիկ կան եւ ե­րե­խա­ներ, որ նոյ­նիսկ ճաշ չու­նին։ Ա­սոր հա­մար, այս տա­րի կը մաղ­թեմ, որ մար­դիկ աղ­քատ եւ տխուր չըլ­լան։ ­Բո­լոր մա­նուկ­նե­րը տա­քուկ տուն եւ ըն­տա­նիք ու­նե­նան։ ­Սի­րե­լի ­Կա­ղանդ ­Պա­պա, ե­թէ կրնաս սէր եւ ա­ռող­ջու­թիւն բե՛ր բո­լո­րին, եւ հոգ չէ՝ ե­թէ ին­ծի խա­ղա­լիք չբե­րես այս տա­րի։
­Սի­րով՝ ­Յա­րութ

— ­Սի­րե­լի ­Կա­ղանդ ­Պա­պա,
… Երբ ժա­պա­ւէ­նը վեր­ջա­ցաւ, շատ գէշ զգա­ցի եւ տխրե­ցայ, ո­րով­հե­տեւ հե­րո­սը աղ­քատ տղայ մըն էր, որ ո՛չ տուն, ոչ ալ ըն­տա­նիք ու­նէր։ Ես կ­՛ու­զեմ բո­լոր ե­րե­խա­նե­րը ա­ռողջ եւ ու­րախ ըլ­լան եւ մար­դիկ աղ­քա­տու­թեան մէջ չապ­րին։
­Սի­րով՝ ­Քո­րի­նա
— ­Սի­րե­լի ­Կա­ղանդ ­Պա­պա,
… Սրտ­նե­ղո­ւած եւ տխուր էի, երբ վեր­ջա­ցաւ ֆիլ­մը… Վս­տահ եմ, որ հա­րուստ են այն մար­դիկ, որ ա­զա­տու­թիւն, ա­ռող­ջու­թիւն եւ սէր ու­նին։
Ու­րեմն, այս տա­րի կը մաղ­թեմ խա­ղա­ղու­թիւն, սէր եւ ըն­տա­նիք ու­նե­նան աշ­խար­հին բո­լոր ե­րե­խա­նե­րը։­
Սի­րով՝ ­Խա­րի