­Յով­հան­նէս ­Շի­րազ 1915-1984

­Յով­հան­նէս ­Շի­րազ (1915-1984). ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի սիր­տէն բխող եր­գե­րու ան­զու­գա­կան բա­նաս­տեղ­ծը Ն.

0
1723

102 տա­րի ա­ռաջ, ­Մեծ Ե­ղեռ­նի ար­հա­ւիր­քին մէջ, Ապ­րիլ 27ի այս օ­րը, նո­րա­ծի­նի ճիչ մը կեան­քով լե­ցուց Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի (­Գիւմ­րիի ցա­րա­կան ա­նուա­նու­մը) մէջ, Ա­խու­րեա­նի ա­փին գտնո­ւող գիւմ­րե­ցի ­Թա­դէո­սի եւ կար­սե­ցի Աստ­ղի­կի գիւ­ղա­կան խար­խուլ տու­նը։
­Լոյս աշ­խարհ ե­կաւ Օն­նիկ ­Կա­րա­պե­տեան ա­նուն-մա­կա­նու­նով ա­րու զա­ւակ մը, որ հա­զիւ ե­րեք տա­րե­կան ե­ղած՝ պի­տի որ­բա­նար հօր­մէ, ո­րուն թուրք զի­նո­ւոր­նե­րը սպան­նե­ցին՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նի վրայ կա­տա­րո­ւած 1918ի թրքա­կան ար­շա­ւան­քին ժա­մա­նակ։
Թր­քա­կան խժդժու­թեանց հե­տե­ւած ի­րա­րան­ցու­մին մէջ, Օն­նիկ կորսն­ցուց մայ­րը, ան­պատս­պար փո­ղոց­նե­րը թա­փա­ռե­ցաւ՝ հա­ցի եւ օ­թե­ւա­նի կա­րօտ, մին­չեւ որ ան­տէր լքո­ւած հա­րիւ­րա­ւոր շատ որ­բե­րու հետ զինք եւս յանձ­նե­ցին Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի որ­բա­նո­ցին խնա­մա­տա­րու­թեան։
­Դառն ու դա­ժան ման­կու­թիւն մը ան­ցուց ա­պա­գայ մեծ բա­նաս­տեղ­ծը, յա­ճա­խա­կի փա­խուստ տուաւ որ­բա­նո­ցի ճնշիչ մթնո­լոր­տէն եւ, ինչ­պէս որ հե­տա­գա­յին պի­տի գրէր իր ինք­նա­կեն­սագ­րու­թեան մէջ, «որ­բա­նո­ցից շա­տերն էին փախ­չում, մեծ մա­սը դէ­պի շու­կայ, իսկ ես` դէ­պի Ար­փա­չա­յի հո­վիտ­նե­րը` փնտռե­լու հայ­րի­կիս բոս­տա­նը: Եւ մի վայր­կեան ծա­ղիկ­նե­րի ու կա­կաչ­նե­րի մէջ մո­ռա­նում էի, որ որբ եմ…»: Այդ օ­րե­րու իր յու­զաշ­խար­հը կը խտաց­նէ եւ հայ որ­բե­րու սիր­տը այն­քան հա­րա­զա­տօ­րէն կը բա­նայ հօր նո­ւի­րո­ւած բա­նաս­տեղ­ծա­կան հե­տե­ւեալ պատ­կե­րը՝

«­Կը գար հայրս ­Շի­րա­կի հո­վե­րի հետ ի­րի­կո­ւայ,
­Կը շող­շո­ղար բահն ու­սին, սա­րից ել­նող լուս­նի պէս…»

Ա­ւե­լի ուշ, երբ ար­դէն թե­ւա­կո­խած էր պա­տա­նե­կու­թեան տա­րի­քը, Օն­նիկ լրիւ հե­ռա­ցաւ որ­բա­նո­ցէն եւ բա­ռին բուն ի­մաս­տով փո­ղո­ցի կեանք ապ­րե­ցաւ, մին­չեւ որ այդ ձա­խորդ օ­րե­րուն մէջ յան­կարծ փայ­լե­ցաւ, իր իսկ բնու­թագ­րու­մով՝ «ճա­կա­տագ­րա­կան մի սուրբ վայր­կեան»: ­Փո­ղո­ցը պա­տա­հա­կա­նօ­րէն հան­դի­պե­ցաւ հա­ցը ձեռ­քին ան­ցորդ խեղճ կնոջ մը: ­Սո­ված Օն­նի­կը փոր­ձեց փախց­նել կնոջ հա­ցը, բայց կի­նը բռնեց զինք եւ… սեղ­մեց կրծքին: ­Մայրն էր` Աստ­ղի­կը, որ վեր­ջա­պէս գտած էր իր կո­րու­սեալ որ­դին: ­Փա­ղաք­շան­քով «գիժ-ջան, գի՜ժ» կրկնե­լով՝ մայ­րը որդ­ւոյն տա­րաւ տուն, որ հին ու կի­սա­փուլ խրճիթ մըն էր: Եւ ճա­կա­տագ­րա­կան այդ օ­րէն, մօր խօս­քը սրբու­թիւն եւ օ­րէնք ե­ղաւ Օն­նի­կի հա­մար, իսկ մօր գլխա­ւոր խոր­հուրդն էր`

«Ար­հեստ սո­վո­րիր… ար­հեստն է մար­դուն ոս­կէ բի­լա­զուկ»:

Որ­բու­թեան եւ չքա­ւո­րու­թեան այդ տա­րի­նե­րը ա­դա­ման­դի պէս կո­փե­ցին տա­ղան­դը ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան բնա­տուր շնորհ­նե­րով օժ­տո­ւած Օն­նի­կի, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­մահ մե­ծե­րու երկ­նա­կա­մա­րին վրայ ան­մար աստ­ղի իր տե­ղը գրա­ւեց իբ­րեւ ­Սի­րոյ, ­Վիշ­տի եւ ­Հա­յոց Սր­բա­զան ­Դա­տի զգա­յուն եւ խո­հուն եր­գի­չը՝ ­Յով­հան­նէս ­Շի­րազ գրչա­նու­նով։
­Շի­րազ պա­տա­նի տա­րի­քէն նե­տո­ւե­ցաւ կեան­քի աս­պա­րէզ, բախ­տը փոր­ձեց կօ­շի­կի եւ հի­սո­ւա­ծե­ղէ­նի ար­հեստ­նե­րուն մէջ, բայց շու­տով անդ­րա­դար­ձաւ, որ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւնն է իր կեան­քի բուն եւ միակ աս­պա­րէ­զը։ Սկ­սաւ ստեղ­ծա­գոր­ծել 15 տա­րե­կա­նէն եւ իր ա­ռա­ջին քեր­թո­ւած­նե­րը լոյս տե­սան ­Լե­նի­նա­կա­նի (­Գիւմ­րիի խորհր­դա­յին ա­նո­ւա­նու­մը) հիւ­սո­ւա­ծե­ղէ­նի գոր­ծա­րա­նին գրա­կան հրա­տա­րա­կու­թեան է­ջե­րուն։ 1935ին ա­ռան­ձին հա­տո­րով լոյս տե­սաւ իր ե­րե­խայ­րի­քը՝ «­Գար­նա­նա­մուտ»ը, որ ան­մի­ջա­պէս յափշ­տա­կո­ւե­ցաւ ըն­թեր­ցող­նե­րուն կող­մէ եւ ա­րա­գօ­րէն մեծ համ­բաւ ա­պա­հո­վեց քսա­նա­մեայ ­Շի­րա­զին։
Եւ սկսաւ ­Շի­րա­զի ան­կա­սե­լի վե­րել­քը դէ­պի հայ քեր­թո­ղու­թեան բար­ձուն­քը։
­Սի­րոյ եւ ­Վիշ­տի եր­գե­րով յատ­կան­շո­ւե­ցաւ ­Շի­րա­զի մուտ­քը հայ գրա­կա­նու­թեան ան­դաս­տա­նէն ներս եւ որ­քան ժա­մա­նա­կը թա­ւա­լե­ցաւ, այն­քան պար­զու­թիւնն ու խո­հա­կա­նու­թիւ­նը, գե­ղա­րո­ւես­տա­կան քնա­րա­կա­նու­թիւ­նը եւ ազ­գա­յին յու­զաշ­խար­հը ա­դա­ման­դի պէս բիւ­րե­ղա­ցան ­Շի­րա­զի ո­ճին մէջ, որ իբ­րեւ ինք­նու­րոյն դպրոց ԵՐԵՒՈՅԹ դար­ձաւ քսա­նե­րորդ դա­րու երկ­րորդ կի­սուն՝ հայ գրա­կա­նու­թեան վե­րա­զարթ­նու­մին վրայ իր տի­րա­կան դրոշ­մը դնե­լով։
­Պա­տա­հա­կան չէ, որ «­Շի­րա­զը հայ ժո­ղովր­դի վշտի դա­րա­ւոր մա­ռա­խու­ղից ծա­գած աստղն է» վկա­յեց վար­պե­տը՝ Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեան։
Իսկ Ո­ւի­լեըմ ­Սա­րո­յեան պար­զա­պէս ար­ժա­նին կը մատու­ցա­նէր ­Հա­յուն ­Սիր­տը այդ­պէ՛ս հա­րա­զա­տօ­րէն, ջեր­մու­թեամբ եւ խո­րու­թեամբ աշ­խար­հին առ­ջեւ բա­ցող ­Շի­րա­զին, երբ կը հաս­տա­տէր, թէ «­Շի­րազ մեծ տա­ղանդ մըն է: Ա­նի­կա մեծ, մեծ ա­նուն ու­նի՝ մենք շատ կը գնա­հա­տենք ա­նոր գո­յու­թիւ­նը… ­Շի­րազ թան­կա­գին հո­գի մըն է, ես շատ կը ցան­կա­նամ լու­րեր առ­նել ա­նոր գրու­թիւն­նե­րէն, լսել զա­նոնք: Ան տա­ղանդ է, մենք պէտք է հպարտ զգանք՝ մեծ պա­տիւ հա­մա­րենք ա­նոր հետ ծա­նօթ ըլ­լա­լը»:
Եւ ի­րա­պէս ­Շի­րազ իր կեն­դա­նու­թեան ե­ղաւ ապ­րող ա­ռաս­պել մը հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ, ոչ միայն քա­ղա­քա­մայր Ե­րե­ւա­նի հա­մար, ուր գրե­թէ ա­մէ­նօ­րեայ իր գրա­կան հա­ւաք­նե­րը կ­’ու­նե­նար փո­ղո­ցը՝ Ա­բո­վեան, Ա­մի­րեան եւ ­Տէ­րեան փո­ղոց­նե­րու խաչ­մե­րուկ­նե­րուն, իր երկր­պա­գու­նե­րու հետ հան­դի­պում­նե­րով, այ­լեւ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յաշ­խար­հի մօտ թէ հե­ռու ա­փե­րուն, ուր հա­յու­թեան նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րը իր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րով եր­գե­ցին ­Սէ­րը, ­Հա­յոց ­Վիշ­տը, ­Մօր պաշ­տա­մուն­քը եւ, մա­նա­ւանդ, ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը ար­դար լուծ­ման ար­ժա­նաց­նե­լու պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րը։
­Հա­յա­շունչ մթնո­լոր­տի մէջ կազ­մա­ւո­րո­ւած ո՞ր հա­յը, այ­սօր, կրնայ մտա­հան ը­նել իր պա­տա­նե­կու­թեան սոր­ված եւ ար­տա­սա­նած ­Շի­րա­զի «Ա­մե­նայն Սր­տով»ը, որ ամ­բողջ ազ­գա­յին զար­թօն­քի մը պատ­գա­մը դար­ձաւ՝

«Ա­մե­նայն սրտով բո­ղո­քում եմ ես մար­դու ա­նար­դար վճի­ռի հա­մար։
Ա­նի­ծում եմ ես մար­դուն նեն­գա­ւոր, որ նա ընտ­րել է պղծո­ւած ճա­նա­պարհ.
Ա­տում եմ հո­գով օ­րէնք­ներ շատ-շատ, որ ծան­րա­ցել են մարդ­կանց ու­սե­րին
Եւ ստի­պում են կեղ­ծել, քծնո­ւել, գո­վել ա­նար­ժան, տգէտ բար­քե­րին:

Ես բո­ղո­քում եմ, ի­րա­ւունք ու­նեմ գան­գատ գրե­լու ամ­բողջ աշ­խար­հին,
Որ հա­յոց հո­ղը ետ վե­րա­դար­ձո­ւի եւ տրո­ւի պան­դուխտ, տա­ռա­պող հա­յին,
Ես ցան­կա­նում եմ մէկ ան­գամ տես­նել քար­տէ­զը հա­յոց ան­ծայր երկ­րի,
Դ­րա­նից յե­տոյ ե­թէ մեռ­նեմ էլ, իմ հո­գին ու­րախ եւ յա­ւերժ կ­’ապ­րի:

Ին­չո՞ւ է հա­յը պան­դուխ­տի ցու­պով այ­սօր թա­փա­ռում ամ­բողջ աշ­խար­հում,
Օ­տա­րի հո­ղում կեղ­ծո­ւած ու տան­ջո­ւած, հե­ռու հիւ­սի­սում կամ ա­նա­պա­տում,
Ի՞նչ է նա կորց­րել ­Սու­դա­նում կի­զիչ, կամ Հնդ­կաս­տա­նում հե­ռու հե­ռա­ւոր,
Ին­չո՞ւ է հա­յը բե­կոր­ներ դար­ձել, նա չու­նի հան­գիստ, նա չու­նի ան­դորր:

­Խեղճ պան­դուխտ հա­յին հո՛ղ է հար­կա­ւոր, ոչ օ­տար երկ­րում, այլ իր սե­փա­կան,
Եւ երբ ու­նե­նայ նա հո­ղը նո­րից, դուրս կը շպրտի ցուպն օ­տա­րու­թեան,
Ան­հուն հրճո­ւան­քով կը շտա­պի հե­ռո­ւից դէ­պի ­Ղարս, Իգ­դիր, ­Վան կամ Ար­դա­հան,
­Նո­րից կը լսո­ւի հո­րո­վե­լը հին, նո­րից կը ծխայ ծու­խը հայ­կա­կան:

Օ­տա­րի ձեռ­քից հինգ հա­րիւր տա­րո­ւան հո­ղե­րը այ­սօր ետ են գրա­ւում,
Օ­րէնք է, ու մենք էլ ենք ա­սում, որ հո­ղը տի­րոջն է միայն պատ­կա­նում.
­Բայց ին­չի՞ խօ­սել ու­րի­շի մա­սին եւ միշտ մո­ռա­նալ ցա­ւը սե­փա­կան,
Ին­չո՞ւ վաս­տա­կել, որ ու­րիշն ու­տի, մո­ռա­նալ քաղ­ցը հա­րա­զատ ման­կան:

Ոչ, բա­ւա­կան է , չպէտք է լռել, ե­րա­զել քիչ է, պէտք է պայ­քա­րել,
­Քա­ռա­սուն տա­րին դեռ նոր է ան­ցել, հա­յոց հո­ղե­րը պէտք է պա­հան­ջել,
­Քար­տէ­զի վրայ դեռ շատ ա­նուն­ներ մին­չեւ օրս էլ հինն են մնա­ցել
­Նոյնն են մնա­ցել քա­ղաք­ներ, գիւ­ղեր, շէ­ներ ու գե­տեր եւ հին ամ­րոց­ներ:

­Սահ­մա­նին թիկ­նած Ա­րա­րատն է սէգ, ի­րեն լան­ջե­րով, զմրուխտ կու­սա­կան,
Ա­րա­րատն է սիմ­բո­լը հա­յոց, միշտ թով­չան­քով լի, քաղցր մայ­րա­կան,
Իսկ այն կողմ հեռ­ւում, ­Բին­գէոլն է լքո­ւած, սգո­ւո­րի նման, սեւ ամ­պե­րի մէջ,
­Վա­նայ եւ ­Նա­զիկ լճերն են նիր­հում, Աղ­թա­մարն է մեր ար­տաս­ւում ան­վերջ:

Այս բո­լո­րը դուք տես­նում էք հա­յեր եւ այն թողել էք բախ­տի պատ­մու­թեան,
­Լոկ ցան­կա­նա­լով հար­ցեր չեն լուծ­ւում, ա՛յս է մեզ ա­սում կեան­քը այժ­մեան,
­Պէտք է պայ­քա­րել, պէտք է պայ­քա­րել եւ պէտք է սոս­կալ մա­հից սե­փա­կան,
­Մա­հո­ւան գնով էլ պար­տա­ւոր ենք մենք միա­ցեալ տես­նել հո­ղը հայ­կա­կան»:

Այս­պէ՛ս պատ­գա­մեց եւ այ­սօ­րի­նակ պատ­գամ­նե­րով իր կեան­քը ի­մաս­տա­ւո­րեց ­Յով­հան­նէս ­Շի­րազ, որ մին­չեւ իր վախ­ճա­նը՝ 1984 թո­ւա­կա­նի ­Մարտ 14ը, կան­գուն մնաց պատ­նէ­շի վրայ՝ մեր սե­րունդ­նե­րուն կտա­կե­լով եր­գը ­Հա­յաս­տա­նի։
Ինչ­պէս որ «Ց­նորք չի ե­ղել ­Հա­յոց վիշ­տը մեծ» խո­րագ­րով իր քեր­թո­ւա­ծին մէջ կը վկա­յէ, ­Շի­րազ ան­խոնջ եր­գեց ճա­կա­տա­գի­րը հա­յոց՝ ամ­բողջ աշ­խար­հին յի­շեց­նե­լու հա­մար, որ՝

«Ց­նորք չի ե­ղել ­Հա­յոց վիշ­տը մեծ
Ու թէ հա­ռա­չէր մի հայ բա­նաս­տեղծ
­Թէ չար դա­րե­րի հող­մե­րով քշո­ւած
­Լուս­նի վրայ էլ հա­յեր կան ցրո­ւած…
Ես կը հա­ւա­տամ այդ դա­ռը խօս­քին
Ես կը հա­ւա­տամ, որ լու­սինն ան­գամ
­Ծա­նօթ է բո­կոտն հայ թա­փառ ոտ­քին
Ու դրա­նից է նա թախ­ծում այս­քան:
Ա՜խ քո էլ բախտն է լուսն­կան լա­լիս
­Դու էլ ես պան­դուխտ իմ ա­զիզ ­Մա­սիս
­Բայց քեզ­նից է­լի կա­րօտս եմ առ­նում,
Երբ քեզ եմ նա­յում մի լեռ եմ դառ­նում
­Մինչ հա­զար ծո­վեր դեռ այն կողմ ցրո­ւած
Որ­քա՜ն ­Մա­սիս­ներ դեռ ու­նեմ գե­րո­ւած
Ես դա­րեր խա­բո­ւած դա­րե­րով զար­կո­ւած
­Նոր եմ բռունցք­ւում լեռ­նե­րում իմ լուրթ
Ես որ­դե­կո­րոյս բայց յոյ­սով փրկո­ւած
Ես մի ­Հայ մի ­Հայր մի ­Հայ ժո­ղո­վուրդ»…

­Յու­շա­տետ­րի սիւ­նա­կը նեղ կու գայ լիի­մաստ պար­փա­կե­լու ­Յով­հան­նէս ­Շի­րազ ե­րե­ւոյ­թը՝ իր մե­ծու­թեամբ եւ ան­մահ պատ­գա­մով։
­Բայց այս­քա­նը թող յար­գան­քի մոմ մը վա­ռէ հայ ժո­ղո­վուր­դի ­Սիր­տը այդ­պէս շռայ­լօ­րէն աշ­խար­հին ա­ռաջ բա­ցած ան­մահ բա­նաս­տեղ­ծի յի­շա­տա­կին։