ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Այս­պէ՛ս: Իս­րա­յէ­լեան եւ ռու­սա­կան զոյգ հպա­տա­կու­թիւն ու­նե­ցող Ա­լեք­սանտր ­Լափ­շին ­Պե­լո­ռու­սիոյ կող­մէ ար­տա­յանձ­նո­ւե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի, վեր­ջի­նին սահ­ման­նե­րը «ա­պօ­րի­նի» կեր­պով ան­ցած ըլ­լա­լու եւ «բռնու­թեան կո­չեր» ը­րած ըլ­լա­լու յան­ցան­քով: ­Լափ­շի­նի «յան­ցան­քը» այն էր, որ ան պար­զա­պէս Ար­ցախ այ­ցե­լած էր եր­կու ան­գամ ու այս ձե­ւով ալ մտած էր Ատր­պէյ­ճա­նի «սեւ ցանկ»:
­Պե­լո­ռու­սիոյ նա­խա­գահ Ա­լեք­սանտր ­Լու­քա­շեն­քօ, Ատր­պէյ­ճա­նի պա­հան­ջով ­Լափ­շի­նը ձեր­բա­կա­լել տա­լէ ետք, ին­զինք ա­ճուր­դի դրաւ ­Ռու­սիոյ եւ Իս­րա­յէ­լի դի­մաց, սպա­սե­լով, որ այս եր­կու­քէն ո՞վ ա­ւե­լի «պի­տի վճա­րէ» ի­րեն: Ի վեր­ջոյ, են­թա­կան թէ՛ Իս­րա­յէ­լի եւ թէ ­Ռու­սիոյ հպա­տակ էր, ու այս եր­կիր­նե­րը, սկզբուն­քով, պէտք էր պաշտ­պա­նէին ի­րենց քա­ղա­քա­ցին:
­Մոս­կո­ւա եւ ­Թել Ա­ւիւ հե­տաքրք­րու­թիւն չցու­ցա­բե­րե­ցին այս «ա­ճուր­դով», ո­րով­հե­տեւ գի­տէին, որ ծի­ծա­ղե­լի էր թէ՛ ­Լափ­շի­նը ձեր­բա­կա­լե­լու պատրո­ւա­կը եւ թէ այդ ա­ճուր­դին բնոյ­թը: Այս ձե­ւով նաեւ, նշեալ զոյգ մայ­րա­քա­ղաք­նե­րը ար­հա­մար­հե­ցին ­Լու­քա­շեն­քօն: Այս վեր­ջի­նը, ճա­րա­հատ, Իս­րա­յէ­լէն ու ­Ռու­սիա­յէն իր բար­կու­թիւ­նը թա­փեց ­Լափ­շի­նի գլխուն՝ զայն ար­տա­յանձ­նե­լով Ատր­պէյ­ճա­նին:
­Լափ­շին վա­ղը-միւս օր կրնայ ա­զատ ար­ձա­կո­ւիլ ­Պա­քո­ւի մէջ, յետ ձե­ւա­կան դա­տա­վա­րու­թեան մը՝ «նե­րո­ղու­թիւն խնդրե­լէ» ետք Ատր­պէյ­ճա­նէն եւ խոս­տա­նա­լով ան­գամ մըն ալ չկրկնել նոյն «սխա­լը». այ­սինքն՝ Ար­ցախ չայ­ցե­լել:
Ան­շուշտ այս ճղճիմ ե­րեւ­ցող խա­ղին բուն թի­րա­խը ­Հա­յաս­տա՛նն է: Ո­րով­հե­տեւ Ատր­պէյ­ճան այս ձե­ւով կ­՛ու­զէ աշ­խար­հէն մե­կու­սաց­նել Ար­ցա­խը եւ ­Լափ­շի­նի օ­րի­նա­կը թա­փա­հա­րե­լով բո­լոր օ­տար լրագ­րող­նե­րուն, մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց գոր­ծիչ­նե­րուն կամ պե­տա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն՝ կը սպառ­նայ զա­նոնք եւս ձեր­բա­կա­լել տալ, ե­թէ հա­մար­ձա­կին կրկնե­լու ռուս-հրեայ պլո­կը­րին սխա­լը. այ­սինքն՝ ե­թէ հա­մար­ձա­կին Ար­ցախ այ­ցե­լել:
­Լափ­շի­նի ար­տա­յանձ­նու­մը, յա­տուկ օ­դա­նա­ւով մը ­Պա­քու հաս­նի­լը լայ­նօ­րէն շա­հա­գոր­ծո­ւե­ցաւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան քա­րոզ­չու­թեան կող­մէ, լու­սան­կար­նե­րով եւ այլն: Դժ­բախ­տա­բար գտնո­ւե­ցան հայ­կա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­ներ եւս, ո­րոնք լուր հա­ղոր­դե­լու «սկզբուն­քէն» մղո­ւած՝ ի­րենք եւս լայն տեղ տո­ւին ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րու այս «լու­սան­կար­չա­կան քա­րոզ­չու­թեան» ու այս ձե­ւով ատր­պէյ­ճա­նա­կան քա­րոզ­չա­կան ջա­ղաց­քին ջուր լե­ցու­ցին՝ փո­խա­նակ ներ­սի է­ջե­րուն մէջ, կամ կայ­քի յե­տին ան­կիւ­նի մը մէջ քա­նի մը տո­ղով բա­ւա­րա­րո­ւե­լու: Այ­սինքն՝ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը փաս­տօ­րէն կրցաւ հայ­կա­կան կարգ մը լրա­տո­ւա­մի­ջոց­ներ ալ շա­հա­գոր­ծել իր քա­րոզ­չու­թեան հա­մար…: ­Բայց սա ար­դէն ու­րիշ խնդիր է՝ այ­լա­պէս քննե­լի:
­Հայ­կա­կան մա­մու­լին եւ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն մէջ վե­րա­բե­րու­մը քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն տհաս մա­կար­դա­կի վրայ էին. զայ­րոյթն ու ա­նէծ­քը շռայ­լօ­րէն թա­փուե­ցան ­Լու­քա­շեն­քո­յի ու Ա­լիե­ւի գլխուն, փո­խա­նակ քննե­լու հայ­կա­կան ազ­դու հա­կազ­դե­ցու­թեան մը կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը: ­Նոյն­պի­սի զգա­ցա­կան ու մին­չեւ իսկ քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թեան ան­յա­րիր յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ կա­տա­րո­ւե­ցան ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն ներս, երբ Ա.Ժ.ի փոխ-նա­խա­գահ Էդ. ­Շար­մա­զա­նով յայ­տա­րա­րեց, թէ ­Լափ­շի­նի ար­տա­յանձ­նու­մը «հա­րո­ւած է՝ ուղ­ղո­ւած ­Ռու­սաս­տա­նի դէմ»: ­Մե՞նք մնա­ցինք մտա­հո­գո­ւո­ղը այս կամ այն երկ­րին հա­սած «հա­րո­ւա­ծով», երբ բո՛ւն թի­րա­խը ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւնն են… ­Ճիշդ հոս է, որ այս յօ­դո­ւա­ծա­գի­րը չի կրնար ըմբռ­նել պաշ­տօ­նա­կան Ե­րե­ւա­նի կող­մէ բուռն ար­ձա­գան­գի բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը ու ճիշդ հոս կը կա­յա­նայ Հ.Հ. ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ա­նըմբռ­նե­լի լռու­թիւ­նը: ­Նա­խա­րա­րա­կան մա­կար­դա­կի հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը ե­կաւ ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար Ար­փի ­Յով­հան­նի­սեա­նէն. սա­կայն այդ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը օ­րի­նա­կան հար­թու­թեան վրայ էր՝ ինչ­պէս կը սպա­սո­ւէր եւ ինչ­պէս բնա­կան է ակն­կա­լել այդ նա­խա­րա­րու­թե­նէն:
­Հայ­կա­կան կող­մը պէտք է ըմբռ­նէ, որ ­Լափ­շի­նի հար­ցը ի­րա­ւա­կան չէ, այլ՝ քա­ղա­քա­կան, ո­րուն թի­րա­խը ինչ­պէս ը­սինք՝ ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւնն են:
­Մենք, այ­սինքն հայ­կա­կան կող­մը, ի՛նչ կրնանք ը­նել:
­Հա­շո­ւի առ­նե­լով, որ ­Պա­քու ­Լափ­շի­նը իբ­րեւ օ­րի­նակ յա­ռաջ մղե­լով կ­՛ու­զէ «զգու­շաց­նել» բո­լոր օ­տար շրջա­նակ­նե­րը, որ հե­ռու մնան Ար­ցա­խէն եւ կ­՛ու­զէ կան­խաւ «դաս» տալ բո­լոր «ան­սաս­տող­նե­րուն», մենք այս բնա­գա­ւա­ռէն ներս շատ գործ ու­նինք ը­նե­լիք:
­Մեր գոր­ծը պի­տի ըլ­լայ նոյն հար­թու­թեան վրայ:
Այ­սինքն, կա­րե­լի եւ անհ­րա­ժեշտ է գոր­ծի լծել սփիւռ­քի մէջ մեր կա­պերն ու շփում­նե­րը մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց, լրագ­րող­նե­րու պաշտ­պան ու նման բազ­մա­թիւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ: Այս յօ­դո­ւա­ծա­գի­րին կար­ծի­քով, ճիշդ է, որ ­Պե­լո­ռու­սիան ու ­Լու­քա­շեն­քօն Ա­րեւ­մուտ­քին հա­մար սի­րե­լի տար­րեր չեն. ճիշդ է, որ ­Լու­քա­շեն­քօ ա­րեւմ­տեան մա­մու­լին հա­մար «բռնա­տէր» եւ այլն է, սա­կայն այ­սօ­րո­ւան տո­ւեալ­նե­րով (կը շեշ­տենք՝ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ տո­ւեալ­նե­րով), ­Պե­լո­ռու­սիա չի գտնո­ւիր ա­րեւ­մուտ­քի թի­րախ­նե­րու ցան­կին վրայ, այն­պէս որ այդ երկ­րի դես­պա­նա­տուն­ե­րուն դէմ հիմ­նա­կան խնդի­րը ­Պե­լո­ռու­սիան չէ: Ա­րեւ­մուտ­քին հա­մար, ­Պե­լո­ռու­սիոյ մէջ իշ­խա­նա­փո­խու­թիւն փոր­ձե­լու պա­հը տա­կա­ւին չէ հա­սած. մե­զի հա­մար այդ իշ­խա­նա­փո­խու­թիւ­նը նպաս­տա­ւո՞ր է, թէ՞ ոչ՝ ու­րիշ խնդիր է: ­Բայց տա­կա­ւին նման բան չկայ ա­րեւ­մուտ­քի օ­րա­կար­գին վրայ: Այն­պէս որ, ե­կէք մոռ­նանք ­Լու­քա­շեն­քօն:
­Փո­խա­րէ­նը, եւ ար­դա­րօ­րէն, մեր քայ­լե­րուն թի­րա­խը պի­տի ըլ­լայ նոյ­նինքն Ատր­պէյ­ճա­նը:
Այս վեր­ջի­նը ­Լափ­շի­նի հար­ցով ձեռ­նոց մը նե­տեց մե­զի: ­Մենք պար­տա­ւոր ենք վերց­նե­լու այդ ձեռ­նո­ցը եւ ա­ւե­լի ուժ­գին շպրտե­լու իր ե­րե­սին: ­Սա քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն է, որ կը պա­րու­նա­կէ «փո­քե­րի» մտա­ծո­ղու­թեան տար­րեր: ­Տար­բեր խօս­քով՝ երբ խա­ղա­քար­տի մը հի­ման վրայ գրաւ կը դրո­ւի, հա­կա­ռա­կոր­դը կրնայ պա­տաս­խա­նել՝ կրկնա­պա­տի­կը գրաւ դնե­լով:
Ա­նի­րա­պաշտ պի­տի չըլ­լար ա­ռա­ջար­կե­լը, որ քա­նի մը շա­բաթ յե­տոյ բազ­մա­տաս­նեակ «լափ­շին­ներ» հրա­ւի­րո­ւին Ս­տե­փա­նա­կերտ, մեծ ու փոքր: Ոչ միայն ­Լափ­շի­նի մա­կար­դա­կով ու տա­րո­ղու­թեամբ, այլ մին­չեւ իսկ լայն տա­րա­ծում ու­նե­ցող լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու լրագ­րող­ներ եւ պաշ­տօ­նա­կան հան­գա­մանք ու­նե­ցող անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ: ­Հա­մադ­րում ու հա­մա­կար­գում պա­հան­ջող այս աշ­խա­տան­քը կա­րե­լի է հասց­նել այն աս­տի­ճա­նի, որ ան­հե­թեթ դառ­նայ Ատր­պէյ­ճա­նի կազ­մած ո­րե­ւէ «սեւ ցու­ցակ»: Չ­ման­րա­մաս­նենք. հոս տե­ղը չէ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու: Եւ այս մա­սին ինչ­քան քիչ խօ­սինք՝ այն­քան լաւ: Ո­րով­հե­տեւ շատ գործ կայ ը­նե­լիք: