ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Նոյեմբեր 1ին Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը Երեւանի մէջ կազմակերպած էր խորհրդաժողով մը, որ նպատակ ունէր ներդրումներ կատարելու հայաստանեան գիւղատնտեսական մարզին մէջ: Ամերիկեան դեսպանատունը Հայաստանին ներկայացուց «Մոնսանթօ» ընկերութիւնը, որպէսզի ներդրումներ կատարէ յիշեալ մարզին մէջ: «Մոնսանթօ»ն ամերիկեան՝ համաշխարհային ընկերութիւն մըն է, որուն գլխաւոր գրասենեակը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու Միզուրի նահանգին մէջ:
«Մոնսանթօ»ն կը զբաղի սերմացուի եւ բուսական աշխարհի ծինային նախագծումով: Ծինային նախագծում կը նշանակէ` վերաբաղադրուած «Տի. Էն. Էյ.»ներու եւ «Առ. Էն. Էյ»ներու, ծինային կերտուածքներու (բջիջէն) առանձնացման եւ ձեռնածութիւններու ենթարկման, ծինային այլ կերտուածքներու մէջ ներմուծման մեթոտներու եւ ճարտարարուեստի ամբողջութիւն: Ծինային ճարտարագիտութեան նպատակն է փորձառական մեթոտներու միջոցով տարրալուծարանային պայմաններու մէջ ստեղծել ծինային նոր յատկանիշներով օժտուած կերտուածքներ:
Ծինային փոփոխութեան ենթարկուած կերտուածքը (Genetically modified organism) կը նշանակէ, որ ծինային կերտուածքը արհեստականօրէն փոխուած է ծինային ճարտարագիտութեան մեթոտներով: Այս եզրը կը կիրարկուի բոյսերու, անասուններու եւ մանրէներու ու ժահրերու համար:
«Բնապահպանական բժշկութեան ամերիկեան ակադեմիա»ն կը ստիպէ բժիշկներուն ծինային փոփոխութեան չենթարկուած սնունդ պատուիրել հիւանդներուն:
Անոնք (Բնապահպանական բժշկութեան ամերիկեան ակադեմիա) յիշատակաած են ուսումնասիրութիւններ, որոնք կը փաստեն, թէ ծինային փոփոխութեան ենթարկուած կերտուածքը կը պատճառէ մարմնական վնասուածք, աղիքներու ու ստամոքսային եւ դիմադրողական համակարգի խանգարումներ, արագ ծերացում եւ սեռային անկարողութիւն: Նաեւ՝ ամերիկեան հանրային առողջութեան ընկերութիւնն ու ամերիկացի հիւանդապահներու ընկերակցութիւնը, քանի մը բժշկական խումբերու կողքին, կը դատապարտեն կովերու աճին վերաբերող հորմոնը ծինային փոփոխութեան ենթարկելը, որովհետեւ ծինային փոփոխութեան ենթարկուած կովերուն կաթը աւելի շատ IGF-1 հորմոն կը պարունակէ իր մէջ, ինչ որ քաղցկեղ կը պատճառէ:
Բոլոր նշուած տուեալները փաստացի են եւ ոչ միայն տեսութիւններ. «Տը ֆուտ էնտ քեմիքըլ թոքսիքոլոժի» պաշտօնաթերթը հրապարակեց առնէտներու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը եւ յանգեցաւ հետեւեալ եզրակացութիւններուն.- 50% արու եւ 70% էգ առնէտներ վաղաժամօրէն մահացան, իսկ ծինային փոփոխութեան ենթարկուած եգիպտացորեն կերած առնէտները երիկամներու եւ լեարդի վնասներ ունեցան:
Բոլոր նախորդ տողերը առողջապահական բնագաւառին կը վերաբերէին: Ինչ կը վերաբերի տնտեսականին, նոյն ահռելի վիճակն է: Գիւղատնտեսական ոլորտի սեփականաշնորհումին դրօշակիր ըլլալով` «Մոնսանթօ» ընկերութիւնը եգիպտացորենի, սոյայի եւ բամպակի շուկայի մենաշնորհին տէրը (Միացեալ Նահանգներու մէջ) դարձած է (ըստ «Ալթերնեթ» պարբերաթերթին):
Մէկ կողմէ՝ վնասելով Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի առողջութեան, իսկ միւս կողմէ` խոչընդոտ դառնալով արդար շուկայական մրցակցութեան համակարգին, «Մոնսանթօ» եւ իր նման ծինային փոփոխութեան ենթարկուած կերտուածքներ արտադրող ընկերութիւնները կը հանդիսանան մեծագոյն վտանգ ո՛չ միայն հայաստանցի քաղաքացիին եւ ընկերային-տնտեսական արդարութեան համար, այլ նաեւ` աշխարհի եւ մարդկութեան համար, եւ անոնց դէմ պէտք է առնուին պատժական քայլեր: