Մասնակցեցէ՛ք օսմանեան հայկական ժառանգութեան վերաբերող
դասախօսութեան եւ յուշ-իրեր հաւաքելու աշխատանոցին
Յուշամատեան կայքէջը կը գործէ արդէն ութ տարիէ ի վեր։
Անոր նպատակն է յօդուածներու եւ տեսողական գործիքներու ճամբով վերականգնել Օսմանեան կայսրութեան հայերու յիշողութիւնը, հետազօտել անոնց առօրեայ կեանքը։
«Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, «Արմենիքա» պարբերաթերթի եւ «Յուշամատեան»ի համագործակցութեամբ տեղի պիտի ունենան շարք մը ձեռնարկներ՝ դասախօսութիւններ եւ աշխատանոցներ:
Աշխատանոցներուն պարագային, սիրով հրաւիրուած էք տրամադրելու անձնական նիւթեր (հին լուսանկարներ, անտիպ յուշեր, առտնին առարկաներ, վաւերաթուղթեր, գիրքեր, եւ այլն), որոնք պատկանած են Օսմանեան կայսրութեան ժամանակներուն ապրած հայ ընտանիքներու։ Այս բոլորը տեղւոյն վրայ պիտի թուայնացնենք կամ լուսանկարենք, ապա անոնք անմիջապէս պիտի վերադարձուին իրենց տէրերուն։ Հետագային, սոյն նիւթերը պիտի տեղադրուին «Յուշամատեան» կայքէջին վրայ՝ www.houshamadyan.org
Ա. Դասախօսութիւն
Հինգշաբթի՝ 28 Նոյեմբեր 2019, ժամը 20։30ին
Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբին մէջ:
Բացման խօսք՝ Յարութիւն Քիւրքճեան:
Պիտի դասախօսէ՝ Վահէ Թաշճեան
«Յուշամատեան ծրագիրը» նիւթով:
Բ. Դասախօսութիւն
Ուրբաթ՝ 29 Նոյեմբեր 2019, ժամը 20։30ին
Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոն
Բացման խօսք՝ Գուին Մինասեան:
Պիտի դասախօսէ՝ Վահէ Թաշճեան
«Յուշամատեան ծրագիրը» նիւթով:
Ա. Աշխատանոց
Շաբաթ՝ 30 Նոյեմբեր 2019, առաւօտեան
ժամը 11:00էն 18:00 Աշխատանոց
(յուշ-իրերու հաւաք)
Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբ
Բ. Աշխատանոց
Կիրակի՝ 1 Դեկտեմբեր 2019, առաւօտեան
ժամը 11:00էն 18:00 Աշխատանոց
(յուշ-իրերու հաւաք)
Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոն
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել՝
Գուին Մինասեանին 697 408 2215 եւ Վերժին Կարապետեանին 694 676 8714