­Մեք­սի­քա­յի խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր­ներ Պ­լան­քա ­Մար­գա­րի­տա ­Քո­ւա­թա ­Տո­մին­կես, ­Մա­րիա Ք­րիս­թի­նա ­Թէ­րե­զա ­Կար­սիա Պ­ռա­ւօ, ­Քար­լոս Էռ­նան­տես ­Մի­րօ, ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հի տե­ղա­կալ Է­դո­ւարդ ­Շար­մա­զա­նո­վի եւ Հ.Հ. Ա.Ժ. ­պատ­գա­մա­ւոր ­Մար­գա­րիտ Ե­սա­յեա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ, ­Հոկ­տեմ­բեր 22ին այ­ցե­լած են ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լիր:
Ինչ­պէս կը տե­ղե­կաց­նէ Հ.Հ. Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի հա­սա­րա­կու­թեան եւ տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան մի­ջոց­նե­րու հետ կա­պե­րու վար­չու­թիւ­նը, մեք­սի­քա­ցի խորհրդա­րա­նա­կան­նե­րը ծա­ղիկ­ներ խո­նար­հած են ան­մար կրա­կին մօտ եւ լռու­թեամբ ու խո­նար­հու­մով յար­գած ­Սուրբ ­Նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կը:
­Հիւ­րե­րը ե­ղած են նաեւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նարկ, ծա­նօ­թա­ցած հա­յոց ­Մեծ Ե­ղեռ­նը հա­ւաս­տող փաս­տա­թուղ­թե­րուն եւ վա­ւե­րա­գիր­նե­րուն, դի­տած՝ ցու­ցանմոյշ­նե­րը եւ գրա­ռում կա­տա­րած յու­շա­մա­տեա­նին մէջ: ­Մեք­սի­քա-­Հա­յաս­տան բա­րե­կա­մա­կան խում­բի ղե­կա­վար Պ­լան­քա ­Մար­գա­րի­տա ­Քո­ւա­թա ­Տո­մին­կես նշած է.- «Ին­ծի հա­մար պա­տիւ էր այ­ցե­լել այս մեծ եր­կի­րը, ճանչ­նալ հե­րո­սա­կան ժո­ղո­վուր­դը, որ մեծ յար­գանք կը վա­յե­լէ աշ­խար­հի մէջ: Ես ար­դէն կը սի­րեմ ­Հա­յաս­տա­նը»: ­Մա­րիա Ք­րիս­թի­նա ­Թէ­րե­զա ­Կար­սիա Պ­ռա­ւօ նշած է.- «­Մեր հա­մակ­րանքն ու հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը կը յայտ­նենք հայ ժո­ղո­վուր­դին»: «Ա­տե­լու­թիւ­նը ձա­խող­ման ճա­նա­պարհն է»,- նշած է ­Քառ­լոս Էռ­նան­տես ­Մի­րօ եւ ա­ւել­ցու­ցած, որ մարդ­կու­թիւ­նը կ­՛ա­ջակ­ցի եւ կը մե­ծա­րէ հայ ժո­ղո­վուր­դը: