Թախծոտ թէեւ, բայց հայաբոյր երեկոյ մը հանդիսացաւ Հ.Յ.Դ. «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբի ու Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան «Դրօ» խումբի վարչութեան կողմէ կազմակերպուած հաւաքը՝ Ապրիլ 10ի երեկոյեան:
Արժէքաւոր տեսաերիզի գլխաւոր դերակատարի ապրումները եւ իր զոհուած ընկերներուն նուիրած խօսքերը ճնշեցին այո՜ ներկաներու սրտերուն վրայ, սակայն հերոսամարտիկի հայրենասիրական զգացումներուն ճամբով հանդիսասրահը ողողուեցաւ այն յատկանշական բոյրով, որ մերն է միայն, հայութեան միայն կը պատկանի:
«Միշտ Արցախի հետ» վերտառութեան հովանաւորած երեկոն էր, նուիրուած 2016ի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքին նահատակուած հերոսներուն:
Օրուան նախագահ-հանդիսավար ընկ. Յակոբ Պետոյեան, ձեռնարկին բացումը կատարելով, շեշտեց ատրպէյճանական ուժերուն ի նպաստ գերակշռող զինամթերքի ու մարդուժի անհամաչափ պատկերը եւ թշնամիին գրոհին դիմաց հերոսական կեցուածքներու դրսեւորումը. 1993ի Ղարաբաղեան պատերազմի հակիրճ պատմականը կատարելէ ետք, ընկ. Պետոյեան քննարկեց տարի մը առաջ տեղի ունեցած դէպքերը, որոնք փաստօրէն ամբողջական պատերազմի մը յատկանիշները ունէին. ըսաւ, թէ փոքր յաջողութիւններու գինը շատ մեծ եղաւ ազերիներուն համար, մինչ քառօրեայ պատերազմի զինադադարի համաձայնութեան արարողութեան՝ Ստեփանակերտը կը ներկայանար որպէս անկախ բանակցող կողմ եւ այս իրողութիւնը քաղաքական լուրջ յառաջխաղացք մըն է, Արցախի հիմնախնդրի հետագայ զարգացումներուն մէջ. ընկերը պախարակեց Հայաստանի մի քանի քաղաքական շրթներէ հնչող իբր թէ խաղաղասիրական, բայց իսկութեան մէջ պարտուողական ձայները, որոնք հողային զիջումներու մասին կը խօսին, ձայներ՝ որոնք սակայն ջախջախիչ արհամարանքի արժանացան Հայաստանի վերջին ընտրութիւններուն՝ ժողովուրդին իսկ քուէով. նկատի ունենալով քառօրեայ պատերազմի մեզ արատաւորող թերիները ՝ ընկ. Պետոյեան յայտնեց, թէ փափաքելի է սրբագրուած նկատել սխալները եւ եզրափակեց՝ ըսելով, թէ պատերազմէն ետք դասեր պէտք է քաղուած ու ընկալուած ըլլան:
Յուզիչ ու միաժամանակ գօտեպնդող էր «Դրօ» երիտասարդական խումբի ընկեր Սեւակ Գազարեանի ուղերձը: Յատկանշական էր ընկերոջ նշումը՝ երբ կ՚ ըսէր, թէ «խրամատներուն մէջ երիտասարդներ իրենց կեանքը զոհեցին՝ ապացուցանելով, որ հայրենիքի զինուորէն աւելի բարձր կոչում չկայ». ընկերը ընդգծեց արտերկրի եւ հայաստանաբնակ երիտասարդութիւնը իրարու կապող հայրենասիրական զգացումները եւ արդար խաղաղութեան սէրը, խաղաղութիւն մը, որուն սիրոյն Արցախի երիտասարդները կը պայքարին իրենց արեան գնով, ու վերջացուց իր խօսքը՝ «յաւերժ փառք ու պատիւ նահատակուած Հայ զինուորներուն» նախադասութեամբ, որ բուռն ծափահարութիւններու արժանացաւ:
Բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան զեկուցաբեր ընկ. Միհրան Քիւրտօղլեան:
Ընկերը, մատնանշելէ ետք Ատրպէյճանի նախաձեռնութեան դաւադրական բնոյթը, շեշտեց, թէ այդ նախաձեռնութիւնը ընդհանուր պատերազմ մը շղթայազերծելու կը միտէր. Ալիեւ իր գրաւը դրած ըլլալ կը թուէր, ըսաւ ընկերը, Հայաստանի ժողովուրդի բարոյալքման վրայ նկատի ունենալով ժողովրդային յուսախաբութիւնը իր իշխանաւորներէն, ու այս իմաստով կը բացառէր արժանի դիմադրութեան մը դրսեւորումը. դիմադրութիւնը սակայն եղաւ անսպասելի, որովհետեւ ամբողջ հայութիւնը մէկ բռունցքի վերածուեցաւ ու ետ շպրտեց թշնամին. ընկերը շարունակեց՝ քառօրեայ պատերազմի տարբեր երեսներու գնահատականը կատարելով, ներազգային ճակատի ու միջազգային բեմին վրայ. միջազգային ընտանիքը անտարբեր մնաց,- ըսաւ ընկերը ու դատապարտանքի ոչ մէկ խօսք ունեցաւ ազերի նախայարձակին ու անոր գործադրած վայրագութեանց համար. իսկ հայութեան պարագային պատերազմը հակասական ու ստորնացուցիչ իրականութիւն մը մէջտեղ բերաւ՝ հայկական վարչամեքենային ու հայկական բանակի վերնախաւի փտածութիւնը, որ ի յայտ եկաւ հայ զինուորին տրամադրուած հնամենի զէնքերով ու հայկական հրասայլերուն մատակարարուած խաթարուած քարիւղով. քառօրեան սակայն, աւելցուց ընկերը, մեզի տուաւ նաեւ հպարտութեան իրաւունք եւ ապագայ յաղթանակի մը երաշխիքը, բաւ է, որ վերջնականապէս չէզոքացուին Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ հնչող Ատրպէյճանին հողեր զիջելու անընդունելի ձայները, ու դարմանուին Հայաստանի քաղաքացիներու շնչահեղձ վիճակը եւ այսպէս կոչուած կոռուպցիան. ի վերջոյ,- նշեց ընկերը, կացութիւնը յստակացաւ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններով, երբ քաղաքական դաշտէն դուրս վտարուեցաւ Տէր-Պետրոսեանական մտածողութիւնը, մինչ հասկնալի դարձաւ շահագրգռուած պետութիւններուն համար, թէ «Հայուն ստամոքսը պիտի չմարսէ անորոշ խոստումներով հողեր յանձնելու առաջարկուած պատառը»:
Զեկուցաբեր ընկերը, եզրակացնելով իր խօսքը, շեշտեց թէ՝ Ատրպէյճանի թիրախը միայն Ղարաբաղը չէ, այլ ամբողջ Հայաստանն ու Հայութիւնը, թէ՝ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը անգամ մը եւս ապացուցանեց հայուն վճռականութիւնը եւ թէ այս պատերազմը կարելի է բնորոշել մէկ նախադասութեամբ, այն՝ թէ վճռակամութեան, անօրինակ քաջութեան եւ հերոսական հայ ազգի միասնութեան յաղթանակն էր:
Պատահեցաւ, որ այս թղթակցութիւնը պատրաստողը վերջին մեկնողը ըլլայ «Արամ Մանուկեան» ակումբի նախասրահէն, ուր խնամուած ու բովանդակալից երեկոյի մը ներկաները ըստ սովորութեան բաւական երկար մնացած էին ձեռնարկէն ետք՝ զիրար վայելելով: Զգացի սակայն, թէ տակաւին չմեկնողներ կային: Վերադարձայ՝ քննելու համար սրահը, որուն լոյսերը մարած էին արդէն:
Հոն էին բոլորն ալ, մեր ժողովուրդի հին ու նոր բոլոր հերոսները:
Սրահին դուռը գոցեցի մեծ ուշադրութեամբ ու ակնածանքով, որպէսզի չխանգարուի հայ ժողովուրդին նուիրուած անոնց անզուգական լռելեայն երգը:
Ներկայ մը