Չորեքշաբթի՝ 22 Մարտ 2017ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք՝ Միջինքի առիթով: Հսկումի արարողութիւնը աւարտելէ ետք, հաւատացեալ ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի «Տէր Զաքարեան» սրահ, նշելու համար միջինքը: Բացման խօսքը կատարեց Տիկնանց Միութեան ատենապետուհի տիկին Վերգին Աւետիսեան՝ բարի գալուստ մաղթելով բոլորին: Ապա՝ Թաղականութեան անունով խօսք առաւ պարոն Վահրամ Պէքթաշեան՝ գնահատելով Տիկնանց Միութեան տարած ծառայութիւնը:
Մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ սիրոյ սեղանին շուրջ հաւաքուած ժողովուրդը վայելեց Տիկնանց Միութեան պատրաստած հիւրասիրութիւնը:
Ապա՝ Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սմբատ Վրդ. Սապունճեան ըսաւ հաւատացեալ ժողովուրդին.- « Ահաւասիկ այսօր աւանդութիւնը ինքզինք կրկնելով մեզ հաւաքած է այս սրահէն ներս, նշելու համար միջինքը, որ բոլորիս համար դարձած է հարազատ ու սպասելի առիթ մը:
«Մեծ պահքի կէսը կամ 24րդ օրը կը կոչուի Միջինք: Միջինքը հաստատուած է՝ յիշեցնելու համար, թէ Մեծ պահքը հասած է իր կէսին: Միջինքը զգաստութեան եւ յիշեցումի առիթ է պատրաստուելու համար պահեցողութեան յաջորդ հանգրուանին, մանաւանդ՝ Աւագ Շաբթուան: Միջինքի իմաստն ու խորհուրդը հասկնալէ ետք, այսօր մենք որպէս Թեսաղոնիկէի հայ համայնք կը վայելենք Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան հիւրասիրութիւնը՝ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ անոնց մայրական գուրգուրանքը վայելելով: Մեր սիրելի տիկինները ամէն ջանք կը թափեն, որպէսզի այս համայնքի կեանքը աւելիով ծաղկի, առաւել եւս անոնց ընդմէջէն կ՛արտացոլայ հայ կնոջ տիպարը՝ ցոյց տալու բոլորիս, որ այսօր հայ կինն ու հայ մայրը կարեւոր դեր կը խաղան մեր իրականութեան մէջ:
«Սիրելի Տիկնանց Միութեան անդամուհիներ, այսօր մեր սրտագին մաղթանքը պիտի ըլլայ, որ Աստուած երկար եւ առողջ կեանք պարգեւէ ձեզ, որպէսզի ձեր առաքելութեան մէջ մնաք ուժեղ, նաեւ՝ ձեր աշխատանքով ցոյց տաք իսկական հայ մօր տիպարը ձեր անխոնջ ծառայութեամբ»։
Ուրախ մթնոլորոտով աւարտեցաւ ձեռնարկը՝ միութիւնը արժանացնելով ամենաբարձր գնահատանքին:
Ս.Ս.