Մայք Չիլինկիրեան
Գաղթականութեան առաջին տարիներուն, Յունաստան հաստատուած հայ զանգուածներու թիւի ճշգրիտ սահմանումը բաւական բարդ ու դժուար փորձ մըն է, որ առանձին գիտական լայն աշխատութեան կը կարօտի։ Ներկայ յօդուածին մէջ պիտի փորձենք ուրուագծել որոշ տուեալներ, որոնք առնուած են ծանօթ եւ հաւաստի աղբիւրներէ, նպատակ ունենալով մեր թերթի ընթերցողներուն ներկայացնել ընդհանուր պատկեր մը, որ կը հաւատանք, թէ կը համապատասխանէ պատմական իրականութեան։
Գաղթականական առաջին ալիքները
1921ի վերջաւորութեան, Յունաստան ապաստանեց գաղթականներու առաջին ալիքը Կիլիկիայէն եւ Իզմիթէն։ 18 Դեկտեմբեր 1922ին, Աթէնքի Ազգային առաջնորդարանին ուղղուած իր գրաւոր զեկուցումին մէջ, Գէորգ քհնյ. Դաւիթեան արդէն գրի առած է 3.950 հայերու անունները, որոնք 1921ի Դեկտեմբերին ժամանակաւորապէս հաստատուած էին Բիրէա, Գալամաթա, Լաւրիօ, Վոլոս, Սամոս, Միթիլինի, Խիոս եւ Սիրոս շրջաններուն մէջ։
9 ամիս յետոյ, Փոքր Ասիոյ եւ Զմիւռնիոյ ամբողջական աղէտէն ետք, յոյն գաղթականներու կողքին, մօտ 100.000-120.000 հայ գաղթականներ Կիլիկիոյ, Փոքր Ասիոյ եւ արեւելեան Թրակիոյ շրջաններէն ապաստան գտան Յունաստան։ Այս թիւերը, այնպէս ինչպէս գրի առնուած են պատմաբաններու կողմէ եւ ներկայացուած են այն ժամանակի զեկոյցներուն մէջ, կը թուին ըլլալ չափազանցուած, մասնաւորաբար՝ եթէ անոնք համեմատենք պաշտօնական առաջին արձանագրութիւններուն հետ, որոնք կատարուեցան պետական սպասարկութիւններու եւ հայկական Առաջնորդարանին կողմէ։ Այսպէս, հայ գաղթականներու թիւը, որոնք Յունաստան հասան 1922ին, հայ որբերու թիւին հետ միասին, հաւանաբար կը հասնէր մինչեւ 90.000ի։ 1924ի Օգոստոսին, յունական խնամատարական սպասարկութիւններու հսկողութեան տակ գտնուող գաղթականներու ընդհանուր թիւն էր 55.000 հոգի։
1920ական թուականներու վերջաւորութեան, Յունաստանի մէջ ապրող հայութեան ընդհանուր թիւն կը հաշուէր 65.400 անձեր, որոնցմէ 36.600ը կ՚ապրէին Աթէնքի, Բիրէայի եւ շրջակայ նահանգներուն մէջ, իսկ 28.800ը՝ Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ մէջ։
Առաջին տարիներէն, Ազգերու Լիկային կողմէ հաստատուած յատուկ մարմին մը, նորվեկիացի Ֆրիտճոֆ Նանսենի հսկողութեան տակ, ստանձնեց հայ գաղթականներու փոխադրութիւնը դէպի Սովետական Հայաստան։
Առաջին կարաւանը՝ բաղկացած 3.000 անձերէ, յառաջ եկաւ կեդրոնական Մակեդոնիոյ շրջաններէն եւ մինչեւ 1925ի Նոյեմբերը տեղափոխուեցաւ Հայաստան։
1931-32 տարիներուն, ներգաղթը աւելի մեծ ծաւալ ստացաւ։ Բիրէայի նաւահանգիստէն մօտ 8-10.000 հայրենակիցներ յունական նաւերով հասան Պաթումի նաւահանգիստը եւ անկէ՝ Սովետական Հայաստան։ Հոս պէտք է նաեւ նշել, թէ գաղթականութեան առաջին տարին արձանագրուեցան բազմաթիւ մահեր՝ տառապանքներու, սնունդի պակասի եւ առողջապահական յարմար պայմաններու չգոյութեան պատճառով։ Առաւել, պէտք է նկատի ունենալ թէ, 1923ի բնակչութիւններու փոխանակման հետեւանքով, Յունաստան ապաստանած 1.500-2.000 հոգիէ բաղկացած «հայ-հոռոմ» անունով խումբին մասին պետական կամ այլ տոմարներու մէջ որպէս հայ արձանագրութիւն չկատարուեցաւ։
Ցեղասպանութեան որբերը
1922ին, միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւնները 7.000-8.000 որբեր փոխադրեցին Յունաստան, որոնք նախապէս պատսպարուած էին Թուրքիոյ տարածքին գտնուող որբանոցներուն մէջ։ Այս որբերը, գլխաւորաբար 1915ի Ցեղասպանութենէն ազատած, խնամուեցան Յունաստանի ամբողջ տարածքին գտնուող հաստատութիւններու մէջ։ Անոնցմէ մեծագոյներն էին՝ Սիրոսի, Կորնթոսի եւ Քերքիրաի (Corfu) որբանոցները։ Մաս մը որբերէն փոխադրուեցան այլ երկիրներ՝ շնորհիւ «Lord Mayorr’s Fund» հաստատութեան ջանքերուն։ Այսպէս, յաջորդ տարուան ընթացքին, Յունաստանի մէջ ապրող որբերու պաշտօնական պատկերը հետեւեալն էր՝ Գավալա 693, Քերքիրա 1.778, Քեֆալոնիա 314, Թասոս 72, արքայական հին պալատ 165, Խալքիտա 621, Օրոբոս 396, Զափիօ 71, Կորնթոս 1.670, Սիրոս 732։ Ընդհանուր՝ 6.512 որբեր։
Մինչեւ 1927, վերեւ նշուած որբանոցներու մեծամասնութիւնը այլեւս չէր գործեր։ Մաս մը որբերէն, որոնք արդէն հասակ նետած էին, փոխադրուեցան Մակեդոնիոյ շրջանը՝ զբաղելու համար հողագործութեամբ, իսկ այլ որբեր՝ տնտեսական դժուարութիւններու եւ մրցակցութեան պատճառով, մեկնեցան դէպի Սովետական Հայաստան եւ Ֆրանսա։ Ամերիկեան «Near East Relief» մարդասիրական կազմակերպութեան տեղեկագիրին համաձայն, մօտ 2.500 որբեր ղրկուեցան Եգիպտոսի հայկական գաղութը (Գահիրէ եւ Աղեքսանդրիա), հայկական ընտանիքներու կողմէ որդեգրումի յատուկ ծրագիրի մը գործադրութեան պատճառով։
30 Սեպտեմբեր 1923ին, «Near East Relief»ը հրապարակեց տեղեկագիր մը, ներկայացնելով հայկական որոշ վարժարաններու թուական պատկերը։ Անոր համաձայն, աշակերտութեան թիւն էր՝ Աթէնք 255, Գոքինիա 653, Տուրղութի 745, Փակրաթի 415, Թեսաղոնիկէ եւ շրջակայք 790, Բիրէա 317, Բալէօ Ֆալիրօ 60, Նէօ Ֆալիրօ 96, Մոսխաթօ 34, Քիֆիսիա 70, Մարուսի 65, Միթիլինի 250, Ռեթիմնօ 150, Խանիա 47, Լաւրիօ 101։ Ընդհանուր՝ 4.048 աշակերտներ։
Գաղթականները Աթէնքի մէջ
Գաղթականութեան սկզբնական շրջանին , հայերը հաստատուած էին գլխաւորաբար հինգ շրջաններու մէջ՝ Տուրղութի 7.000, Փակրաթի եւ Գեսարիանի 3.000, Լիբազմա (Այիոս Տիոնիսիոս-Բիրէա) 5.000, Գոքինիա 6.000 եւ Աթէնքի կեդրոնը 5.000 գաղթականներ Իզմիրէն, որոնք համեմատաբար աւելի լաւ վիճակի մէջ կը գտնուէին։
Առաջին մարդահամարը
Բաւական տարիներ ետք, 1938ին, յունական կառավարութեան դիմումին ընդառաջելով, յունահայոց Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը մարդահամար կազմակերպեց այն շրջաններէն ներս, ուր հայեր կ՚ապրէին։ Անոր աւարտին, 35 շրջաններու մէջ արձանագրուեցան 27.080 հայեր։ Այսպէս՝ Տուրղութի 4.500, Գեսարիանի 1.000, Բերիսթերի 250, Գոքինիա 4.800, Լիբազմա (Այիոս Տիոնիսիոս-Բիրէա) 3.000, Մարուսի 180, Քիֆիսիա 60, Մոսխաթօ 100, Ամպելոքիփի 60, Թաւրոս 35, Ֆալիրօ 150, Քալիթէա 100, Լաւրիօ 400, Վոլոս 300, Կորնթոս 100, Էյիօ 100, Փաթրա 500, Փիրղոս 150, Նաւբլիօ 30, Գալամաթա 800, Քերքիրա 150, Կրետէ 700, Միթիլինի 300, Սամոս 30, Խիոս 20, Սիրոս 20, Թեսաղոնիկէ 5.000, Տրամա 650, Սերրես 300, Գավալա 800, Քսանթի 750, Գոմիթինի 800, Ալեքսանտրուպոլիս 800, Տիտիմոթիքօ 150, Նէա Օրէսթիատա 100։
Յաջորդ տարիներուն, մարդահամարի արդիւնքը կասկածի տակ առնուեցաւ։ Կարգ մը անձնաւորութիւններ, որոնք քաջատեղեակ էին հայկական շրջաններուն մէջ տիրող կացութենէն, իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին՝ ըսելով թէ, թիւերը մօտաւորապէս պատրաստուած են, սակայն ճշգրիտ չեն։ Անոնց համաձայն, Տուրղութիի հայութեան թիւը կը հասնէր 6.500, իսկ Գոքինիոյ եւ Թեսաղոնիկէի մարդահամարի թիւերը 1000ական հոգիով նուազ էին։ Եթէ այս վարկածը նկատի ունենանք, 1938ին՝ հայութեան թիւը մօտ 31.000 էր։
Ներգաղթը
1946ին ծայր առաւ դէպի Սովետական Հայաստան ներգաղթի սփիւռքեան արշաւը։ Յունաստանի մէջ, բաւական արդիւնաբեր քարոզչական աշխատանք մը տարուեցաւ համոզելու համար առաւելագոյն թիւով հայրենակիցներ Հայաստան վերադառնալու նպատակով։ Գաղթականներու առաջին ալիքը, մանաւանդ անոնք, որոնք տնտեսական եւ ընկերային անապահով կեանք մը կ՚ապրէին, համոզուած էին հայրենադարձութեան համար։ 1946ին, Բիրէայէն եւ Թեսաղոնիկէէն ճամբայ ելան 1.372 ընտանիքներ (4.974 անձեր), իսկ 1947ին՝ 3.478 ընտանիքներ (13.241 անձեր). Երկու տարուայ մէջ, 18.215 հայեր Յունաստանէն տեղափոխուեցան Հայաստան։
Նոյն ժամանակաշրջանին, երբ արդէն Յունաստան հիւծած էր համաշխարհային պատերազմի եւ ներքին կռիւներու պատճառով, սկսաւ հայերու արտահոսքը դէպի արեւմուտք՝ Գանատա եւ Արժանթին, որ տեւեց երկար տարիներ։ Անոնցմէ շատեր երիտասարդներ էին, որոնք ապահով եւ բարեկեցիկ կեանքի մը որոնումով, նոր վայրեր փնտռեցին իրենց ընտանիքներուն համար։
1940ական թուականներու վերջաւորութեան, Յունաստանի հայ գաղութը կը հաշուէր մօտ 9.500 հոգի։ Ամբողջ տասնամեակ մը ետք, գաղութը կորսնցուցած էր իր թիւի 2/3ը։
1950ական թուականներուն, բաւական տքնաջան աշխատանքներէ ետք, յունահայ համայնքը կարողացաւ կարգի բերել իր կրթական եւ միութենական պայմանները, զանոնք յարմարեցնելով յառաջ եկած նոր տուեալներուն։
Եզրափակելով, 30 տարուայ ընթացքին, 1922ի հայ գաղթականութեան թիւին միայն 1/10ը մնացած էր Յունաստանի մէջ։
(Յունարէնէ փոխադրեց՝ Ք.Է.)
Աղբիւրներ
«Սփիւռքահայերի 1946-1948 թթ. մեծ հայրենադարձը», Նորիկ Ա. Սարգսեան, Երեւան 2014
«Տասնեւեօթը տարի յունահայ գաղութին հետ, 1922-1939», Կարօ Գէորգեան, Ամէնուն Տարեգիրքը, 1957
«Նոր Օր» օրաթերթ, 2 Դեկտեմբեր 1923
«Ազատ Օր» օրաթերթի բացառիկ, 2006
«Οι Αρμένιοι της Ελλάδας: Ιστορία, Οργάνωση, Ιδεολογία, Κοινωνική Ενσωμάτωση», Ιωάννης Κ. Χασιώτης, «Ίστωρ», 8/1995.
«Οι αναχωρήσεις των Αρμενίων από την Ελλάδα για τη Σοβιετική Αρμενία κατά τη διάρκεια του Μεσοπολέμου 1924-1925», Αθανάσιος Ε. Αρμενάκης.