Պո­յա­ճը ­Գիւղ թա­ղա­մա­սի Ս. Ե­րից ­Ման­կանց Ե­կե­ղե­ցին

31 ­Յու­նո­ւա­րին կ­՚ո­գե­կո­չո­ւի յի­շա­տա­կը օս­մա­նեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մե­ծահռ­չակ հա­յե­րէն ­Մի­սաք Ա­մի­րա ­Մի­սա­քեա­նի։
­Յու­նո­ւա­րի վեր­ջին օ­րը, 1856ին, ­Պոլ­սոյ մէջ վախ­ճա­նած է մե­ծա­տուն այս հա­յը, ո­րուն կեն­սագ­րա­կան տո­ւեալ­նե­րը դեռ հա­ւա­քո­ւած ու հրա­պա­րա­կո­ւած չեն հա­մա­ցան­ցի վրայ, բայց ո­րուն ա­նու­նը՝ իբ­րեւ ազ­գա­յին բա­րե­րա­րի եւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան պե­տա­կան-տնտե­սա­կան բարձ­րաս­տի­ճան հայ պաշ­տօ­նա­տա­րի, յա­ճախ կ­’ար­ժա­նա­նայ յի­շա­տա­կու­մի եւ մե­ծա­րան­քի։
­Մի­սա­քեան Ա­մի­րա­յի ա­նու­նին ըն­թեր­ցո­ղը պար­բե­րա­բար կը հան­դի­պի վեր­ջին ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին։ ­Յատ­կա­պէս եր­կու տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով՝ հայ սե­ղա­նա­ւո­րին ա­նու­նը ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւեց։
Ա­ռա­ջի­նը՝ 2004ի ­Յու­նի­սէն ետք, երբ ­Պոլ­սոյ հի­նա­ւուրց ­Պո­յա­ճը ­Գիւղ թա­ղա­մա­սին մէջ ­Մի­սա­քեան Ա­մի­րա­յի կա­ռու­ցած հա­յոց ե­կե­ղե­ցին, ա­ւե­լի քան 4 տա­րի­ներ տե­ւած վե­րա­նո­րոգ­ման աշ­խա­տանք­նե­րէ ետք, ա­տե­նի ­Պատ­րիարք ­Հօր՝ ­Մես­րոպ Սր­բա­զա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ կա­տա­րո­ւած պաշ­տօ­նա­կան յա­տուկ ա­րա­րո­ղու­թեամբ մը, վերս­տին բա­ցո­ւե­ցաւ հայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու պաշ­տա­մուն­քին առ­ջեւ։
Երկ­րոր­դը՝ 2009ի Օ­գոս­տո­սին, երբ դար­ձեալ ­Մի­սա­քեան Ա­մի­րա­յի կա­ռու­ցած եւ ա­նոր ա­նու­նը կրող հան­րա­յին ցայ­տաղ­բիւ­րը — իբ­րեւ ­Պո­լիս քա­ղա­քի պատ­մա­կան բնո­րոշ ցայ­տաղ­բիւր­նե­րէն մնա­ցած վեր­ջին յու­շա­կո­թո­ղը — վե­րա­նո­րո­գե­լու եւ գոր­ծա­ծե­լի դարձ­նե­լու նա­խա­ձեռ­նու­թեան դի­մե­ցին ­Պո­յա­ճը ­Գիւղ թա­ղա­մա­սի հայ բնա­կիչ­նե­րը, իսկ թրքա­կան մա­մու­լը, այդ ա­ռի­թով, բա­ւա­կան ազ­դու ձայն բարձ­րա­ցուց նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը խո­չըն­դո­տող պե­տա­կան պաշ­տօ­նեա­նե­րու դի­ւա­նա­կա­լա­կան ար­գելք­նե­րուն եւ ձգձգում­նե­րուն դէմ…
­Մի­սա­քեան Ա­մի­րան յա­տուկ յի­շա­տա­կու­թեան ար­ժա­նա­ցած է ­Գաս­պար Ի­փէ­կեա­նի կազ­մած «­Հա­մազ­գա­յին Օ­րա­ցոյց-­Տա­րե­գիրք»ի (1952) 31 ­Յու­նո­ւար 1856ի գլխուն տակ, հե­տե­ւեալ հա­կիրճ ծա­նօ­թագ­րու­թեամբ.- «­Սե­ղա­նա­ւոր, որ մի­ջոց մը ՄԻՒԹԷՎԷԼԼԻ ե­ղած է Ազ­գա­յին ­Հի­ւան­դա­նո­ցին եւ ազ­դե­ցիկ դեր ու­նե­ցած է ­Պատ­րիար­քա­րա­նի գոր­ծե­րուն մէջ։ ­Կը մեռ­նի եւ կը թա­ղո­ւի ­Պո­յա­ճը ­Գիւ­ղի իր կա­ռու­ցած ե­կե­ղեց­ւոյն շրջա­փա­կին մէջ։ Ծ­նած էր 1790ին»։
­Պատ­մու­թե­նէն ծա­նօթ է, որ ա­րա­բե­րէն Է­միր (իշ­խան) բա­ռին թրքա­ցու­մով ա­ռա­ջա­ցած Ա­մի­րա (իշ­խա­նա­ւոր) տիտ­ղո­սը կը տրո­ւէր Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան տա­րած­քին ապ­րող եւ գոր­ծող այն հայ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք պե­տա­կան վար­չա­մե­քե­նա­յին մէջ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօն­ներ կը զբա­ղեց­նէին։
Սկզբ­նա­պէս, 15րդ ­դա­րէն սկսեալ, ո­րե­ւէ մար­զի մէջ յա­ջո­ղած եւ սուլ­թա­նի վստա­հու­թեան ար­ժա­նա­ցած հա­յը կը ստա­նար, պե­տա­կան իր ծա­ռա­յու­թեան առ ի գնա­հա­տանք շնոր­հո­ւած, Ա­մի­րա տիտ­ղո­սին։ ­Ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին տիտ­ղո­սը սկսաւ նաեւ ժա­ռան­գա­կան դառ­նալ եւ թրքա­հա­յոց կեան­քին մէջ ա­ռա­ջա­ցաւ Ա­մի­րա­յա­կան դա­սա­կարգ մը, որ մին­չեւ 1860ա­կան­նե­րու ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան որ­դեգ­րու­մը, ո­րո­շա­պէս 19րդ ­դա­րու ա­ռա­ջին կի­սուն, ամ­բող­ջա­պէս իր հա­կակշ­ռին տակ ա­ռաւ ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քու­թեան կա­ռոյց­ներն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ըստ կամս ­Պատ­րիարք ընտ­րել տա­լով եւ փո­խե­լով…
Ա­մի­րա­նե­րու շար­քին մե­ծակ­շիռ էր մա­նա­ւանդ փո­ղա­տէր եւ սե­ղա­նա­ւոր տար­րը, որ Եւ­րո­պա ապ­րած, ու­սա­նած եւ գոր­ծա­րար աշ­խար­հին մէջ յա­ջո­ղած էր իր վա­ճա­ռա­կա­նու­թեամբ ու ա­ռեւտ­րա­կան ձեռ­նե­րէ­ցու­թեամբ։ ­Սե­ղա­նա­ւոր­նե­րը հա­սա­րակ լու­մա­յա­փո­խի ի­րենց կար­գա­վի­ճա­կէն բարձ­րա­ցան պե­տու­թեան դրամ փոխ տո­ւող եւ վար­կեր ա­պա­հո­վող իս­կա­կան դրա­մա­տու­նե­րու (18րդ­ եւ 19րդ ­դա­րե­րու եւ­րո­պա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ) մա­կար­դա­կին, աս­տի­ճա­նա­բար ի­րենց հա­կակ­շի­ռը զգա­լի դարձ­նե­լով նաեւ Օս­մա­նեան պե­տու­թեան քա­ղա­քա­կան ու տնտե­սա­կան կեան­քի ղե­կա­վար­ման մէջ։
Այդ կար­գի սե­ղա­նա­ւոր ե­ղած էր ­Մի­սաք Ա­մի­րա ­Մի­սա­քեան, որ իշ­խա­նա­կան նո­ւի­րա­տո­ւու­թեամբ մը, 1836ին, կա­ռու­ցել տո­ւաւ ­Պո­յա­ճը ­Գիւղ թա­ղա­մա­սի Ս. Ե­րից ­Ման­կանց Ե­կե­ղե­ցին։ ­Նոյն­պէս՝ ա­նոր մեր­ձա­կայ­քը, կա­ռու­ցել տո­ւաւ հան­րա­յին օգ­տա­գործ­ման ծա­ռա­յե­լու կո­չո­ւած գե­ղե­ցիկ ցայ­տաղ­բիւր մը, որ կո­չո­ւե­ցաւ իր ա­նու­նով։
Ինչ­պէս ­Պոլ­սոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քա­րա­նի «Լ­րա­բեր» կայ­քէ­ջը կը հա­ղոր­դէ ե­կե­ղեց­ւոյ պաշ­տօ­նա­կան վե­րա­բաց­ման նո­ւի­րո­ւած իր թղթակ­ցու­թեան մէջ, 25 ­Յու­նիս 2004ին, ­Պատ­րիարք ­Հօր բա­ռե­րով՝ «1999 թո­ւի երկ­րա­շար­ժէն յե­տոյ ­Վոս­փո­րի ա­րեւմ­տեան ա­փի այս գողտ­րիկ ա­ղօթ­քի տու­նը վնա­սո­ւած եւ այդ օ­րէն ի վեր պաշ­տա­մուն­քի առ­ջեւ փա­կո­ւած էր։ Ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­բա­ցու­մը ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ մե­զի կը յի­շեց­նէր մեր նա­խա­հայ­րե­րուն անն­կուն հա­ւատ­քը, ո­րով աշ­խար­հի ա­մէն ծա­գին կա­ռու­ցած էին ե­կե­ղե­ցի­ներ եւ վար­ժա­րան­ներ։ ­Հո­գե­լոյս ­Մի­սաք Ա­մի­րա ­Մի­սա­քեան իր բա­րե­րա­րու­թեամբ 1836ին գիւ­ղի ժո­ղո­վուր­դը օժ­տած էր ե­կե­ղե­ցիով եւ 1854ին ար­տա­քոյ ե­կե­ղեց­ւոյ՝ աղ­բիւ­րով։ ­Նա­խա­պէս փայ­տա­շէն կա­ռու­ցո­ւած ե­կե­ղե­ցին 1885ին նո­րո­գո­ւած էր թա­ղի ­Հայ ժո­ղո­վուր­դին ա­ռըն­թեր թուրք եւ յոյն ժո­ղո­վուր­դին ալ մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Եւ այդ երկ­րորդ նո­րո­գու­թիւ­նը նշան էր ազ­գե­րու եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­մա­կե­ցու­թեան փա­փա­քին եւ ի­րա­րու նկատ­մամբ սնու­ցած փո­խա­դարձ յար­գան­քին։ Իսկ այս վեր­ջին նո­րո­գու­թիւ­նը մե­զի կը յի­շեց­նէր մեր կնքած ուխ­տե­րը եւ կը թե­լադ­րէր տէր կանգ­նիլ եւ պա­հել զա­նոնք։ Ե­կե­ղե­ցին ըն­ծա­յո­ւած էր ­Հին Կ­տա­կա­րա­նի ­Դա­նիէ­լի ­Մար­գա­րէու­թեան մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւած ե­րեք սուրբ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն՝ ­Սեդ­րաք, ­Մի­սաք եւ ­Յա­բէթ­նա­գո­վի, ո­րոնք ի­րենց հա­ւատ­քը պա­հե­լու հա­մար յանձն ա­ռած էին կրա­կը նե­տո­ւիլ։ ­Սա­կայն Աս­տո­ւած նա­խախ­նա­մած էր զի­րենք ու ա­նոնք այդ կրա­կէն դուրս ե­կած էին հրաշ­քով։ Ե­թէ մեր հա­ւատ­քը զօ­րա­ւոր է, նե­ղու­թիւն­ներ, տա­ռա­պանք­ներ, վիշ­տեր, աղ­քա­տու­թիւն եւ այլ ձա­խոր­դու­թիւն­նե­րու կրակ­նե­րէն կրնանք դուրս գալ յաղ­թա­կան, նման ոս­կիին։ Իսկ ե­թէ մեր հա­ւատ­քը զօ­րա­ւոր չէ այդ կրակ­նե­րուն մէջ կ­՚այ­րինք, նման խո­տին կամ փայ­տին եւ կ­՚ապսամ­բինք Աս­տու­ծոյ դէմ։ Եւ վեր­ջա­պէս այս ե­կե­ղե­ցին նո­րո­գո­ւած էր, թա­ղա­կան խոր­հուր­դի գլխա­ւո­րու­թեամբ, ­Սա­յաթ ­Նո­վա Երգ­չա­խում­բի միաս­նա­կան ջան­քե­րով ու մեր ժո­ղո­վուր­դը իր կա­րո­ղու­թեան նե­րած չա­փով իր լու­ման բե­րած էր Աս­տու­ծոյ ­Տան պայ­ծա­ռու­թեան»։
Ինչ կը վե­րա­բե­րի ­Մի­սա­քեան Ա­մի­րա­յի ա­նու­նը կրող եւ պատ­մա­կան հնու­թիւն հան­դի­սա­ցող յի­շեալ աղ­բիւ­րին, թրքա­կան «­Հիւր­րիէթ» թեր­թի կայ­քէ­ջով տրո­ւած եւ 12 Օ­գոս­տոս 2009ի թո­ւա­կիր ­Վեր­ճի­հան ­Զի­ֆի­լօղ­լո­ւի «­Պատ­մա­կան ցայ­տաղ­բիւր­նե­րը այ­լեւս չեն յա­գեց­ներ ­Պոլ­սոյ ծա­րա­ւը» խո­րագ­րով յօ­դո­ւա­ծը կը հաս­տա­տէ, թէ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին քան­դո­ւած են ­Պոլ­սոյ հռչա­կա­ւոր ցայ­տաղ­բիւր­նե­րը։ ­Կան­գուն մնա­ցած են եր­կու ցայ­տաղ­բիւր, մէ­կը կի­սա­քանդ ու կո­ղոպ­տո­ւած՝ ­Մահ­մուտ Բ.ի ա­նու­նը կրող ցայ­տաղ­բիւ­րը, իսկ երկ­րոր­դը՝ ­Պո­յա­ճը ­Գիւ­ղի ­Մի­սա­քեան Ա­մի­րա­յի ա­նու­նով ցայ­տաղ­բիւ­րը, որ տա­կա­ւին կան­գուն է, բայց կը սպա­սէ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի եւ մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեանց ար­տօ­նու­թեան, որ­պէս­զի վե­րա­նո­րո­գո­ւի եւ իր ար­ժա­նի տե­ղը գտնէ ­Պոլ­սոյ հի­նա­ւուրց յու­շա­կո­թող­նե­րու շար­քին։
­Մի­սաք Ա­մի­րա ­Մի­սա­քեա­նի ո­գե­կո­չու­մը նաեւ ա­ռիթ է ընդ­հա­նուր ար­ժե­ւո­րու­մը կա­տա­րե­լու հայ վա­ճա­ռա­կան եւ ա­ռեւտ­րա­կան խա­ւի, յատ­կա­պէս հայ սե­ղա­նա­ւոր­նե­րու պատ­մա­կան դե­րին, գրա­ւած տե­ղին ու ներ­կա­յա­ցու­ցած ար­ժէ­քին՝ ինչ­պէս մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար, նոյն­պէս եւ յաչս օ­տար­նե­րուն։
Ընդ­հան­րա­պէս հայ ա­մի­րա­յա­կան խա­ւը մե­ծա­պէս օգ­տա­կար ե­ղաւ հայ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան եւ հա­մայն­քա­յին ի­րա­ւունք­նե­րուն հաս­տա­տու­մին ու ամ­րագ­րու­մին՝ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան լու­ծին տակ ապ­րող ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մեծ խառ­նա­րա­նին մէջ։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ պատ­մա­կան կա­րե­ւոր դեր կա­տա­րեց՝ ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քու­թեան տեղն ու ար­ժէ­քը յաչս օս­մա­նեան իշ­խա­նու­թեանց եւ մեծ տէ­րու­թեանց ար­ժե­ւո­րե­լու եւ բարձ­րաց­նե­լու մէջ։ Այդ­քա­նով ալ ա­ւար­տեց իր ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը, ո­րով­հե­տեւ դա­սա­կար­գա­յին իր պատ­կա­նե­լու­թեան բեր­մամբ իսկ ի վի­ճա­կի չէր եւ չկրցաւ քայլ պա­հել 19րդ ­դա­րու երկ­րորդ կի­սուն ամ­բողջ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան տա­րած­քին, նաեւ ու մա­նա­ւանդ հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ թափ ա­ռած ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժում­նե­րուն հետ։ ­Զար­թօն­քի սե­րուն­դը ե­կաւ փո­խա­րի­նե­լու պահ­պա­նո­ղա­կա­նու­թեան կառ­չած ա­մի­րա­յա­կան խա­ւի տի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։
­Բայց կ­’ար­ժէ՝ հայ սե­ղա­նա­ւոր­նե­րու մե­ծահռ­չակ դէմ­քե­րէն ­Մի­սաք Ա­մի­րա ­Մի­սա­քեա­նի նո­ւի­րո­ւած ո­գե­կոչ­ման այս ա­ռի­թով՝ ծա­նօ­թա­նալ նաեւ օ­տար­նե­րու գնա­հա­տու­մին։ 18րդ ­դա­րու ֆրան­սա­ցի ճա­նա­պար­հորդ Օ­լի­վիէ հե­տե­ւեալ դի­պուկ վկա­յու­թիւ­նը ար­ձա­նագ­րած է հայ ժո­ղո­վուր­դի վա­ճա­ռա­կան, ա­ռեւտ­րա­կան եւ սե­ղա­նա­ւոր խա­ւին մա­սին.
«Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ հա­յերն են ա­մե­նա­մեծ ա­ռեւ­տուր ու­նե­ցող­նե­րը եւ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ այդ գործն ա­մէ­նէն ա­ւե­լի հմտու­թեամբ յա­ռաջ տա­նող­նե­րը: Ա­նոնք համ­բե­րող են, խնա­յող ու ան­խոնջ։ Ա­նոնք կը ճամ­բոր­դեն ա­մէ­նուր՝ Ա­սիա, Հնդ­կաս­տան։ Ա­նոնք խա­նութ­ներ եւ մար­դիկ ու­նին ա­մէն տեղ:
«­Հա­յոց մեծ մա­սը մե­քե­նա­կան ար­հեստ­նե­րով կը զբա­ղո­ւի: Ա­նոնք սե­ղա­նա­ւոր­ներ են, կա­պա­լա­ռու եւ փա­շա­ներ, ու­րիշ մե­ծա­մեծ անձ­նա­ւո­րու­թեանց գոր­ծա­կալ­ներ: ­Զա­նոնք կը մե­ղադ­րեն, որ իբ­րեւ թէ ոչ մէկ մի­ջոց կը խնա­յեն հարս­տա­նա­լու հա­մար եւ թէ, երբ որ կա­րե­նան, կը խա­բեն ի­րենց ապ­րանք­նե­րուն մէջ: ­Սա­կայն պէտք է խոս­տո­վա­նիլ, որ ձգտե­լով ի­րենց ձեռ­քէն ե­կա­ծին չափ շատ դրամ շա­հե­լու՝ հա­յե­րը հա­զո­ւա­դէպ կը պա­տա­հի, որ ճիշդ չկա­տա­րեն ի­րենց պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը. ա­նոնք միշտ ճիշդ կը կա­տա­րեն ի­րենց խոս­տում­նե­րը:
«­Հա­յե­րը խիստ են ի­րենց վար­քու­բար­քին մէջ՝ ճշդու­թեամբ կը պահ­պա­նեն ի­րենց հա­ւա­տի պա­տո­ւի­րան­նե­րը, ան­գէտ են եւ նա­խա­պա­շա­րո­ւած, ա­նոնց կը պակ­սի միայն կրթու­թիւ­նը եւ տէ­րու­թիւն մը, որ այն­քան ճնշող չըլ­լայ, որ­քան է տաճ­կա­կա­նը (թրքա­կա­նը), ա­ւե­լի ար­դար ըլ­լար, որ­պէս­զի հա­յե­րը վե­րին աս­տի­ճա­նի յար­գե­լի ազգ դառ­նա­յին»: