­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը երկ­րի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խօ­րեա­կին իր ի­րա­գոր­ծած հան­դի­պում­նե­րով եւ տե­ղե­կա­տո­ւա­կան ար­շա­ւով, կապ հաս­տա­տեց ­Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քին մէջ գոր­ծող քա­ղա­քա­կան մե­ծա­գոյն կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն եւ թեկ­նա­ծու­նե­րուն հետ, ընդ­հան­րա­պէս ըն­դա­ռա­ջե­լով նաեւ ի­րենց կող­մէ ներ­կա­յա­ցո­ւած դի­մում­նե­րուն։
­Հան­դի­պում­նե­րու նպա­տակն էր յստա­կաց­նել ընտ­րու­թեանց մաս­նակ­ցող թեկ­նա­ծու­նե­րուն տե­սա­կէտ­նե­րը եւ ա­նոնց տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը յու­նա­հայ գա­ղու­թին եւ հա­յու­թեան հե­տապն­դած դա­տե­րուն նկատ­մամբ, ու ա­նոնց բա­ցատ­րել հա­յու­թիւ­նը յու­զող հար­ցե­րու ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն մա­սին։
­Յա­ջորդ ­Կի­րա­կի 7 ­Յու­լիս 2019ին, բո­լոր յոյն քա­ղա­քա­ցի­նե­րը քո­ւէա­տուփ պի­տի ա­ռաջ­նոր­դո­ւին, պար­տա­ճա­նա­չու­թեամբ գոր­ծադ­րե­լու հա­մար ի­րենց քա­ղա­քա­ցիա­կան գե­րա­գոյն ի­րա­ւուն­քը։ Ըստ մեր հա­յե­ցո­ղու­թեան եւ անձ­նա­կան հա­մո­զում­նե­րուն՝ մեր բո­լո­րի քո­ւէ­նե­րը ուղ­ղո­ւած պի­տի ըլ­լան՝ հել­լէն քա­ղա­քա­կան դաշ­տէն ներս ա­ռա­ջադրո­ւող կու­սակ­ցու­թեանց լա­ւա­գոյն թեկ­նա­ծու­նե­րու ընտ­րու­թեան, ո­րոնք մե­զի հա­մո­զիչ կը թո­ւին՝ ի­րենց ան­ցեա­լի գոր­ծու­նէու­թեամբ, կամ ա­պա­գա­յի խոստմ­նա­լից ըն­թաց­քով։ Որ­պէս յու­նա­հա­յեր, երկ­րի քա­ղա­քա­ցիի մեր բնա­կան նա­խա­սի­րու­թե­նէն ան­դին, նկա­տի կ­’առ­նենք յատ­կա­պէս թեկ­նա­ծու­նե­րու տե­սա­կէտ­ներն ու կե­ցո­ւածք­նե­րը՝ մեր ազ­գին, մեր հայ­րե­նի­քին ու մեր հա­մայն­քին հա­մար ա­ռանձ­նա­յա­տուկ մտա­հո­գու­թիւն ներ­կա­յաց­նող հար­ցե­րուն գծով։
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը զօ­րակ­ցու­թիւն կը յայտ­նէ բո­լոր այն թեկ­նա­ծու­նե­րուն, ո­րոնք հա­յան­պաստ կե­ցո­ւածք­նե­րով փաս­տած են, որ հա­յու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի բա­րե­կամ­ներ են։

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի
­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խումբ