Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Տարի մը առաջ, Ապրիլի առաջին օրերուն, համայն հայութիւնը մեծ ցնցումի ենթարկուեցաւ, երբ Ատրպէյճան վերստին ոտնակոխեց միջազգային օրէնք ու բարենպատակ ճիգեր, լայնածիր յարձակում գործեց Արցախի սահմանային գօտիներու վրայ, եւ մեր իրաւատիրական պայքարի պատմութեան մէջ աւելցաւ «Քառօրեայ պատերազմ» խորագիրով նորագոյն սխրանք մը։
Չորս օր շարունակ, մեր ձեռքերը մեր սիրտերուն, շնչասպառ հետեւեցանք ռազմական գործողութիւններուն, որոնց լայնօրէն արձագանգեց Հայաստանի լրատու մեքենան։ Ականատես եղանք անակնկալին պատճառած ընկրկումին, յետոյ հպարտութեամբ լեցուեցանք՝ ի տես մեր նորագոյն կորիւններու հրաշքներուն. տուինք զոհեր, գիւղեր քար ու քանդ եղան, սակայն թշնամին ուժեղ հակահարուած ստացաւ ու ետ շպրտուեցաւ, մեր հողերը պաշտպանեցինք՝ որոշ կորուստներով։
Սահմանապահները մեծ մասամբ մատղաշ տղաք էին, որոնք իրենց կողքին ունեցան նախկին զինուորականներ ու ֆետայիներ, իսկ անոնց թիկունքին էին Հայաստանն ու ամբողջ հայութիւնը։ Պատմութիւնը, իր լուսաւոր եւ տրտմեցնող երեսներով, ծանօթ է բոլորիս։
***
Քառօրեայ պատերազմը պէտք չէ դիտենք միայն 2016ի Ապրիլի առաջին օրերու սահմաններուն մէջ. ռազմական այդ գործողութիւնը վերջ գտաւ, սակայն ատրպէյճանական թշնամանքը օր աւուր կը շարունակուի մինչեւ այսօր։ Արձակազինութիւն, հրթիռակոծում եւ «մանր յարձակումներ» շաբաթը քանի մը զոհ կը խլեն մեր քաջարի բանակայիններէն. հայրենի հողի պաշտպանութեան համար կ՛իյնան նոր նահատակներ, սակայն Արցախն ու ողջ հայութիւնը կը դիմադրեն, հետեւելով Արցախեան Պայքարի առաջին փուլին ծնունդ առած երգի մը պատգամին. «Ինչքան էլ որ դժուար լինի, դիմացէ՛ք…»։
Անցեալ ամիս կամ երէկ ինկող նահատակները ոչ մէկ տարբերութիւն ունին Քառօրեայ պատերազմին ինկած երիտասարդներէն։
***
Այս բոլորը՝ շատ լաւ, գոհունակութիւն առթող տուալներ։ Սակայն կան գոնէ երկու երեւոյթներ, որոնք կը կարօտին հիմնական վերանայումի։
Առաջին հերթին, Քառօրեայ պատերազմի օրերու տագնապը կը թուի պատմութեան անցած ըլլալ. օր աւուր ինկող նոր զոհերը կը մնան լրատուութեան պարզ սահմաններու մէջ, կարծէք թէ ընդունած ենք, որ սա անխուսափելի ընթացիկ վիճակ մըն է. ատրպէյճանցին պիտի սպաննէ ու մենք պատկերասփիւռներէն ու թերթերու էջերէն պիտի արձանագրենք զոհերուն թիւի յաւելումը։ Ատրպէյճանական ոճիրներուն համապատասխան հակազդեցութիւն չենք տեսներ կամ լսեր պետական, քաղաքական ու ժողովրդային շրջանակներու մէջ ա՛յն սաստկութեամբ ու տարողութեամբ, որուն ականատես էինք տարի մը առաջ։ Կրկնենք. մեր այսօրուան իւրաքանչիւր նահատակը ա՛յնքան թանկարժէք է ու պատգամաբեր, որքան Քառօրեայ պատերազմին զոհ գացած ազատամարտիկները։ Պետական, դիւանագիտական, քաղաքական ու ժողովրդային լայնածիր եւ ուժեղ հակազդեցութեան համար, արդեօք պէտք է դարձեա՞լ սպասել (մի արասցէ) ատրպէյճանական նմանօրինակ յարձակողականի մը։
Եւ ինչո՞ւ մենք մեզի իրաւունքն ու պարտականութիւնը չենք տար Ատրպէյճանը, անոր զինակից ու խորհրդակից Թուրքիան, նաեւ ամբողջ աշխարհը սասանելու՝ որքան որ կարելի է, ցոյց տալու, որ խաղաղութիւնը խափանող ու մի՛շտ ռազմական ընտրանքին յարող Ատրպէյճանը կը շարունակէ անմեղ զոհերու հունձքը, այնպէս՝ ինչպէս ծայրայեղական ահաբեկիչներ ու յելուզակներ բիւրաւոր անմեղներու կեանքը կը հնձեն Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ…
Երկրորդ երեւոյթը՝ Արցախի վիճակին չարաշահումն է ներ-քաղաքական բեմերուն վրայ։ Խորհրդարանական ընտրապայքարը դարձեալ խօսքի աճուրդի առիթ տուած է քաղաքական մարդոց. ոմանք հրապարակ կու գան «քիչ մը հող զիջինք»ի նման հին ու դուրսէն ներշնչուած յանկերգներով, իսկ ուրիշներ պաշտպանական խօսքի աճուրդով կը տարուին… քուէներ կորզելու մտասեւեռումով։
Մօտաւորապէս 30 տարի առաջ սկսած պայքարը հունաւորող մեր քաջ մարտիկները, մասնաւորաբար կեանքի գնով հայրենիք պաշտպանող նահատակները մէկ ու անվիճելի պատգամ ունին մեզի՝ պետական-քաղաքական-դիւանագիտական մարդոց թէ աշխարհատարած հայութեան. հայ ժողովուրդը տալիք հող չունի ոեւէ մէկուն. թող ոչ ոք մեզի փոխզիջումի տրամաբանութիւն ներարկէ ու այսօրուան աշխարհի իրականութեանց մասին դասեր տայ։ Մենք Ատրպէյճանէն, Թուրքիայէն եւ ուրիշներէ հաշիւ կը պահանջենք, առնելիք շատ բան ունինք, տալիք չունինք։ Մեր ամէնէն ուժեղ պահանջը այն է, որ զոհեր խլող անվաղորդայն ռազմական գործողութիւնները անյապաղ վերջ գտնեն ու պատմական իրաւունքներու հարցը դրուի արդարութեան սեղանին վրայ։
Չմոռնանք երբեք, որ մեր նահատակները ամէնէն թանկագինը չզոհաբերեցին՝ որպէսզի ռազմադաշտի վրայ պահպանուածը ձեռքէ հանուի քաղաքական բախտախաղի սեղաններու վրայ, ուր յաճախ մասնակի շահերն են տիրապետողը, եւ ոչ թէ ժողովուրդին պատմական իրաւունքն ու արդարատենչ կամքը…
Մեր իւրաքանչիւր նահատակը արժանի է համահայկական շարժումի։
Մեր իրաւունքներուն իւրաքանչիւր թելը անզիջելի է՝ Արցախին, Հայաստանին ու ողջ հայութեան տեսանկիւնէն։
Եթէ այս տրամաբանութիւնը որեւէ ձեւով խոցուի ու մասնատումի ենթարկուի, սա պիտի նշանակէ, որ նահատակներու պատգամին հաւատարմութիւնը չ՛անցնիր սնամէջ խօսքի սահմանէն անդին։
Մենք խօսքի սահմանները շատոնց թողած ենք մեր ետին։