«Ար­մէնփ­րես» կը հա­ղոր­դէ, որ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­պաշտ­պան «­Մի­ջազ­գա­յին ­Նե­րում» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը խստօ­րէն դա­տա­պար­տած է պլո­կըր Ա­լեք­սանտր ­Լափ­շի­նի ար­տա­յանձ­նու­մը ­Պե­լո­ռու­սիա­յէն Ատր­պէյ­ճան:
­Կազ­մա­կեր­պու­թեան կայ­քին վրայ տե­ղադ­րո­ւած յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ կը նշո­ւի, որ պլո­կը­րը Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ բռնու­թիւն­նե­րու եւ ա­նար­դար դա­տա­վա­րու­թեան սպառ­նա­լի­քի տակ է:
Կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կոչ կ­՛ուղ­ղէ դադ­րեց­նե­լու ­Լափ­շի­նի դէմ քրէա­կան հե­տապն­դու­մը եւ ան­յա­պաղ ա­զատ ար­ձա­կե­լու զայն: «­Մի­ջազ­գա­յին ­Նե­րու­մը կը կար­ծէ, որ Ա­լեք­սանտր ­Լափ­շի­նի ար­տա­յանձ­նումն ու ա­նոր դէմ քրէա­կան գոր­ծի յա­րու­ցու­մը կա­պո­ւած են ա­նոր պլո­կին հետ, ուր քննա­դա­տած էր Ատր­պէյ­ճա­նի սահ­մա­նա­պահ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը եւ երկ­րին մէջ ըն­կե­րա­յին ան­հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը: «Հ­րա­պա­րա­կա­յին կեր­պով պե­տու­թեան դէմ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու» հիմ­նա­ւո­րու­մով քրէա­կան գոր­ծի յա­րու­ցու­մը չու­նի ո­րե­ւէ ի­րա­ւա­կան հիմք, ո­րով­հե­տեւ իր պլո­կին մէջ Ատրպէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ ­Լափ­շի­նի քննա­դա­տու­թիւն հնչեց­նե­լը ամ­բող­ջու­թեամբ կը տե­ղա­ւո­րո­ւի խօս­քի ա­զա­տու­թեան ի­րա­ւուն­քի ծի­րին մէջ»,- կը նշո­ւի կազ­մա­կեր­պու­թեան յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ: Անդ­րա­դառ­նա­լով սահ­մա­նը ա­նօ­րի­նա­կան կեր­պով կտրե­լու մե­ղադ­րան­քին` «­Մի­ջազ­գա­յին ­Նե­րում»ը կ­՛ընդգ­ծէ, որ ա­նօ­րի­նա­կան մուտ­քը եր­կիր պէտք չէ նկա­տո­ւի իբ­րեւ քրէօ­րէն պատ­ժե­լի հան­գա­մանք: «­Մի­ջազ­գա­յին ­Նե­րում»ը կը կար­ծէ, որ ա­նոր ձեր­բա­կա­լու­մը կա­մա­յա­կան քայլ է, եւ կոչ կ­՛ուղ­ղէ դադ­րեց­նե­լու ­Լափ­շի­նի դէմ քրէա­կան հե­տապն­դու­մը: Ան պէտք է ան­յա­պաղ ա­զատ ար­ձա­կո­ւի: Մ­տա­հո­գու­թիւն­ներ բարձ­րա­ցուած են ­Պե­լո­ռու­սիոյ մէջ ­Լափ­շի­նի ա­զա­տազրկ­ման պայ­ման­նե­րուն առն­չու­թեամբ: Ան նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ խոշ­տան­գում­նե­րու եւ այլ բռնու­թիւն­նե­րու վտան­գի տակ է: ­Լափ­շի­նի ­Պա­քու հաս­նե­լէն եր­կու օր ետք ար­դէն ա­նոր մեր­ժած են հան­դի­պիլ կնոջ հետ»,- կը նշէ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը` ընդգ­ծե­լով, որ նա­խա­պէս եւս ար­ձա­նագ­րո­ւած են բազ­մա­թիւ դէպ­քեր, երբ ան­հատ­ներ, ո­րոնք քննա­դա­տած են Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, ձեր­բա­կա­լո­ւած են եւ ա­նար­դար դա­տա­կան հո­լո­վոյ­թի պատ­ճա­ռով դա­տա­պար­տուած են ա­զա­տազրկ­ման:
«Ա­լեք­սանտր ­Լափ­շի­նը ար­տա­յանձ­նե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի, ուր ան խոշ­տան­գում­նե­րու եւ տա­րա­տե­սակ բռնու­թիւն­նե­րու վտան­գին տակ է, ­Պե­լո­ռու­սիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ձա­խո­ղե­ցան կա­տա­րե­լու ի­րենց պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, զորս ստանձ­նած են մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի տակ»,- կը յայտ­նէ «­Մի­ջազ­գա­յին ­Նե­րում»ը: