­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ գոր­ծող ­Հա­մա­հայ­կա­կան Ու­սա­նո­ղա­կան Ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը (All-ASA) ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտման դէմ բո­ղո­քի լուռ ցոյ­ցեր պի­տի կազ­մա­կեր­պէ, բարձ­րա­գոյն վար­ժա­րան­նե­րու եւ հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէջ:
Ըստ «Աս­պա­րէզ»ի՝ 9 ­Փետ­րուա­րին «Ժխտ­ման բի­ծը» կար­գա­խօ­սով տե­ղի ու­նե­նա­լիք ցոյ­ցը հո­վա­նա­ւո­րած են Հ.Յ.Դ. ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու Ա­րե­ւե­լեան եւ Ա­րեւմ­տեան շրջան­նե­րու կա­ռոյց­նե­րը, Հ.Յ.Դ. «­Շանթ» Ու­սա­նո­ղա­կան ­Միու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ՝ «Ալ­ֆա ­Կամ­մա Ալ­ֆա»ն­ եւ «Ալ­ֆա Էփ­սի­լոն Օ­մե­կա»ն: «Ժխտ­ման բի­ծը» կը կազ­մա­կեր­պո­ւի ա­մէն տա­րի՝ ու­սա­նո­ղու­թեան շրջա­նա­կին մէջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ ի­րա­զե­կու­թեան մա­կար­դա­կը բարձ­րաց­նե­լու նպա­տա­կով:
­Բո­ղո­քի ցոյ­ցի ըն­թաց­քին ու­սա­նող­նե­րը կը պար­զեն պաս­տառ­ներ, կը խօ­սին ­Թուր­քիոյ վա­րած ժխտո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, ինչ­պէս նաեւ՝ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան փաս­տի ճա­նաչ­ման ու հա­տուց­ման տրա­մադր­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին: