Խաղերը կարեւոր մաս կը կազմեն փոքրիկներու զարգացման մէջ: Խաղերէն կը սորվինք համբերութիւն, հանդուրժողականութիւն, խմբային համագործակցութիւն…
Խաղերը կ՚աւելցնեն ինքնավստահութիւնն ու ինքնաճանաչումը:
Մենք ալ՝ գիտակցելով վերը նշուած դրական յատկութիւններուն՝ որոշեցինք մեր դպրոցին բակը յարդարել զանազան խաղերով: Խաղեր՝ հայերէն բովանդակութեամբ, որպէսզի գործածենք գոյները, թիւերը, երկրաչափական ձեւերը, կէտադրական նշանները, այբուբենը՝ բառեր, նախադասութիւններ…
Ի վերջոյ՝ ուղղակի՛ խաղանք ու հայօրէն զուարճանանք: Ուրախալի է, որ խաղերը կը գործածուին արտաժամեայ, շաբաթավերջին, թէ՛ մեծերուն եւ թէ պզտիկներուն կողմէ:
Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Զաւարեան» Կեդրոնի Խորհուրդին եւ շրջանի Կոմիտէի ընկերներուն, որոնք իրենց հասկացողութեամբ կը սատարեն մեր նոր սերունդին բազմակողմանի հայեցի դաստիարակութեան:
Հ.Կ.Խ.ի «Զաւարեան» Վարժարանի
հայ ուսուցչական կազմին կողմէ՝ Արաքսի Միքայէլեան