Ապրիլ 14ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը արդի հայ գրականութեան դասականներէն բանաստեղծ Յովհաննէս Յովհաննիսեանի, որ իրաւամբ կը հանդիսանայ նախակարապետը արեւելահայ քնարերգութեան։
Եթէ մինչեւ Յովհաննէս Յովհաննիսեան արեւելահայ քերթողութիւնը կլանուած էր Գամառ-Քաթիպայի եւ Զարթօնքի Սերունդի ազգային-հայրենասիրական եւ հռետորական-խրատական շունչով, ապա Յ. Յովհաննիսեանի նորաշունչ քնարերգութեամբ նոր դարաշրջան բացուեցաւ արեւելահայ գրողներու գեղապաշտ սերունդին՝ Յովհաննէս Թումանեանի, Աւետիք Իսահակեանի եւ Վահան Տէրեանի որակով մեծատաղանդ բանաստեղծներու առջեւ։
1864ին Վաղարշապատ (Էջմիածին) ծնած՝ Յովհաննէս Յովհաննիսեան նախնական իր կրթութիւնը ստացաւ նախ գիւղի ծխական վարժարանին, ապա՝ Երեւանի պետական բարձրագոյն նախակրթարանին մէջ։
13 տարեկանին ծնողքը զինք ուղարկեց Մոսկուայի «Լազարեան» Ճեմարանը, ուր աշակերտեց Սմբատ Շահազիզի, որուն խրախուսանքով պատանի տարիքէն Յովհաննիսեան սկսաւ ոտանաւորներ գրել եւ լոյս ընծայել Ճեմարանի ուսանողական պարբերաթերթին մէջ։
Գրելու շնորհքով օժտուած եւ ուսումնատենչ՝ Յ. Յովհաննիսեան հետեւեցաւ ու աւարտեց Մոսկուայի Համալսարանի պատմութեան եւ լեզուագիտութեան ճիւղը, ուր հմտացաւ ոչ միայն ռուսերէնի, այլեւ անգլերէնի, լատիներէնի ու հին յունարէնի իմացութեան մէջ։ Միաժամանակ գրականութիւն դասաւանդեց «Լազարեան» Ճեմարանի մէջ։
Մոսկուայի մէջ ապրած տասնըմէկ տարիները (1877-1888) Յովհաննէս Յովհաննիսեանի համար եղան ոչ միայն մասնագիտական պատրաստութեան, այլեւ՝ ժամանակի ռուս յայտնի գրողներու հետ սերտ ծանօթացման բախտորոշ շրջան մը, որ մինչեւ մահ հունաւորեց արեւելահայ քնարերգութեան հետագայ շնորհազարդ նահապետին գրական-ստեղծագործական քայլերը։
Յովհաննէս Յովհաննիսեան աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ Մոսկուայի հայ ուսանողութեան Գրական Ընկերութեան ծաւալած ինքնազարգացման եւ ստեղծագործական եռուն կեանքին։ Այդ ընկերութեան նախաձեռնութեամբ ալ, 1887ին, երբ Յ. Յովհաննիսեան համալսարանական իր ուսման վերջին տարին կը լրացնէր, լոյս տեսաւ Յովհաննիսեանի բանաստեղծութիւններու առաջին գրքոյկը, որ մեծ հռչակ ապահովեց 24 տարեկան բանաստեղծին։
Իր առաջին բանաստեղծութիւններէն իսկ, Յովհաննիսեան ուշադրութիւն գրաւեց ե՛ւ քնարական իր նորարար հնչեղութեամբ, ե՛ւ արդի հայու թարմաշունչ յուզաշխարհով։ Այդպիսին է, ահա՛, 1884ին լոյս տեսած քսանամեայ բանաստեղծին «Աւերակ» քերթուածը.
Որպէս վաղեմի մի աւանդութիւն
Կամ շքեղ երազ անմեղ մանկութեան,
Կենդանանում է այսօր իմ մտքում
Խրոխտ աւերակն նախնեաց մեծութեան.
Այստեղ բեկորներ վսեմ արուեստի,
Այնտեղ յիշատակն արքունի փառաց,
Եւ վկայարան սրբազան ուխտի,
Եւ տխուր հետքը մեծաշուք կենաց…
Օ՜հ, այսպէս ողջ մեր կեանքն է վաղանցիկ,
Ողջը լոկ ծաղր է անսիրտ բնութեան,
Եւ սէր, եւ հրճուանք համայն գեղեցիկ
Զոհ է աւերի եւ մոռացութեան,
Ինչպէս պատրանքը հեշտասիրութեան,
Ինչպէս գրգիռը պատանու արեան,
Խաբուսիկ ժպիտն աշնան արեւոյ.-
Բոլո՛րը վաղն է անհետանալու։
Ղեւոնդ Ալիշան փութաց ողջունելու արեւելահայ քնարերգութեան նոր շունչին յայտնութիւնը՝ Յ. Յովհաննիսեանի գրական անդաստան մուտքով։
Մոսկուայի համալսարանէն 1888ին վկայուելով, Յ. Յովհաննիսեան 1889ին ձեռնարկեց դէպի Եւրոպա շրջապտոյտի մը. եղաւ Կ.Պոլիս, Վիեննա, Փարիզ եւ Լոնտոն՝ գրական իր հետաքրքրութիւններուն յագուրդ տալով եւ մօտէն ծանօթանալով իր ժամանակի եւրոպական գրական շարժումներուն։
Երբ վերադարձաւ հայրենի ծննդավայր, Յ. Յովհաննիսեան ուսուցչական պաշտօն ստանձնեց Էջմիածնի «Գէրոգեան» Ճեմարանին մէջ, ուր ռուսական գրականութիւն եւ յունարէն դասաւանդեց ամբողջ տասնամեակներ։
1908ին լոյս տեսաւ իր բանաստեղծութիւններու երկրորդ հատորը, որ պատուանդանը հանդիսացաւ անոր արժէքին ու տեղին արեւելահայ արդի գրականութեան քնարերգակ բանաստեղծներու փաղանգին մէջ։
1912ին արժանաւորապէս տօնուեցաւ անոր գրական եւ կրթական գործունէութեան երեսնամեակի յոբելեանը։
Ի տարբերութիւն իր սերնդակիցներու մեծ մասին՝ Յ. Յովհաննիսեան հեռու մնաց ազգային-հասարակական եռուն գործունէութենէ եւ կեդրոնացաւ իր ուսուցչական ու գրական-ստեղծագործական աշխատանքներուն վրայ։
Այսուհանդերձ՝ Յ. Յովհաննիսեան բնաւ իր յուզաշխարհը չփակեց հայ կեանքը փոթորկող մեծ ցնցումներուն առջեւ, որոնք խոր անդրադարձ ունեցան իր բանաստեղութեան վրայ եւ արձագանգ գտան անոր հետագայ գործերուն մէջ։
Ընդհակառակն՝ 1894-1896ի համիտեան կոտորածներէն սկսեալ, հայ ժողովուրդին դէմ ուղղուած թուրքեւթաթար ջարդարար հարուածները խոր արձագանգ գտան Յ. Յովհաննիսեանի ներաշխարհին մէջ, ներշնչման աղբիւր դառնալով անոր ազգային-քնարական գործերուն, ինչպիսին եղաւ 1897ին գրուած «Նոր Գարուն» բանաստեղծութիւնը.
Քեզ ըսպասող չըմընաց, Ո՞ւր ես գալի, ա՛յ գարուն.
Գովքդ ասող չըմնաց, Զուր ես գալի, ա՛յ գարուն։
Սեւ-մութ պատեց աշխարհին, Սար ու ձոր դառան արին,
Մեզ վայ բերեց էս տարին.- Ո՞ւր ես գալի, ա՛յ գարուն։
Բիւլբիւլը գայ՝ թող ձէն տայ, էյ ո՞վ պիտի քեզ խնդայ,
էլ ո՞ր սիրտը կը թնդայ.- Զուր ես գալի, ա՛յ գարուն։
Բիւլբիւլն եկաւ՝ վարդ չունի, Ծաղկոցը կայ՝ վարդ չունի.
Էլ ո՛վ ա որ դարդ չունի.- Ո՞ւր ես գալի ա՛յ գարուն։
Դու ետ բերիր հաւքերին, Ո՞նց տէր ըլնեն բըներին.
Էլ տեղ չկայ մեր երկրին.- Զուր ես գալի, ա՛յ գարուն։
Աշուղի բերանը փակ, Սազ-քեամանչէն փակի տակ,
Սիրտն ա էրւում անկրակ.- Ո՞ւր ես գալի, ա՛յ գարուն։
Քես ըսպասող չըմընաց, Զուր ես գալի, ա՛յ գարուն.
Գովքըդ ասող չըմընաց.- Ո՞ւր ես գալի, ա՛յ գարուն։
Յովհաննէս Յովհաննիսեանի իւրայատուկ արժէքին եւ տեղին արժեւորումը կատարող հեղինակաւոր մեր գրողներն ու քննադատները, ինչպէս Աւետիք Իսահակեան, Յովհաննէս Թումանեան եւ Նիկոլ Աղբալեան, միաձայնութեամբ կը նշեն, որ Յ. Յովհաննիսեան 1880ականներու հայ իրականութեան գրական հարազատ հայելին եղաւ։
Հայկական, ռուսական եւ եւրոպական տարողութեամբ՝ ընդհանուր հիասթափութեան ժամանակաշրջան մը եղան 1880ական տարիները, յատկապէս երկրորդ կիսուն։
Որոշապէս ազգային առումով՝ Հայկական Հարցին բաժին հանուած համեւրոպական անտարբերութիւնը — Սան Սթեֆանոյի եւ Պերլինի դաշնագիրներու կնքման շրջանին — ծանր հարուած հասցուց օսմանեան բռնատիրութեան դաժան լուծէն հանգիստ շունչ քաշելու համազգային մեր յոյսերուն։
Պանդխտութեան եւ ուսման համար Ռուսաստան եւ Եւրոպա թափած հայ երիտասարդութիւնը այլեւս չէր կրնար հոգեմտաւոր սնունդի իր պահանջը բաւարարել սոսկ Զարթօնքի Սերունդին ազգային-հայրենասիրական հռետորաշունչ գրականութեամբ։
Ահա ա՛յդ մթնոլորտին մէջ յայտնուած Յովհաննէս Յովհաննիսեանի քնարերգութիւնը, իր մշակուած ու բիւրեղ աշխարհաբարով, բանաստեղծական յանգաւորումի եւ երաժշտաւորման նոր շունչով եւ ազգային-հայրենասիրական, այլ մանաւանդ սիրային-ընկերային զգայնութիւններու իւրովի՝ ծայր աստիճան զգայուն ընկալումով, արագօրէն գրաւեց բոլորին ուշադրութիւնը։
Իր տրտմութեամբ եւ մեղմ զգացումներով հանդերձ՝ Յ. Յովհաննիսեանի բանաստեղծութիւնը սիրտէ բխող հարազատ երգ դարձաւ թէ՛ հայ պանդուխտին, թէ՛ ուսման ծարաւ եւ օտարացման ամէնօրեայ սպառնալիքին ենթակայ հայ երիտասարդին եւ թէ, վերջապէս, սեփական ժողովուրդին ցաւն ու վիշտը ապրող հայ հոգիներուն համար։
Ինչպէս որ «Հատիկ» խորագրուած իր գողտրիկ բանաստեղծութեան մէջ Յովհաննիսեան կ’երգէ՝
«Թաղեմ քեզ, հատի՛կ, եւ դարդըս քեզ հետ,
«Թէ Աստուած ուզեց, դու կանաչեցիր,
«Թող դարդըս մեռնի գետնի տակ անհետ,
«Դու ինձ մխիթար կրկին տուն դարձի՛ր»…
Կամ՝ «Դու երեւցար ինչպէս վառ գարնան» քերթուածին մէջ իր սէրը կու լայ.-
«Եւ եթէ դու էլ խաբում ես, ո՜վ կոյս,
«Սէր չէ խոստանում հայեացքըդ չքնաղ,
«Թէ այս անգամ էլ ունայն է իմ յոյս,
«Դարձեալ պի՜տ օրհնեմ հասակըդ մատաղ»…
Յովհաննէս Յովհաննիսեան սրտի եւ յոյսի ջերմութիւն ներարկեց համատարած հիասթափութեան ցուրտ եղանակին մատնուած ամբողջ սերունդի մը՝ ուղի հարթելով հայ գրականութեան արդի բանաստեղծներու նորովի զարթնումին եւ ինքնահաստատման յաղթական երթին առջեւ։
Յովհաննէս Յովհաննիսեան մինչեւ 1929 ապրեցաւ՝ ինքնահաւատարմութեամբ, իր կրթական եւ գրական-ստեղծագործական աշխատանքին նուիրելով իր ժամանակն ու շունչը։
Թաղուեցաւ Երեւանի Պանթէոնին մէջ՝ հայոց մեծերու կարգին։