­Նա­հա­պետ ­Քու­չակ ?-1592

­Նա­հա­պետ ­Քու­չակ (?-1592). ­Հայ ժո­ղովր­դա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թեան «լու­սապ­սակ ճա­կա­տը» Ն.

0
3045

­Հայ գրա­կա­նու­թեան ա­կունք­նե­րուն, կե­նա­րար իր բխու­մով, ան­փո­խա­րի­նե­լի տեղ կը գրա­ւէ եւ մեծ ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նէ հայ ժո­ղովր­դա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը, որ ծնունդ տո­ւած է ան­մա­հու­թեան ար­ժա­նի ա­շուղ-եր­գիչ­նե­րու ան­կորն­չե­լի հա­մաս­տե­ղու­թեան։
Իսկ հայ ա­շու­ղա­կան հան­ճա­րի «լու­սապ­սակ ճա­կատ»ը կը հան­դի­սա­նայ ­Նա­հա­պետ ­Քու­չա­կը՝ ­Չա­րեն­ցի «Ես իմ ա­նուշ ­Հա­յաս­տա­նի» բա­նաս­տեղ­ծու­թեան դի­պուկ բնու­թագ­րու­մով։
­Թէեւ շատ քիչ բան ծա­նօթ է հայ հան­ճա­րեղ ա­շուղ-եր­գի­չի կեն­սագ­րու­թեան, մին­չեւ ան­գամ ան­ձին մա­սին, բայց մա­տե­նա­գի­տա­կան աղ­բիւր­նե­րու մէջ ­Մար­տի այս օ­րը՝ 1592ի ­Մարտ 29ը կը յի­շա­տա­կո­ւի իբ­րեւ մա­հո­ւան թո­ւա­կա­նը ­Նա­րե­կա­ցիի հետ միեւ­նոյն մե­տա­լին երկ­րորդ, այ­լեւ ներ­հակ ե­րե­սը մարմ­նա­ւո­րող ­Նա­հա­պետ ­Քու­չա­կի։
­Միայն ­Չա­րեն­ցը չէ, որ իր բա­նաս­տեղ­ծու­թեան՝ «­Նա­րե­կա­ցու, ­Քու­չա­կի պէս լու­սապ­սակ ճա­կատ չկայ» տո­ղով միեւ­նոյն փառ­քին ար­ժա­նա­ցու­ցած է եւ ի­րա­րու կող­քին դրած է ­Հայ­կա­կան ­Միջ­նա­դա­րու այս հսկա­նե­րը։ ­Հայ գրա­կա­նա­գի­տու­թեան ե­րախ­տա­ւոր­նե­րէն Ար­շակ ­Չօ­պա­նեան եւ յատ­կա­պէս քսա­նե­րորդ դա­րու հայ մե­ծա­գոյն գրա­կա­նա­գէ­տը հռչա­կո­ւած ­Մա­նուկ Ա­բե­ղեան, ի­րենց կար­գին, ­Նա­րե­կա­ցիի կող­քին ան­պայ­ման կը տես­նեն ­Քու­չա­կը՝ իբ­րեւ հայ ժո­ղովր­դա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը ա­րո­ւես­տի ան­հա­սա­նե­լի բար­ձուն­քին հաս­ցու­ցած հան­ճա­րեղ քեր­թող­նե­րու։
Ի­րա­ւամբ այն­քա՜ն նման եւ այն­քա՜ն տար­բեր ու ներ­հակ են ­Նա­րե­կա­ցի եւ ­Քու­չակ։ ­Հայ հո­գիի ա­ղօթ­քին ան­փո­խա­րի­նե­լի բա­նաս­տեղ­ծը՝ ­Նա­րե­կա­ցի մեր ժո­ղո­վուր­դին «երկ­նա­ւոր սի­րոյ» եր­գիչն է։ Իսկ հա­յուն «երկ­րա­ւոր սէ­րը» ան­մա­հաց­նե­լու ա­րո­ւես­տին մէջ ան­զու­գա­կան է մե­ծու­թիւ­նը ­Քու­չա­կի։ ­Բայց եր­կուքն ալ հայ ժո­ղովր­դա­կան բա­նա­հիւ­սու­թեան վրայ խարս­խո­ւած բա­նաս­տեղ­ծա­կան գե­ղեց­կա­գոյն տա­ճար­ներ են, ո­րոնք հայ հո­գիին ա­զատ սա­ւառ­նու­մին թեւ եւ շունչ կը հա­ղոր­դեն։
Ա­ւե­լի՛ն. մինչ ­Նա­րե­կա­ցի կը յատ­կան­շո­ւի զգա­ցում­նե­րու, խո­հե­րու եւ պատ­կեր­նե­րու վա­րար ու յոր­դա­ռատ թա­փով, յար ու նման կա­մուրջ­ներ քշող-տա­նող Ա­րաք­սին, ­Քու­չակ զու­լալ աղ­բիւ­րի պէս սրտե­րուն ծա­րա­ւը յա­գեց­նող ան­մա­հա­կան ջու­րի աղ­բիւրն է, որ երկ­րա­ւոր սի­րոյ միայն մէկ գողտ­րիկ պա­հը բռնե­լու եւ նկար­չօ­րէն յա­ւեր­ժաց­նե­լու ա­րո­ւես­տը կը նո­ւի­րա­կա­նաց­նէ.-

«Ես աչք ու դու լոյս, հո­գի,
ա­ռանց լոյս՝ աչքն խա­ւա­րի.
Ես ձուկ ու դու ջուր, հո­գի,
ա­ռանց ջուր՝ ձուկն մե­ռա­նի.
Երբ ձուկն ի ջրէն հա­նեն եւ
այլ ջուր ձգեն, նա ապ­րի.
Երբ զիս ի քե­նէ զա­տեն,
քան զմե­ռնելն այլ ճար չի լի­նի»։

Ն­ման կարճ քեր­թո­ւած­նե­րով կը յատ­կան­շո­ւի ­Քու­չա­կի ժա­ռան­գու­թիւ­նը։ 8 կարճ տո­ղե­րով կամ 4 եր­կար տո­ղե­րու քա­ռեակ­նե­րով ներ­կա­յա­ցող բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ, ո­րոնք հայ գրա­կա­նու­թեան ծա­նօթ են «­Հայ­րէն­ներ» ա­նու­նով։
­Հայ գրա­կա­նա­գէտ­նե­րը ու­նին ընդ­հա­նուր այն հա­մո­զու­մը, որ հայ ժո­ղովր­դա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թեան եւ ա­շու­ղա­կան եր­գե­րու ոչ միայն ա­րա­րի­չը ե­ղաւ ­Քու­չակ, այ­լեւ՝ հա­ւա­քողն ու մշա­կո­ղը։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ, շատ մը «­Հայ­րէն­ներ», ո­րոնք ո­ճա­կա­նօ­րէն ան­հա­մա­տե­ղե­լի են՝ միեւ­նոյն հե­ղի­նա­կին պատ­կա­նե­լու ա­ռու­մով, վե­րագ­րո­ւած են ­Նա­հա­պետ ­Քու­չա­կի։ ­Հե­տե­ւա­բար, Ա­բե­ղեան ո­րո­շա­կի այդ ի­մաս­տով ի­րա­ւա­ցի է, երբ կը պնդէ, թէ ­Նա­հա­պետ ­Քու­չակ ա­նու­նը խոր­քին մէջ կը յղո­ւի մէ­կէ ա­ւե­լի հե­ղի­նակ­նե­րու եւ չի սահ­մա­նա­փա­կուիր ի­րա­պէս ապ­րած ու ստեղ­ծա­գոր­ծած «նա­հա­պետ» ու «թոռ» ­Քու­չակ­նե­րով։
Ա­մէն պա­րա­գա­յի, հայ մա­տե­նա­գէտ­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս հա­մա­միտ են, որ ­Նա­հա­պետ ­Քու­չակ ծնած էր 16րդ ­դա­րու սկիզ­բը (ծննդեան թո­ւա­կա­նը ան­յայտ), ­Վան նա­հան­գի ­Խա­ռա­կո­նիս գիւ­ղը։ ­Թէեւ իբ­րեւ ա­շուղ ու տա­ղա­սաց սի­րո­ւած բա­նաս­տեղծ՝ ­Քու­չակ տե­ւա­բար շրջած է ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հով մէկ, բայց իր կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին վե­րա­դար­ձած ու վախ­ճա­նած է իր ծննդա­վայր գիւ­ղին՝ ­Խա­ռա­կո­նի­սի մէջ, ո­րուն Ս. ­Թէո­դո­րոս ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կէն ներս գտնո­ւած է իր գե­րեզ­մա­նը։
­Կեն­սագ­րա­կան այլ տո­ւեալ­ներ դժբախ­տա­բար են­թադ­րու­թեանց մար­զին կը պատ­կա­նին եւ գրա­կա­նա­գէտ­նե­րու բա­նա­վէ­ճին ա­ռար­կայ են։ ­Բայց բա­նա­վի­ճող­ներն ան­գամ հա­մա­կար­ծիք են, որ մեր ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ օ­րին մե­ծա­պէս սի­րո­ւած եւ փնտռո­ւած ա­շուղ մը ե­ղած է ա­ռա­ջին ­Քու­չա­կը՝ ­Նա­հա­պե­տը։
­Միայն երկ­րա­ւոր սի­րոյ եր­գի­չը չե­ղաւ, սա­կայն, ­Նա­հա­պետ ­Քու­չակ։ «­Հայ­րէն­ներ»ու կող­քին՝ իր մշա­կու­մին ար­ժա­նա­ցած եւ բարձ­րա­րո­ւեստ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու ա­րա­րու­մով ան­մա­հա­ցած են հայ ժո­ղո­վուր­դի «­Պան­դուխ­տի եր­գեր»ը։
­Մին­չեւ մեր օ­րե­րը իր այժ­մէա­կան հնչե­ղու­թիւ­նը կը պահ­պա­նէ եւ հա­յոց շրթնե­րուն ան­բա­ժան եր­գի վե­րա­ծո­ւած է ­Նա­հա­պետ ­Քու­չա­կի վե­րագ­րո­ւած «­Ղա­րի­պը՝ Կ­ռուն­կին» բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը։
­Հայ ա­շու­ղա­կան հան­ճա­րի «լու­սապ­սակ ճա­կատ»ի յի­շա­տա­կին՝ ­Քու­չա­կի հո­գեմ­տա­ւոր ան­մահ ժա­ռան­գու­թեան յու­շա­րա­րի դե­րը ստանձ­նե­լով, կ’ար­ժէ սի­րա­յին եւ պան­դուխ­տի եր­կու եր­գե­րէ վեր­ցո­ւած հե­տա­գայ քա­ռեակ­նե­րով կազ­մո­ւած ծաղ­կեպ­սա­կով մը ա­ւար­տել այ­սօ­րո­ւան վկա­յու­թիւ­նը։
Ա­հա՛ պարզ մար­դոց սի­րա­յին պար­զա­գոյն ապ­րու­մի եւ վա­յել­քի գողտ­րիկ մէկ պա­հը այն­քան պար­զու­թեամբ, բայց եւ խո­րա­գոյն գե­ղեց­կու­թեամբ պատ­կե­րող «հայ­րէն» մը.

— «Այս գի­շեր լե­րանց բար­ձանց
­Ծաղ­կու­նանց ի մէջն եմ ի քուն,
Իմ եարն ի վե­րեւ գլխուս կու խմէ,
Ես ան­հոգ ի քուն…»։

­Նաեւ՝ հայ պան­դուխ­տի սրտէն, կա­րօ­տի խո­րա­գոյն ա­կուն­քէն բխած յա­ւեր­ժա­կա­նը եր­գը.

-«Կ­ռո՜ւնկ, ուս­տի՞ կու գաս, ծա­ռայ եմ ձայ­նիդ,
Կ­ռո՜ւնկ, մեր աշ­խար­հէն խապ­րիկ մը չու­նի՞ս։
­Մի՛ վա­զեր, ե­րա­միդ շու­տով կը հաս­նիս,
Կ­ռո՜ւնկ, մեր աշ­խար­հէն խապ­րիկ մը չու­նի՞ս։

«Ա­շունն է մօ­տե­ցեր, գնա­լու ես թետ­պիր,
Ե­րամ ես ժող­վեր, հա­զար­ներ ու բիւր,
Ինձ պա­տաս­խան չի տո­ւիր, ե­լար գնա­ցիր,
Կ­ռո՜ւնկ մեր աշ­խար­հէն գնա՛ հե­ռա­ցիր»։

Ա­ւար­տին, ան­պայ­ման պէտք է ար­ժե­ւո­րել ­Քու­չա­կի ժա­ռան­գու­թեան ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան ան­փո­խա­րի­նե­լի ու փրկա­րար ար­ժէ­քը, ինչ­պէս որ կը վկա­յէ ­Վա­հան ­Գէոր­գեան՝ անդ­րա­դառ­նա­լով ­Նա­հա­պետ ­Քու­չա­կի ժա­ռան­գու­թեան, նաեւ՝ «­Հայ­րէն­ներ»ուն ժա­մա­նա­կա­կից ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նով վե­րամ­շա­կու­մը կա­տա­րե­լով.
«­Հայ­րէն­նե­րը բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մի հրա­շա­լի տե­սակ են, ո­րի ար­մատ­նե­րը գնում են դա­րե­րի խոր­քը, դեռ ­Մով­սէս ­Խո­րե­նա­ցին է իր ժա­մա­նա­կին գրի ա­ռել բա­նա­ւոր նմոյշ­ներ հայ­կա­կան հա­մա­րո­ւող այդ տե­սա­կից, իսկ քրիս­տո­նէու­թեան տա­րա­ծու­մից յե­տոյ, տա­սե­րորդ դա­րի նշա­նա­ւոր մտա­ծող­նե­րից ՆԱՐԵԿԱՑԻՆ տո­ւեց ­Հայ­րէն­նե­րի երկ­րորդ կեան­քը, ո­րը իր կա­տա­րե­լու­թեա­նը հա­սաւ՝ ­Նա­հա­պետ ­Քու­չա­կի ժա­մա­նակ։
«­Փաս­տօ­րէն ­Նա­հա­պետ ­Քու­չա­կը, ե­թէ հա­ւա­տանք լե­գեն­դին՝ Ակ­նե­ցի նշա­նա­ւոր բա­նաս­տեղ­ծը թուր­քե­րի տի­րա­պե­տու­թեան ժա­մա­նակ, միջ­նա­դա­րի ծանր տա­րի­նե­րին, գաղ­թեց ­Վա­նի շրջա­նը, ուր էլ բո­լո­րեց իր հա­րիւր տա­րին: ­Նա նշա­նա­ւոր էր ան­գամ թուր­քե­րի շրջա­նում: Ինչ­պէս գի­տենք ա­շու­ղա­կան՝ թառ ու սա­զի երկր­պա­գու­նե­րը հիմ­նա­կա­նում թուր­քերն էին, եւ մեծ բա­նաս­տեղծ ու հայ մար­դը ­Հայ­րէն­նե­րը պի­տի ինչ որ կերպ օ­րի­նա­կա­նաց­նէր ու բնա­կա­նա­բար ինքն էլ դար­ձաւ ա­ռա­ջին մեծ նշա­նա­ւոր ա­շու­ղը՝ ողջ ա­րե­ւել­քում, ո­րի ուղ­ղա­կի ի­մաս­տով յա­ջորդ նշա­նա­ւո­րը պի­տի լի­նէր ­Սա­յաթ-­Նո­վան:
«­Ճա­կա­տա­գիրն ու պատ­մու­թիւ­նը ա­սես կրկնւում էր. հե­թա­նո­սա­կան եր­գե­րի կա­տա­րին ե­կաւ քրիս­տո­նէու­թիւ­նը, ա­մէն ինչ քան­դեց ու ա­ւե­րակ­նե­րի վրայ սկսեց կա­ռու­ցել իր ե­կե­ղե­ցին։ ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի, ­Խո­րե­նա­ցու եւ միւս­նե­րի ջան­քե­րով, ին­չը հնա­րա­ւոր էր, յար­մա­րաց­րե­ցին ե­կե­ղե­ցուն ու փրկե­ցին՝ Ա­նա­հի­տի, Աստ­ղի­կի, միւս հե­թա­նո­սա­կան աս­տո­ւած­նե­րին ու մշա­կոյ­թի մի մա­սը. մա­զա­պուրծ այդ շիւ­ղի վրայ էլ բա­ցո­ւեց ար­դէն ե­կե­ղե­ցու հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ մեր խցա­նո­ւած գե­ղա­րո­ւես­տի իս­կա­կան ա­կուն­քը, ­Նա­րե­կա­ցի­ներն ու Մ­խի­թար ­Գո­շե­րը ա­ւե­լի բախ­տա­ւոր էին, նրանց ժա­մա­նակ ե­կած ու մշա­կոյ­թի տա­րած­քին տէր դար­ձած քրիս­տո­նէութիւ­նը խրա­խու­սում էր ա­կուն­քից բխած ու ար­դէն խա­չով զար­դա­րո­ւած մեր ա­րո­ւես­տը։ ­Հա­զա­րա­մեա­կի ա­ւար­տին, այ­սինքն տասն­հին­գե­րորդ դա­րի սկզբնե­րին եր­կիր մտան նա­խորդ­նե­րից էլ ա­ւե­լի վայ­րագ ու մար­դա­կեր գա­զան­նե­րը՝ թուր­քե­րը, ո­րոնք ա­րիւն-ա­ւե­րից յե­տոյ սի­րում էին թառ ա­ծել: «Ծն­ւում էր թուր­քա­կան ա­րուես­տը՝ ա­շու­ղու­թիւ­նը. մեր ­Հայ­րէն­նե­րին էլ մնում էր հա­մա­կեր­պո­ւե­լու, մի կերպ դի­մա­նա­լու՝ տո­կա­լու ձե­ւը։ Ա­շու­ղու­թիւ­նը շու­լալ­ւում էր ­Հայ­րէն­նե­րին։ ­Քու­չա­կը մեծ էր ու ի­մաս­տուն. նա նո­ւա­գով ու եր­գով հասց­րեց բթաց­նել գա­զա­նին: ­Դար­ձաւ ա­ռա­ջին ու խո­շո­րա­գոյն ա­շու­ղը՝ բա­նա­ւոր շուր­թից շուրթ, Ակ­նից մին­չեւ ­Վան ստեղ­ծա­գոր­ծած ­Հայ­րէն­նե­րը տա­րա­ծե­լով։
«Այ­սօր մենք ու­նենք սի­րոյ, հայ­րե­նա­սի­րու­թեան ու պանդխ­տու­թեան ­Հայ­րէն­ներ։ Այդ ­Հայ­րէն­նե­րից շա­տե­րը հե­տա­գա­յում են գրի առ­նո­ւել, շա­տե­րը ժո­ղո­վուրդն է յօ­րի­նել ու ա­ւե­լաց­րել, մի խո­շոր ու կա­րե­ւոր մասն էլ ու­նեն հե­ղի­նակ­ներ:
Ն­րանք մեր միջ­նա­դա­րի նշա­նա­ւոր տա­ղեր­գու­ներն են, ո­րոնք հա­լա­ծո­ւած թուրք զաւ­թիչ­նե­րից, վան­քե­րում ու վան­քա­պատ­կան տա­րածք­նե­րին կից քա­րայր­նե­րում յօ­րի­նել են «­Հայ­րէն­ներ»ը, ո­րին ժո­ղո­վուր­դը պա­հել ու պահ­պա­նե­լով, եր­բեմն էլ «Ան­տու­նի­ներ» կրկնա­կի ի­մաստ տա­լով՝ հասց­րել է մեր օ­րե­րը։
«Ապ­րող լե­գենդ է, բա­նա­սէր­նե­րը լաւ գի­տեն՝ Ան­տու­նին բա­ռա­ցիօ­րէն իր ան­տուն լի­նե­լուց ա­ռաջ ու­նի զուտ բա­նաս­տեղ­ծա­կան ի­մաստ՝ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան ներ­քին կա­ռոյ­ցի հետ կապ­նո­ւած։
­Նոյն եր­կա­կի ի­մաս­տը ու­նին, ժո­ղովր­դի հա­մար, նաեւ «­Հայ­րէն­ներ»ը. ­Հայ­րէն­նե­րը ժո­ղո­վուր­դը սի­րում է կա­պել նաեւ կորց­րած ­Հայ­րե­նի­քի հետ, այդ պատ­ճա­ռով էլ ա­ւե­լի շատ տա­րա­ծո­ւած են պանդխ­տու­թեան ու սի­րոյ, մա­նա­ւանդ՝ պան­դուխ­տի սի­րոյ տա­ղե­րը։
«Այս­տեղ ժո­ղովր­դի հա­մար կա­րե­ւո­րը երգն ու տաղն է. տա­ղը, ո­րի ի՛նչ լի­նե­լը մաս­նա­գէտ­նե­րի խնդիրն է։ ­Թող նրանք վեր­լու­ծեն, հա­մադ­րեն, իսկ մինչ այդ հար­կա­ւոր է այդ տա­ղե­րից մաք­րել բո­լոր թուր­քա­կան, ա­րա­բա­կան, պարս­կա­կան, միջ­նա­դա­րեան բար­բառ-բա­ռե­րը, թե­թե­ւա­կի թափ տալ կպչուն փո­շին ու մաք­րո­ւած վի­ճա­կում ներ­կա­յաց­նել ըն­թեր­ցող­նե­րին»: